ԳՐԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆԻ ԵՒ ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊԻ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Կլենտէյլի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղին, «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրական-հրապարակային ձեռնարկ՝ նուիրուած արեւմտահայ երկու տիտաններու՝ Յակոբ Պարոնեանի եւ Գրիգոր Զօհրապի:

Կազմակերպիչ մասնաճիւղին անունով  խօսք առաւ Արա Եագուպեան, որ ներկայացուց օրուան բանախօս, Երեւանի «Յովհաննէս Թումանեան»ի տուն-թանգարանի տնօրէնուհի, մշակոյթի վաստակաշատ գործիչ Նարինէ Թուխիկեան-Խաչատրեանը:

Բանախօսը տեսերիզի ցուցադրութեամբ անդրադարձաւ Յակոբ Պարոնեանի եւ Գրիգոր Զօհրապի կեանքին եւ գրական ժառանգութեան:

Ինչպէս ծանօթ է, Նարինէ Թուխիկեան, ոչ միայն Երեւանի Թումանեան տուն-թանգարանի տնօրէնուհին է, այլ նաեւ Հայաստանի բազմերանգ մշակութային կեանքին քաջածանօթ անձնաւորութիւն մը: Ան, որ վերջին տասը տարիներուն կը վարէ Թումանեանի տուն-թանգարանը, իր պարտականութիւնները կատարողի գոհունակութեամբ գործող եւ ապրող գործիչ մը չէ, այլ աւելին:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ ամերիկահայ երիտասարդ թարգմանիչ, Հոլիվուտի «Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս» ազգային վարժարանի անգլերէնի ուսուցիչ Հրաչ Տեմիրճեան, որ ներկայացուց իր կողմէ անգլերէնի թարգմանուած հատուածներ՝ Յակոբ Պարոնեանի երգիծական ստեղծագործութիւններէն:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 23, 2018