ՄԷԿ ԴԱՐՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի մէջ սկսած են Հայ մարմնամարզական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) 100-ամեակի տօնակատարութիւնները, որոնք Բիւրականէն սկսան 110 մասնաճիւղերուն նուիրուած յուշաքանդակին բացումով եւ համաՀՄԸՄական 11-րդ ընդհանուր բանակումով: Տօնակատարութիւնները շարունակուեցան Երեւանի մէջ բազում ձեռնարկներով, 26 երկիրներէ աւելի քան 1200 սկաուտներ՝ 200 նախկին խմբապետներ, հարիւրաւոր ծնողներ, համակիրներ, հրաւիրեալներ եւ հիւրեր կ՚ոգեկոչեն պատմական այդ կառոյցին 100-ամեակը:

100-ամեակի միջոցառումներու ջահավառութիւնը տեղի ունեցած է ՀՄԸՄ-ի հիմադիրներէն Յովհաննէս Հինդլեանի՝ Պոլիս գտնուող շիրմէն՝ միութեան ներկայացուցիչներ Դաւիթ Յակոբեանի եւ Գեղամ Մանուկեանի գլխաւորութեամբ: Պոլիսէն բերուած ջահով սկիզբ առած են ՀՄԸՄ -ի 100-ամեակի միջոցառումները:

Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն դէպի Հանրապետութեան հրապարակ կատարուեցաւ 100-ամեակին հանդիսաւոր տողանցքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին համաՀՄԸՄական 11-րդ բանակումին մասնակիցները, աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած ՀՄԸՄ-ական նախկին խմբապետներ եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի սկաուտներ:

Բանակումը աննախընթաց է մասնակիցներով, որոնց թիւը 1100 բանակողներէն աւելի է: Նախապէս, բանակումներու մասնակիցներուն թիւերը չեն հասած 800-ի սահմանը, սակայն ասիկա բացառութիւն է՝ նուիրուած ըլլալով միութեան 100-ամեակին:

Բանակումը ունի չորս տեսակ աշխատանքներ՝ սկաուտական, ազգային, հայրենաճանաչութեան եւ 100-ամեակի ձեռնարկներու մասնակցութեան նուիրուած: Առաջին անգամ ըլլալով, բանակումի հանդիսաւոր տողանցքին եւ բազմամշակութային օրուան իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՄԸՄ-ական նախկին խմբապետներ, որոնք այս առիթով այցելած են Հայաստան: Բանակումին յայտագիրը կ՚ընդգրկէ սկաուտական ձեռնարկներ, Հայաստանի պատմական եւ տեսարժան վայրերու այցելութիւններ, Արագած լերան նուաճում, հայկական խաչքարագործութեան եւ պարի ծանօթացում, բազմամշակութային օրուան կազմակերպում, ռալլի արշաւ, զարգացման մրցում եւ այլն:

ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի ոգեկոչումներէն յիշարժան էին Ծիծեռնակաբերդի մէջ կազմակերպուած դրօշակի արարողութիւնը, ջահավառութիւնն ու 100-ամեակի ծառատնկումը եւ հայ մարմնակրթութեան նուիրուած ցուցահանդէսը: Ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան այժմու եւ նախկին անդամներ, միութեան հիմնադիր Շաւարշ Քրիսեանի եղբօր թոռը՝ Տքթ. Շաւարշ Քրիսեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներ՝ Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան եւ Տ. Արտաւազդ Աբեղայ Շառոյեան, 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն «կնքահայրներ»էն Հրաչ եւ Էլիզապէթ Սիսեռեան ամոլը, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ -ի ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան եւ այլ հիւրեր: Ելոյթներուն մէջ բազմիցս յիշեցուաւ 1918 թուականին ՀՄԸՄ-ը հիմնող սերունդը, անոնցմէ կարկառուն անուններ՝ Շաւարշ Քրիսեանը, Հայկ Ճոլոլեանը, Գրիգոր Յակոբեանը, Յովհաննէս Հինդլեանն ու Վահան Չերազը, որոնք հայ մարմնակրթութեան ռահվիրաները հանդիսացան եւ որբերէն արժանապատիւ ու հպարտ քաղաքացիներ կերտեցին:

Հայ մարմնակրթութեան նուիրուած ցուցահանդէսը եզակի էր իր տեսակին մէջ, որովհետեւ թանգարանի հաւաքածոյին կողքին կը ցուցադրուէր նաեւ յատկապէս Պէյրութէն, ՀՄԸՄ-ի «Վարդգէս Տէր Կարապետեան» թանգարանէն բերուած արժէքաւոր իրեր եւ պատմական փաստաթուղթեր: Ցուցահանդէսին բացումէն առաջ, կատարուեցաւ նոր լոյս տեսած «Ալպոմ ՀՄԸՄ-ի Վարդգէս Տէր Կարապետեան թանգարանի» գիրքին մակագրութիւնը: Ալպոմը կը ներկայացնէ միութեան թանգարանին աւելի քան 1200 իրերէն եւ փաստաթուղթերէն 230 նմոյշներ: Ալպոմին խմբագիրն է միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Վիգէն Աւագեան: Բոլոր ելոյթներուն մէջ շեշտուեցաւ, որ մեծ է ՀՄԸՄ-ի դերը հայապահպանութեան գործին մէջ: ՀՄԸՄ-ը ինչպէս անցեալին, այսօր ալ կը նպաստէ նորահաս սերունդի ֆիզիքական առողջ կազմաւորման եւ ազգային ու բարոյական արժէքներու ձեռքբերման: ՀՄԸՄ-ը նաեւ կամուրջ կը հանդիսանայ Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ զարգացման:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան ՀՄԸՄ-ի մասին կ՚ըսէ, որ ան երիտասարդական միակ կազմակերպութիւնն է սփիւռքի մէջ, որ ունի շուրջ 28 հազար անդամ:

Յոբելենական ձեռնարկներուն ծիրէն ներս ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Երեւանի կեդրոնատեղիի մուտքին տեղի ունեցաւ միութեան հիմնադիր եռեակի՝ Շաւարշ Քրիսեանի, Գրիգոր Յակոբեանի եւ Յովհաննէս Հինդլեանի կիսանդրիներուն բացումը՝ Վարդան եւ Սապին Գազանճեաններու նուիրատուութեամբ:

Նոյն շէնքին մէջ ուրիշ կարեւոր ձեռնարկ մը եւս տեղի ունեցաւ՝ Վարդան Բախշեանի անուան գրադարան-ընթերցասրահին բացումը, որուն ներկայ էին հերոսին մայրը՝ Այտա մայրիկը, քոյրը՝ Աննա Բախշեանը, ՀՄԸՄ-ականներ եւ այլ հրաւիրեալներ։ Սրահը, մինչ այդ, կրած է Հայաստանի մէջ ՀՄԸՄ-ի վերահիմնադիրներէն Վարդան Բախշեանի անունը, այժմ ալ գրադարանը կը կրէ անոր անունը: Գրադարանին նպատակն է, որ սկաուտները կարողանան աւելի շատ ժամանակ անցընել գրասենեակին մէջ՝ աւելի կապուիլ միութեան։

Գրադարանը ստեղծելու գործին մէջ հիմնական նուիրատուութիւնը եղած է ՀՄԸՄ-ականներէն մէկուն կողմէ, որ նաեւ եղած է Վարդան Բախշեանի մտերիմ ընկերը եւ չէ ուզած հրապարակել իր անունը։ Գրադարանի ստեղծման գործին մէջ մեծ աւանդ ունեցած է նաեւ Վարդան Բախշեանի քոյրը՝ Աննան, մեծ թիւով գիրքեր նուիրելով գրադարանին։

Արցախեան ազատամարտի հերոս, ՀՅԴ-ի անդամ, Հայաստանի մէջ սկաուտութեան վերահիմնադիրներէն Վարդան Բախշեան ծնած է 1965 թուականին՝ Արմաւիր: Միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Արմաւիր քաղաքի թիւ 2 միջնակարգ դպրոցին մէջ, որ այժմ կը կրէ իր անունը:

Ան, արցախեան հերոս ըլլալէն առաջ մտաւորական էր, պատմագէտ, նաեւ՝ բանասէր ու մանկավարժ, օսմանագէտ, արեւելեան լեզուներու, մանաւանդ պարսկերէնի ու արաբերէնի մասնագէտ, համալսարանական ասպիրանտ էր, տոքթորական աւարտաճառ պատրաստած էր, բայց չէր պաշտպանած եւ մեկնած էր Արցախ, ուր զոհուած էր 1991 թուականին: Վարդան Բախշեան յուղարկաւորուած է Եռաբլուրի պանթէոնին մէջ: Իր անունով կոչուած է նաեւ Երեւանի Պետական համալսարանի լսարաններէն մին: ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակը առիթ էր անգամ մը եւս ոգեկոչելու Վարդան Բախշեանի յիշատակը: 

ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի գլխաւոր ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան յուլիս-օգոստոս ամիսներուն, վաղը Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ-ին նուիրուած գիտաժողով մը, որուն ընթացքին գիտական հանրութիւնը կը ներկայացնէ այս կառոյցին անցած ուղին եւ կու տայ արժեւորումը անցեալ դարասկիզբին հիմնուած եւ առ այսօր գոյութիւն ունեցող համահայկական միութեան։ Երկու օր ետք՝ 26 յուլիսին, տեղի կ՚ունենայ ՀՄԸՄ-ին նուիրուած դրոշմաթուղթի կնքման արարողութիւնը:

100-ամեակի պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի կ՚ունենայ այսօր՝ Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ, նախագահութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի, հովանաւորութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։ Իսկ 28 յուլիսին Ծիծեռնակաբերդի մէջ տեղի կ՚ունենայ դրօշակի փակման արարողութիւն եւ նոյն օրը, Բիւրականի մէջ, ՀՄԸՄ-ի 11-րդ բանակումը նոյնպէս պաշտօնապէս կը փակուի:

Բոլոր այս աշխատանքներուն զուգահեռ պատրաստուած է նաեւ 100-ամեակի քայլերգ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ունեցած է ժամանակակից կայքէջ, թողարկուած են յուշանուէրներ, տպագրուած են գիրքեր եւ այլ ձեռնարկներով նշանաւորուած է ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակը:

ՅԻՇԱՐԺԱՆ ԱՆՑԵԱԼ…

Այս օրերուն Երեւանի մէջ տեղի ունեցան նաեւ այլ ճանաչողական ձեռնարկներ, որոնք ոչ միայն ՀՄԸՄ-ականներուն, այլ բոլոր հետաքրքրուողներուն կը ծանօթացնէին ՀՄԸՄ-ի պատմութիւնը: ՀՄԸՄ-ի հիմնադրումը սերտօրէն կապուած է 19-րդ դարուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ ծայր առած մարմնամարզական շարժման հետ։ Մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմը, Օսմանեան կայսրութեան տարածքին, կը գործէին բազմաթիւ մարզական ակումբներ եւ հաստատութիւններ։ Անոնցմէ էին Պոլսոյ եւ անոր շուրջը հիմնուած Սկիւտարի, Սանթրալի, Գումգաբուի, Բերայի, Սամաթիոյ, Գատըգիւղի ակումբները։ Գաւառին մէջ կը գործէին «Արամազդ» մարմնամարզական ակումբը, ինչպէս նաեւ Կարինի, Տիվրիկի, Սամսոնի, Սեբաստիոյ, Մարզուանի, Տէօրթեոլի, Իզմիրի մարզական ակումբները։

ՀՄԸՄ-ը ստեղծելու գաղափարին հեղինակը Շաւարշ Քրիսեանն է եւ հակառակ անոր որ միութիւնը հիմնադրուած է անոր մահէն երեք տարի ետք, սակայն ան կը նկատուի միութեան հիմնադիրներէն: Վերջինս բարձրաձայնած էր միութեան ստեղծման անհրաժեշտութեան մասին 1911 թուականին՝ առաջին հայկական ողիմպիական խաղերէն ետք։ 1912 թուականին նախատեսուած էր կազմակերպել համաժողով մը՝ նուիրուած ՀՄԸՄ-ի ստեղծման։ Համաժողովին օրակարգն ու հարցերը տպագրուած են «Մարմնամարզ» ամսագրին մէջ, սակայն անիկա յետաձգուած է Պալքանեան պատերազմին պատճառով։ Հիմնադիր ժողովը տեղի ունեցաւ 1918 թոուականին:

«Մարմնամարզ» թերթի ոգիով մեծցած երիտասարդներու խումբ մը հիմնեց ՀՄԸՄ-ը՝ տեսնելով Պոլիս հաւաքուած հայ գաղթականներն ու որբերը, որոնք սկսած էին հաւաքուիլ եկեղեցիներուն եւ որբանոցներուն մէջ։ Պէտք էր օգնութեան հասնիլ անոնց, մասնաւորաբար հոգ տանիլ իրենց մարմնական առողջութեան։ Անհրաժեշտ էր այդ պատանիները պատրաստել առողջ եւ ամուր նկարագրով ապագայ հայ մարդ ըլլալու։ Ժողովին յաջորդ օրը հիմնադրման մասին լուրը հրատարակուեցաւ Պոլսոյ հայկական թերթերուն մէջ, իսկ ժողովին մասնակիցները այցելեցին Պոլսոյ հայկական թաղամասեր՝ ծանօթացնելու հայ երիտասարդութեան նորաստեղծ միութեան նպատակները եւ առաքելութիւնը։ 26 սեպտեմբեր 1922 թուականին ՀՄԸՄ-ի Պոլսոյ Կեդրոնական վարչութիւնը իր վերջին նիստին ընթացքին որոշեց Թուրքիոյ տարածքին միութիւնը լուծարուած յայտարարել եւ շարունակել իր գործունէութիւնը սփիւռքի հայկական գաղթօճախներուն մէջ:

ՀՄԸՄ-ի դրօշին վրայ տեղ գտած է միութեան նշանաւոր վահանը, որ կ՚ընդգրկէ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան չորս սկզբնատառերը՝ Հ. Մ. Ը. Մ.։ Վահանին գոյները ազգային մեր դրօշին՝ եռագոյնին, գոյներն են՝ կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն։ Կարմիր եւ կապոյտ բաժինները ունին ուղղահայեաց սեւ գիծեր։

ՀՄԸՄ-ի վահանը առաջին անգամ գործածուած է ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան առաջին խաղերուն, 1919 թուական օգոստոսին։ Մարզիկները զայն կրած են իրենց տարազներու կուրծքին։

ՀՄԸՄ-ի վահանը կ՚երեւի միութեան մասնաճիւղերու դրօշներուն վրայ։

Իսկ միութեան խորհրդանիշներէն շուշանածաղիկը միջազգային սկաուտութեան նշանն է։ Շուշանածաղիկին վերի երեք թեւերը կը ներկայացնեն սկաուտական երդումին երեք գլխաւոր մասերը, անոնց վրայի երկու աստղերը՝ սկաուտին փայլուն աչքերը, որոնք միշտ արթուն են։

Շուշանածաղիկին վարի երկու կողմնակի թեւերը կը ներկայացնեն սկաուտին ժպտուն դէմքը, իսկ կեդրոնը՝ սկաուտին լեզուն, որ միշտ ճշմարիտը կը խօսի։

ՀՄԸՄ-ի դրօշակը, որ այս օրերուն տարուեցաւ ամէն տեղ, քառանկիւն է։ Ան բաժնուած է եռանկիւնաձեւ երկու մասի։ Երկուքին միացման գիծը կ՚երկարի վերի աջ կողմի անկիւնէն մինչեւ վարի ձախ կողմի անկիւնը։ Ձախ կողմի եռանկիւնը կարմիր է, իսկ աջ կողմի եռանկիւնը՝ կապոյտ։ Կեդրոնը ներկայացուած է միութեան վահանը՝ «Հ.Մ.Ը.Մ.» գրութեամբ։ Դրօշակին վերի աջ կողմի անկիւնը տեղ գտած է շուշանածաղիկը՝ փոքր չափով, իսկ վարի ձախ կողմի անկիւնը՝ 1918-ը, միութեան հիմնադրութեան թուականը։

ՀՄԸՄ-ը ունի նաեւ սկաուտական դրօշակ, որ իր չափերով եւ գոյներով կը նմանի միութեան դրօշակին, մէկ տարբերութեամբ որ կեդրոնը, փոխան վահանին, տեղ գտած է սկաուտական շուշանածաղիկը՝ մեծ չափով եւ «Բարձրացիր-բարձրացուր» գրութեամբ։

ՀՄԸՄ-ի նշանակը մտայղացումն է Ստեփան Ակայեանի։ Շրջանակաձեւ նշանակին կեդրոնը տեղ գտած են զոյգ Մասիսները, որոնց մէջէն կը ծագի արեւը։ Լեռներուն ստորոտէն եւ Արարատեան դաշտին մէջէն կը հոսի Արաքս գետը։ Շրջանակին շուրջը, արտաքին շրջանակի մը մէջ, վերի կողմը արձանագրուած է «Բարձրացիր», իսկ վարի կողմը՝ «Բարձրացուր»։ Նշանակը առաջին անգամ հրապարակուած է «Հայ սկաուտ» թերթի 1 յունուար 1920-ի թիւի կողքին վրայ, ինչ որ ենթադրել կու տայ, որ ան որդեգրուած է 1919-ի ամրան կամ աշնան։

Յատկանշական է, որ ՀՄԸՄ-ի պատմութեան մէջ մեծ դերակատարում ունեցած է միութեան մամուլը: «Հայ Սկաուտ», «Պատրաստ», «Արի», «Մարզիկ», «Հ.Մ.Ը.Մ.», «Նոր Սերունդ», «Պահակ», «Գայլիկ» եւ այլ խորագրերով պարբերականները ոչ միայն միութեան, այլեւ հայ մամուլի պատմութեան մաս կը կազմեն:

Այսօր միութիւնը զանազան երկիրներու մէջ իր լրատուամիջոցները ունի, իսկ ՀՄԸՄ-ի մամուլի առջինեկը եղած է «Մարմնամարզ»ը, որ հրատարակուած է 1911-ն մինչեւ 1914-ը՝ Շաւարշ Քրիսեանի խմբագրութեամբ, Պոլսոյ մէջ եւ կը նկատուի նաեւ Օսմանեան կայսրութեան առաջին մարզական պարբերականը:

ՎԱՀԱՆ ՉԵՐԱԶԻ ԱՐՁԱՆԸ

ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի կարեւոր ձեռնարկներէն էր երէկ Կիւմրիի մէջ Վահան Չերազի արձանին բացումը: Արձանը քանդակուած է Վահան Չերազի յայտնի լուսանկարէն, ուր ան սկաուտական տարազով է: Չերազ եղած է հայ յայտնի մարզիկ, Պոլսոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սկաուտական շարժման հիմնադիրներէն: Վահան Չերազ ծանօթ հասարակական-քաղաքական գործիչ, մտաւորական, խմբագիր եւ գրող Մինաս Չերազի եղբօրորդին էր։ Ծնած է 1886 թուականին, Պոլիս, ուսանած է Պոլսոյ եւ Փարիզի ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ եւ եղած է ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարժման հիմնադիրներէն։ Ան ֆութպոլը առաջին բերողը եղած է Օսմանեան կայսրութիւն, հիմնած է ֆութպոլի խումբեր եւ կազմակերպած՝ խաղեր: Վահան Չերազին եւ համախոհներուն համար, 1908-ին, Պոլսոյ մէջ ստեղծուած է «Տորք» հայկական մարզական ակումբը, ուր ան ֆութպոլի խումբին առաջատար խաղացողն էր: 1912-ին «Տորք» մարզական ակումբը Պոլսոյ մէջ կը կազմակերպէր լողի, թենիսի ու հեծանուավազքի մրցումներ: 1914 թուականին, երբ կը սկսի Առաջին աշխարհամարտը, Վահան Չերազ կը մեկնի Թիֆլիզ, կ՚ընդգրկուի Զօրավար Անդրանիկի կամաւորական ջոկատին մէջ եւ անոր հրամանատարութեամբ կը մասնակցի տարածքաշրջանին մէջ ընթացող մարտական գործողութիւններուն՝ ընդհուպ մինչեւ 1919 թուականը: Անդրանիկի ջոկատին կազմալուծումէն ետք Չերազ կը մեկնի Պոլիս:

Պատահական չէ, որ անոր արձանը կը դրուի Կիւմրիի մէջ, որովհետեւ 1920 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանի հրաւէրով Պոլիսէն կը տեղափոխուի Ալեքսանդրապոլ (այժմ՝ Կիւմրի), որպէսզի հայրենիքին մէջ զարգացնէ մարզական կեանքը։ Այդ ժամանակաշրջանին Կիւմրիի մէջ շատ որբեր կային:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, ի տարբերութիւն իր ընկերներէն շատերուն, կը նախընտրէ մնալ հայրենիքի մէջ, իր սկաուտներուն քով՝ արհամարհելով զինք սպառնացող վտանգը եւ հարազատներուն զգուշացումները, իսկ 1921 թուականին կը մասնակցի փետրուարեան ապստամբութեան։ Խորհրդային կարգերուն ժամանակ Վահան Չերազ Ալեքսանդրապոլի մէջ կ՚աշխատի Ամերիկեան օգնութեան կոմիտէին մէջ, կը զբաղի հայ որբերու խնամակալութեամբ, կը կազմակերպէ սկաուտական եւ մարզական մանկապատանեկան խումբեր: 1924 թուականին ան անհիմն կը մեղադրուի «լրտեսութեան մէջ յօգուտ ԱՄՆ-ի եւ Անգլիոյ», կ՚աքսորուի Սիպերիա, սակայն քանի մը ամիս վերջ ազատ կ՚արձակուի, կը վերադառնայ Խորհրդային Հայաստան եւ կրկին կը զբաղի որբերու դաստիարակութեամբ։ Հակառակ որ Վահան Չերազ շարքային դաշնակցական չէր, 1927 թուականին նման զրպարտութեամբ ան Թիֆլիզի մէջ գնդակահարուեցաւ:

Չերազի կինը՝ Վարդանոյշ Չերազ, գըն-դակահարուած է 1937 թուականին։ Վարդ-գէս Անդրէասեան՝ Վարդանոյշին եղբայրը, որդեգրած է անոնց որբ մնացած դուստը՝ Բիւրակնին։ Վախնալով հետապնդումներէն, ան փոխած է աղջկան մականունը՝ դարձնելով Անդրէասեան։ Հայագէտ Բիւրակն Անդրէասեան-Չերազ այժմ կը բնակի Երեւանի մէջ, ան յայտնի լեզուաբան, պատմաբան Ռաֆայէլ Իշխանեանի կինն է, գրող, հրապարակագիր Վահան Իշխանեանին մայրը: Բիւրակն Անդրէասեան-Չերազին թոռը՝ Յովհաննէս Իշխանեան, Վարդանոյշին եւ Չերազին մասին պատմող եւ երեք մասէ կազմուած վաւերագրական ժապաւէն մը նկարահանած է «Ընտանեկան ալպոմ»ը խորագրով:

Վահան Չերազի արձանին բացումը յիշատակի տուրք մըն էր նաեւ հայ մարմնամարզութեան հիմնադիրներէն մէկուն:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Յուլիս 24, 2018