ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՕՓԵՐԱՅԻ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՀԱՄԵՐԳՆԵՐՈՎ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ՝ ՍԷՐՃԱՆ ԿԱԶԵՐՕՂԼՈՒԻ ՄԱԿԱՆԻՆ ՆԵՐՔԵՒ

Իսթանպուլի պետական օփերայի մանկանց երգչախումբը շաբաթավերջին հանդէս եկաւ երկու կարեւոր համերգներով։ Առաջին համերգը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, «Զորլու» առեւտուրի կեդրոնի սրահին մէջ։ Երկրորդ համերգը տեղի ունեցաւ երէկ, Գատըգիւղի «Սիւրէյյա» օփերայի երդիքին տակ։ Երէկուան ձեռնարկը ձօնուած էր 23 Ապրիլի մանկանց տօնին։

Իսթանպուլի պետական օփերայի մանկանց երգչախումբը հանդէս կու գայ՝ խմբավար Սէրճան Կազերօղլուի մականին ներքեւ։ Ծանօթ է, որ Կազերօղլու մեր համայնքի երաժշտական կեանքի արդէն կայացած անուններէն մին է։ Ան կարեւոր փորձառութիւն ունի՝ որպէս մենակատար։ Այժմ իր առջեւ կ՚ուրուագծուի նոր հորիզոն մը՝ որպէս խմբավար։ Արդարեւ, Իսթանպուլի պետական օփերայի մանկանց երգչախումբը հիմնուեցաւ հազիւ քանի մը ամիս առաջ, 8 Հոկտեմբեր 2017-ին։ 30 հոգիէ բաղկացեալ խումբը սկսաւ թափով մարզուիլ Սէրճան Կազերօղլուի կողմէ։ Ընթացքին քանի մը յաջող ելոյթներ առիթ ընձեռեցին մանկանց խումբը խրախուսելու։ Շուտով նաեւ համալրուեցաւ կազմը՝ հասնելով 66 հոգիի։ Երէկուան համերգը այս նորաստեղծ խումբի առաջին մեծ քննութիւնն էր եւ Սէրճան Կազերօղլուի սաները յաջողութեամբ յանձնեցին այդ մէկը։

Հարկ է նշել, որ խումբին դաշնակով կը նուագակցի Ռոպերթօ Սանչէզ Մարթինէզ։

 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 23, 2018