ՅԻՇԵԼՈՎ ՀԱՅ ՀԵՐՈՍՆԵՐԸ. ՄԵՆՈՒԱ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Ռուսաստանի Դաշնութեան Սարաթով մարզի Պալաշով քաղաքի մէջ վաղ լուսաբացին ծնաւ լոյս ճառագող մանկիկ մը: Բուժքոյրերը շուարեցան անոր ճերմակ ու մաքրամաքուր մաշկէն ու հարցուցին նոր խաղաղած հայուհիին.

-Անունը ի՞նչ պիտի դնէք:

-Մենուա,- մի կերպ շշնջաց խոնջած մայրը:

-Մենուա՞, իսկ ինչպէ՞ս կը թարգմանուի:

-Չի թարգմանուիր, այդ հայոց հզօրագոյն արքաներէն մէկուն անունն է:

Բուժքոյրերը խնդացին եւ փոքրիկը ցոյց տուին մօրը:

-Հիմա ամէն բան յստակ է, մայրիկ, դուք իսկապէս արքայ մը ծնած էք: Նայեցէք, անոր վրայ յետծննդեան ոչ մէկ հետք կայ, բացառութեամբ երկրորդ մաշկէն: Մենք կ՚ըսենք՝ շապիկի մէջ ծնած է: Երջանիկ որդի պիտի ունենաք...

Երբ երրորդ դասարանի աշակերտ եղած ատեն փոխադրուեցան Հայաստան, դպրոցի մէջ անմիջապէս հասկցան, որ Մենուայի մտածողութիւնը անհամեմատ առաջ է իր հասակակիցներէն: Քննութիւնները յանձնեց մեծ յաջողութեամբ եւ մէկ անգամէն անցաւ չորրորդ դասարան:

Դպրոցի մէջ Մենուայի ամենասիրած առարկաները աստղագիտութիւնը եւ աշխարհագրութիւնն էր, սակայն քաջածանօթ էր նաեւ հայոց ու համաշխարհային պատմութիւն: Ան իր մօր հետ միշտ հեռուստատեսութեան մէջ էր, շատ արագ կ՚ընկալէր ու անմիջապէս կը կատարէր բեմադիրներու կամ ղեկավարներու որեւէ յանձնարարութիւն: Դպրոցը աւարտելէ վերջ  կը թուէր, թէ նախանշուած է անոր ճանապարհը՝ հեռուստաաշխարհի մէջ, սակայն շուտով մեկնեցաւ Մոսկուա՝ հօր մօտ ու մեծ քաղաքի կեանքը կլանեց զինքը: Որոշեց ստանալ իրաւաբանական կրթութիւն, սակայն երկու տարի վերջ վերադարձաւ հայրենիք ու միացաւ «Հայ ասպետ» հեռուստանախագիծի ստեղծագործական խումբին: Տասն տարի վարեց հեռուստանախագիծի համակարգող-տնօրէնի պաշտօնը՝ իր ձեռքերով կառուցելով հեռուստահաղորդումի տաղաւարները, նուիրուելով տիրոջ ու ծառայի պէս: Ուսումը կիսատ չձգելու համար հեռակայ ուսման հետեւեցաւ ու աւարտեց Երեւանի Պետական համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու ֆաքիւլթէի հանրային կառավարում բաժինը, սակայն իր գործը միշտ համարեց ստեղծելը, կառուցելը:

2016 թուականին կամաւոր մեկնեցաւ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ու ամիս մը ծառայելէ վերջ վերադարձաւ վերջնական որոշմամբ՝ հետախոյզ պիտի դառնայ...

Կ՚երազէր ունենալ մեծ ու գեղեցիկ տուն մը, սեփական այգիով, որ երեկոյեան ժամերուն մօր ու զաւակներու հետ միասին հող մշակէ... հոկտեմբերի 5-ին անոր երազը ընդհատուեցաւ. հակառակորդի թիկունք առաջադրանքի մեկնած ջոկատը վերադարձին ինկաւ շրջափակումի մէջ... Մենուան ջոկատի հրամանատարն էր եւ առաջինը տուաւ «կրակ» հրահանգը, իր վրայ հրաւիրելով հակառակորդի մահաբեր կրակը...

Լազուր աչքերը երկինքին յառած հասցուց շշնջալ վերջին խօսքերը. «Տէր Աստուած, իմ որդուն լաւ կը պահես...»:

Որդեկորոյս մայր՝ Քարին Տօնոյեան

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2020