ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ՄԱՀԱՆԱՆՔ

Բազում մարդիկ, հաւանաբար, կ՚ուզէին, որ մահը կամընտիր ըլլար. օրինակ՝ անձնագիրով կամ կրթական մակարդակով, քանի չեն ուզեր լքել իրենց երկրային կեանքը: Բայց մահուան հետ մեր համաձայնութիւնը սկսաւ այն ժամանակ, երբ մենք ծնանք եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը իրենց յատկացուած ժամանակին կը կատարէ այս պայմանաւորուածութիւնը։ Հետեւաբար, մահը պէտք է դիտարկել որպէս կեանքի մէկ մասը, այլ ոչ թէ անոր հակառակը:

«Մահը» այն է, երբ մեր մարմնի համար կենսական նշանակութեամբ գործարանները այլեւս չեն կատարեր իրենց աշխատանքը: Սա կը նշանակէ, որ մեր մարմինը կազմող բջիջները այլեւս չեն կրնար մեզ կենդանի պահել: Եւ երբ սա տեղի ունենայ, «մարմնէն դուրս» կը նշանակէ նաեւ կեանքէն դուրս: Սա կարծիք մը չէ, այլ փաստ։

«Բոլոր մարդիկ կը դատապարտուին մահապատժի՝ անորոշ ժամկէտի մը աւարտին»:

ՎԻՔԹՈՐ ՀԻՒԿՕ («Մահուան դատապարտուածի վերջին օրը» գիրքէն)

«Ապրելու համար անընդհատ կ՚ուզենք, մեռնելու համար պէտք է աւելի ու աւելի քիչ ուզել: Ամբողջ կեանքը բաղկացած է ջանքերէ. եթէ մենք այլեւս որեւէ բանի չենք ձգտիր, որեւէ ձեւով, կեանքը կը դատարկուի. սա ինքնասպանութիւն է, որովհետեւ ամէն ինչ ընդունիլը կամ մերժելը կը համընկնին, կը միաձուլուին, կը դառնան մէկ։ Դժուար է ուզել, բայց նոյնիսկ աւելի դժուար է ընդհանրապէս չուզել»։

ՃԻՈՎԱՆՆԻ ՊԱՊԻՆԻ

Ապրիլը, կենդանի ըլլալը սովորութիւն ձեւաւորող է։ Ան կ՚առաջարկէ անհամար հաճելի պարգեւներ, որոնք կրնան նաեւ կախուածութիւն յառաջացնել: Եւ եթէ դուք կ՚ապրիք տասնամեակներ շարունակ, ապա կրնաք նոյնիսկ շքեղութիւն ունենալ յետադարձ հայեացք տենելով հասկնալ (կամ արդարացնել), որ նոյնիսկ ձեր ամենամութ պահերը նպատակի մը ծառայած են։ Այնքա՛ն վարժուած ենք կենդանի ըլլալու, որ մեզի կը թուի, թէ վերջնականապէս պիտի չյանձնուինք մահուան: Իրականութեան մէջ, միայն մեր սեփական կամ սիրելիի մը մահուան մասին մտածելը կրնայ ցնցել մեզ եւ զգալի չափով ժամանակ խլել մեր կեանքէն:

Տիեզերքի, երկրի, կեանքի այլ ոլորտներու եւ մեր սեփական մարմիններու մասին այժմ բաւական գիտելիք ձեռք բերած է մարդկութիւնը՝ 200 տարի առաջուան բաղդատմամբ, բայց ունի՞նք հիմնաւոր պատճառ մը, որ մահը կարելի է բաժնել կեանքէն։

Ծերացման եւ մահուան անխուսափելիութեան վերաբերեալ վերջերս իրականացուած ուսումնասիրութիււնը ցոյց տուաւ, թէ ինչու կեանքը համակցուած է մահուան հետ: Մեր կեանքի ամբողջ ընթացքին մեր բջիջները կը սկսին բաժնուիլ եւ ծաղկիլ մեր մարմնի զանազան մասերու մէջ։ Մեր բջիջները կը համագործակցին մարմնի ֆիզիքական էութիւնը միասին պահելու համար: Ձեւով մը կը թափենք վնասուած բջիջները շրջակայ միջավայրի պատճառով եւ կը թարմանայ մեր մարմինը: Բայց սա կատարեալ գործընթաց մը չէ: Փաստօրէն, այս գործընթացը՝ բջիջներու այս կենդանի պարը դատապարտուած է ոչ թէ մէկ, այլ երկու հետեւանքի:

Ճանապարհներէն առաջինը. ժամացոյցը կը սկսի, երբ մեր բջիջները կը բաժնուին, կը սկսի մրցավազքը: Երբ բջիջները բաժնուին, սխալները անխուսափելի են: Այս «սխալները» կը դրսեւորուին որպէս հիւանդութիւններ։

Ճանապարհներէն երկրորդը. Ժամանակի դրոշմը բջիջներու ներքեւ է, երբ անոնք կը բաժնուին: Այո, անոնք կը շարունակեն բաժնուիլ եւ դուք կրնաք բախտ ունենալ, որ խուսափած էք այդ սխալներէն մինչ այժմ, բայց բաժանումը ի վերջոյ կը դանդաղի՝ առաջնորդուելով մարմնի ներքին ժամացոյցով: Այդ բաժանումը ի վերջոյ կը դադրի, հետեւաբար նաեւ՝ ձեր կեանքը:

Բայց եթէ վստահ էք, որ ունիք կենսունակութեամբ լի բջիջներ, որոնք կը շարունակեն բաժնուիլ, այո, ձեր բջիջները չեն ծերանար, այլ կը դառնան քաղցկեղային բջիջներ, որոնք կորսնցուցած են իրենց ներքին ժամացոյցը եւ կը բազմանան ձեր մարմնին մէջ՝ առանց ձեր մարմնի կազմութիւնը միասնական պահել ծրագրելու: Այս բջիջները կը մտածեն միայն իրենց մասին եւ կ՚ընեն աւելին:

Այսպէսով այն, ինչ որ ձեզ կենդանի կը պահէ, նաեւ բնականաբար վճռորոշ է ձեր կեանքի աւարտին մասին: Բայց ձեր կամքէն անկախ իրավիճակի մը մասին մտահոգուիլը անիմաստ է եւ ապարդիւն: Մահը, անխուսափելիօրէն, վաղ թէ ուշ տեղի կ՚ունենայ մեզմէ իւրաքանչիւրի մօտ։

Շատերու համար յետմահու կեանքի հանդէպ հաւատը իրենց կեանքը կը դարձնէ իմաստալից: Այնուամենայնիւ, ոչ ոք վերադարձած է մեծ եզրափակիչէն յետոյ՝ հաստատելու համար յետմահու կեանքի գոյութիւնը կամ արժէքը:

Մենք չենք կրնար թեքել ժամանակի սլաքը, բայց կրնանք բազմապատկել այդ տեւողութեան արժէքն ու որակը: Մենք կրնանք հնարաւորինս շատ սէր, բարեկամութիւն հաստատել եւ վայելել կեանքը մինչեւ որ մեր շունչը դադրի։ Ի վերջոյ, մենք կ՚ապրինք տարիներ շարունակ, բայց կը մեռնինք միայն պահ մը։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Մայիս 24, 2024