«ՇՈՒՇԻ ՄԱՄ»

Ես չէի գիտեր, որ աս կրնայ ըլլալ իմ տատիկի տան վերջին լուսանկարը...

Այդ օրը ես կը խորհէի, թէ հերթական լուսանկարն է, հերթական նոյն լուսանկարը, զոր միշտ կը քաշեմ նոյն տեղէն...

Նոյն պատը... նոյն պատուհանը, նոյն գոց դուռը...

Ամէն անգամ կը լուսանկարէի ու չէի յագենար լուսանկարելէ այդ պատերը... որոնց արանքին մէջ թողած եմ զրոյցներ, խորհուրդներ, պատմութիւններ... Ես չէի գիտեր, որ կը շտապեմ դէպի իմ մանկութեան պատուհանը եւ որ ամիսներ անց այլեւս պիտի չկարենամ վազել դէպի սա կիսաւեր տունը՝ յիշելու համար իմ տատիկը՝ Մոսկուայի բարձրաշխարհիկ կեանքէն վերջ, 1917 թուականի յեղափոխութեան պատճառաւ Շուշիի մէջ յայտնուած ազնուազարմ տիկինը. ան այդպէս ալ, մինչեւ իր կեանքի վերջը չկրցաւ հաշտուիլ ցարական միջավայրէն զրկուելու փաստին հետ...

-Պելոչկա, ազնուազարմ աղջիկը այդպէս բարձր չի խնդար...

Պելոչկա, ազնուազարմ աղջիկը իր զգացումները ցոյց պիտի չտայ...

Պելոչկա, ազնուազարմ աղջիկը միշտ կռնակէն ուղիղ պիտի քալէ ու նստի...

Պելոչկա, Պելոչկա, կարելի չէ, կարելի չէ, կարելի չէ...

-Օ՜ֆ, կը բաւէ: Քու ազնուականութեան ժամանակները անցած են,- կը գանգատէի ես: Բայց կ՚ընդունէի անոր բոլոր ըսածները, բացառութեամբ բարձրաձայն չծիծաղելու խրատէն...

Այդ օրը ես պարզապէս կը վազէի դէպի իմ մանկութիւն՝ փախչելու համար  ամէնքէն ու ամէն բանէ. աշխատանքէ, դիմատետրէն, քաղաքականութենէ, բամբասանքներէ, անիմաստ խօսակցութիւններէ, ծանրացած տաղտուկ միջավայրէն...

Կը փախչէի կիսաւեր տունի դիմացը՝ քարին նստելու ու իմ խնդիրներու մասին՝ միշտ կիսաձայն ու հանգիստ խօսող իմ տատիկին պատմելու... Ու «կարելի չէ»ները մտիկ ընելու...

Իմ յոյզերը խառնուեցան մեքենայի պատուհանի նեղ արանքէն թափանցող թաց հովի ու անձրեւի հետ, որ կարծես յամառօրէն կը սողոսկէին ներս, որպէսզի փարին իմ դէմքին. փաթթուին իմ վարսերուն ու խառ-նըւին  աչքերէս հոսող... անձրեւին՝  թեթեւացնելու դառնահամը...

Տունը, աւելի ճիշդ՝  տունէն մնացած կիսաւեր պատը քաղաքի սկիզբին է՝ հրապարակի, Շուշիի վարչակազմի շէնքի մօտ...

Շուշիի մէջ դադրած էր անձրեւը...

Ձգեմ, պտտիմ Շուշիի ոլոր-մոլոր փողոցներուն մէջ, խաղաղիմ, իմ միտքերը ի մի բերեմ, որպէսզի կարենամ զրուցել իմ տատիկի հետ...

Եւ փոխեցի իմ ընթացքը...

Սալապատ, կեռ, ոլոր-մոլոր, նեղ ու լայն փողոցներ...

Վեր, վար, աջ, ձախ...

Կանաչ ժամ, Ղազանչեցոց եկեղեցի, Օրիորդաց վարժարան, Թթենիներու այգի, Ամրոց, Փակ շուկայ, Ջըտըրտուզ... եւ... եւ...

-Պելոչկա, այս շիշերը պէտք է լուանք: Տունի մէջ աւելորդ տեղ կը զբաղեցնեն եւ տանինք յանձնենք...

Մէջքէն կռացած, անսահման կոկիկ ու մաքրասէր փոքրամարմին իմ տատը լուաց քսան շիշը: Դասաւորեց տոպրակի մը մէջ ու...

-Պելոչկա, սպասէ երթամ համպալը՝ բեռնակիրը կանչեմ: Թող գայ, շիշերը վերցնէ... որպէսզի երթանք շուկայ...

Թուրք համպալը եկաւ ուրախացած՝ գործ կայ...

Վերցուց տոպրակը ու տատիկս իմ ձեռքէն բռնած, համպալն ալ մեր առջեւէն կ՚երթայինք շուկայ...

Շիշերը դրաւ խանութի սեղանին: Խանութպանը հաշուեց ու երկու ռուբլի տուաւ իմ տատիկին...

-Ինչքա՞ն պիտի վճարեմ քեզի,- կը հարցնէ իմ տատիկը համպալին:

-Երկու ռուբլի,- կեղծաւոր ժպիտը դէմքին պատասխանեց ան:

Համպալը գոհ ճամբեցինք, մենք ալ սրտաբուխ խնդացինք՝ ես բարձրաձայն, իմ տատիկը՝ մեղմ ու հազիւ լսելի...

Ղազանչեցոց եկեղեցիի մէջ մարդ չկար... Մոմերը վառեցի... Բարձրեալէն ալ խնդրեցի...

Իսկ իմ տատիկի հետ այստեղ մոմ չէինք վառած... չեմ գիտեր՝ ինչու... Չեմ յիշեր... արգիլուած էր...

-Պելոչկա, հագուէ՛: Այսօր քեզ պիտի տանիմ հայոց չասծը... (քաղաքի հայկական թաղամասերը), եկեղեցին տեսնես...

Ամրան տապին դէպի հայոց չասծը տանող ճանապարհը, մանաւանդ, որ զառիվար էր՝ թուաց անտանելի երկար...

-Գիտես Պելոչկա, տարիներ առաջ հակառակորդը գիշերով յարձակած էր այս թաղամասին մէջ բնակող հայերու վրայ՝ սպաններ, տուները վառեր էր հայերուն, որպէսզի վախնան, թողնեն ու փախչին. Շուշին ալ իրենց մնայ:

Ես ի հարկէ, հարցեր չուղղեցի, որովհետեւ 11-12 տարեկանի համար անհասկնալի պատմութիւն մը մտիկ կ՚ընէի: Սակայն գլխաւոր հարցը մնաց իմ ուղեղի մէջ. տարիներ առաջ հայերը սպաննեցին, տուները վառեցին, բայց, ախր, երէկ մենք համպալին սիրով վճարեցինք, շնորհակալութիւն ըսինք...

Բայց, ախր, մեր դրացի թուրք խանումը իմ տատիկին սիրալիր բարի լոյս ու բարի գիշեր կ՚ըսէ... (Այդքանով կը սահմանափակուէր ամէնուն հետ հեռաւորութիւն պահող իմ տատիկի շփումները): Այս հարցերը այդպէս ալ մնացին, մինչեւ 1988 թուականը...

ՊԵԼԼԱ ԼԱԼԱՅԵԱՆ
Արեւելահայերէնէ վերածեց՝
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

•շարունակելի

Երեւան

Չորեքշաբթի, Փետրուար 24, 2021