ՉԱՐԼԻ ՉԱՓԼԻՆԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԻՐ ԴՍՏԵՐ՝ ԺԵՐԱԼՏԻՆԻՆ

Իւրաքանչիւր ծնող իր զաւկին համար կ՚ուզէ ամենալաւը։ Կը փորձէ հնարաւորինս լաւ դաստիարակութիւն ու կրթութիւն տալ իրմէ ծնունդ առածին։ Սակայն միշտ չէ, որ մենք՝ ծնողներս կը յաջողինք մեր սէրն ու զգացումները ճիշդ արտայայտել։ Յաճախ ծնողաց չափազանց նուիրուածութիւնն ու հոգատարութիւնը պատնէշ կը հանդիսանայ յաջողակ ու ինքնուրոյն մարդ հասցնելու գործին… Ամէն ինչ գեղեցիկ է, երբ չափ ու սահմանի մէջ է։ Այդ իսկ պատճառաւ կ՚ուզեմ ձեր ուշադրութեան ներկայացնել անմահ դերասան Չափլինի ազդու եւ խօսուն նամակը իր դստեր։

Տասներկու երեխաներու հայր Չարլի Չափլին այդ գեղեցիկ ու տպաւորիչ նամակը գրեց 76 տարեկան հասակին, յղելով իր 21-ամեայ աղջկան՝ Ժերալտինին, որ ինքզինքը կը փնտռէր փարիզեան պարի բեմերուն վրայ։

Յիրաւի, Չափլինի նամակը բաւական յուզիչ է, խորասոյզ ու անձնական։ Սակայն, միեւնոյն ժամանակ ան, կարծես հասցէագրուած ըլլայ մեզմէ իւրաքանչիւրին: Սա հայրական սիրոյ ու հոգատարութեան, տխրութեան եւ ուրախութեան, հպարտութեան ու անհանգստութեան սքաչելի արտայայտութիւն մըն է:

*

Դստրիկս,

Հիմա գիշեր է: Ծննդեան գիշեր: Իմ փոքրիկ ամրոցի բոլոր անզէն պահապանները կը քնանան: Քնացած են թէ՛ եղբայրդ, թէ քոյրդ: Նոյնիսկ մայրիկդ այլեւս կը քնանայ: Ես քիչ մնաց, որ արթնցնէի այդ նիրհող թռչնազգիները, մինչեւ կը հասնէի իմ աղօտ լուսաւորած սենեակը։

Որչափ հեռու եմ քեզմէ, սակայն թո՛ղ կուրանան իմ աչքերը, թէ քու պատկերը ակնթարթ մը անգամ կը հեռանայ իմ աչքին առջեւէն: Ան այստեղ է՝ իմ սեղանին, այստեղ՝ իմ սրտի մէջ:

Այդտեղ՝ հեքիաթային Փարիզին մէջ, դուն կը պարես փառահեղ թատրոնի մը բեմահարթակին վրայ… Գեղեցկուհի եղիր եւ պարէ, աստղ եղիր ու փայլէ։ Սակայն, եթէ հանդիսատեսի ցնծութիւնն ու շնորհակալութեան խօսքերը գինովցնեն քեզ, եթէ գլուխդ դառնայ քեզի ընծայուած ծաղիկներու բոյրէն, ապա քաշուէ անկիւն մը ու կարդայ իմ նամակը. դարձիր ունկնդիր քու հօր ձայնին:

Գիտե՞ս, թէ քանի գիշերներ եմ անցուցած քու մահճակալին մօտ, երբ դուն տակաւին պզտիկ էիր։ Քեզի կը պատմէի հեքիաթներ՝ թէ՛ քնացած գեղեցկուհիի, թէ մշտարթուն վիշապի մասին: Ես կը տեսնէի քու երազները, Ժերալտին, կը տեսնէի քու ապագան, քու այսօրը։ Ես կը տեսնէի բեմահարթակի վրայ պարող աղջիկ մը, երկինքի մէջ ճախրող պարիկ մը:

Պարէ՛… Այդ պարերու եւ ծափահարութիւններու որոտը քեզ կը հանեն երկինք։ Բարձրացիր այնտեղ, աղջիկս, բայց եւ վերադարձիր երկիր. դուն պիտի տեսնես, թէ ինչպէ՛ս կ՚ապրին մարդիկ, ինչպէ՛ս կ՚ապրին այն ծայրամասերու փողոցի պարուհիները։ Անոնք կը պարեն դողալով ցուրտէն ու սովէն: Ես եղած եմ այնպիսին, ինչպիսին անոնք են, Ժերալտին… Ես շատ հեքիաթներ պատմեցի քեզի այն երկար գիշերներուն, սակայն իմը՝ իմ հեքիաթը, չպատմեցի: Իսկ ան նոյնիսկ հետաքրքրական է: Հեքիաթ՝ քաղցած ծաղրածուի մը մասին, որ կը պարէր ու կ՚երգէր Լոնտոնի աղքատ թաղամասերուն մէջ, իսկ այնուհետեւ… կը խնդրէր ողորմութիւն…

Ահա այն՝ իմ հեքիաթը: Ես գիտեմ, թէ ինչ բան է սովը. ինչ է ըլլալ անօթեւան: Դեռ աւելին, ես ճաշակեցի ստորացնող մորմոքը ան թափառաշրջիկ ծաղրածուին, որու կուրծքին տակ փոթորիկ կար, հպարտութեան ամբողջ ովկիանոս մը, եւ այդ հպարտութիւնը կը մեռցնէին նետած դրամները…

Աւելի լաւ է խօսինք քու մասին:

Քու անուանը, Ժերալտին, կը հետեւի իմը՝ Չափլին: Այս անունով ես աւելի քան քառասուն տարի խնդացուցի մարդիկը: Սակայն անոնց խնդալէն աւելի՝ ես արտասուեցի։ Ժերալտին, այն աշխարհին մէջ, ուր կ՚ապրիս դուն, միայն պարերն ու երաժշտութիւնը չէ, որ գոյութիւն ունին… Կէս գիշերին, երբ դուրս կու գաս մեծ դահլիճէն, կրնաս մոռնալ քու հարուստ երկրպագուները, սակայն մի՛ մոռնար այն թաքսիի շարժավարը, որ քեզ տուն կը տանի։ Հարցուր անոր իր կնոջ մասին… Եւ եթէ անոնք դրամ չունին իրենց երեխայի համար շապիկներ գնելու, դրամ տուր անոր ձեռքը: Ես կարգադրած եմ, որպէսզի դրամատունէն վճարեն քու նմանօրինակ ծախսերը…

Ժամանակ առ ժամանակ օգտուէ մեթրոյէն, կամ շրջէ հանրաշարժով եւ աւելի յաճախ քայլէ, դիտէ քաղաքը: Զննէ մարդիկը, նայէ այրիներուն ու որբերուն։ Թէկուզ օրը անգամ մը ըսէ ինքզինքիդ. «Ես այնպիսին եմ, ինչպիսին, որ անոնք են»: Այո՛, դուն այնպիսին ես, ինչպիսին անոնք են, դստրիկս: Եւ նոյնիսկ աւելի պակաս: Արուեստը նախքան մարդուն թեւեր տալը, որպէսզի ան կարենայ ճախրել ամպերն ի վեր, սովորաբար կը կոտրէ անոր ոտքերը: Եւ եթէ օր մը յանկարծ ինքզինքդ վեր զգաս հասարակութենէն, անմիջապէս ձգէ բեմը: Նստէ՛ առաջին իսկ հանդիպած թաքսին ու գնա՛ Փարիզի արուարձանները:

Անոնք ինծի քաջածանօթ են: Դուն այնտեղ կը հանդիպիս բազմաթիւ պարուհիներու, այնպիսիներուն, ինչպիսին դուն ես, նոյնիսկ աւելի գեղեցիկներու, աւելի նազելիներու, աւելի հպարտներու, քան դուն ես: Քու թատրոնի լուսարձակներու կուրացուցիչ լոյսերը այնտեղ չկան: Անոնց լուսարձակը լուսինն է:

Նայէ, ուշադիր նայէ: Քեզի չի՞ թուիր, թէ անոնք քեզմէ լաւ կը պարեն։ Խոստովանէ, աղջիկս: Միշտ ալ կը գտնուի մէկը, որ քեզմէ լաւ կը պարէ ու քեզմէ լաւ կը խաղայ: Եւ յիշէ, Չափլինի ընտանիքին մէջ չէ եղած այնքան անտաշ մէկը, որ հայհոյեր կառապանին կամ ծաղրեր Սենի ափին նստած աղքատը:

Այս նամակի հետ մէկտեղ քեզի կը ղրկեմ չլրացուած դրամական չէք մը, որպէսզի դուն կրնաս ծախսել այնքան, ինչքան որ կ՚ուզես: Սակայն, երբ ծախսես երկու ֆրանք, մի՛ մոռնար ինքզինքիդ յիշեցնել, որ երրորդը քուկինդ չէ եւ պէտք է պատկանի այն անծանօթին, զոր ունի անոր կարիքը: Իսկ դուն կը գտնես այդպիսի մէկը: Ես կը խօսիմ դրամի մասին, որովհետեւ գիտեմ անոր դիւային ուժը: Գիտե՞ս՝ ես շատ ժամանակ անցուցած եմ կրկեսին մէջ ու միշտ երկիւղ մը զգացած եմ լարախաղացներու հանդէպ: Սակայն, աղջիկս, քեզի ճշմարտութիւն մը պիտի ըսեմ: Մարդիկ գետնի վրայ աւելի անհաստատ են, քան լարախաղացները՝ երերուն լարի մը վրայ: Թերեւս կրնայ պատահիլ, որ այս գիշեր քեզ կուրացնէ թանկարժէք ադամանդի մը փայլքը. այն ատեն ան ալ կ՚ըլլայ քու անյուսալի պարանը, եւ քու անկումը անխուսափելի է:

Կ՚ուզեմ հաւատալ, թէ Ծննդեան այս գիշերը հրաշալիքներու գիշեր է: Ես կը փափաքէի, որ հրաշք մը տեղի ունենար եւ դուն իսկապէս հասկնայիր այն բոլորը, ինչ որ ես ուզեցի ըսել քեզի:

Ես հրեշտակ մը չեմ եղած, սակայն կրցածիս չափ ջանացի ըլլալ մարդ։

ՉԱՐԼԻ ՉԱՓԼԻՆ

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2019