ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԻՒՍՈՒԱԾՔՆԵՐ

Շուշիի գորգերու թանգարանը Ատրպէյճանին անցած մեր գանձերէն մէկն է: Սահմանէն անդին մնացած մեր ժառանգութեան մասին կը յիշենք սիրտի ցաւով եւ պատերազմի աւարտէն երեք ամիս ետք ալ տակաւին թարմ է վէրքը:

Շուշիի մէջ 2011 թուականին հիմնուած եւ 2013 թուականին բացուած այդ թանգարանը Արցախի տեսարժան վայրերէն մէկն էր, ուր լաւագոյն կերպով ցուցադրուած եւ ներկայացուած էին արցախեան հնագոյն գորգերը, կարպետներն ու աւանդական աշխատանքային գործիքներ, որոնցմով ստեղծուած են գորգեր, օթոցներ, կարպետներ եւ այլ փռոցներ:

Արցախի գորգերը հռչակաւոր են, անոնք հայկական գորգագործութեան մէջ իրենց փառաւոր տեղը ունին եւ ժամանակի ընթացքին հասած են աշխարհի ամենահեռաւոր անկիւնները: Անցած տասնամեակին արցախցի հաւաքորդ Վարդան Ասծատրեան աշխարհի զանազան երկիրներէն՝ Աւստրիայէն, Զուիցերիայէն, Թուրքիայէն, Գերմանիայէն գտած եւ գնած էր հին հայկական գորգեր եւ զանոնք փոխադրած Արցախ, ապա Արցախի յայտնի գորգագործներուն ստեղծած գորգերուն հետ կազմած էր այս թանգարանի հաւաքածոն, որուն միացած էին նաեւ Հայաստանի ու Արցախի զանազան վայրերէն բերուած գորգերը: Վնասուած գորգերը վերականգնուած էին:

Մինչեւ արցախեան վերջին պատերազմը թանգարանին մէջ կը ցուցադրուէր շուրջ 300 գորգ, որոնք կը թուագրուէին 17-րդ դարէն մինչեւ 20-րդ դարասկիզբ: Հայկական գորգերէն զատ Շուշիի գորգերու թանգարանը իր հաւաքածոյին մէջ ունէր նաեւ թիւրքմենական եւ աֆղանական գորգերու օրինակներ, ռուսական մշակոյթին վերագրուող գտածոներ:

Պատերազմի թէժ օրերուն քիչեր կը մտածէին Արցախէն նիւթական արժէքներ փրկելու մասին եւ աւելի մարդկային փրկութեան գործով զբաղած էին: Հոկտեմբերի վերջաւորութեան, Շուշիի գորգերու թանգարանը նոյնպէս վնասուած էր հրթիռակոծութենէն, ցուցանմոյշները յայտնուած էին առանց դռներու եւ պատուհաններու մնացած շէնքին մէջ: Թանգարանին տնօրէնը՝ Վարդան Ասծատրեան կրցած է գորգերէն մէկ մասը՝ հիմնական ցուցահանդէսային հատուածը, դուրս հանել, չմտածելով, որ քաղաքը պիտի յանձնուի եւ մնացած գորգերը պիտի կորսուին: Մօտաւորապէս 120 գորգ՝ հիմնականօրէն պահեստային մասի գորգերը մնացած են շէնքին մէջ, որ այսօր Շուշիի բոլոր շէնքերուն հետ ատրպէյճանցիներու տիրապետութեան տակ է:

Շէնքին մէջ մնացած են նաեւ պահեստի մէջ պահուող պրոնզէ, քարէ դարերու խեցեղէնն ու կենցաղային իրերը, բայց թանգարանի երկրորդ յարկը գտնուող գեղանկարչական շուրջ 45 աշխատանքները յաջողութեամբ հանուած եւ փոխադրուած են Երեւան: Ճանապարհին փոխադրող ինքնաշարժի վարորդին վրայ կրակած են, վիրաւորուած է, սակայն տարհանուող աշխատանքները չեն տուժած:

Առհասարակ, Շուշիի թանգարաններէն շատ քիչ բան փրկուած է: Ինչ որ պետական հոգածութեան տակ կը գտնուէր, չէ տարհանուած, իսկ քանի որ Շուշիի գորգերու թանգարանը մասնաւոր հաւաքածոյ մըն է, զայն ստեղծող տնօրէնը գիշերով, հեռաձայնի լոյսերուն տակ, կրցած է բաժին մը փրկել:

Փրկուած գորգերէն մաս մը՝ մօտաւորապէս եօթ տասնեակ, օրերս Երեւանի մէջ բացառիկ ցուցադրութեամբ մը հանրութեան ներկայացուած է: Երեւանի «Ալեքսանդր Թամանեան» ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-հիմնարկը այս գանձերուն համար բացած է իր դռները:

Գորգերու ցուցահանդէսին գաղափարը նկարիչ, հայկական ձեռագործ իրերու հաւաքորդ Նարեկ Վան Աշուղաթոյեանինն է: Թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Մարք Գրիգորեան ոչ միայն ողջունած է այս գաղափարը, այլեւ նպատակ ունի երկար ժամանակ թանգարանէն ներս պահել ցուցահանդէսը: Ասիկա ազգագրական մեծ նշանակութիւն ունեցող ձեռնարկ մըն է, միաժամանակ՝ կորսուած Շուշիին շունչը անկիւնի մը մէջ պահելու սփոփանք:

Սերունդէ սերունդ հասած գորգերը ոչ միայն հայկական գորգագործութեան, այլ նաեւ՝ համաշխարհային ժառանգութեան մէկ մասն են, եւ հայկական գորգերով զբաղող իւրաքանչիւր մասնագէտ գիտէ այս գորգերուն ամէն մէկ հիւսքին, նախշին, անոր վրայ պատկերուած նշաններուն պատմութիւնն ու իմաստը:

Գորգերուն մեծ մասը նշանագրուած են հայերէն գիրերով, անուններով, բայց ատրպէյճանական մամուլը արդէն գրած է այս ցուցահանդէսին մասին, նշելով, թէ Հայաստանը «ատրպէյճանական Շուշիէն գողցուած գորգերով անօրէն ցուցահանդէս մը կը բանայ»: Ցաւ մը, որ կը կուտակուի եղած ցաւերուն վրայ:

Ցուցադրուած գորգերէն ամենահինը 350 տարեկան է՝ ասեղնագործութիւն մետաքսի վրայ, ամենանուրբ եւ ամենաբարձր մակարդակի գորգագործութեան նմոյշ մըն է՝ գործուած Ասկերանի շրջանի Շոշ գիւղին մէջ: Գորգը պահպանուած է ընտիր վիճակի մէջ եւ ի տարբերութիւն աւելի ուշ շրջանի ստեղծուած գորգերուն, վնասուածք մը չունի:

Այս ցուցահանդէսի մուտքը անվճար է, բայց այցելուները կրնան նուիրատուութիւն կատարել, որով կարելի կ՚ըլլայ նորոգել քանի մը վնասուած գորգ: «Վիշապագորգ», «Խնձորեսկ», «Աստղագորգ», «Ծաղկագորգ», «Արծուագորգ», «Ծաղկած խաչեր», «Պատկերագորգ» աւանդական անուններով յայտնի դարձած բոլոր գորգերէն ցուցադրուած են: Ցուցահանդէսը աննախադէպ է նաեւ անով, որ յայտնի է, թէ ո՞ր գորգը, ո՞ր գիւղէն եւ ո՞ր ընտանիքի միջոցով փոխանցուած է:

Վարդան Ասծատրեան իր կեանքի գործը դարձուցած է հնագոյն արցախեան գորգերու հաւաքումը, պահպանումը, ուսումնասիրութիւնը: Ան իւրաքանչիւր գորգի պատմութիւնը գիտէ:

Պարզ չէ, թէ այս հսկայ հաւաքածոն ցուցահանդէսէն ետք ուր պիտի պահուի: Անոնք ազգային արժէքներ են՝ կեանքի ու մահուան գնով փրկուած պատերազմի դաշտէն, իսկ մինչ այդ ալ՝ հայրենադարձուած աշխարհի զանազան վայրերէ:

Ցուցահանդէսին անգամ մը եւս ցաւով նշուեցաւ այն հանգամանքը, որ Շուշիի միւս թանգարաններուն՝ Արցախի ​​կերպարուեստի պետական ​​թանգարանին, Շուշիի պատմութեան թանգարանին, Գրիգորի Գաբրիէլեանցի անուան պետական երկրաբանական թանգարանին ցուցանմոյշները կարելի չէ եղած տարհանել: Պետական մարմինները կը վստահեցնեն, որ զանոնք վերադարձնելու բանակցութիւններ կը տարուին, մասնաւորապէս խօսակցութիւններ կան այդ թանգարաններու գանձերը փոխանակել 1990-ականներուն հայկական կողմին անցած ատրպէյճանական գեղանկարներուն հետ… Տակաւին վաղ է խօսիլ արդիւնքներու մասին:

ԱՐՑԱԽԻ ԳՈՐԳԵՐԸ

Գորգագործական մշակոյթը Արցախի մէջ խոր արմատներ ունի։ Այսօր աշխարհի բազմաթիւ թանգարաններուն մէջ ներկայացուած են արցախեան գորգերը, անոնք նաեւ մասնաւոր մեծ հաւաքածոներու մաս կը կազմեն: Այնքան շատ գորգեր ճամբորդած են Արցախէն աշխարհի զանազան երկիրներ, որ միայն գորգերը արդէն բաւական են հնագոյն Արցախի պատմութիւնը ներկայացնելու համար:

Մինչեւ 1870-ականները, երբ գորգագործութեան մէջ տակաւին մուտք չէին գործած արհեստական ներկերը, արցախեան գորգերու հարուստ գոյները վարպետները կը ստանային միայն բնական նիւթերէն, մեծամասնութեամբ՝ շրջանին յատուկ բոյսերէն եւ հանքանիւթերէն: Որոշ գիւղեր եւ բնակավայրեր երբեք չեն ընդունած արհեստական նիւթերը եւ հաւատարիմ մնացած են իրենց աւանդական, բնական միջոցներուն: Իսկ գործածուած բուրդը եղած է մասնաւոր ոչխարի մը, որ կոչուած է «Ղարաբաղ» տեսակի ոչխար. անոր բուրդը գունաւոր է, շագանակագոյնի զանազան երանգներով, մոխրագոյնով, սեւով:

Արցախցիները գորգի թելին բաց դեղին գոյնը ստացած են ճերմակ թութի ծառի թեփէն, շագանակագոյնը՝ ընկոյզի կեղեւէն, ճերմակ նուռի կեղեւէն, դեղինի երանգը՝ անթառամ ծաղիկէն, կարմիրը՝ գունարմատ ներկատու բոյսէ մը եւ միայն կապոյտը՝ լեղակը, ներկրուած էր Հնդկաստանէն: Որդան կարմիրն ալ կը ներկրէին Արարատեան դաշտէն:

Հայաստանի որոշ շրջաններու եւ Արցախի մէջ գործուած կարպետներն ու գորգերը ի սկզբանէ վաճառքի համար չեն պատրաստուած: Անոնք կը նկատուէին տան գլխաւոր իրերէն, որ կը կախուէին պատերէն, կը փռուէին յատակէն բարձր եւ մասունք էին տան համար: Գորգը տունէն հանելը կը նկատուէր վատ նախանշան: Հին Արցախի մէջ գանձ համարուող գորգերը պաշտպանական նշանակութիւն ունէին եւ յաճախ կը խորհրդանշէին բերրիութիւն, ամրութիւն: Գորգը գործածած են նաեւ եկեղեցիներու մէջ, զանազան կարեւոր միջոցառումներու ժամանակ:

Բոլոր ժամանակներուն գորգը լաւագոյն եւ թանկարժէք նուէրը եղած է բարեկամներուն, ընկերներուն, իշխանաւորներուն: Գորգը նաեւ օժիտի գլխաւոր իրն էր: Հարս գացող աղջիկը հայրական տունէն կը տանէր ոչ թէ մէկ, այլ քանի մը գորգ: Օժիտին այդ մասը կոչուած է «դաստա»՝ գորգերու այն խումբը, որ հին արցախեան ընտանիքներու անբաժան մասն էր՝ երեք ուղեգորգ եւ մէկ մեծ գորգ: «Դաստա»ի մշակոյթը մեր օրերուն գրեթէ չէ պահպանուած, բայց գորգագործութեան աւանդոյթները վերականգնելու ճիգերը ակնյայտ են:

Արցախեան գորգերը հարուստ են ընտանեկան զինանշաններու եւ հին առասպելներու խորհրդանշաններով: Հակառակ անոր որ ժամանակի ընթացքին նախշերուն մէկ մասը փոփոխութիւններու ենթարկուած է, բայց հիմնական նախշերը պահպանած են իրենց սկզբնական տեսքը: Արցախեան գորգերուն ծանօթ ամէն ոք, գորգին վրայ նկատելով վիշապի նշանը, յստակօրէն կրնայ հաստատել անոր արցախեան ծագումը:

Վիշապը արցախեան գորգերու վրայ ամենատարածուած խորհրդանիշներէն է, իսկ կովկասեան գորգերու վրայ եւս ամենատարածուած այս նշանը, վկայութիւնն է 18-րդ դարուն Արցախէն Կովկաս հայերու մեծ արտահոսքին: Զանազան հանգամանքներու բերումով հեռացած հայերը իրենց հետ տարած են նաեւ գորգագործութեան աւանդոյթները:

Արցախեան գորգերուն վրայ տարածուած ուրիշ խորհրդանշան մըն է մետալիոնը: Առկայ են հինգ հիմնական տեսակի մետալիոններ, անոնք, ըստ մասնագէտներուն, կը բխին ծանօթ ընտանիքներու եւ մելիքներու (կիսանկախ իշխաններու) զինանշաններէն: Մելիքները Արցախի իշխանութիւնը կը գլխաւորէին միջին դարերէն մինչեւ 19-րդ դար: Որոշ մետալիոններու անուանումներուն մէջ առկայ է «բերդ» վերջածանցը, որմէ կարելի է ենթադրել, որ իւրաքանչիւր բերդ ունէր իր զինանշանը: Անոնք կը ներառեն Ջրաբերդ, Արեւաբերդ եւ Օձաբերդ անուանումները եւ կազմուած են ճանկախաչէ (որ իր կարգին կը խորհրդանշէ իշխանութիւն եւ յաւերժութիւն) եւ գալարուող վիշապներէ:

Մեղուի պատկերը նոյնպէս տարածուած էր արցախեան գորգագործութեան մէջ:

19-րդ դարու սկիզբը, երբ Անդրկովկասը միացուեցաւ Ռուսական կայսրութեան, Արցախի մելիքութիւնները վերացան, սակայն անոնց աւանդական շքադրամ-մետալիոնները երկար ժամանակ մնացին գորգագործութեան մէջ:

Արցախեան գորգերուն վրայ կեդրոնական զարդանախշ է նաեւ թագադրուած ցուլը, որուն դերը Արցախի ժողովուրդի կեանքին մէջ չէ սահմանափակուած զուտ գիւղատնտեսական գործառոյթներով: Հին ժամանակ Արցախի մէջ ցուլը կը մեծարէին, նոյնիսկ, սատկելէն ետք անոր գանկը կը դրուէր տան տեսանելի վայրի մը մէջ, որպէս հմայեակ:

Բազմաթիւ գորգերու վրայ նշմարելի են նաեւ ցուլի կաշիի եւ ոչխարի բուրդի, ինչպէս նաեւ հեթանոսական սրբազան խորհրդանշաններու պատկերներ:

Մեծաթիւ են նաեւ այն արցախեան գորգերը, որոնք ունին արծուի բազմազան պատկերներով խոհրդանիշներ: Արծիւը կը նկատուէր իշխանութեան, ուժի եւ անհունութեան ձգտման խորհրդանիշը:

20-րդ դարուն սկիզբը հայկական քաղաքներու մեծ մասին մէջ ձեռագործ գորգերու եւ կարպետներու արտադրութիւնը կանգ առած է: Շարունակական տեղահանութիւններու եւ քաղաքական, ռազմական իրադարձութիւններու հետեւանքով հայկական արժէքաւոր գորգերուն մեծ մասը կորսուեցաւ կամ ոչնչացուեցաւ: Գորգագործութեան արուեստը անցած էր սերունդէ սերունդ եւ ընտանիքներուն ոչնչացումն ու տարանջատումը գրեթէ անկարելի դարձուցած էին այս արհեստին շարունակումը:

Խորհրդային ժամանակաշրջանին, իբրեւ արդիւնաբերական ճիւղ, Արցախի մէջ վերականգնուեցաւ գորգագործութիւնը, բայց գորգերը արդէն ոչ թէ ձեռագործ էին, այլ՝ գործարաններու արտադրանք: Մինչեւ Արցախի վերջին պատերազմը Արցախի մէջ կը գործէր «Ղարաբաղ կարպետ» ընկերութիւնը, որ աւանդական եղանակներով գորգեր եւ այլ կիրառական իրեր կը պատրաստէր. այդ ընկերութեան Շուշիի գործարանը եւ հաստոցները նոյնպէս մնացած են Ատրպէյճանին: Ընկերութիւնը մտադրութիւն ունի իր գործունէութիւնը շարունակել Հայաստանի մէջ:

Այս հսկայ ճիւղին՝ գորգագործութեան վերականգնման եւ պահպանման համար անհրաժեշտ են մեծ գումարներ: Այսօր նաեւ մեծ ջանքեր եւ ներդրումներ անհրաժեշտ են պատերազմի ընթացքին կորսուած ամէն բան վերականգնելու, վերագտնելու համար…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2021