ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (34)

Իր մանկութեան զառիվարը կ՚իջնէր Նորան։

Ցից, ամբողջ օրը երկկողմանի ծառաշարքի օգնութեամբ գրեթէ լիակատար շուքի տակ, դիմացը քաղաքի տեսարանը բացող զառիվարը։

Վերջապէս, Երեւան գալէն ամիսներ ետք, այցելեր էր Վանաձոր, իր ծննդավայր քաղաք։ Գրեր էր իրեն Զանան գործի անցնելու մասին, եւ խնդրեր, որ յետաձգեն դասերը շաբաթով մը գոնէ, մինչեւ ժամանակացոյցը յստականար, կայունանար։ Հեռախօսային նամակը ստանալ ու կարդալէն մի քանի վայրկեան անց, Նորան չէր հասկցած ինչպէ՞ս եւ ուրկէ՞ ուր, սկսեր էր ներքին տագնապ մը ներսիդին. արդեօք սո՞ւտ ըսեր էր Զանան, պատրուա՞կ բռներ էր պարզապէս։ Եւ անմիջապէս սկսեր էր սեղմել ու նեղել ա՛յլ մեծ հարցում մը իրեն։ Ինչո՞ւ կը տագնապէր։ Սուտ էր՝ սուտ էր, յետո՞յ ինչ. եղած չեղածը դասի ընկեր մըն էր, մտածելու ի՞նչ կար, չէ՞։

Չէ։

Զառիվարը իջնելով կ՚անդրադառնար Նորան, որ մտքով կտրուած էր Վանաձորէն, չնայած քաղաքը շատ կարօտցած էր այլապէս։ Առաջին անգամ ըլլալով կ՚անդրադառնար, կամաց-կամաց, որ նախապէս ցրած իր մտքերն ու հարցումները այն մասին, թէ արդեօք Զանան միայն պարսկերէնի՞ աղբիւր էր իրեն համար, կեղծ չէին։ Չորս-հինգ անգամ իր տեսած այդ տղան, սեւ ու խիտ մազերով, դարձեր էր ոչ-սովորական, ոչ-անցողիկ մէկը իր գիտակցութեան մէջ։ Դիւրին էր դասի երթալէն առաջ ամէն անգամ զգացած իր խանդավառութիւնը վերագրել պարսկերէն լեզուի հանդէպ իր սիրուն. բայց հիմա արդէն, Զանայի հետ յարաբերութեան թերեւս վերջնական աւարտի մտքին ի տես ծագած իր ներքին ամպրոպը, ոչ մէկ ձեւով կրնար ծածկել, այլամեկնաբանել։

Հասաւ զառիվարի աւարտին։ Յիսուն մեթր աջ քալել մնացած էր միայն հասնելու համար փոքր այգին, ուր ժամադրուած էր մտերիմ ընկերուհիին հետ, զոր Երեւանէն ի վեր չէր տեսած։ Այնքան պատմելիք բան ունէր։ Ապրածները, տեսածները, Արամը, յուսախաբութիւնը... բայց ամենէն աւելի, եւ ամէն բանէ առաջ, Զանան...

ԵՐԱՄ

•շարունակելի

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2020