«ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԱՄԱՐ Կ՚ԱՊՐԻՄ»

Անցեալ գրութեամբ այս հարցումին փորձեցինք պատասխան գտնել՝ մէջբերումներ կատարելով Հին կտակարանէն: Այս գրութեամբ պիտի շարունակենք այս հարցումին պատասխան կամ պատասխաններ գտնելը, մէջբերումներ կատարելով՝ այս անգամ Նոր կտակարանէն, մանաւանդ՝ չորս աւետարաններէն:

Եւ այսպէս.

Մատթէոսի Աւետարանին 5-րդ գլուխի Երանիներուն վերջին հատուածին մէջ կը կարդանք հետեւեալ Երանին, ըսուած մեր Տիրոջմէն.

«Երանի՜ ձեզի, երբ մարդիկ նախատեն եւ հալածեն ձեզ, կամ ստելով՝ ձեր մասին ամէն տեսակի զրպարտութիւն ընեն Իմ հետեւորդներս ըլլալնուդ համար։ Ցնծացէք եւ ուրախացէ՛ք, որովհետեւ ձեր վարձատրութիւնը մեծ է երկինքի մէջ։ Յիշեցէք, որ նոյն ձեւով հալածանքի ենթարկուեցան ձեզմէ առաջ ապրող մարգարէներն ալ» (Մտ 5.11-12). մենք շատ յաճախ կեանքը կը դիտարկենք որպէս հեզասահ ընթացք եւ հան-գըստութեան մէջ ընթացող կեանք մը, սակայն մեր Տիրոջ այս Երանիէն կը հասկնանք, որ մարդու կեանքը մի՛շտ չէ, որ դիւրին է, ընդակառակը մարդ միշտ ենթակայ է յարձակումներու՝ չարին, նեղութիւններու, դժուարութիւններու, եւ այլնի, սակայն այս բոլորին համար մարդ երանիի արժանացած է իր Արարիչին կողմէ, ուր մարդուն կը տրուի ուրախ ըլլալու եւ ցնծալու թելադրութիւն, որովհետեւ եթէ այս բոլոր նեղութիւններուն ու դժուարութիւններուն կարնեայ յաղթահարել մարդ՝ «մեծ վարձատրութիւն» պիտի ստանայ երկինքին մէջ:

Դարձեալ Մատթէոսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք.

«Խնդրեցէ՛ք Աստուծմէ եւ պիտի տայ ձեզի, փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք, բախեցէ՛ք եւ պիտի բացուի ձեզի։ Որովհետեւ խնդրողը պիտի ստանայ, փնտռողը պիտի գտնէ եւ բախողին առջեւ դուռը պիտի բացուի։ Ձեր մէջ կա՞յ հայր մը, որուն զաւակը հաց ուզէ եւ ինք քար տայ անոր, եւ կամ օձ տայ՝ երբ զաւակը ձուկ խնդրէ։ Արդ, եթէ դուք որ չար էք՝ գիտէք ձեր զաւակներուն լաւ պարգեւներ տալ, ձեր երկնաւոր Հայրը որքա՜ն աւելի լաւ պարգեւներ պիտի տայ անոնց, որոնք Իրեն կը դիմեն» (Մտ 7.7-11). ահաւասիկ այս զօրաւոր պատճառ մը ապրելու համար: Բնականաբար, ֆիզիքական հայրերը իրենց կարելին կ՚ընեն իրենց զաւակներուն բարօրութեան համար, եւ մեր Տէրը շատ գեղեցիկ կերպով կը բացատրէ այդ հանգամանքը եւ կը բացատրէ, թէ որքա՜ն աւելիով բոլորիս երկնաւոր Հայրը մեր բոլորին բարութիւնը կ՚ուզէ: Հետեւաբար, եթէ մեր կեանքի ընթացքին կը վստահինք ու կ՚ապաւինինք Աստուծոյ, մեր կեանքը կը դառնայ հաճելի եւ ցնծալի:

Դարձեալ Մատթէոսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք.

«Ամէն իշխանութիւն տրուեցաւ Ինծի երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ։ Ինչպէս որ Հայրը զիս ղրկեց, այնպէս ալ Ես ձեզի կը ղրկեմ։ Հետեւաբար, գացէք եւ բոլոր ժողովուրդները Ինծի աշակերտ դարձուցէք։ Զանոնք մկրտեցէք՝ Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով։ Անոնց սորվեցուցէք այն բոլոր պատուիրանները որ Ես ձեզի տուի. եւ ահա միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհիս վախճանը» (Մտ 28.18-20). այս խօսքերը մեր Տէրը ուղղեց Իր աշակերտներուն նախքան երկինք համբառնալը, եւ անոնց ընդմէջէն բոլոր դարերու Իր հետեւորդներուն. այս հատուածին մէջ ամենէն կարեւոր արտայայտութիւններէն մէկը սա է, թէ՝ «եւ ահա միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհիս վախճանը». ի՜նչ վստահութիւն ներշնչող խոստում, մեր Տէրը մեզմէ իւրաքանչիւրին խոստում կու տայ մեզի հետ ըլլալու մինչեւ աշխարհիս վախճանը, այս խոստումին ականջալուր ըլլալէ ետք, կարելի՞ է մտածել չապրելու մասին, կամ թէ ինչո՞ւ համար կ՚ապրիմ/ինք:

Մարկոսի Աւետարանին մէջ հետաքրքրական համարներու կը հանդիպինք, ուր մեր մտապատկերին մէջ կ՚ուրուագծուի կեանքը ապրելու նոր տեսակի հասկացողութիւն մը, հոգեւոր, երկնային՝ քրիստոնէական հասկացողութիւն մը: Այսպէս, Մարկոսի Աւետարանին 8-րդ գլուխին մէջ կը կարդանք.

«Եթէ մէկը ուզէ Ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ ետեւէս գայ։ Որովհետեւ ով որ ուզէ իր կեանքը փրկել՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ով որ Ինծի եւ Աւետարանին համար իր կեանքը կորսնցնէ՝ պիտի փրկէ զայն։ Ի՞նչ օգուտ, երբ մէկը ամբողջ աշխարհը շահի, բայց իր կեանքը կորսնցնէ։ Որովհետեւ իր կեանքին փսխարէն ի՞նչ փրկագին կրնայ տալ։ Ով որ զիս կամ խօսքերս ընդունիլը ամօթ նկատէ, Աստուծոյ անհաւատարիմ եւ մեղաւոր այս սերունդին մէջ, Մարդու Որդին ալ զայն ընդունիլը ամօթ պիտի նկատէ՝ երբ գայ Իր Հօրը փառքով, սուրբ հրեշտակներուն հետ» (Մր 8.34-38). կը տեսնենք, թէ մեր Տէրը կ՚ըսէ, ով որ այս աշխարհին մէջ ուզէ իր կեանքը փրկել՝ պիտի կորսնցնէ զայն, այսինքն՝ ով որ աշխարհով եւ աշխարհին համար ապրի, պիտի կորսնցնէ իր կեանքը՝ կորուստի մատնուելով, իսկ ով որ յանուն Քրիստոսի եւ Անոր Աւետարանին իր կեանքը կորսնցնէ՝ պիտի փրկէ զայն, այսինքն՝ ան որ Քրիստոսի համար եւ Քրիստոսով (Աստուածաշունչով) կ՚ապրի՝ համբերելով բազմատեսակ նեղութիւններու ու դժուարութիւններու, աւելին իր կեանքով ու վարքով կը վկայէ Քրիստոսի եւ Անոր Աւետարանին մասին, նոյնիսկ եթէ իր ֆիզիքական կեանքը կորսնցնէ այդ պատճառով, սակայն յաւիտենապէս պիտի փրկէ իր կեանքը:

Ղուկասի Աւետարանին մէջ կը կարդանք, թէ ինչպէս մարդ պէտք է իր կեանքին հիմերը ժայռի վրայ կառուցէ, որպէսզի զերծ մնայ ահաւոր կործանումէն: 6-րդ գլուխին մէջ կը կարդանք. «Ինչո՞ւ զիս “Տէ՛ր, Տէ՛ր” կը կոչէք, եւ սակայն Իմ ըսածներս չէք կատարեր։ Ով որ Ինծի կու գայ եւ խօսքերս լսելով կը գործադրէ զանոնք, ըսեմ ձեզի թէ որո՛ւ կը նմանի։ Կը նմանի այն մարդուն, որ տուն շինելու համար հողը խորունկ կը փորէ եւ հիմը ժայռի վրայ կը հաստատէ։ Երբ գետը հեղեղներէն յորդելով կը զարնէ տան, չի կրնար զայն խախտել, որովհետեւ տան հիմը ժայռի վրայ հաստատուած է։ Իսկ ով որ կը լսէ խօսքերս եւ սակայն չի գործադրեր, կը նմանի այն մարդուն, որ հողի վրայ առանց հիմի տուն կը շինէ, որուն երբ գետը զարնուի՝ անմիջապէս կը քանդուի։ Եւ ի՜նչ ահաւոր կ՚ըլլայ այդ տան կործանումը» (Ղկ 6.46-49):

Դարձեալ, Ղուկասի Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛ եւ աղջիկդ պիտի ապրի» (Ղկ 8.50). այս խօսքերը մեր Տէրը ուղղած էր Յայրոսին՝ հանդարտեցնելով զինք, երբ վերջինս իր ծառաներէն իմացաւ, թէ իր հիւանդ աղջիկը արդէն մահացած է: Աւետարանական պատումէն գիտենք, թէ ինչպէս մեր Տէրը յարութիւն կու տայ Յայրոսի աղջիկին, ինչպէս նաեւ Ղազարոսին, եւ ուրիշներու: Այս առումով, այս խօսքը մեզմէ իւրաքանչիւրիս ուղղուած է, չվախնալու, այլ՝ պարզապէս հաւատալու Աստուծոյ, իսկ հաւատքի դիմաց մեր ստանալիք վարձատրութիւնը պիտի ըլլայ յաւիտենական կեանքը: Ահաւասիկ պատճառ մը եւ պատասխան մը եւս մեզմէ իւրաքանչիւրին, թէ ինչո՞ւ համար պէտք է ապրինք:

Դարձալ, Ղուկասի Աւետարանին 12-րդ գլուխին մէջ կը կարդանք. «Սիրելինե՛ր, ձեզի կ՚ըսեմ. մի՛ վախնաք անոնցմէ որոնք մարմինը կը սպաննեն եւ ապա ուրիշ բան չեն կրնար ընել։ Ըսեմ թէ որմէ՛ պէտք է վախնաք։ Վախցէք Աստուծմէ, որ ձեզ սպաննելէ ետք իշխանութիւն ունի դժոխք նետելու։ Այո՛, կ՚ըսեմ ձեզի, Անկէ վախցէք։ Հինգ ճնճղուկները տասը դահեկան չ՚ա՞րժեր, եւ սակայն անոնցմէ մէկն իսկ Աստուծոյ կողմէ մոռցուած չէ։ Գալով ձեզի, ձեր գլխուն իւրաքանչիւր մազն իսկ համրուած է։ Հետեւաբար մի՛ վախնաք, որովհետեւ դուք բոլոր ճնճղուկներէն աւելի արժէք ունիք Աստուծոյ աչքին» (Ղկ 12.4-7). ահաւասիկ պատճառ մը եւ պատասխան մը եւս կեանքը ապրելու եւ զայն ապրելու՝ արժանավայել կերպով, որովհետեւ մենք Աստուծոյ համար արժէքաւոր ենք: Միաժամանակ, փոխանակ վախնալու այս աշխարհի դահիճներէն ու որճրագործներէն, պէտք է վախնանք Աստուծմէ, որովհետեւ այս աշխարհի դահիճներն ու որճրագործները միայն կրնան մեր ֆիզիքականը սպաննել, բայց ո՛չ՝ հոգին, սակայն Աստուած թէ՛ մարմինը եւ թէ՛ հոգին կը սպաննէ, հետեւաբար, մեր ապրած այս կեանքով պիտի ջանանք անդենականի յաւիտենական անձնագիրը ձեռք ձգել՝ կառչելով Աստուծոյ:

Դարձալ, Ղուկասի Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Հա՜յր, ներէ՛ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ընեն» (Ղկ 23.34). ի՜նչ զօրաւոր խօսք, ի՜նչ ահաւաոր ներում խաչին վրայէն, մինչ ես՝ իմ մեղքերուս պատճառով Աստուածորդին խաչ կը հանէի, մինչ ես՝ իմ ձեռքերուս մէջ մուրճը առած գամերը կը գամէի իմ Փրկիչիս ձեռքերուն ու ոտքերուն, փոխարէնը, Ան կը ներէր զիս, կը ներէր հակառակ իմ ամբարշտութեանս ու համրձակութեանս, աչքի նայուաքով չէր ոչնչացներ զիս, այլ՝ կը ներէր: Ահաւասիկ պատճառներուն պատճառը եւ պատասխաններուն պատասխանը կեանքս ապրելու:

Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Որովհետեւ Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ Իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի Անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ՝ յաւիտենական կեանք ունենայ: Որովհետեւ Աստուած Իր Որդին աշխարհ ղրկեց՝ ո՛չ թէ որպէսզի աշխարհը դատապարտէ, այլ՝ որպէսզի աշխարհը փրկէ: Ով որ կը հաւատայ Անոր՝ չի դատապարտուիր. իսկ ով որ չի հաւատար Անոր՝ արդէն իսկ դատապարտուած է, Աստուծոյ Միածին Որդիին չհաւատալուն համար» (Յհ 3.16-18). մարդը իր անհնազադութեան, չարութեան ու մեղքերուն պատճառով հեռացաւ Աստուծմէ, աակայն Աստուած մարդը առանձին չձեց, եւ փոխանակ պատժելու եւ կորուստի մատնելու, ընդհակառակը, մարդուն նկատմամբ Իր ունեցած սիրոյն պատճառով նոյնիսկ Իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէսզի փրկէ մարդիկը եւ անոնց յաւիտենական կեանք շնորհէ:

Դարձեալ, Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Ով որ այս ջուրէն խմէ՝ յաւիտեան պիտի ծարաւնայ, բայց ով որ Իմ տալիք ջուրէս խմէ՝ յաւիտեան պիտի չծարաւնայ։ Ընդհակառակը, ջուրը որ Ես պիտի տամ՝ անոր մէջ պիտի վերածուի աղբիւրի մը, որ ջուր կը ցայտէ եւ յաւիտենական կեանք կու տայ» (Յհ 4.13-14):

Դարձալ. «Ես եմ կեանքի հացը։ Ան որ Ինծի կու գայ՝ բնաւ պիտի չանօթենայ եւ ան որ Ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չծարաւնայ։ Բայց հիմա ըսի ձեզի, տեսաք ալ զիս, եւ տակաւին չէք հաւատար։ Բոլոր անոնք որ Հայրը Ինծի կու տայ՝ Ինծի պիտի գան, եւ Ես Ինծի եկողը պիտի չմերժեմ. որովհետեւ Ես երկինքէն իջայ՝ ո՛չ թէ Իմ կամքս կատարելու, այլ կամքը Անոր՝ որ զիս ղրկեց։ Զիս ղրկող Հօրս կամքն է, որ չկորսընց-նեմ ո՛չ իսկ մէկը բոլոր անոնցմէ՝ որ Ինծի տուաւ, այլ յարուցանեմ զայն վերջին օրը։ Հօրս կամքը հետեւեալն է.- Ով որ տեսնէ Որդին եւ հաւատայ Անոր՝ յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ, եւ Ես պիտի յարուցանեմ զայն վերջին օրը» (Յհ 6.35-40):

Դարձեալ. «Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը։ Ան որ Ինծի կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի։ Իսկ ան որ ողջ է եւ Ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չմեռնի» (Յհ 11.25-26):

Դարձեալ. «Չեմ աղօթեր միայն իրենց համար, այլ նաեւ անոնց համար՝ որոնք անոնց քարոզութեամբ Ինծի պիտի հաւատան։ Կ՚աղօթեմ, որ անոնք բոլորն ալ մէկ ըլլան, ինչպէս որ Դուն, ո՛վ Հայր, Իմ մէջս ես եւ Ես Քու մէջդ, այնպէս ալ անոնք մեր մէջ ըլլան, որպէսզի աշխարհը հաւատայ, որ Դուն ղրկեցիր զիս։ Այն փառքը, որ Ինծի տուիր՝ իրենց տուի, որպէսզի մէկ ըլլան, ինչպէս որ Ես եւ Դուն մէկ ենք։ Ես անոնց մէջ ըլլամ եւ Դուն՝ իմ մէջս, այնպէս որ անոնք կատարեալ կերպով մէկ ըլլան, որպէսզի աշխարհը գիտնայ թէ Դուն ղրկեցիր զիս եւ թէ սիրեցի զանոնք, ինչպէս որ Դուն զիս սիրեցիր։

Հա՛յր, անոնք որոնք Ինծի տուիր՝ կ՚ուզեմ որ Ինծի հետ ըլլան՝ ո՛ւր որ ըլլամ, որպէսզի տեսնեն Իմ փառքս, այն փառքը՝ որ Ինծի տուիր, որովհետեւ զիս սիրեցիր աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ։ Արդա՛ր Հայր, թէեւ աշխարհը Քեզ չճանչցաւ, բայց Ես Քեզ ճանչցայ. եւ ասոնք ալ գիտցան թէ Դուն ղրկեցիր զիս։ Քեզ ճանչցուցի անոնց եւ պիտի շարունակեմ ճանչցնել, որպէսզի անոնց մէջ ըլլայ այն սէրը որով զիս սիրեցիր եւ Ես ըլլամ անոնց մէջ» (Յհ 17.20-26):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ 

•շար. 2

18 մայիս 2020, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Մայիս 23, 2020