ԶԱՒԷՆՆ ՈՒ ԴԱՆԻԷԼԸ

Իմ մայրիկը կը պնդէ, թէ Զաւէնը կը նախանձի: Ո՛չ, ան պարզապէս հաւասարութիւն կը պահանջէ իրեն ու եղբօր միջեւ: Զաւէնը Դանիէլը շատ կը սիրէ՝ իւրովի, ինքնատիպ: Զաւէնի սէրը յաճախ կ՚արտայայտուի կոպիտ շարժումներով ու վարուելակերպով: Ան իր կրտսեր եղբայրը կը դնէ պուպրիկի տեղ. կ՚երթայ կու գայ կը հրէ, կը պոռայ, կամ կը պահանջէ, որ շարժի իր կանոններով: Դանիէլ տակաւին մէկ տարեկան է: Տակաւին բան մը չի հասկնար: Ան անկարելի է ուղղորդել, իսկ Զաւէն կը փորձէ ամէն կերպով իր կամքը թելադրել պզտիկին: Բնականաբար Դանիէլը չ՚ենթարկուիր:

Զիրար շատ կը սիրեն: Խաղացած ատեն պարտադիր մէկը կու լայ: Յաճախ կը լսուի Դանիէլի ճիչը: Օրեր առաջ նորէն վտանգաւոր խաղեր կը խաղային՝ հիւրասենեակի մէջտեղը՝ գորգին վրայ: Խաղը սկսաւ խինդով: Զաւէնը ետեւէն կը հրէ Դանիէլը, որ նստատեղի վրայ փափուկ կ՚իյնայ: Այս պատկերը շատ կը զուարճացնէ մեծիկին: Փոքրիկն ալ հաճոյք կ՚առնէ այս տեսակ խաղերէ: Մեծերով կը հետեւինք անոնց խաղին, պարբերաբար զգուշացնելով ըլլալ աչալուրջ: Այսպէս բաւական երկար խաղացին, մինչեւ համը հանեցին. փոքրիկը ինկաւ եւ քիթէն արիւնահոսեցաւ:

Երեխան իյնալով կը մեծնայ: Զաւակի մը իւրաքանչիւր արցունքի կաթիլը ծնողէն կտոր մը կը պոկէ՝ սիրտդ անմիջապէս կը թուլանայ: Թերեւս ծնողի թուլութիւնը իր զաւակն է: Անոր տխրութիւնը, տամուկ աչքերը կարծես չարչարանքներու արահետ մը ըլլան: Զաւէնին շատ բարկացայ: Կ՚ուզեմ, որ ան դադրի եղբայրը պուպրիկի տեղ դնելէ: Այժմ կ՚աշխատիմ այդ ուղղութեամբ:

Մեծիկը պզտիկը կը սիրէ, չի նախանձիր՝ վստահ եմ, պարզապէս կը պահանջէ հաւասարութիւն: Պաչիկ մը անգամ կ՚ուզէ կիսեմ երկուքին միջեւ: Վերջերս ալ մեծիկին հաճոյք կը պատճառէ պզտիկի հետ թատրոն երթալը: Ի տարբերութիւն Զաւէնի, Դանիէլը դիմացինին կը վերաբերի հոգատարութեամբ, քնքշութեամբ: Ան իրմէ պզտիկ չորսամսեայ Լուսէին կը վերաբերի խնամքով. զգուշութեամբ կը շոյէ գլուխը, կը գրկէ, իր գլուխը կը դնէ անոր փորիկին: Իսկ Զաւէնը կը շարունակէ սիրել կոպիտ:

-Մայրիկ, դուն քանի՞ երեխայ ունիս:

-Երկու,- կը պատասխանեմ:

-Ովքե՞ր են:

-Դուն եւ Դանիէլը:

-Ո՛չ: Ես, Դանիէլը, Լուսէն ու Տիգրանը: Դուն չորս երեխայ ունիս:

Տիգրանը Զաւէնի մտերիմ ընկերն է մանկապարտէզէն: Երբ կը բարկանամ իրեն, տխրադէմ կը յայտարարէ. «Մա՛մ, դուն զիս չես սիրեր», այդ պահին սպասելով հակառակ պնդումի, բազում պաչիկներու եւ գրկախառնութիւններու:

Զաւէնը իմ ուժն է, իմ խաղաղութիւնը: Կը բաւէ անոր ձեռքէն բռնեմ՝ անմիջապէս ներաշխարհս կը լուսաւորուի, տխրութիւնս կ՚ըլլայ ի չիք: Դանիէլը իմ երջանկութիւնն է: Ան կը նմանի փոքրիկ արեգակի մը՝ մշտապէս կը շողայ: Դանիէլի դէմքին պատկերուած է ժպիտ ու սէր: Ան սէր ու ջերմութիւն կը ճառագայթէ իր շուրջը: Երկուքն ալ շատ մարդասէր են ու մարդամօտ, մեծիկը նաեւ ամչկոտ:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիի մէջ, կիրակնօրեայ պատարագներուն մասնակից այլեւս մեր ծանօթ-բարեկամները Դանիէլը կնքած են «Գրիգոր Լուսաւորիչի որդի» կեղծանունով: Ամէն անգամ ուրախութեամբ կ՚ըսեն. «Լուսաւորչի տղան եկաւ»: Յիրաւի, իմ փոքրիկը արժանի է այս պատուանունին. տակաւին չծնած ինն ամիս եկեղեցին էր: Լոյս աշխարհ գալէ վերջ, քառասունքէն ետք մինչեւ այսօր ամէն կիրակի Աստուծոյ տան հիւրն է՝ ամառ թէ ձմեռ, սաստիկ պաղին ու տաքին: Այնտեղ՝ Աստուծոյ տանը, բոլորը կը սիրեն երկու փոքրիկ եղբայրները:

Զաւէնը անհամբերութեամբ կը սպասէ կիրակիներուն: Հինգշաբթիէն սկսեալ կը յիշեցնէ կիրակնօրեայ պատարագներուն մասին: Այլեւս գիշերները առանց աղօթելու չի քնանար. «Մամա՛, երկու հատ աղօթէ՝ քնանամ»: Երկու աղօթքներէն առաջինը Տէրունական աղօթքն է, իսկ երկրորդը՝ Մանկան աղօթքը: Այնուհետեւ կը խնդրէ. «Մամա՛, քու Աստուածաշունչդ կարդայ»: Պոլիսէն վերադառնալէ վերջ ան ամէն գիշեր կը խնդրէ երկու հատ աղօթել եւ կարդալ Աստուածաշունչ: Երբեմն ալ կը փափաքի, որպէսզի կարդամ իր Մանկական Աստուածաշունչը:

Աղօթքներուն մասնակից կ՚ըլլայ նաեւ Դանիէլը: Ան մտիկ կ՚ընէ: Ինչ կը վերաբերի փոքրիկ Դանիէլին: Իմ պզտիկը, երբ առաւօտեան կ՚արթննայ, կը պահանջէ միացնել երաժշտութիւն: Ան կը սիրէ իր առաւօտներուն սկսիլ բարձր տրամադրութեամբ ու երաժշտութեամբ: Իմ փոքրիկի սիրելի երգերն են Թալինի մանկական կատարումները: Ինչպէս բոլոր փոքրիկները, Դանիէլ նոյնպէս շատ կը սիրէ Թալինը: Բաց աստի, ան շատ կը սիրէ Արցախի մասին երգեր՝ քանի մը անգամ կը պահանջէ նոյն երգը միացնել, ուշադրութեամբ կը դիտէ ու մտիկ կ՚ընէ: Այսպիսին են իմ երկու հրեշտակները՝ իմ ուժն ու խաղաղութիւնը եւ երջանկութիւնը:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2023