ՔԱՂԱՔ-ՈՒՐՈՒԱԿԱՆՆԵՐ

21-րդ դարուն, երբ քաղաքաշինութիւնը հասած է բարձրագոյն մակարդակի, կը բարելաւուին ժամանակակից քաղաքներուն տեսքը եւ նորեր ի յայտ կու գան, անդին գոյութիւն ունին լքուած քաղաքներ, որոնք ժամանակին եղած են շէն ու մարդաբնակ, իսկ այսօր դատարկ են ու լքուած: Զանազան պատճառներով կը լքուին քաղաքները: Հիմնական պատճառը անշուշտ, ապրելու պայմաններուն բացակայութիւնն է, բայց կան նաեւ պատերազմներու, բնաջնջումներու, աղէտներու, տնտեսական անկումի պատճառով քաղաքը լքելու պարագաներ: Եղանակին անբարենպաստ պայմանները նոյնպէս անմարդաբնակ կը դարձնեն բնակավայրերը:

Եթէ գիւղերու եւ աւաններու պարագային այդ մէկը բնական երեւոյթ է, սակայն զարմանալի կը թուի միլիոնաւոր բնակչութեամբ քաղաքներու պարագային: Այսօր գոյութիւն ունի լքուած քաղաքներու քարտէս մը, ուր կարմիրով նշուած են ժամանակին մարդաբնակ, աշխոյժ կեանքով եռուն քաղաքներուն տեղերը: Անոնք բազում վայրերու մէջ են՝ աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը՝ հեռաւոր Արեւելքէն մինչեւ Եւրոպա, Հնդկաստանէն մինչեւ Ուքրայնա:

Լքուած քաղաքներուն մասին գիրքեր, շարժանկարներ, արուեստի գործեր ստեղծուած են, մերթ ընդ մերթ վաւերագրողները կը ժամանեն այդ վայրերը եւ ցոյց կու տան ամայութիւնը քաղաքակրթութեան երբեմնի կեդրոններուն, ուր տակաւին կը պահպանուին շէնքեր, շինութիւններ, անգործութեան մատնուած խանութներ, տուներ եւ այլն…

Ի տարբերութիւն անհետացած քաղաքներուն, լքուած քաղաքները սովորաբար կը պահպանեն իրենց արտաքին տեսքը՝ շէնքերը լքուած ժամանակահատուածին համապատասխան են: Այդպիսի յարաբերականօրէն պահպանուած քաղաքներուն համար կը կիրարկուի քաղաք-ուրուական անուանումը: Համայնագիտարաններուն մէջ եւս այդ քաղաքները կը նկարագրուին իբրեւ քաղաք-ուրուականներ:

Ըստ առասպելներու, ուրուականները կը բնակին լքուած տուներուն մէջ: Կան մարդիկ, որոնք կը հաւատացնեն, թէ նման վայրերու մէջ, իսկապէս, տեսած են ուրուականներուն հետքերը: Ոմանք նոյնիսկ նկարած են ցնորական որեւէ տեսիլք՝ այդպէսով աւելի սրելով հետաքրքրութիւնը լքուած վայրերուն հանդէպ:

Քաղաք-ուրուականներուն մասին խօսելով նախ կը յիշուի Իտալիոյ Քրաքօ քաղաքը:

ՔՐԱՔՕ, ԻՏԱԼԻԱ

Պատմական վայրերու զբօսաշրջիկները Իտալիա այցելութեան ընթացքին անհամբեր են տեսնելու իտալական Քրաքոն, որ հիմնադրուած է աւելի քան 1000 տարի առաջ։ Երկար դարեր քաղաքին բնակիչները ապրած են գիւղատնտեսութեամբ, սակայն 19-րդ դարու երկրորդ կէսին քաղաքին մէջ հողերը դարձած են անբարեբեր՝ աստիճանաբար սպառելով իրենց գիւղատնտեսական նշանակութիւնը: Քաղաքին մէջ սկիզբ առած է ճգնաժամ եւ բնակիչները ստիպուած լքած են քաղաքը:

19-րդ դարու կէսին Քրաքոյի մէջ միայն 2000 մարդ կը բնակէր: Յիսուն տարուան ընթացքին այդ թիւը երկու անգամ կը նուազի: Մնացած սակաւ բնակչութիւնը քաղաքը կը լքէ երկրաշարժներու պատճառով: Անցեալ դարու 60-ական թուականներուն քաղաքը ամբողջութեամբ կը պարպուի: Նոր քաղաք մը կը հիմնուի Քրաքոյէն ոչ շատ հեռու՝ Քրաքոյի Հովիտ խորհրդանշական անունով։ Հին Քրաքոյի մէջ բնակչութիւն չկայ, բայց քաղաքը զբօսաշրջիկներու եւ լրագրողներու պակաս չ՚ունենար: Հոս կու գան նաեւ քրաքոցիներ՝ անցեալի յիշողութիւնները թարմացնելու եւ հայրենի հողին կարօտը առնելու: Շէնքերուն մօտենալ սակայն արգիլուած է, քաղաքը կը պահպանուի որպէս կանգուն յուշարձան:

ՔՈԼՄԱՆՍՔՈՓ, ՆԱՄԻՊԻԱ

Այս քաղաք-ուրուականը Նամիպ անապատին զարդն է: 1908 թուականին Զաքարիս Լեւալ անունով մարդ մը, որ այդ ժամանակ երկաթգիծի աշխատող էր, աւազին մէջ ադամանդի փոքրիկ հատիկներ կը յայտնաբերէ: Հատիկները ան կը յանձնէ մասնագէտներուն, որոնք կ՚ենթադրեն, թէ հովիտին երկայնքով, ուր յայտնաբերուած են ադամանդները, քամին աւազը կը բերէ Օրանժ գետի մօտակայքէն, Նամիպ անապատէն դէպի հիւսիս ու փոքրիկ ադամանդները գետը կը քշէ դէպի ովկիանոս եւ ապա ափ կը փոխադրէ աւազին հետ միասին:

Այս մէկը տարածքին համար հարուստ հեռանկար ենթադրած է: Գերմանական կառավարութիւնը, որոշ ժամանակ անց, վերացուց տեղւոյն ամբողջ բուսականութիւնը եւ սկսաւ հանքարդիւնաբերութեան աշխատանքներու:

Քանի մը տարի անց, քաղաքին մէջ գերմանական ոճով մեծ տուներ, դպրոցներ, հիւանդանոցներ, մարզադաշտ, խաղատուն եւ պարասրահ կառուցուած են: Հիմնադրուած է քաղաք մը, որ շուտով վերածուած է գերմանական օրինակելի բնակավայրի: Սակայն ադամանդի պաշարը շատ արագ սպառած է եւ պարզ դարձած է, որ քաղաքին մէջ դժուար է ապրիլ՝ մրրկահողմերը անդադար են, տարածքին մէջ ջուրի պակաս կայ… 1954 թուականէն սկսեալ բնակիչները շատ արագ լքեցին քաղաքը:

Քոլմանսքոփը այդպէս ալ կանգնած է լքուած վիճակի մէջ՝ անապատին կեդրոնը: Տուներուն մեծ մասը գրեթէ ամբողջութեամբ ծածկուած է աւազով: Զբօսաշրջիկները այս վայրին հանդէպ նոյնպէս հետաքրքրութիւն ունին, ահա թէ ինչու նամիպիացիները վերջին տասնամեակներուն վերականգնած են որոշ շէնքեր եւ կը ջանան քաղաք-թանգարանը լաւ վիճակի մէջ պահել ու զբօսաշրջային օգուտ ստանալ:

Լքուած քաղաքներուն մէջ զբօսաշրջիկներուն ուշադրութիւնը մանաւանդ կը գրաւէ գաղտնիքի եւ վտանգի համադրութիւնը, անոնք կ՚ուզեն տեսնել, թէ երբեմնի քաղաքը ի՞նչ տեսք ունի այսօր եւ արդեօք ուրուականներ կա՞ն այնտեղ, ինչպէս ընդունուած է ըսել:

ՊԱՆԿԱՐԿ, ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ

Այս քաղաքը Հնդկաստանի ամենագեղեցիկ լքուած վայրերէն մէկն է: Զբօսաշրջիկները հոն կրնան այցելել մինչեւ մայրամուտ, ատկէ ետք քաղաք մուտքը արգիլուած է, որովհետեւ կ՚ըսեն, թէ արեւին մայր մտնելէն ետք ուրուականները խրախճանք կը կազմակերպեն քաղաքին մէջ:

ՊԷԻՉՈՒԱՆ, ՉԻՆԱՍՏԱՆ

2008 թուականին սարսափելի երկրաշարժը աւերած է քաղաքը, կանգուն մնացած է շինութիւններուն 20 առ հարիւրը: Իշխանութիւնները կրկին չեն բնակեցուցած քաղաքը, այլ ձգած են, որ ան մնայ իբրեւ երկրաշարժի թանգարան, ուր ամէն տարի բազմահազար զբօսաշրջիկներ կ՚այցելեն: Այս տարի, քորոնաժահրի կեդրոն Ուհանը նոյնպէս կարճ ժամանակով ստացած էր քաղաք-ուրուական անուանումը: Մարդիկ կը լքէին Ուհանը, մնացողներն ալ տուներէն դուրս չէին ելլեր:

ՇԻ ՉԵՆԿ (ԱՌԻՒԾՆԵՐՈՒ ՔԱՂԱՔ)

Չինաստանը առհասարակ հարուստ է լքուած քաղաքներով: Շի Չենկը չինական մեծ քաղաքներէն էր, որ գոյութիւն ունեցած է 1300-ականներէն սկսեալ: Քաղաքը այսօր լիճի տակ է: 1960-ականներուն ջրհեղեղի պատճառով ընտանիքները տեղահանուած են, շատեր զոհուած են, իսկ քաղաքը իր ունեցած տեսքով մնացած է ջուրին տակ: 

ԱԼ-ՔՈՒՆԷՅԹՐԱ (ՍՈՒՐԻԱ)

Ալ-Քունէյթրա քաղաքը կառուցուած է Օսմանեան կայսրութեան կառավարման ժամանակաշրջանին եւ ծառայած է որպէս տարանցիկ կէտ՝ Դամասկոսի քարաւաններուն համար:

20-րդ դարու սկիզբէն քաղաքը դարձած է զանազան հակամարտութիւններու կեդրոն՝ մէյ մը անցնելով Սուրիոյ կառավարութեան, մէյ մըն ալ՝ Իսրայէլի: Այս պատճառով վտանգաւոր ըլլալն ու հակամարտութիւններու ընթացքին թալանուիլը զայն դարձուցին անմարդաբնակ: 1974 թուականէն ի վեր Ալ-Քունէյթրան կը գտնուի ՄԱԿ-ի խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող զինեալ ուժերուն հսկողութեան տակ։

Սուրիական ճգնաժամին բարձրակէտին ընթացքին քաղաքը քանի մը անգամ անցած է ԻՇԻՏ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) ահաբեկիչներուն հսկողութեան տակ: Աշխարհի լքուած քաղաքներուն քարտէսին վրայ նշուած է նաեւ այս քաղաքին անունը:

ՌԵՎԵՆՍՈՒՈՒՏ, ԱՒՍՏՐԱԼԻԱ

Աւստրալիական Ռեվենսուուտ փոքրիկ քաղաքը հիմնադրուած է կրկին տարածքի վրայ հանք շահագործելու նպատակով, հոս աշխարհի զանազան վայրերէն կու գային ոսկի որոնողները եւ կը բնակէին: Քաղաքը վերջերս բոլորովին լքուած է: 2008 թուականին այստեղ ոսկիի եւ այլ թանկարժէք մետաղներու որոնման աշխատանքներ կ՚ընթանային: Այսօր լքուած քաղաքը իր բազմաթիւ գեղեցիկ շինութիւններով կարեւոր զբօսաշրջային վայր է:

ՔԱՅԱՔԷՕՅ, ԹՈՒՐՔԻԱ

Թուրքիոյ մէջ գտնուող եւ լքուած քաղաք նկատուող Քայաքէօյը անգին ճարտարապետական վայր մըն է: Հարիւր տարի առաջ դատարկուած քաղաքին մէջ մարդիկ կը բնակէին: Անոր տարածքին վրայ աւելի քան 3500 հին շինութիւններ կը համրուին, որոնց մեծ մասը կառուցուած է քարով ու շատ լաւ պահպանուած է մինչեւ մեր օրերը։

Դատարկուած այս բնակավայրը կը գտնուի յայտնի հանգստեան Ֆէթհիէ քաղաքէն ոչ հեռու ու այս պատճառով նաեւ մշտապէս զբօսաշրջիկներուն ուշադրութեան կենդրոնն է։ Քաղաքը պարպուած է 1923 թուականին:

ՔՈՒՆՔԱՆԺԻՄԱ, ՃԱԲՈՆ

Ճաբոնի մէջ կը գտնուի դատարկուած քաղաք-կղզի Քունքանժիման, որ նոյնպէս արտադրական հարուստ անցեալ ունեցած է եւ արտադրութեան խթանման համար ալ հիմնուած է: 1890 թուականին կղզիին մօտակայքը ածուխի խոշոր հանքավայրեր յայտնաբերուած են։ Նոյն տարուան մէջ «Միտցուպիշի» ընկերութիւնը գնած է կղզին եւ սկսած՝ հանքարդիւնաբերութիւն իրականացնել։ 1916 թուականին կղզիին վրայ աշխատողներուն համար առաջին տունը կառուցուած է: Ժամանակի ընթացքին բնակելի հատուածը ընդլայնած եւ զբաղեցուցած է կղզիին գրեթէ ողջ տարածքը:

20-րդ դարու կէսերուն արդիւնաբերական այս քաղաքին մէջ բնակչութեան թիւը ցուցանիշ կը կազմէր՝ 5259 մարդ մէկ քառակուսի քիլօմեթրի վրայ: Նախորդ դարու 60-ականներուն սկիզբը արտադրութիւնը, սակայն կը սկսի նուազիլ եւ 1974 թուականին կը փակուի վերջին հանքահորը։ Քաղաքը կը լքուի: Այսօր լքուած քաղաքին տարածքին կանգուն է երեսուն բարձրայարկ շէնք, ուր իրենց ընտանիքներուն հետ բնակած են հանքավայրի աշխատողները: Այստեղ նոյնիսկ գերեզմանոց կայ, կանգուն են նաեւ խանութը, դպրոցը, հիւանդանոցը: Հոս նոյնպէս անօրինական կը դիտուի քաղաքին տարածքը մուտք գործելը, բայց լրագրողներն ու լուսանկարիչները երբեմն կը սողոսկեն հոն եւ ուրուականներու քաղաքին պատկերները կը տարածեն աշխարհով մէկ:

Տեղւոյն իշխանութիւնները դիմած են ԻՒՆԷՍՔՕ՝ քաղաքը ներգրաւելու այս կազմակերպութեան համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ, սակայն տակաւին արձագանգ չեն ստացած:

ՊՈՏԻ, ԱՄՆ

Քաղաք-ուրուական Պոտին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պատմական յուշակոթողներէն մէկն է, զայն համարձակօրէն կարելի է անուանել մոլորակին ամենատպաւորիչ լքուած քաղաքներէն մէկը։

Այս փոքրիկ քաղաքը հիմնադրուած է 1876 թուականին յայտնաբերուած ոսկիի հանքերու կողքին։ Չորս տարուան ընթացքին «Ոսկիի տենդին» հետ կապուած քաղաքին բնակչութիւնը աճած է՝ հասնելով 10 հազարի։ Քաղաքին ծաւալները արագ աճած են, իսկ զարթօնքի շրջանին անոր տարածքին 60-է աւելի գինետուն ու խաղատուն գործած է, ինչպէս նաեւ քաղաքը հիանալի չինական թաղամաս մը ունեցած է:

Ներկայիս քաղաքին որոշ տուները, խանութներն ու գինետուները պահպանած են իրենց նախնական տեսքը։ Քաղաքին մէջ պահպանուած է նաեւ հին հանքահորը, որ բաց է զբօսաշրջիկներուն հետազօտութեան համար։

Պոտիի մէջ կայ 1882 թուականին կառուցուած եկեղեցի մը, իսկ Ճէյմս Քէյնիի առանձնատան մէջ, ըստ առասպելներուն, բնակութիւն հաստատած են ուրուականները: Տեսաժապաւէն մը նկարահանուած է, թէ ինչպէս երեկոյեան ժամերուն առանձնատան պատուհաններէն երաժշտութեան տարօրինակ ձայներ կը լսուին: Մինչ գիտնականները հաւատացած են, որ քամիին ձայնն է, որ պատերուն բախելով եւ դատարկ քաղաք հասնելով, տարօրինակ ձայն կը հանէ, ուրիշներ ասիկա կը նկատեն անբացատրելի երեւոյթ:

Լքուած քաղաքներուն ցանկը, անշուշտ, այսքանով չի սահմանափակուիր, աշխարհի մէջ կան հարիւրաւոր նման վայրեր, որոնք ժամանակի ընթացքին իրենց վրայ կը կեդրոնացնեն խորհրդաւորութեան սիրահարներուն ուշադրութիւնը: Մինչ ոմանք զանոնք կը համարեն աւերակներու կոյտեր եւ կը յորդորեն հողին հաւասարեցնել այդ վայրերը, նաեւ շատ են այն մարդիկը, որոնք հաւատացած են, թէ լքուած քաղաքները ժամանակակից աշխարհին իւրայատուկ իմաստ եւ տեսք կը հաղորդեն:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յուլիս 23, 2020