ԿԵԱՆՔԻ ԱՌԵՂԾՈՒԱԾԸ

Ամառ է։

Կէսօրին, երբ սովորաբար արեգակը անգութօրէն կը վառէ քաղաքս, մարմնագոյն զուգագուլպաներու մէջ, երկու բարձրակրունկ կօշիկներ թըխկ-թըխկացնելով մօտեցան մօտակայ սրճարան։

-Բարեւ ձեզ, ի՞նչ կը կամենաք,- բարեհամբոյր ու սիրալիր ժպիտով մը հարցուց չափահասութեան շեմը վերջերս հատած երիտասարդ մը, որ իր ուսման վարձը կը հոգայ աշխատելով որպէս մատուցող։

-Այն, ինչ կը պատուիրեմ ամէն անգամ։

Քրտինքը ճակտին պատած, սուրճէն վառած շուրթերը կը շարունակեն վայելել սիրելի ըմպելիքը։

-Կեանքը լի է հրաշքներով…

-Սակայն հրաշքներ չկան կեանքի մէջ,- միտքը աւարտին կը հասցնէ վառած շուրթերը։

-Ես քեզի պէս յոռետես մը չեմ։ Կը սիրեմ կեանքը եւ լիաթոք կը վայելեմ զայն։

-Սրածայր, նեղլիկ բարձրակրունկ կօշիկներուդ մէջ առանց թթուածնի մնացած ոտքերէդ յայտնի է,- քամահրանքով մէջբերեց վառած շուրթը։

-Լոյս աշխարհ գալը, ամէն Աստուծոյ օր ողջ եւ առողջ, անփորձանք քնանալն ու արթննալը ամենամեծ հրաշքն է։ Անգամ մը լոյս աշխարհ կու գանք, իսկ կեանքի հոլովոյթը բաւական կարճ է։ Աչքդ թարթեցիր, այլեւս ծեր ես։

Կեանքը շատ կարճ է, ժամանակդ անիմաստ բաներու վրայ վատնելու համար, ուստի վայելէ զայն, քանի կրնաս, քանի ոտքի ես։ Յիրաւի, սա պահուն ոտքերս անյարմարութենէ գուճ եկած են, սակայն ի փոխարէն՝ սիրտս կը հրճուի,- հիացումով արտայայտուեցան անյարմար կօշիկներու մէջ սեղմուած զոյգ ոտքերը եւ շարունակեցին,- դուն ինչո՞ւ չես սիրեր կեանքը, բնութիւնը, մարդիկը։ Միայն այդ սեւ սուրճի համար է, որ կը խենթանաս։ Սակայն, ան ալ կարծեմ քեզ չէ հաւներ. ամէն անգամ երբ կ՚ըմպես, շուրթերդ կը վառես։

-Համամիտ եմ քեզի հետ. կեանքը լի է հրաշքներով, սակայն հրաշքներ չկան կեանքի մէջ։

-Ինչպէ՞ս,- զարմացաւ բարձրակրունկ կօշիկներու տիրուհին։

-Պատասխանը փնտռէ քու մէջ։

Ձմերուկի համով ձեր սառը թէյը պատրաստ է՝ խնդրեմ,- խօսակցութիւնը սառով կտրեց նոյն մատուցողը։

Մոցարթի «Ռեքուիէմ» ստեղծագործութեան ելեւէջներուն տակ ձմերուկի համով պաղ թէյը՝ կարծես սառցակալելով իր ճամբուն պատահած ներքին գործարանները կը շտապէ վար։ Գոլացած դառը սուրճի վերջին կումը նոյնպէս աճապարեց նոյն ճանապարհով։ Միւս կողմէ ալ հանճարեղ երաժշտութեան ելեւէջները տակնուվրայ կ՚ընեն մարդուս ներաշխարհը՝ ստիպելով մտածել վերջին կանգառի մասին։

-Այս երաժշտութիւնը հոգւոյն ծնունդն է, ընթացքն ու վախճանը։ Քանի մը վայրկեանի մէջ խտացուած է մարդկային կեանքը՝ տագնապներով, սպասումներով եւ լի աննշան ներդաշնակութեամբ։

Ահաւասիկ պատճառը, թէ ինչո՞ւ չեմ կրնար հասկնալ կեանքի էութիւնը։ Ինչո՞ւ լոյս աշխարհ կու գանք, եթէ օր մը անսպասելի, անժամանակ կամ տառապանքներու, ցաւերու մէջ խրուած պիտի հեռանանք, ո՞րն է կեանքի իմաստը։ Կամ ինչո՞ւ մէկը կը ծնի հարուստ, միւսը՝ աղքատ, տաղանդաւոր ու անյաջողակ, հիւանդ եւ առողջ… ո՞վ կը զբաղի սա բաշխումներով։

Սէր տենչացողին բաժին կը հասնի սիրոյ փշրանքները, զաւակ փափաքողին արգանդն ալ կը չորնայ, մինչդեռ չկամեցողները մէկի փոխարէն տասն զաւակ կ՚ունենան եւ կը շպրտեն փողոց կամ մանկատուն։ Բնաւ չեմ հասկնար, չեմ ընդունիր կեանքի առեղծուածը, քանզի կեանքը աւելի շատ տառապանք է քան վայելք,- մտքերու մէջ խորասուզուած, զոյգ աչքերը յառած դէպի անյայտութիւն շշնջաց վառած շուրթը։

-Ես գիտեմ, թէ ո՞ւր կրնաս գտնել քեզ յուզող բոլոր հարցերու պատասխանները. ժամանակ առ ժամանակ թերթէ Աստուածաշունչը, հաւատայ՝ աւելի թեթեւ կը շնչես։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2020