ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ՝ ԱՂՕԹԵԼՈՒ ՕՐ

Ո՛չ թէ գունագեղ տօնակատարութիւն, ուր չհնչեց Արցախին նուիրուած ո՛չ մէկ երգ եւ ոչ մէկ հոգեթովիչ խօսք, այլ ազգովի ապաշխարութիւն: Սեպտեմբերի 21-ը, դիտաւորեալ շրջած են. ժամացոյցը հակառակը դառնալ սկսած է, սակայն բոլորը կոյր են ու խուլ՝ նշմարող չկայ:

Հայաստանի Հանրապետութեան ազգադաւ իշխանութիւնները, մոլորեալ հոծ զանգուածներու հետ մէկտեղ կը շարունակեն քանդել մեր սրբազան երկիրը:

Բոլոր անոնք, որոնք կը սիրեն իրենց հայրենիքը եւ մեծագոյն ցաւ կ՚ապրին այս տխուր օրերուն, Հայաստանի Հանրապետութեան երեսունամեակին պէտք է շտապէին եկեղեցի, այնուհետեւ Եռաբլուր: Այդ օրը ես ու իմ ընտանիքը շտապեցինք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին: Աւա՜ղ, արարողութիւնը այլեւս աւարտած էր,  որովհետեւ հասանք կէս ժամ ուշացումով: Մայր Աթոռի տարածքին մէջ հանդիպեցանք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին սպասարկող ինքնաշարժին: Հոգեւորականներն ալ խումբ-խումբ կը հեռանային: Ինծի համար զարմանալի ու ցաւալի էր, որ եկեղեցիի տարածքին մէջ շատ քիչ հայերու հանդիպեցայ. մեծ մասամբ օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներու խումբեր կը շրջէին: Մինչդեռ այդ օրը եկեղեցին պէտք է վխտար հայերու հոծ զանգուածներով:

Այդ օրը հրապարակ շտապելու փոխարէն ամէն հայ պիտի շտապէր եկեղեցի ու զղջմամբ, ապաշխարութեամբ, Սիմէոն Երեւանցի Կաթողիկոսի այս սրտաբուխ աղօթքով աղաչէր Տիրոջը մեր հայրենիքի, ազգի ու եկեղեցիի համար.

Եւ արդ, Տէ՛ր իմ եւ Աստուա՛ծ իմ Յիսուս Քրիստոս, ես՝ ամենասխալ, բազում չարիքներով եւ անօրինութեամբ լեցուած Քու ծառան, արդէն կորագլուխ անձամբ խոնարհած եւ մեծակական ողբով, ի խորոց սրտի կը հառաչեմ առ ամենագթածդ Աստուած եւ կ՚աղաչեմ:

Մեր ողորմելի եւ անտէրացած ազգի համար Քե՛զ կը կանչեմ, Ո՛վ ողորմելիներու ողորմա՜ծ եւ անտէրներու Տէ՜ր, անճարներու ճա՜ր, անօգնականներու օգնակա՜ն, անյոյսներու յո՛յս ու ապաւէն, նեղեալներու եւ վշտացածներու հանգիստ ու մխիթարութիւն:

Մեծ թախանձանքով առ Քե՛զ կը գոչեմ. բա՛ց, Տէ՛ր, Քու աչքերը եւ տե՛ս մեր ողորմելիութիւնը, տե՛ս, թէ Քու փոքրիկ հօտն ինչպէ՛ս ցրուած է եւ տարագրուած ամբողջ աշխարհով, մատնուած օտար տէրերու եւ թշնամիներու ձեռքը, զրկուած իր բնակութեան բնիկ տեղերէն ու հայրենիքէն:

Ա՛խ, անոնք կը նմանին ծովու ալիքներու վրայ առանց ղեկավարի ղեկաբեկ տատանող նաւի մը եւ անապատի մէջ առանց հովիւի մոլորած ոչխարներու, ո՛չ Մովսէս ունին, որ առաջնորդէ, եւ ո՛չ ալ Հեսու, որ թշնամիներու դէմ ելլէ: Ո՛չ Դաւիթ ունին, զոր անոնց համար հաճելի պատարագ մատուցէ Քեզ ու Քու բարկութեան սուրը ե՛տ դարձնէ: Ո՛չ մարգարէ, թագաւոր, իշխան եւ առաջնորդ եւ ո՛չ ալ որեւէ տեղէ օգնութիւն ունին: Մեր իշխաններն ու ազատազունները, ունեցուածքէ եւ իշխանութենէ զրկուած եւ ուրիշներու իշխանութեան տակ ինկած, կը ծառայեն ողորմելիաբար: Մեր հասարակ ժողովուրդը, այլազգիներու ծանր լուծի եւ հարկի տակ, իր կեանքի ապրուստը հազի՛ւ կը հայթայթէ ու կը գտնէ, երբ ուրիշները կ՚ուտեն եւ կը վայելեն անոնց սերմանածն ու վաստակածը:

Քու անունով եւ Քու սիրելի սուրբերու յիշատակին կառուցուած, Սուրբ Հոգիիդ օծմամբ կնքուած ու ամենայաղթ Խաչիդ նշանով պսակուած վայելչագեղ եկեղեցիներն ու պայծառաշէն վանքերը, որոնց մէջ կը պատարագուէր Աստուծոյ Գառը աշխարհի փրկութեան համար, որոնց մէջ կը կատարուէին Քու սրբագործ ու հոգեկեցոյց խորհուրդնե՛րը, որոնցմէ կը վերառաքուէին օրհնութիւններու եւ փառաբանութիւններու ձայներ, հոգեւոր բուրմունք, հաճելի ընծաներ ու հաշտարար աղօթքներ, ահաւասիկ, մեծ մասամբ ամայացած ու ապականուած են, դարձած՝ գողերու եւ գազաններու օթեւան:

Յիրավի, թշնամին Քու փափաքածի հանդէպ ըրաւ ոտնձգութիւն: Հեթանոսները մտա՛ն Քու ժառանգութիւնը եւ պղծեցի՛ն Քու սուրբ տաճարը: Անոնց սրահներն ու սրբութիւնները դարձան ապականութիւն, անոնց ճանապարհները դարձան սգաւոր, դադրեցաւ անոնց տարեկան տօներու երթեւեկը: Լռեցին անոնցմէ ելլող օրհնութիւններու ու փառաբանութիւններու ձայները:

Այնտեղ ելումուտ կ՚ընեն գազաններն ու յափշտակողները:

Սքանչելի դամբարաններն ու անոնց մէջ գտնուող Քու սուրբերու բժշկարար նշխարները դարձած են անսուրբերու եւ պիղծերու ոտքերու կոխա՛ն: Անոնց քահանաներն ու պաշտօնեաները հալածուա՛ծ եւ դարձած են ամէնուր փախստական, շատերն ալ գերուած, սպաննուած ու անյայտ կորած:

Ուստի մենք՝ մնացածներս, մեր դրացիներու համար նախատինք եղանք եւ թշնամիներու կատակներու մէջ ենթարկուեցանք ծաղրի:

Արդ, այս բոլորը մեր վրայ եկաւ ու կու գայ մեր մեղքերու պատճառով:

Քանզի մեղանչեցինք, անօրինացանք եւ ապստամբեցանք Քու դէմ, այդ իսկ պատճառով Դուն ձգեցիր, որ բոլոր այս չարիքները գան մեր վրայ, տիրեն մեզի եւ մատնեն թշնամիներու, ապստամբ տէրերու ձեռքը, այնպէս որ, մեր մեղքերու համար ամբողջ երկրի մէջ կը տառապինք այսօր:

Ուրեմն, Քեզ, մեր Աստուծոյ՝ արդարութիւն, իսկ մեր երեսներուն՝ ամօթ:

Արդ, այժմ որո՞ւ պիտի դիմենք, ո՛վ Աստուած մեր, եւ որո՞ւ պիտի պատմենք մեր ցաւերը, եթէ ոչ նոյն Բարկացողիդ, որ ինչպէս արդարութեամբ խրատեցիր եւ պատժեցիր մեզ, նոյնպէս ալ կրնաս նոյն ողորմութեամբդ վերստին բժշկել ու մխիթարել:

Անոր համար ահա՛, կ՚իյնամ անոխակալ Աստուծուդ առաջ, եւ անառակի մը պէս կը գոչեմ. մեղանչեցինք երկինքի ու Քու առջեւ, մեղանչեցինք Ստեղծողիդ առջեւ, մեղանչեցինք Քու՝ մեր Բարերարիդ եւ Աստուծուդ առջեւ:

Կ՚աղաչեմ Քեզի, անոխակալ Աստուած, հրաժարէ՛ Քու բարկութենէդ եւ Քու ցասումէդ, մի՛ յիշեր մեր առաջին մեղքերը, Քու ողորմութիւնը շուտափոյթ թող գայ մեր վրայ, որովհետեւ շա՛տ աղքատացած ենք:

Զարթնէ՛, Տէ՛ր, զարթնէ՛, եկո՛ւր եւ մի՛ մերժեր մեզ ի սպառ: Մի՛ մոռնար մեր աղքատութիւնը եւ նեղութիւնները: Եկո՛ւր, Տէ՛ր, օգնէ՛ եւ փրկէ՛ մեզ Քու անուան համար, որ դրուած է մեր վրայ: Յանուն Քու անուան՝ ի սպառ մի՛ մատներ մեզ, մի՛ դրժեր Քու ուխտը եւ մի՛ հեռացներ Քու ողորմութիւնը մեզմէ, որովհետեւ Դուն ես միայն մեր Տէր եւ Թագաւոր, Դուն ես միայն մեր Փրկիչն ու օգնականը, Դուն ես միայն մեր ապաւէնն ու յոյսը, որովհետեւ Քեզմէ զատ ոեւէ մէկը չենք ճանչնար եւ հանապազ կու տանք Քու անունը:

Տե՛ս մեր ազգի տառապանքները, օգնութեան հասի՛ր եւ այցելէ՛:

Եւ ինչպէս Աբրահամի, Իսահակի, Յակոբի եւ Քու Դաւիթ ծառաներու համար կը գթայիր հին ժողովուրդին, այժմ ալ Քու անարատ ծնող Սուրբ Աստուածածնի, Սուրբ Յովհաննէս Կարապետի եւ Քու Մկրտիչի, Սուրբ Ստեփաննոս Քու Նախավկայի, Քու սուրբ առաքեալներու եւ մարգարէներու եւ մեր Թադէոս ու Բարդուղիմէոս սուրբ առաքեալներու եւ յատուկ մեր լուսաւորիչներու, Սուրբ Գրիգոր բազմաչարչար Քու վկայի եւ Քու ընտրեալ անոր որդիներու, թոռներու ու ծոռներու, Սուրբ Հռիփսիմեանց եւ Գայանեանց Քու յաղթող վկաներու, այլեւ սուրբ հայրապետներու ու վարդապետներու, ճգնաւորներու, մարտիրոսներու, կոյսերու ու Քու բոլոր հին ու նոր, յայտնի եւ անյայտ սուրբերու բարեխօսութեամբ, այլեւ Քու երկնաւորներու՝ Գաբրիէլի եւ Միքայէլի եւ ամբողջ անմարմին դասերու բարեխօսութեամբ գթա՛ Քու նոր ժողովուրդին եւ փոքր հօտին:

Որովհետեւ եթէ մեր բազում մեղքերու ու անօրինութիւններու պատճառով առժամանակ թողեցիր մեզ, դարձուցիր երեսդ մեզմէ եւ Քու պատուական արեան համար տրտմեցար, ապա նաեւ Քու սիրելիներու արդարութեան համար դարձի՛ր եւ Քու մեծ ողորմութեամբ ողորմէ՛ մեզ, ցո՛յց տուր Քու երեսը եւ ուրախացո՛ւր մեզ:

Ինչպէս ըսիր Եսայի մարգարէի միջոցով։ Լսելի՛ ըրէ մեզի այն երանաւէտ ձայնը. լուսաւորէ՛ Հայաստանեայց Եկեղեցիդ եւ ուրախ եղի՛ր, որովհետեւ հասած է Քու լոյսը: Ահաւասիկ խաղաղութիւնը իբրեւ գետ կը դարձնեմ դէպի քեզ եւ քու մանուկները իրենց ուսերու վրայ բարձրացուցած հեռուներէն կը բերեն:

Յիրաւի, այսպիսի Ամենակարող Աստուծոյ ողորմութեանը մնացած ենք ապաւինած, ողորմա՛ծ Աստուած: Ուրեմն, հաշտուէ՛ Քու մնացեալ ժողովուրդի հետ: Փրկէ՛ մեզ մեծ հրաշքներով, ժողովէ՛ մեզ Քու սիրոյ գոգը եւ մխիթարէ՛ մեզ Քու սուրբ անուան փառքի համար, որ դրած ես մեր վրայ:

Այլեւ կ՚աղաչեմ Քեզի, Տէ՛ր իմ եւ Աստուա՛ծ իմ, մեր ամայացած եւ անշքացած վանքերու ու եկեղեցիներու համար: Լսէ՛ մեզ, որ ահա նեղուած սրտով կը դիմենք Քեզի: Մի՛ յիշեր մեր մեղքերը, որով բարկացուցինք Քեզ, այլ յիշէ՛ Քու սուրբերը, որոնց անուններով կառուցուեցան մեր եկեղեցիները, յիշէ՛ անոնց սուրբ եւ մաքուր նշխարները, որոնք ամփոփուած են անոնց մէջ, եւ սրբութիւնները, որոնց վրայ գրուած է Քու անունը:

Ո՛չ թէ իմ արդարութեան համար Քեզի կ՚ուղղեմ այս աղերսները, այլ՝ Քու բազում գթութեան եւ Քու սիրելի սուրբերու ու սրբութիւններու սիրոյ համար:

Կ՚աղաչեմ Քեզի, ողորմած Աստուած, գթած Աստուած, Քու անհուն ողորմութեան համար, ի սէր Քու սուրբ եկեղեցիներու եւ սրբութիւններու, Քեզի հաճելի սուրբերու բարեխօսութեամբ եւ անոնց չարչարանքներու, պատուական արեան, մաքուր նշխարներու եւ դամբարաններու միջնորդութեամբ ողորմէ՛ եւ այցելէ՛ մեզի:

Ինչպէս տառապեցուցիր Քու բարկութեամբ, նոյնպէս բժշկէ՛ եւ մխիթարէ՛ Քու ողորմութեամբ: Որովհետեւ ինչպէս մեր մեղքերու պատճառով մեր աչքերը ամայութիւն եւ ապականութիւն տեսան, այնպէս ալ, յանուն Քու սիրելի սուրբերու, վերստին տեսնելու արժանացուր անոնց վերանորոգութիւնն ու պայծառութիւնը:

Եւ ինչպէս որ անոնցմէ դադարեցան եւ լռեցին օրհնութեան եւ փառաբանութեան ձայները, այնպէս ըրէ, որ Քու անուան փառքի համար վերստին զօրանան եւ բարձրանան, որպէսզի բոլորը իմանան, որ Քու անունը դրուած է մեր եւ անոնց վրայ, զոր եւ մենք տեսնելով՝ փառք եւ գոհութիւն առաքենք դէպի երկինք՝ Հօր եւ Սուրբ Հոգիիդ հետ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2021