ՄԱՐԴ ՉԵՆ ԾՆԻՐ, ՄԱՐԴ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ

Յաճախ կը խոկամ սա արտայայտութեան շուրջ, սակայն մինչեւ այսօր չրկցայ գտնել տեղին պատասխան մը։ Արդեօք մարդ կը ծնի բնաւորութեա՞մբ, թէ՞ ան կը ձեւաւորուի կեանքի հոլովոյթին։ Ըստ իս, մարդ կը ծնի բնաւորութեամբ, ինչ որ շրջակայ միջավայրի ազդեցութեամբ կը յղկուի իւր փայլքին մէջ։ Ինչպէս անհնարին է ուղղել ծառի թեքութիւնը, այնպէս ալ անհնարին է փոխել մարդու բնաւորութիւնը։

Չքաւորութիւնը, պաղմիապաղաղ կեանքը կամ հարստութիւնն ու փառքը էական ազդակ մը չեն հանդիսանար բնաւորութեան գիծերու կերտման փուլին։ Որպէս վառ ապացոյց, մենք ունինք բազում օրինակներ, երբ համեստ պայմաններով ապրող ընտանիքներէ լոյս աշխարհ կու գան հանճարներ՝ գրողներ, գիտնականներ, քաղաքական ու հասարակական գործիչներ։ Եւ հակառակը, երբ բարեկեցիկ ընտանիքի մը զաւակ կը նախընտրէ մութ ուղիներ…։ Ասոնք բոլորը բնաւորութեան գիծեր են։

Գրեթէ վստահ եմ, թէ բնաւորութիւնը առաւել կարեւոր է, քան տաղանդն ու խելացիութեան աստիճանը։ Զոր օրինակ, կան մարդիկ, որոնք խելացի են ու տաղանդաշատ, սակայն բնաւորութեան ուժեղ գիծերու բացակայութեան արդիւնքին, կը տկարանան իրենց տաղանդը ճիշդ գործածելու։ Չնչին ձախողութիւններէ անմիջապէս կը հիասթափուին, զէնքերը վայր կը դնեն ու կը նախընտրեն մելամաղձոտ կեանք մը։

Իսկ երբ անձ մը վստահ գիտէ, թէ ի՞նչ կ՚ուզէ կեանքէն, կամ ինչպէ՛ս կը պատկերացնէ իր կեանքը, նպատակասլաց է, ունի մեծ կամքի ուժ ու կը ձգտի միմիայն դէպի բարձունքներ, ապա ոչ մէկ բան ու ոչինչ կրնայ զայն կանգնեցնել։ Միեւնոյնն է, ան ուշ, թէ շուտ կը հասնի իր բաղձանքին։

Ասոր հետ փոխկապակցուած ուրիշ հարց մը նոյնպէս տեւական կը զբաղեցնէ իմ միտքը։ Ուրկէ՞ կը յառաջանայ չարիքը, ե՞րբ մենք կը սկսինք չարանալու։ Չէ՞ որ մենք բոլորս ժամանակին մանուկ մըի էինք՝ անբիծ ու անաղարտ։ Մարդ արարածը իր մօրմէ կը ծնի մերկ, ըսելէ թէ մաքուր… Բաց աստի, իւրաքանչիւր երեխայ կը նմանի թուղթի մաքուր էջի մը, կամ խմորի գունդի մը. ինչպիսի ձեւ որ տաս, երեխան կ՚ընդունի զայն։ Ուստի, ի տարբերութիւն բնաւորութեան գիծերու, որ ըստ իս՝ ի ծնէ, չարութիւնը մեծաւ մասամբ ձեռքբերովի է։

Ծնունդէն սկսեալ նախապէս ծնողները կը սկսին զանազան գունային երանգներ հաղորդել այդ թուղթին, այնուհետեւ ծանօթ-բարեկամները, ընկերները եւ ուրիշներ… Մինչեւ տասնըութ տարեկան եւ աւելին մենք իւրաքանչիւր վարկեանը, մեր տրամադրութեան համահունչ գոյնով մը կը ներկենք այն թուղթը, որ ժամանակին ճեփճերմակ էր։ Ի վերջոյ այն կը սկսի հիմնական երանգ մը ստանալու. կա՛մ լուսաւոր ու պայծառ, կամ՝ գորշ ու մռայլ։

Ցաւալին ան է, որ մարդիկ մեծաւ մասամբ կը գործածեն գորշ ու մռայլ գոյներ։ Հուսկ ալ կը սարսափին, կը սրդողին ստացած պատկերէն։ Օր մըն ալ, ստացած արդիւնքին հետ դէմ-դիմաց կանգնելով կը դժուարանան հաւատալու, թէ սա իրենց իսկ ստեղծագրծութիւնն է։ Կը խոկան, թէ ո՞ւր թերացան։ Չէ՞ որ տուեալ ծնողը ամենալաւն ու բարին կը ցանկար իր զաւկին, ու ամէն բան կ՚ընէր յանուն իր երեխայի բարօրրութեան։

Մտքի ծայրէն անգամ չ՚անցընէր, թէ ինք իր զաւկին ամէն օր վերաբերած էր իր տրամադրութեան, բնաւորութեան ու գիտելիքներուն համապատասխան։ Կը կարծէ, թէ կատարեալ ծնող մը եղած է իր երեխային համար, անշուշտ՝ հաշուի չառնելով մանր-մունր թերացումներն ու թերութիւնները։ Մանրուքներու վրայ ուրադրութիւն չդարձնելով, կ՚անտեսէ ան փաստը, որ այդ չնչին թերացումները գրեթէ ամէն օր կը կրէին շարունակական բնոյթ։ Բացասականն ալ վրայ վրայի կուտակուելով տուաւ դառնալի պտուղներ։

Մեծ կեանք մտնող գորշ գոյներով շաղախուած մարդիկ ներքուստ կը կրեն չարիքի առիւծի բաժինը։ Անոնք յաճախ կը շեղուին ճշմարիտ ուղիէն։ Ի տարբերութիւն ներդաշնակ ու պայծառ գունային երանգաւորմամբ սնածներու, անոնց ոտքը յաճախ կը դպչի քարին։ Մոլորեալներու պէս կը գործեն սխալը սխալի ետեւէն։ Իրենց բոլոր ձախողութիւններու մէջ կը փնտռեն մեղաւորներ, կ՚անիծեն իրենց բախտը։

Միայն մեծ կամքի տէր մէկը կրնայ ներքուստ յաղթահարել այս բացը ու գտնել ճշմարիտ ուղին, զերծ մնալով տեւական սխալելէ։ Իսկ այդպիսիները հազարէն մին կը ծնին։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունուար 23, 2020