ՍԼԱՒՈՆԱԿԱՆ ԳԻՐԻ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՏՕՆԸ. ԱՆՍՈՎՈՐ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ

Սլաւոնական գիրի եւ մշակոյթի օրը այս տարի կը նշուի շատ անսովոր պայմաններու տակ. հնագոյն սլաւոնական գիրն ու մշակոյթը կրող երկու ժողովուրդ՝ ռուսերն ու ուքրանացիները, իրարու դէմ պատերազմի մէջ են. իրապէս, շատ զարմանալի իրողութիւն մը: Դարեր շարունակ պատմութիւնը, գրականութիւնը, մարդկային միտքը մեզ համոզած են, որ մշակոյթը միաւորող է, իսկ միանման մշակոյթ, գիր ունեցող ազգերը, ժողովուրդները, երկիրները աւելի դիւրութեամբ կը հասկցուին, արագ լեզու կը գտնեն եւ խաղաղ համակեցութիւն կը ստեղծեն:

Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութիւնը եկաւ ջնջելու բոլոր պատմական ճշմարտութիւնները, եւ մենք այսօր ականատես կ՚ըլլանք, թէ ինչպէս նոյն արժեհամակարգը կրող երկու քրիստոնեայ հին ժողովուրդներ թշնամացած են իրարու դէմ: Ուքրանական լեզուն շատ կը նմանի ռուսերէնին: Ով որ գիտէ ռուսերէն, գրեթէ կը հասկնայ նաեւ ուքրաներէն: Նոյնն են թէ՛ գիրերը, թէ՛ առոգանութիւնը, թէ՛բազմաթիւ բառեր եւ արտայայտութիւններ, որոնցմով ստեղծուած է միանման մշակոյթ, արուեստ: Երկուքին այբուբենն ալ կիւրեղագիր է (քիրիլիցա):

Այս վաղնջական գիրերը այսօր առաջատար տեղ կը գրաւեն աշխարհի միւս գիրերու կողքին: Կիւրեղագրերը ներկայիս կը գործածուին Եւրոասիոյ մէջ, մասնաւորապէս՝ Արեւելեան Եւրոպա, Կովկաս, Կեդրոնական Ասիա, Հիւսիսային Ասիա՝ սլաւոնական ազգերու մեծամասնութեան եւ ռուսերէնի ազդեցութիւնը կրող որոշ ոչ-սլաւոնական ազգերու լեզուներուն մէջ։ Եւրոպայի եւ Ասիոյ մէջ շուրջ 300 միլիոն մարդ կը գործածէ կիւրեղագիրը՝ որպէս պաշտօնական գրային համակարգ իրենց մայրենի լեզուներուն համար, եւ այդ մարդոց կէսը կը բնակի Ռուսաստանի մէջ։ Կիւրեղագիրը դարձած է Եւրոպական Միութեան երրորդ գրային համակարգը՝ լատիներէն ու յունարէն այբուբեններէն ետք:

ԳԻՐԻ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՏՕՆ

Եւ ահաւասիկ, աշխարհը այսօր կը տօնէ սլաւոնական գիրի եւ մշակոյթի օրը, որ տօն է զայն կրողներուն համար: Կարգ մը երկիրներու մէջ տօնը զանազան օրեր կը նշեն, բայց տօնակատարութիւններու նշումը սկիզբ կ՚առնէ մայիսի 24-ին եւ կը շարունակուի մինչեւ յունիսի առաջին շաբաթը: Սլաւոնական մշակոյթ կրող շատ մը երկիրներու մէջ ասիկա պաշտօնական տօն է եւ կը տօնուի պետական մակարդակով՝ զանազան քաղաքներու մէջ տօնակատարութիւններու, գիտաժողովներու, ցուցահանդէսներու միջոցով, հռչակելով այդ դարաւոր գիրն ու մշակոյթը: Տօնակատարութիւնները այնպիսի փառաշուք կերպով տեղի կ՚ունենան, որ կ՚ապացուցեն, թէ ինչքան մեծ է նշանակութիւնը այբուբենի մը, որով հսկայածաւալ մշակոյթ, գրականութիւն եւ հոգեւոր արժէքներ ստեղծուած են եւ դարերու հոլովոյթին մէջ պահած են այդ ժողովուրդներն ու երկիրները:

Ռուսերը տօնը պետական կարգով նշելու սկսած են 1863 թուականին՝ գիրերու գիւտի հազարամեայ տարելիցին: Խորհրդային ժամանակաշրջանին սակայն, շուրջ 65 տարի, տօնը չէր նշուեր, քանի որ սլաւոնական գիրի ստեղծումը կրօնական հիմք ունի, իսկ խորհրդային տարիներուն կրօնական առիթներուն կարեւորութիւն չէր տրուեր, երբեմն՝ կ՚արգիլուէր: 1980-ական թուականներուն տօնին նշումը վերականգնուեցաւ:

ՍՈՒՐԲ ԿԻՒՐԵՂ ԵՒ ՄԵԹՈՏԻՈՍ

Սլաւոնական այբուբենի օրը զայն կրող ժողովուրդներուն համար հիանալի առիթ է նաեւ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելու եղբայրներ Սուրբ Կիւրեղին եւ Մեթոտիոսին, որոնք սլաւոնական այբուբենը ստեղծելով քաղաքակրթական մեծ յեղաշրջում կատարեցին աշխարհի մէջ: Բիւզանդացի աստուածաբան եղբայրները միսիոներներ էին, իրենց քարոզչական աշխատանքին շնորհիւ մեծապէս նպաստեցին բոլոր սլաւոններու զարգացման, որուն համար ալ կոչուեցան «Սլաւոնական առաքեալներ»։ Սլաւոնական այբուբենի ստեղծողները ըլլալով, անոնք նաեւ քրիստոնէութեան քարոզիչներ էին՝ ժամագիրքերը յունարէնէն սլաւոներէնի առաջին թարգմանիչները։

Կիւրեղը (մօտաւորապէս 827-869 թուականներ. մինչեւ կուսակրօնութիւն ընդունիլը՝ Կոստանդին կոչուած է) եւ անոր աւագ եղբայրը՝ Մեթոտիոսը (մօտաւորապէս 815-885 թուականներ, կոչուած է Միքայէլ) ծնած են Սոլուն (Թեսաղոնիկէ): Կիւրեղը կրթութիւն ստացած է Կոստանդնուպոլիս, բիւզանդական Միքայէլ Գ. կայսրի արքունիքը։ Տիրապետած է սլաւոներէնի, յունարէնի, լատիներէնի, եբրայերէնի եւ արաբերէնի։

Ուսանած է նաեւ Մագնաւրա բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան մէջ, ուր անոր, ըստ մեր օրեր հասած տեղեկութիւններուն, դասաւանդած են հայազգի գիտնականներ՝ փիլիսոփայ-աստուածաբան Փոտ եւ անուանի մաթեմաթիկոս Լեւոն։ Ան հրաժարելով կայսրին առաջարկած վարչական ասպարէզէն՝ դարձած է պատրիարքարանի գրադարանավար, այնուհետեւ դասաւանդած է փիլիսոփայութիւն։ 850-ական թուականներուն եղած է Սուրիա, ուր յաղթած է մահմետականներուն հետ ունեցած աստուածաբանական վէճերուն մէջ։

Մեթոտիոսը վաղ հասակէն ընդունուած է զինուորական ծառայութեան, այնուհետեւ մտած է վանք։ Զինուորական եղած է նաեւ անոնց հայրը: 863 թուականին Բիւզանդիոնի կայսրը Կիւրեղն ու Մեթոտիոսը ղրկած է Մորաւիա՝ սլաւոներէնով քրիստոնէութիւն քարոզելու։ Մեկնելէ առաջ Կիւրեղ ստեղծած է սլաւոներէն այբուբենը եւ այդ ժամանակ էր, որ Մեթոտիոսի օգնութեամբ յունարէնէ սլաւոներէնի թարգմանած է մի քանի ժամագիրք։

Կիւրեղը եւ Մեթոտիոսը 867 թուականին Հռոմի Նիկողայոս Ա. Պապի հրաւէրով մեկնելով Հռոմ՝ ճանապարհին Պլատենսեան իշխանութեան մէջ նոյնպէս տարածած են սլաւոնական գիրն ու աստուածաբանական ծէսերը։

Հռոմի մէջ Կիւրեղ վախճանած է։ Մահուան մահիճին մէջ ան խնդրած է եղբօրմէն՝ շարունակել իր կրթական գործունէութիւնը։

Մեթոտիոս եղած է Մորաւիոյ եւ Պանոնիոյ արքեպիսկոպոսը։

882-884 թուականներուն ան ապրած է Բիւզանդիա, այնուհետեւ վերադարձած է Մորաւիա եւ զբաղած՝ Աստուածաշունչի սլաւոներէն թարգմանութեամբ:

9-րդ դարու երկրորդ կէսին, ստեղծելով սլաւոնական գիրը, երկու եղբայրները պատմութեան մէջ մտած են իբրեւ սլաւոն ազգերու սուրբեր, իսկ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը Կիւրեղն ու Մեթոտիոսը հռչակած է Եւրոպայի համապաշտպան սուրբեր՝ Ս. Պենետիկտոսին հետ։

Եղբայրներուն ստեղծած սլաւոնական գիրը նախապէս հին սլաւոնականի համար գործածուած գրատեսակ մըն էր: Սլաւոնական այբուբենը ունեցած է երկու տարատեսակ՝ քիրիլիցա եւ կլակոլիցա։ Քիրիլիցայի 43 գրանշանէն 24-ը կը ծագի բիւզանդական բոլորգիրէն, 2-ը՝ հրէական քառակուսի տառատեսակէն, իսկ մնացածը յօրինուած է սլաւոնական ինքնատիպ հնչիւնները արտայայտելու համար։ Ռուսաստանի մէջ հին տարատեսակ գիրերը գործածուած են 10-11-րդ դարերէն մինչեւ 18-րդ դարու սկիզբները։

Ուքրանացիներու, պուլկարներու ու սերպերու կողմէ այժմ գործածուող գրատեսակները քիրիլիցայի յետագայ ձեւափոխութիւններն են։ Կլակոլիցայի ստեղծման հանգամանքները տակաւին պարզ չեն, սակայն անոր հիմքին մէջ նոյնպէս յունա-բիւզանդական գրատեսակը կայ: Սլաւոնական գիրը ռուսերէն այբուբենի գործառութիւններով այժմ ընդլայնած է իր ազդեցութեան ոլորտը, թէեւ այսօր սլաւոնական կարգ մը լեզուներու համար կը գործածուին լատինագիր գրատեսակներ։

ՌՈՒՍԵՐԷՆԸ՝ ԱՌԱՋԱՏԱՐ

Ակնյայտ է, որ ռուսերէնը ամենէն շատ տարածուած սլաւոնական լեզուներէն է։ Ան Ռուսաստանէն զատ պետական լեզու է Սպիտակ Ռուսիոյ, Ղազախիստանի եւ Խրղըզիստանի մէջ: Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան պաշտօնական լեզուներէն մէկն է, ինչպէս նաեւ պաշտօնական լեզու է Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան, Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան, Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան Մաքսային ընկերութեան, Կարմիր խաչի եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու համար: Ան նաեւ շարք մը եւրոպական եւ ասիական երկիրներու երկրորդ պետական լեզուն է:

Ըստ աշխարհի լեզուներու դասակարգման, ամենէն շատ թարգմանուող լեզուներու շարքին մէջ ռուսերէնը չորրորդ դիրքը կը գրաւէ, ինչպէս նաեւ՝ եօթներորդ տեղը այն լեզուներու շարքին մէջ, որոնցմով կը թարգմանուի գիրքերուն մեծամասնութիւնը: Ռուսաց լեզուն համացանցի ամենէն հանրամատչելի լեզուներու շարքին մէջ գրաւած է երկրորդ դիրքը, իսկ կիւրեղագիրերուն համար համացանցի ստեղծման առաջին օրէն ստեղծուած են բազմաթիւ տառատեսակներ:

Անցեալ դարուն ռուսերէնը ընդգրկուած է համաշխարհային լեզուներու կարգին: Ռուսաց լեզուի տարածուածութիւնը, աշխարհագրական եւ տարածքային տեսանկիւնէ, մեծ մասամբ Ռուսական կայսրութեան, յետոյ՝ Խորհրդային Միութեան, իսկ այժմ՝ Ռուսաստանի գործունէութեան արդիւնքն է, որ մակերեսով մոլորակի ամենամեծ պետութիւնն է եւ ամենամեծ ըլլալուն գաղափարախօսութիւնը կը ջանայ տարածել նաեւ լեզուի միջոցով: Տաճիկիստանի մէջ, ըստ Սահմանադրութեան, ռուսերէնը կը նկատուի «միջազգային շփման լեզու» եւ պաշտօնապէս կը կիրարկուի օրէնքներու ստեղծման մէջ։ Ուքրայնայի մէջ, բացի իր մարզային կարգավիճակէն, ռուսերէնը ունի նաեւ այնպիսի պաշտօնական գործառոյթներ, ինչպիսիք են պետական պաշտօնական գրութիւններու հրապարակումը: Նիւ Եորք նահանգի որոշ շրջաններուն մէջ պարտադիր է ընտրութիւններուն հետ կապուած փաստաթուղթերու թարգմանումը ռուսերէնի։ Էօզպեքիստանի մէջ ռուսերէնը կը կիրարկուի երդուեալ թարգմանական եւ ամուսնական գրանցման մարմիններու կողմէ:

Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք ռուսերէնի ազդեցութիւնը թուլցած է միութեան անդամ պետութիւններուն մէջ, սակայն Խորհրդային Միութեան երկիրներէն Իսրայէլ, Գերմանիա, Գանատա, ԱՄՆ, Աւստրալիա եւ այլուր գաղթածները իրենց բնակավայրերուն մէջ ջանացած են հաստատել լեզուն: Այդ երկիրներուն մէջ կը թողարկուին ռուսերէն պարբերականներ, կը գործեն ռուսական ձայնասփիւռներ, հեռատեսիլային ալիքներ, բացուած են ոուսալեզու դպրոցներ: Իսրայէլի մէջ ռուսաց լեզու կը դասաւանդուի աւագ դասարաններուն մէջ, որոշ միջնակարգ դպրոցներու մէջ ալ՝ որպէս երկրորդ օտար լեզու։ Ռուսաց լեզուն կը համարուի աշխարհի ամենահարուստ եւ ուսումնասիրութեան համար բարդ լեզուներէն մէկը:

ԱՆՋՐՊԵՏԻ ՄԷՋ ՀՆՉԱԾ ԱՌԱՋԻՆ ԼԵԶՈՒՆ

Խօսելով ռուսերէնի դերին եւ նշանակութեան մասին, ռուսախօսները միշտ կը հպարտանան, որ ռուսերէնով արտասանուած են առաջին բառերը անջրպետի մէջ: 12 ապրիլ 1961-ին, ժամը 9։52-ին, կապի ստուգման նպատակով դէպի տիեզերք թռիչքի ժամանակ աշխարհի առաջին տիեզերագնաց Եուրի Կակարինը ռուսերէնով ըսած է. «Ինքնազգացողութիւնս գերազանց է։ Ես ձեզ լաւ կը լսեմ։ Թռիչքը լաւ կ՚ընթանայ»։

Այժմ ռուսաց լեզուն ոչ պաշտօնապէս միջազգային շփման լեզու է տիեզերական կառավարուող թռիչքներու ժամանակ, եւ միջազգային տիեզերական կայանի մէջ աշխատող բոլոր տիեզերագնացները, անկախ ազգութենէն, միշտ կը ջանան ուսումնասիրել խօսակցական ռուսերէնը: Բոլորը կը գնահատեն այն փաստը, որ այդ հնագոյն լեզուով տիեզերքի մէջ հնչած են առաջին բառերը՝ համաշխարհային ճանաչում բերելով թէ՛ ռուս տիեզերագնաց Եուրի Կակարինին, թէ՛ անոր մայրենի լեզուին:

Յատկանշական է, որ Կակարին իր ինքազգացողութիւնը մայրենի լեզուով արտայայտելէ ետք նաեւ գեղարուեստական խօսքեր ըսած է՝ հետեւելով Երկիր մոլորակին, Արեգակին, երկրի ստուերոտ մասին։ Այդ ձայնագրութիւնը պահպանուած է ժապաւէնի վրայ: Կակարին ռուսերէնով ըսած է. «Կը նայիմ Երկրին վրայի ամպերուն՝ կուտակ-կուտակ եւ անոնց ստուերներուն՝ Երկրի վրայ։ Գեղեցի՛կ է, գեղեցկութիւ՜ն... Ուշադրութի՛ւն։ Կը տեսնեմ Երկրի հորիզոնը։ Այնքան գեղեցիկ ճաճանչապսակ։ Սկիզբէն ծիածան, Երկրի մակերեւոյթէն սկսող եւ դէպի վար գացող։ Այդպիսի ծիածանը կ ՚անցնի: Շա՜տ գեղեցիկ է»:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մայիս 24, 2022