ԵՐԲ ՏՈՒՆԴ ՀԱՐՍ ՏԱՆԻՍ…

Արան ու Անահիտը տակաւին դպրոցական տարիներէն սկսեալ սիրահարուած էին անմոռաց սիրով մը։ Իսկ զիրար ճանչնալէ տասնհինգ տարի վերջ, անոնք որոշած են սուրբ պսակով ամրագրել իրենց միութիւնը։ Հետաքրքրական է, ինչպէ՞ս հիմը դրուեցաւ այս գեղեցիկ սիրային պատմութեան։

Եւ այսպէս. Արան տասներկու տարեկան էր, երբ ծնողքը առաջին անգամ զինք Պոլիսէն ուղարկեց Հայաստան՝ մօրաքրոջ գողտրիկ առանձնատան մէջ անցընելու համար ամառնային արձակուրդը։

Երբ օդանաւը վայրէջք կատարեց հայկական հողին վրայ, խորթ ու աննկարագրելի զգացում մը պատեց դեռատի պատանիի փխրուն հոգին։ Ան՝ արցունքախառն, համր քայլերով կը յառաջանար։ Երբ ամէն անգամ ականջին կը հասնէր հայկական բառ, երբ ամէն անգամ կը տեսնէր հայատառ գրութիւն, մարմինը յուզումէն կը ցնցուէր…

Արան ճամպրուկը առաւ ու ելաւ ուղեւորներու համար նախատեսուած յատուկ ելքէն։ Խառնիխուռն բազմութեան առաջին շարքերուն մէջ ան նշմարեց մօրաքոյրը, որ տարիներ առաջ հաստատուած էր Երեւան։

-Արաս, բարի եկար հայրենիք, ըսաւ մօրաքոյրը եւ ամուր գիրկընդխառնուեցաւ մինուճար քեռորդիին։

-Բարի տեսանք Աննա մօրաքոյր։ Քեզ շատ կարօտցայ, երկար տարիներէ ի վեր չենք տեսնուիր։

-Ա՜խ հոգիս, ես նոյնպէս քեզ ու Պոլիս ձգած ընտանիքս շատ կարօտցայ։

-Մօրաքոյր, ես այլեւս որոշած եմ ապրիլ Հայաստան։ Այստեղ իմ տունն է։

-Ինչպէ՞ս, մայրիկդ լուր ունի՞։

-Տակաւին ոչ, քանզի վայրկեաններ առաջ առի այս որոշումը։

Դեռատի պատանին հաստատակամ էր իր որոշման մէջ։ Հայասէր ու հայրենասէր ծնողքը դժուարութեամբ յարմարեցաւ իրենց մինուճար որդւոյն տուած որոշման, քանզի անոնց համար անասելի դաժանութիւն էր զաւակէն հազարաւոր քիլօմեթր հեռու գտնուիլը։ Սակայն, ի վերջոյ, համակերպուեցան Արայի կամքին, կարճ ժամանակ անց՝ նոյնիսկ սկսան պանծալ իրենց որդւոյն ճիշդ կողմնորոշմամբ։

Տկար արեւմտահայերէնն ու մայրենի դարձած սահուն թրքերէնը մէկ կողմ դնելով՝ Արան բոլոր ուժերը կեդրոնացուց, որպէսզի կարճ ժամանակահատուածի մը մէջ լաւագոյնս կրնայ սերտել արեւելահայերէնը։ Ուշիմ ու նպատակասլաց պատանին՝ շնորհիւ քրտնաջան աշխատանքի, ի վերջոյ կրցաւ հասնիլ իր փափաքին։

Այլեւս սեպտեմբերի 1-ին բացուեցան Հայաստանի բոլոր կրթօճախներու դռները։ Տասնեակ հազարաւոր աշակերտներու շարքին, Արան նոյնպէս վաղ առաւօտեան՝ կրկնակի յուզումով, աճապարեց դէպի նոր կրթօճախ։ Միջնակարգի վերջին դասարանն էր։ Դասարանի ուսուցչուհիի ուղեկցութեամբ պոլսահայ պատանին հպարտութեամբ հատեց լսարանի շեմը։ Ուսուցչուհին՝ լայնարձակ, ուղղանկիւն-քառանկիւն դասարանի մէջ աւելի քան երեսուն աշակերտներուն ներկայացուց իրենց նոր դասընկերը։ Վերջիններս սիրով ողջունեցին Արան եւ շատ երջանիկ եղան իրենց շարքերը համալրելու եւս մէկով։ Այդ համակրանքը փոխադարձ էր եւ սրտաբուխ։

Ժամանակի ընթացքին Արան ու իր դասընկեր-դասընկերուհիները շատ մտերմացան։ Նոյնիսկ դպրոցը աւարտելէ ետք անոնք շարունակեցին իրենց անկեղծ ընկերութիւնը։ Յաճախ, զանազան առիթներով կը մեկտեղուէին։

Սակայն բոլոր դասարանին մէջ կար իւրայատուկ մէկը, որու քովէն Արան չկրցաւ անցնիլ անտարբեր։ Այդ առեղծուածային աղջնակը Անահիտն էր, որ առաջին հայեացքէն իր գեղեցկութեամբ, պարզութեամբ ու համեստութեամբ դիւթած էր պոլսահայ պատանին…

Համատեղ ու գեղեցիկ պատանեկութիւն ապրեցան սիրող սրտերը։ Միասին անցուցած ամէն մէկ օրը տօն ու մեծ ոգեւորութիւն էր երկուստեք։ Այժմ երկուքն ալ հասուն, համալսարանաւարտ, օրինակելի երիտասարդներ են, որոնք իրենց նոր կեանքի սկիզբը որոշած են ամրագրել սուրբ պսակով։

Գարնանային գեղեցիկ, լուսապայծառ օր մը, սիրահար զոյգին հերթական ժամադրավայրը Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարն էր։ Առհասարակ երիտասարդ զոյգը յաճախ, մասնաւորապէս շաբաթավերջերուն, կը նախընտրէր ժամադրուիլ եկեղեցւոյ մէջ. միասին կ՚աղօթէին, կը մասնակցէին Սուրբ Պատարագին, հաղորդութիւն կը ստանային… Անոնք, միասնաբար գրեթէ բոլոր եկեղեցիները այցելած են, սակայն՝ Մայր Տաճար իրենց անդրանիկ այցելութիւնն էր։ Արդարեւ, քանի մը անգամ Անահիտ փափաքած էր այցելել այս խորհրդանշական սրբավայրը, սակայն Արան տեւական կը ձգձգէր։ Պատճառը այլեւս յստակ է։

Կիրակնօրեայ պատարագէն ետք, Մայր Տաճարին մէջ Անահիտի ձեռքը բռնելով Արան ըսաւ.

-Անահիտ, ինծի հետ կ՚ամուսնանա՞ս։

Ամուսնութեան անսպասելի առաջարկը Անահիտը անակնկալի բերաւ։ Աղջիկը պահ մը շուարեցաւ։ Ուրախութենէն աչքերը տամկացան։

-Այո, կ՚ամուսնանամ, պատասխանեց ան։

Արան գրպանէն հանեց ադամանդեայ նուրբ մատանի մը եւ Անահիտի բարակ մատին անցուց։

-Զաւակներս, թող Աստուած օրհնէ ձեր միութիւնը. օրհնեալ ըլլաք։

Յանկարծ լսուեցաւ ձայնը տէր հօր, որ հոգեթով ժպիտով մը կեցած էր սիրասուն զոյգին դիմաց։ Տէր հայրը հեռուէն նշմարելով այս գեղեցիկ տեսարանը, չկրցաւ անտարբեր անցնիլ։

-Ամէն. քիչ մը ամօթխած պատասխանեցին երիտասարդները։

Այնուհետեւ, հաճելի զրոյցի ընթացքին երիտասարդները քահանային պատմեցին իրենց սիրային պատմութիւնը, նաեւ այն, որ ամուսնութենէն ետք կը պատրաստուին գործի բերումով քանի մը տարի բնակիլ Պոլիս։ Աստուծոյ սպասաւորը ողջունեց իրենց որոշումը եւ ըսաւ.

-Զաւակս, դուն ամենէն ճիշդ վայրը ընտրած ես քու սրտի դիցուհիին առաջարկելու, որ ան իր կեանքը քեզի հետ կապէ։ Արա, եթէ թոյլ կու տաս, քու սիրեցեալի ներկայութեամբ քեզի կը փափաքիմ քանի մը խորհուրդ տալ։

-Սիրով տէր հայր։

-Որդեակս, երբ տունդ հարս տանիս, չմոռնաս, թէ ինչպէս անգամ մը ընկերոջդ տունը գիշերած ատեն, խորթ մահճակալի մը վրայ քունդ փախեր էր, մինչդեռ սիրելիդ, մի ամբողջ կեանք պիտի քնանայ խորթ մահճակալի մը մէջ։

Երբ քու տունդ հարս տանիս, չմոռնաս, թէ ինչպէս զինուորութեան շրջանիդ կ՚երազէիր ճաշակել մայրիկիդ պատրաստած ուտելիքները, այլ ոչ թէ ինքզինքիդ համար պատրաստէիր եւ կամ մէկու մը պատրաստածը ըմբոշխնէիր։

Երբ տունդ հարս տանիս, չմոռնաս, թէ ինչպէս ժամանակ առ ժամանակ կը փափաքէիր ոչինչ ընել։ Ուղղակի ոչինչ ընելով մի ամբողջ օր բազմոցին թիկնած անցընել։ Իսկ ան, այդ փխրուն էակը, որ իր մայր հողէն պոկուած ծաղիկի մը կը նմանի, եթէ համարձակի մէկ ժամէ աւելի թիկնել բազմոցին ու ոչինչ ընել, ընտանիքիդ պարագաները կը սկսին գանգատիլ։

Երբ տունդ հարս տանիս, չմոռնաս, որ ընտրեալդ իրենց տունին մէջ միշտ արժանացած էր սիրոյ, ջերմութեան ու ուշադրութեան։ Եւ ան այդ ամենէն հրաժարած է յանուն քեզի։ Ան, իր ընտանիքի մէջ արժանացած ջերմութենէն բաժնուելով եկած է նոր տուն մը, ուր սիրուած ըլլալու առաջնահերթութիւնը քեզի կը պատկանի, այնուհետեւ՝ իրեն։

Երբ տունդ հարս տանիս, յիշէ, որ ան ունեցած է հայր ու եղբայր, եւ որ այդ օրուընէ սկսեալ օտարութեան մէջ դուն ես անոր թէ՛ հայրը եւ թէ եղբայրը։

Երբ տունդ հարս տանիս, չմոռնաս, որ սիրելիդ բաժնած ես իր մօրմէ, իսկ դուն երբեւէ չես կրցած ձգել քու մայրդ։

Արան խորաթափանց ականջալուր եղաւ տէր հօր ամէն մէկ պատգամին ու ըսաւ.

-Շնորհակալ եմ տէր հայր, ձեր խրատները անգին են։ Անոնք ինծի ուղեցոյց պիտի ըլլան իմ ամբողջ կեանքի ընթացքին…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 24, 2019