«PLEASE SCREAM INSIDE YOUR HEART!» «ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ՁԵՐ ՍՐՏԻՆ ԽՈՐՔԷՆ ՃՉԱԼ…»

«Յիմարները կը բազմապատկուին երբ խելացիները լուռ մնան…»
Նելսըն Մանտելա

Դիւանագիտութիւն չեմ ուսանած, ոչ ալ դիւանագէտ ըլլալու յաւակնութիւններ ունիմ։ Սակայն՝ այս օրերուն մեր շուրջը պատահածներուն ի տես՝ ճչալու, աղաղակելու, բարձրաձայն պոռթկալու անզուսպ պահանջք մը զիս կը խեղդէ։ Իսկ այս «Քովիտ-19» կոչուած ժահրը կը պարտադրէ, որ բերանդ փակ պահես՝ շուրջիններդ չվարակելու համար դահիճ ժահրէն։

Բայց ի՞նչպէս կարելի է շրթներդ սեղմած պահել, երբ ներսիդ կուտակուածը  անզուսպ լաւայի պէս ժայթքելու պատրաստ է…

Չէր բաւեր մեր մայր հայրենիքին մէջ կատարուածները, երկրին սերուցքը կազմող ամենակարող երիտասարդ սերունդին -հինգ հազարէ աւելի հոգեհատորներու- կորուստը, քաղաքական աշխարհին խաբէութիւնները, միամիտ ժողովուրդին թեր եւ դէմ խլացուցիչ հայհոյանքները, ահաւասիկ նոյնանման կացութիւն մը ստեղծուեցաւ հո՛ս - այո՛, նոյն ինքն այսպիսի համբաւ ունեցող՝ «ազատ խօսքի ռահվիրայ» համարուող Միացեալ Նահանգներու մէջ։

1978-էն ի վեր այս երկրին քաղաքացին ըլլալու փաստաթուղթերը ունիմ… եւ չեմ յիշեր թէ -հաւանաբար շատ-շատեր ինծի պէս- այս տարուայ պէս մոլորուն, անհասկնալի ու խառնաշփոթ կացութեան ականատեսը եղած ըլլամ։

Որպէս քաղաքացի այս երկրին, չորս տարի անդադար ամբոխավարական խօսքերով, խոստումներով, ստաբանութիւններով օրօրուող այս ժողովուրդին հետ, այսօր ականատեսներն ենք պետականօրէն ամենէն խայտառակ իրականութեան մը։ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքին մէջ վեհօրէն կանգնած երկրին հիմնադիր նախագահներուն, հերոսներուն արձաններով եւ հսկայ նկարներով պատմականօրէն հարստացած այդ շքեղ շէնքը՝ Capitol-ը, որ երկրէն դուրս յաճախ կը շփոթուի նախագահի նստավայրին «Սպիտակ տան» հետ, գոյնը կորսնցուց, նսեմացաւ՝ մարդկային ամէն արժանիքներէ դուրս վայրի խուժանի մը յարձակումովը եւ վայրագութեան հետ մրցող վարուելակերպին պատճառաւ։

Ամօթ, զարմանք, հիասթափութիւն, նախատինք, աղտոտութիւն, կոտրած դուռ-պատուհան, գրասենեակներու մէջէն բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն համակարգիչներու գողութիւնը, թղթապանակներու խառնիճաղանճը անճանաչելի դարձուցին իր վեհութեամբ դարաշրջաններ բոլորած լռակեաց այդ գրասենեակները։ Այս շէնքը այլեւս այն չէ՛, ինչ որ մինչեւ հիմա ճանչցուած էր որպէս Միացեալ Նահանգներու Խորհրդարան եւ Ներկայացուցիչներու տուն։

Տունը՝ հայրենասիրութիւն խորհրդանշող Աբրահամ Լինքընին, Ճորճ Ուաշինկթընին, Թոմաս Ճեֆըրսընին նման հիմնադիրներու։

Այո՛, նախագահ Ճորճ  Ուաշինկթընի երազած շէնքը, որ Վայելչօրէն Փառահեղ՝ միաժամանակ Պարզ եւ Յարմարաւէտ վայրը պիտի ըլլար Միացեալ Նահանգները աշխարհին ներկայացող իր դիմագիծով վեհութեան փլուզումին հասցուցին։

Օրին 17 մրցակիցներու ներկայացուցած նախագիծերը շատ մանրազննին մաղէ անցած էին, ընդունելի չէին գտնուած վեհութեան պակասի պատճառով, երբ անսպասելիօրէն նամակ մը կու գայ սկովտիացի ծագումով բժիշկ Ուիլիըմ Թորընթոնի նախագիծովը - (Dr. William Thornton, a Scottish-trained physician living in Tortola, British West Indies)։ Առաջարկուածը անմիջապէս հաւանութեան կ՚արժանանայ, եւ պաշտօնապէս կը հաստատուի նախագահ Ուաշինկթընի կողմէ յուլիս 25, 1793-ին։ Այս պատկառելի շէնքը կարգ մը վերանորոգումներէ ու յաւելուածական փոփոխութիւններու ենթարկուելէ ետք, այսօր համայն աշխարհի մէջ կը համարուի ճարտարապետականօրէն վեհ ու գեղեցիկ կառոյց մը, որ ըստ Միացեալ Նահանգներու հիմնադիր հայրերուն երազանքին, անոր ոճն ու ձեւը պէ՛տք է խորհրդանշէ երկրին ժողովրդավարութիւնը։

Սակայն, յունուար 6, 2021-ին պատահածը Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններէ հաւաքուած քաղաքացիներուն խուժանավարի յարձակումէն ետք, սարսափահար ականատեսները եղանք ի տես պատկառելութիւնը ոտնակոխուած այս կառոյցին։ Սըր-տիս խորքէն անզօր ճչալէն աւելի աղաղակելու պահանջք զգացի։

Այո՛, ճիշդ կը կարդաք։ Բերանս փակ՝ սրտիս խորքէն ճչալու պահանջք զգացի… երբ խոշոր տառերով վերի այդ թելադրութեան հանդիպեցայ։ Ճաբոնական խաղավայր-զբօսայգիի մը մէջ նորաբաց շատ բարձր ոլորուն սահնակէն յանկարծակի վար սահողներուն ճչոցները քովիտի ժահրով արտաշնչելը սահմանափակելու - կարելի չափով կանխարգիլելու համար… Այո՛, խոշոր գիրերով գրուած էր… «կը խնդրուի», այո՛ ճիշդ այդպէս… «Կը խնդրուի ձեր սրտէն ճչալ…»։

Ի՞նչպէս լուռ մնալ երբ այդ ակնածանք պարտադրող, կառուցելու համար տարիներով մտածուած այս շէնքին սրահները ամբոխներուն կեղտին ու ջարդարարութեան զոհ կ՚երթան։ Ի՞նչպէս կարելի է լուռ աղաղակել՝ երբ այսօր լեցուած են 25 հազար երիտասարդ զինուորականներով, որոնք իրենց քնատոպրակներով մարմարեայ հայելանման յատակին վրայ օրերով քնանալու պարտադրանքին տակ են, Յունուար Վեցի նման կատարուելիք հաւանական նոր խուժումի մը արգելք կարենալ հանդիսանալու։

Պահ մը փոխադրուեցայ ի՛մ Հայաստանս։ Մեր հինգ հազար զոհուած-մարտիրոսացած արցախեան Հայ երիտասարդները աչքիս առաջ կենդանացան եւ շար-ւեցան քով քովի… այստեղի զինուորականներուն հետ։

Կողք-կողքի… 30 հազար երիտասարդ հսկայ բանակ մը կազմեցին, որոնք զոհերն են հոս կամ հոն գտնուող անհեռատես, անձնասէր, ամբոխավար, բռնակալի հոգեբանութեամբ պետական աթոռ զբաղեցնող ընդամէնը մատի վրայ հաշուող անհատներուն։

Որքան ճիշդ կը հնչէ անգլիացի գրող Տէյվիտ Միթչելի այն խօսքը թէ՝ «Երբ սահմանափակ քիչերուն ձեռքն անցնի անսահմանափակ իշխանութիւնը միշտ ալ արարքները դաժանութեան կը հասնին»։

Կարծեցինք որ, միայն 2020 տարին ժահրային տարի էր եւ կրկնակիօրէն աղիտաբեր տարի մը մանաւանդ Հայ ժողովուրդին գլխուն Միջին Արեւելքէն մինչեւ Արցախ։

Ահաւասիկ 2021-ի սկսանք աննախընթաց երեւոյթներու շարանով՝ քիչ մը ամէն տեղ։

Մէկ կողմէ ուրախանալով հպարտութիւնը ապրեցանք մեր Հայորդի Նուպար Աֆէեանին քովիտ ժահրին պատուաստի գիւտով, որ կեանքեր փրկելու յոյսն ու հաւաստիքը բերաւ համայն աշխարհին, միւս կողմէ որքա՜ն ժահրային երեւոյթներ ու ելոյթներ կան հոս հոն մահացու ըլլալէ չեն դադրիր։

Երանի կարենայինք նորատեսակ պատուաստով մը մաքրել տալ մեր շուրջը տիրող ժահրային երեւոյթները, եւ կամ՝ բոլորին ալ պարտադրել՝ կարելի չափով Սրտի խորքէն ճչալ… որպէսզի իրենց ներսիդին կուտակուած ժահրը շուրջինները վարակելով նորանոր մահերու պատճառ չդառնայ։

ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Սփրինկ Ֆիլտ, Փենսիլվանիա

Շաբաթ, Յունուար 23, 2021