«ՀԻՒԱՆԴ» ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ «ԱՌՈՂՋ» ՄՆԱԼ

Յաճախ կը խօսինք հոգեկան առողջութեան մասին։ Երբ մեր հոգւոյ «դիմադրունակութեան համակարգը» ամուր է, «մորմոքներէ» պաշտպանուելով կրնանք առողջ մնալ։ Բայց եւ այնպէս, սա դժուար ըլլալ կը թուի։ Իսկ ո՞րն է հիւանդ հասարակութիւնը։ 

«Հիւանդ» հասարակութիւնը այն է, որ կը յառաջացնէ քրոնիք զանգուածային անգործութիւն, դրամը կը դարձնէ պատիւի եւ արժանապատուութեան միակ խորհրդանշանը՝ զանգուածները պահելով աղքատութեան եւ սովի սահմաններուն մէջ։ Հիւանդ հասարակութիւններու մէջ ոչնչացած է օրէնքի եւ արդարադատութեան համակարգի նկատմամբ վստահութիւնը, ապագան երաշխաւորուած չ՚ըլլար եւ կ՚ընդօրինակուի միայն անցեալը։ Անոնք չեն վստահիր իրենց կրթութեան համակարգին, կիները եւ աշխատաւորները կը տեսնեն՝ որպէս չարաշահելի գործիք։ Իրենք իրենց կ՚օտարեն եւ ուրիշները ատելով կը դառնան միայնակ։ Եսասիրութիւնը բնական է անոնց մօտ, իսկ համերաշխութեան զգացումը՝ ապիկարութիւն։ Զուարթամտութիւնը կ՚արգիլուի, իսկ կանանց ժպիտը կոպտութիւն կը համարուի…

Արդեօք կարելի՞ է լիովին վերականգնել մեր հոգեկան առողջութիւնը՝ առանց փոխելու մեզ «հիւանդացնող» հասարակութիւնն ու ընկերային յարաբերութիւնները։ 

Եթէ մենք տեղեակ ենք մեր միտքերը, զգացումները եւ վարքը ուղղորդող, հիւանդ հասարակութեան վարակած «լեզուական սովորութիւններուն», նուազ «վնասուածքով» կարելի է յաղթահարել «հիւանդութիւնը»։ Յոյս կայ, եթէ կարենանք սանձել ուրիշներու գրպաններուն մտած մեր ձեռքերը, թմրեցնող, քնացնող մեր լեզուները… Պէտք է գիտակցիլ, բայց միայն գիտակցիլը բաւարար չէ։ 

Լոյսը կարելի է գտնել առանձին, բայց եթէ լոյսը կը պաշտպանուի միասնականութեամբ, այդ լոյսը չի մարիր եւ կը լուսաւորէ բոլորը։

Ուրեմն, ո՞րն է «հիւանդ» մարդը։

Հիւանդ մարդը այն է, որ կը շեղի «առողջէն»։

Իսկ ո՞ր պարագային մարդը կը համարուի «առողջ»։ Այն պարագային, երբ մարդը կրնայ «յարմարուիլ» վերը նշուած ընկերային պայմաններուն ու այդ պայմանները կենդանի պահող մտքերուն, յարաբերութիւններուն եւ կը դրսեւորէ այնպիսի վարք, զոր մենք կը համարենք «բնական»։ Եթէ մենք նման ներդաշնակութիւնն ու բնականութիւնը առողջ չենք համարեր, ախտորոշման եւ բուժման հիմնական միջոցն է՝ անդրադառնալ բնական եւ առողջ գաղափարներու, վարքերու եւ զգացումներու ինչ պայմաններով ձեռք բերուած ըլլալը։ 

Ինչպէ՞ս կը գիտակցինք, ի՞նչ կրնանք ընել յետագային։ «Հիւանդ» համարուող մարդիկ հոգեբաններու առարկաներ չեն, բայց այն անհատներն են, որոնք հոգեբաններու հետ միանգամայն կը հետաքննեն եւ կը ջանան հասկնալ իրենց հոգեբանական «խնդիրները»։

Մարդ որքան յաջողութեան կը հասնի եւ ոտքի կը կանգնի, այնքան աւելի ինքնավստահ կը դառնայ։ Յաջողութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է հասկնալ, թէ ինչո՛ւ եւ ի՛նչ պայմաններով ձախողած ենք նախապէս։

Անհատական հոգեկան դարմանումի տեսութիւններու եւ կիրառումի գործընթացները, որոնք տեղի կ՚ունենան տուեալ պայմաններով եւ չեն յագեցներ հոգեկան առողջութեան վնաս պատճառող ընկերային պայմաններու ըմբռնումը, շատ սահմանափակ են։ Որովհետեւ իրական «հիւանդութիւնը» հասարակութեան ախտն է. տուեալ ընկերային կեանքի պայմաններու տակ անձերու միջեւ յարաբերութիւններու խաթարումն է։ 

Հոգեբանական խնդիրները՝ իրական կեանքի հակասութիւններու եւ սահմանափակումներու «պնդացած մրուրներն» են։ Քանի դեռ չենք գիտակցիր, թէ ընկերային պայմաններն ու յարաբերութիւնները մեզ կը հիւանդացնեն, մենք չենք կրնար բուժուիլ եւ քանի դեռ չենք «բարելաւուած», չենք կրնար հասկնալ, թէ հասարակութիւնը ինչպէս մեզ կը հիւանդացնէ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Մայիս 24, 2021