ՆԱԽ՝ ԱԽՏԱՃԱՆԱՉՈՒՄ

-Բարե՛ւ բժիշկ, ինչպէ՞ս ես:

-Բարե՛ւ, պէտք է ե՛ս քեզի հարցնեմ այդ հարցումը:

-Կ՚ուզես՝ մի՛ հարցներ: Վիճակս վիճակ չէ, եա՜:

-Ըսէ, տեսնեմ, ի՞նչ կը զգաս, ի՞նչ բանէ կը դժգոհիս:

-Ա՜խ, բժիշկ, միթէ ես գիտե՞մ՝ ի՛նչ կը զգամ: Դուն ինծի հարցուր՝ ի՞նչ չես զգար:

-Հարցը լուրջ է ուրեմն:

-Ո՛չ մանկութիւն ունեցայ, ո՛չ երիտասարդութիւն: Ահաւասիկ ծերութիւնս ալ կը տեսնես: Ասի կեա՞նք է:

-Ասկէ առաջ բժիշկի գացի՞ր:

-Ամբողջ կեանքս բժիշկներու քով անցաւ, տոքթո՛ր:

-Յոյսդ մի՛ կտրեր: Ամէն ինչին լուծումը կայ աշխարհիս վրայ:

-Քառասուն տարի է լուծում կը փնտռեն բժիշկները, բայց ապարդիւն:

-Դուն ինծի ձգէ՛ ատիկա, ինծի: Բայց բնական է, որ լուծումը գտնելու համար՝ նախ ախտաճանաչում պէտք է ընենք: Գիտնանք՝ ի՛նչ հիւանդութիւն ունիս:

-Քառասուն տարի է այս «ախտաճանաչում» բառը կը լսեմ:

Առաջին անգամն է, որ այս բժիշկին կ՚երթար Հայկը: Այս անգամուանը իրեն տարբեր կը թուէր բոլոր նախորդներէն, որոնց վրայ այնքա՜ն յոյս դրած էր այս խեղճը՝ իբր թէ վերջնականապէս բուժուելու համար: Եւ յոյսերը, ցաւօք, ի դերեւ ելած էին: Բայց Հայկ կը զգար, թէ այս անգամ ամէն ինչ ուրի՜շ պիտի ըլլայ:

Բժիշկը դա՛րձեալ ժամադրութիւն կու տայ իրեն: Երկրորդ անգամ ըլլալով ան կը ներկայանայ անոր՝ յոյսը սրտին, որ իր չապրած մանկութիւնն ու երիտասարդութիւնը պիտի վերադարձուին:

-Բարեւ բժիշկ, այսօր յուսամ արմատական բուժում կը գտնես հիւանդութիւններուս:

-Սիրելի՛ Հայկ, ատոր համար լաւ ախտաճանաչում պէտք է ընենք, թէ ոչ ըսածդ կարելի չէ:

-Հարցում մը, տոքթոր. սա «ախտաճանաչում» ըսուածը ե՞րբ կը վերջանայ:

-Օր մը կը վերջանայ, անհոգ եղի՛ր:

-Կը փորձեմ անհոգ ըլլալ, տոքթո՛ր, կը փորձեմ:

Իրողութիւնը այն է, որ այս խօսակցութիւնը կը կրկնուի ու կը կրկնուի երրորդ, չորրորդ, հինգերորդ ու վեցերորդ անգամ, մինչեւ որ Հայկ, զզուած «ախտաճանաչումէն» ու բժիշկին ապիկարութենէն, անոր երեսն ի վեր կ՚ըսէ.

-Տոքթո՛ր, հոգիդ սիրեմ, մօտ տասը անգամ պիտի ըլլայ, որ կ՚այցելեմ քեզի: Բռնեցուցեր ես սա «ախտաճանաչումը», կ՚երթաս կոր: Եղբա՛յր, վազ անցայ, պիտի չբուժուիմ: Ասանկ ձգէ՛ զիս: Քեզմէ ուրիշ ոչինչ կ՚ուզեմ:

Է՜հ, միթէ իրաւունք չունի՞ այսպէս ըսելու:

***

Ո՞վ է այս Հայկը:

Միթէ ակներեւ չէ՞, որ ան 21-րդ դարու հայն է, այն հայը, որ ազգային, քաղաքական, մշակութային ու հասարարական բազմապիսի խնդիրներ ունի, որոնց մինչեւ օրս մեծերը չեն յաջողած արմատական լուծում տալ:

Եթէ պատճառը հարցնէք, ապա այնքան ալ դժուար չէ գուշակելը:

Ախտաճանաչո՜ւմ, ախտաճանաչո՜ւմ, ախտաճանաչո՜ւմ...

Մեր սիրելի մեծերը զբաղած են «ախտաճանաչում» կատարելով: Ինքնաբերաբար սա հարցումը կը ծագի. քանի՞ տարի է այս գործին վրայ են անոնք:

- Արդէն մէկ դար է:

Զարմանալի չէ՞: Քանի՞ դար եւս պէտք է այս ախտաճանաչումը կատարելու: Արդեօք դեռ ի յայտ չեկա՞ւ իսկութիւնը մեր ախտերուն, որոնց մասին այնքա՜ն մելաններ հոսեցուցած են գրողներ, խմբագիրներ, յօդուածագիրներ, լրագրողներ եւ այլն:

Բայց արդեօք ինչո՞ւ միեւնոյն գործողութիւնները կը կատարուին շարունակ:

Որովհետեւ հայը իր նկարագիրով նախաձեռնող չէ: Ան աւելի խնդիր արծարծող է, քան ծրագիր մշակող:

Եւ մինչեւ որ դանակը ոսկորին չհասնի, ան ձանձրոյթ չի կրեր տեղէն շարժելու:

Բայց արդեօք չէ՞ք կարծեր, որ դանակը արդէն ոսկորին հասած է:

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 23, 2021