Հայկական Գինիները՝ Գերմանիոյ Հեղինակաւոր Մրցոյթին

Հա­յաս­տա­նի Խա­ղո­ղա­գոր­ծու­թեան եւ գի­նե­գոր­ծու­թեան հիմ­նադ­րա­մը՝ Զար­գա­ցող եր­կիր­նե­րէ ներ­մուծ­ման խթան­ման կեդ­րո­նին (CBI) ա­ջակ­ցու­թեամբ՝ Փետ­րուա­րի 25-ին Գեր­մա­նիոյ Նոյշ­տադ քա­ղա­քին մէջ կը կազ­մա­կեր­պէ հայ­կա­կան գի­նե­գոր­ծա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ MUNDUS VINI 20th Grand International Wine Awards մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւն եւ պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րիք, ո­րուն ըն­թաց­քին պի­տի մա­տու­ցուին հայ­կա­կան գի­նի­ներ:

MUNDUS VINI մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը կը կա­յա­նայ 2001 թուա­կա­նէն ի վեր եւ կը հա­մա­րուի աշ­խար­հի ա­մե­նա­հե­ղի­նա­կա­ւոր մրցոյթ­նե­րէն մէ­կը:

Այս տա­րուան մրցոյ­թին ներ­կա­յա­ցուած 52 տե­սակ գի­նի­նե­րը պի­տի գնա­հա­տուին աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րու 100 հե­ղի­նա­կա­ւոր մաս­նա­գէտ­նե­րէ կազմուած դա­տա­կազ­մին կող­մէ: Գնա­հա­տու­մը պի­տի ըլ­լայ 100-միա­ւո­րոց սանդ­ղա­կով: Այս մա­թե­մա­թի­քա­կան ե­ղա­նա­կին հիմ­քը կը հան­դի­սա­նայ գոյ­նի, հո­տի, հա­մի եւ ներ­դաշ­նու­թեան չա­փա­նիշ­նե­րուն հա­մադ­րու­մը: Գի­նի­նե­րը կը համ­տե­սուին եւ կը գնա­հա­տուին դա­տա­կազ­մի 5-7 ան­դա­մի կող­մէ: Յաղ­թող­նե­րը կրնան յա­ւակ­նիլ Մեծ ոս­կի, ոս­կի եւ ար­ծաթ մրցա­նակ­նե­րուն:

Նա­խորդ տա­րի­նե­րուն եւս հայ­կա­կան ո­րոշ գի­նի­ներ ար­ժա­նա­ցած են MUNDUS VINI-ի տար­բեր մրցա­նակ­նե­րու: Մրցա­նա­կի ար­ժա­նա­ցած գի­նե­գոր­ծա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նը այդ գի­նիի ար­տադ­րու­թեան պա­րա­գա­յին՝ շի­շին վրայ՝ իբ­րեւ կա­նոն՝ կը փակց­նէ մրցա­նա­կը հա­ւաս­տող հա­մա­պա­տաս­խան նշա­նը: Այս տա­րուան մրցոյ­թին մաս­նակ­ցու­թեան յայտ ներ­կա­յա­ցու­ցած են Հա­յաս­տա­նի մէջ գի­նի ար­տադ­րող բազմաթիւ ըն­կե­րու­թիւն­նե­ր։ MUNDUS VI­NI-ի մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը ամ­բող­ջու­թեամբ հովանա­ւորուած է Հա­յաս­տա­նի Խա­ղո­ղա­գոր­ծու­թեան եւ գի­նե­գոր­ծու­թեան հիմ­նադ­րա­մի եւ Զար­գա­ցող եր­կիր­նե­րէ ներ­մուծ­ման խթան­ման կեդ­րո­նին կող­մէ:

2016-ի Յու­նի­սին Լիթ­վիա­յի «LITEXPO» կո­չուող ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է Պալ­թեան եր­կիր­նե­րու մէջ խո­շո­րա­գոյ­նը հա­մա­րուող 12-րդ ա­մե­նա­մեայ գի­նիի ցու­ցա­հան­դէ­սը, որու ծի­րէն ներս ներ­կա­յա­ցուած էր նաեւ հայ­կա­կան 9 գի­նիի գոր­ծա­րան­նե­րու շուրջ 60 տե­սա­կա­նի: 2016-ի Յու­նուա­րի 11-13 թուականներուն Ամս­­թեր­տա­մի մէջ կա­յա­ցած «Հո­­րե­կա­ւա» սնուն­դի փա­ռա­տօ­նին ծի­րէն ներս ի­րա­կա­նա­ցուող «Գի­­նի­նե­րու մաս­նա­գի­տա­կան փա­ռա­տօն 2016»ին՝ Հա­յաս­տա­նի Զար­գաց­ման հիմ­նադ­րա­մին ա­ջակ­ցու­թեամբ, ներ­կա­յա­ցուե­ցան Հա­յաս­տա­նի 5 գի­նե­գոր­ծա­կան ըն­կե­րու­թիւն­ներ՝ «Զօ­րահ», «Տրի­­նի­տի», «Ոս­կե­նի», «Կա­րաս» եւ «Ար­մե­նիա»: Հա­յաս­տա­նի Խա­ղո­ղա­գոր­ծու­թեան եւ գի­նե­գոր­ծու­թեան հիմ­նադ­րա­մին ա­ջակ­ցու­թեամբ՝ Փետ­րուա­րի 6-10 թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ Մոս­կուա­յի մէջ «Պրոդ Էքս­փօ-2017» մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէ­սին մէկ միաս­նա­կան տա­ղա­ւա­րով ներ­կա­յա­ցուած է 12 հայ­կա­կան գի­նե­գոր­ծա­կան ըն­կե­րու­թիւն, ո­րոնք ցու­ցադ­րած են ա­ւե­լի քան 50 տե­սա­կ հան­գիստ եւ փրփրուն գի­նի:

Ուրբաթ, Փետրուար 24, 2017