ԱՊՐԻԼԻ 24-Ի ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՆ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ԲԱԶՄԱԲՆՈՅԹ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ
2015 թուականի մթնոլորտին մէջ, Ապրիլի 24-ին առթիւ Իսթանպուլի մէջ եւս տեղի ունեցան ոգեկոչման արարողութիւններ։ Ծանօթ է, որ քանի մը տարիէ ի վեր հասարակական կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ 1915-ի զոհերը կ՚ոգեկոչուին նաեւ Թուրքիոյ մէջ։ Այս շրջագծով քաղաքացիական հասարակութեան կողմէ նախատեսուած միջոցառումները 100-րդ տարելիցի միջավայրին մէջ գտած են իրենց շարունակութիւնը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Իսթանպուլի Համագումարներու կեդրոնին մէջ, Հարպիէ, նախընթաց երեկոյեան տեղի ունեցած համերգը արդէն այդ ոգեկոչումները նոր հարթութեան մը վրայ դրած էր իր որակով ու մակարդակով։ «Անատոլու քիւլթիւր»ի եւ «Քալան միւզիք»ի համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այդ փառաշուք երեկոյթին առընթեր զանազան բնոյթով այլ միջոցառումներ եւս վերջին օրերուն տեղի ունեցան քաղաքիս մէջ։
ԳՈՐԾԻՉՆԵՐՈՒ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Երէկ առաւօտ, Կալաթասարայի «Ճեզաիր» համալիրին մէջ կազմակերպուեցաւ փոքրիկ աշխատանոցներու ձեւաչափով հաւաքոյթ մը, որու կազմակերպիչներն էին «DurDe!»ն, Եւրոպայի հակացեղապաշտական շարժումը (EGAM) եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Եւրոպայի մասնաճիւղը։ Ծանօթ է, որ վերջին քանի մը տարիներուն այս երեք կազմակերպութիւնները Ապրիլի 24-ի շրջանին շարք մը միջոցառումներ կը կազմակերպեն քաղաքիս մէջ եւ այս առումով իրենց համագործակցութեան նախընթացները ձեւաւորուած կը համարուին։ Սփիւռքէն Պոլիս ժամանած անհատները եւս կը միանան այս ձեռնարկներուն եւ այսպէսով անոնք հնարաւորութիւն կ՚ունենան ծանօթանալու հայ-թրքական երկխօսութեան հետամուտ շրջանակներուն հետ։
«Ճեզաիր» համալիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած աշխատանոցին մասնակցեցան Թուրքիայէն, Հայաստանէն, Եւրոպայէն եւ Ափրիկէէն հասարակական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ։ Հաւաքոյթի հետաքրքրական երեսակներէն մին ալ այն էր, որ միայն հայեր եւ թուրքեր չէին ներգրաւուած նախատեսուած աշխատանքին եւ օտարներն ալ եկած էին անոնց միացնել իրենց փորձառութիւնը։
Հաւաքոյթին ներկայ էին «DurDe!»ի նախագահ Լեւենտ Շենսեւէր, EGAM-ի նախագահ Պենժամէն Ապտան եւ ՀԲԸՄ-Եւրոպայի տնօրէն Նիքոլա Դաւիթեան։ Աշխատանոցներու քննարկումներուն ընթացքին շօշափուեցան շարք մը հարցեր. ինչպէս՝ ժխտողականութիւն, փոքրամասնութիւններու իրաւունքներ, մարդու իրաւունքներ, փոխադարձ հասկացութիւն եւայլն։
ԱՍՈՒԼԻՍ
Երէկ կէսօրուան ժամերուն Բանկալթըի «Նոստալժի» մշակոյթի կեդրոնին մէջ ալ տեղի ունեցաւ շահեկան ասուլիս մը, որու ատենախօսն էր Հայաստանէն յայտնի ժողովրդական երաժիշտ Յասմիկ Յարութիւնեան։ Հարկ է նշել, որ Յասմիկ Յարութիւնեան քաղաքս եղած էր մասնակցելու համար նախընթաց երեկոյեան կազմակերպուած համերգին եւ իր կեցութիւնը առիթ ընձեռած էր նաեւ երէկուան հաւաքոյթի կազմակերպման։
Մշեցի ընտանիքէ մը սերած Յասմիկ Յարութիւնեան այս առթիւ փոխանցեց իր մանկութեան յուշերը, ընտանեկան ապրումները՝ միշտ միահիւսուած եւ թրծուած երաժշտութեամբ։
Ձեռնարկին ներկայ էին «Նոստալժի» մշակոյթի կեդրոնի տնօրէն Սիւհա Համամճը եւ «Պիրզամանլար» հրատարակչութեան տնօրէն Օսման Քէօքէր։
ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍՆԵՐ
Երէկ յետմիջօրէի ժամերուն ալ «Անատոլու քիւլթիւր»ի հովանաւորութեան տակ գործող Թոփհանէի «Տեփօ»ին մէջ բացուեցան երկու ցուցահանդէսներ։ Նոյն համալիրէն ներս կազմակերպուած այս երկու ցուցահանդէսները եւս միտուած էին ոգեկոչելու 1915-ի զոհերը։ Ցուցահանդէսներէն մէկուն շրջագծով ներկայացուած էին Նորայր Շահինեանի լուսանկարները, իսկ միւսով ցուցադրուեցան Անիթա Թութիկեանի ձեռագործները։
Մարաշցի ընտանիքէ մը սերած Նորայր Շահինեան ներկայիս կը բնակի Պրազիլիոյ մէջ։ Ցուցահանդէսին մէջ ընդգրկուած գործերուն զուգահեռ իր լուսանկարներով ալպոմ մըն ալ հրատարակուած էր «Արաս» հրատարակչատան կողմէ։ Իսկ Տերսիմցի ընտանիքէ մը սերած Անիթա Թութիկեան ներկայիս կը բնակի Լիբանանի մէջ եւ իր ձեռագործ նախշերը արժանացան մօտիկ հետաքրքրութեան։ Երկու արուեստագէտներն ալ ցուցահանդէսի ընթացքին արտասանեցին իրենց սրտի խօսքը։
Այս զոյգ ցուցահանդէսներու կազմակերպման համար համագործակցած էին «Անատոլու քիւլթիւր» ընկերութիւնը եւ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը։ Ուստի, ձեռնարկին ներկայ էին «Անատոլու քիւլթիւր»ի տնօրէն Օսման Քաւալա, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Մարթին Եսայեան եւ Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան։ Այս առթիւ Օսման Քաւալա եւ Մարթին Եսայեան եւս ողջունեցին արուեստագէտները։
«ՍԱՊԱՆՃԸ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Միւս կողմէ, նախընթաց երեկոյեան Էմիրկեանի «Սապանճը» թանգարանին մէջ ալ կազմակերպուեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը։ Գերմանական «Թիսէն» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ իրականացուած «Ազգային հեռանկարներէ անդին ընդհանուր պատերազմը» խորագրեալ հաւաքոյթներու ծիրին մաս կազմեց այս երեկոյթը։ Կազմակերպիչներն էին գերմանական «Orient-Institut»ի Իսթանպուլի մասնաճիւղը, «Սապանճը» համալսարանը եւ Պատմութեան հիմնարկը։ Հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթներ ունեցան «Սապանճը» համալսարանի վերատեսուչ Փրոֆ. Նիհատ Պերքէր, «Թիսէն» հիմնարկէն Տքթ. Թոմաս Սիւէրման, «Orient-Institut»ի Իսթանպուլի մասնաճիւղի տնօրէն Փրոֆ. Ռաուլ Մոթիքա եւ «Սապանճը» համալսարանի դասախօսներէն յայտնի պատմաբան Փրոֆ. Հալիլ Պերքթայ։ Նիստը վարեց «Սապանճը» համալսարանի դասախօսներէն Տոց. Աքշին Սոմէլ։ Բոլոր ատենախօսները վերլուծութիւններով հանդէս եկան Առաջին աշխարհամարտի վերաբերեալ։ Վերոյիշեալներու ելոյթներէն վերջ հանդէս եկաւ ձեռնարկին բուն ատենախօսը՝ Տապլինի «Թրինիթի գոլէճ»էն Փրոֆ. Ճոն Հոռն, որ յայտնեց, թէ Ա. Աշխարհամարտի ամբողջական տրամաբանութեան մէջ 1915 թուականը ընդհանրապէս շրջադարձային կէտ մը կը համարուի։ Ըստ իրեն, պատերազմի ապրուած աշխարհագրութիւններէն ներս ոչ միայն բախումներ տեղի ունեցան զօրքերուն միջեւ, այլ նաեւ թիրախ դարձաւ քաղաքային ժողովուրդը եւ անոնց շարքերէն ալ եղան բազում կորուստներ։ Այս առումով, պատերազմի ճակատին եւ քաղաքային ժողովուրդին միջեւ տարանջատումը հետզհետէ պղտորեցաւ եւ այս ազդակը պատճառ դարձաւ, որ պատերազմը ամրացնէ ազգային ինքնութիւնները։ Հետեւաբար «թշնամին» ընկալուեցաւ մարդկային չափումէն դուրս ու դարձաւ ոչնչացնելու թիրախ մը։
Փրոֆ. Ճոն Հոռն ընդգծեց, որ Ա. Աշխարհամարտի ամբողջական տրամաբանութեան մէջ Օսմանեան կայսրութեան թշնամիի ընկալումը աստիճանաբար տարբերուած էր պատերազմի մասնակից միւս պետութիւններուն բաղդատմամբ։ Արդարեւ, միւս պետութիւնները որպէս թշնամի կ՚ընկալէին իրենց պատերազմած պետութիւններն ու անոր ժողովուրդը։ Իսկ Օսմանեան պետութեան պարագային որպէս թշնամի ընկալուեցան հայերը, որոնք իր իսկ հասարակութեան մէջ ապրող ազգային ու կրօնական խմբաւորում մը կը հանդիսանային։ Օսմանեան պետութիւնը առանձնացաւ այն առումով, որ թշնամին իր իսկ հասարակութեան մէջ տեսաւ։ Փրոֆ. Հոռն այս հանգամանքի լոյսին տակ շեշտեց, թէ Օսմանեան կայսրութեան եւ հայոց ապրածները մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն Ա. Աշխարհամարտի «ամբողջականապաշտ» տրամաբանութիւնը ըմբռնելու տեսանկիւնէն։