ՎԵՀԱՇՈՒՔ ԱՐՈՒԵՍՏԱՆՈՑ-ԿԵՑԱՎԱՅՐ

Հայաստանի մէջ բացուեցաւ ամերիկաբնակ աշխարհահռչակ արուեստագէտ Տիգրան Ձիթողցեանի մեծաշուք արուեստանոց-կեցավայրը, որ արուեստագէտը կը կառուցէր քանի մը տարիէ ի վեր։ Բացումին Նիւ-Եորքի, Եւրոպայի եւ այլ վայրերու լաւագոյն ցուցասրահները իր գործերով զարդարած հայազգի նկարիչը ըսաւ. «Երազանքներուս սթիւտիոն պատրաստ է»: Ընդամէնը ամիսներ առաջ՝ մայիս ամսուն, Տիգրան Ձիթողցեանի «Հայելիներ» շարքի նկարներէն մի քանին, «Cubeartfair» միջազգային ցուցահանդէսի ծիրէն ներս, ցուցադրուեցան Նիւ Եորքի «Թայմզ Սքուէր» հրապարակի ամենամեծ եւ քաղաքի կեդրոնական փողոցներու 100 վահանակներուն վրայ:

Նիւ Եորքը եղած է Երեւան ծնած նկարիչին մանկական երազանքներէն մէկը. ան ստեղծագործական մոլորակ մը երեւակայած է Նիւ Եորքը, որուն փողոցներուն վրայ կը յորդի արուեստը իր բոլոր դրսեւորումներով: Մանկական երազանքը իրականութիւն դարձած է. 14 տարեկանին ան Նիւ Եորքի մէջ պզտիկ ցուցահանդէսով մը ներկայացած է եւ երբ այդ ժամանակ օր մը կեցած է «Թայմզ Սքուէր» հրապարակի վիթխարի պաստառներուն առջեւ՝ զարմացած է, թէ արուեստի գործերը ի՜նչ մեծ չափերով կրնան ըլլալ: Այս տարուան մայիսին ան իր նկարները տեսած է նոյն չափերով, նոյն հրապարակին վրայ: Բայց երազանքները վերջ չունին:

Տասներկու տարիէ ի վեր Տիգրան Ձիթողցեան Նիւ Եորք կը բնակի: Այս տարուան յուլիսին երկար ժամանակով հայրենիք եկաւ՝ իր միւս երազանքը իրագործելու: Նախ Երեւանի մէջ, անոր նկարչական ձեւաւորումով, բեմադրուեցաւ գերմանա-աւստրիական ծագումով օփերայի երգահան Քրիստոֆ Քլիւկի (1714-1787) հանրայայտ «Օրփէոս եւ Էվրիտիկէ» օփերան: Բեմադրութիւնը կատարեց ֆրանսաբնակ 23-ամեայ բեմադրիչ Վռամ Կարապետեան՝ Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի մասնակցութեամբ։

Հայ տաղանդաւոր արուեստագէտները այս օփերայի բեմադրութեան շուրջ համա-խըմբած է օփերայի աշխարհահռչակ երգչուհի Յասմիկ Պապեանը: Երբ երգչուհին ստանձնեց Երեւանի Պետական երաժշտանոցի օփերայի սթիւտիոյի ղեկավարութիւնը, սթիւտիոն նոր շունչ ստացաւ եւ այս օփերայի բեմադրութեամբ մէկտեղուեցան մեր լաւագոյն արուեստագէտներուն եւ երաժշտանոցի ուսանողներուն ջանքերը:

Հայրենիքի մէջ Տիգրան Ձիթողցեանի յաջորդ նախաձեռնութիւնը եղաւ իր մեծ ու լուսաւոր արուեստանոց-ցուցասրահին բացումը՝ Կոտայքի մարզի Ձորաղբիւր գիւղին մէջ, ուր ան պիտի ապրի, ստեղծագործէ եւ այցելուներ ու նաեւ երիտասարդ ստեղծագործողներ ընդունի: Տունը էական կերպով կը տարբերի շրջապատի բոլոր տուներէն:

Ձորաղբիւրի մէջ նիւեորքեան շունչ մը ստեղծած է Տիգրան Ձիթողցեան՝ նուազական ձեւաւորումներով եւ մեծ պաստառներով հսկայ կառոյցը կը կտրէ մարդը Հայաստանէն: Արուեստանոց-կեցավայրին ձեւը այսօր աշխարհի մէջ լայն տարածում ունի: Արուեստասէրը յաճախ ցանկութիւն կ՚ունենայ նկարիչը այցելելու իր ապրած եւ ստեղծագործած միջավայրին մէջ, մտերմիկ զրոյց մը ունենալու համար անոր հետ:

Հայաստանի մէջ ալ անցեալին մեր նշանաւոր նկարիչները ունէին իրենց կեցավայր-արուեստանոցները, ուր հիւրեր կ՚ընդունէին: Բայց Տիգրան Ձիթողցեանի ստեղծած այս վայրը այդ ամէն ինչը իր մէջ ունենալով նաեւ մէկ քայլ առաջ է:

Նիւ Եորքի մէջ Տիգրան Ձիթողցեան կ՚երազէր նման երկյարկանի, շրջակայ բակով եւ կառոյցներով արուեստանոց մը ունենալ՝ բաց երկինքի տակ, կանաչութեան մէջ: Նիւ Եորքի իր ունեցածը ձեղնայարկ-սթիւտիօ մըն է՝ լոֆթ, որ քաղաքի կեդրոնը կը գտնուի, անվերջ անցուցարձին մէջտեղը: Նիւ Եորքի իր կացարանէն ալ գոհ է, այդ կացարանին մէջ է, որ ստեղծած է իր լաւագոյն գործերը: Հայաստանի մէջ պէտք է շարունակէ նոյն ոճով: Մեծ նկարներէն զատ այսօր ուրիշ չափով նկար չի կրնար նկարել, կ՚ըսէ, որ իր մտածումները եւ զգացողութիւնները ճշգրիտ են միայն մեծ կտաւներուն վրայ եւ ճիշդ այն թեքնիկով, որ ինք կը գործադրէ՝ հինն ու նորը համադրելով:

Արուեստանոցի պատին կախուած են արուեստագէտին «Ինքնամեկուսացում» շարքին նկարները, զորս ան ստեղծած է Նիւ Եորքի իր բնակարանին մէջ՝ համաճարակի ամենախիստ սահմանափակումներու օրերուն: Նկարիչը պատուհանէն կը հետեւէր ամայացած Նիւ Եորքին եւ կտաւին կը փոխանցէր այն անհամապատասխանութիւնը, որ ստեղծուած էր մարդու ազատութեան ցանկութեան եւ կոշտ սահմանափակումներուն հետեւանքով: Նկարներուն մէջ կիներ բանտարկուած տուներուն մէջ՝ եոկա կ՚ընեն կամ խենթանալու, տարօրինակ դառնալու ճամբուն են՝ աշխարհի նոր կացութաձեւին դէմ յանդիման: Տղամարդիկ ուրիշ պատուհաններէ կը դիտեն այդ ամէն ինչը՝ կրկին բանտարկուած տուներուն մէջ:

«Ինքնամեկուսացում» շարքէն զատ՝ պատերէն կախուած են նաեւ աշխատանքներ «Հայելիներ» շարքէն, շուտով քանդակներ կ՚աւելնան: Գծած է քանդակներուն նախագիծերը, զանոնք կեանքի պիտի կոչէ:

Ձիթողցեանի վրձինին պատկանող ստեղծագործութիւնները կը տարբերին գեղանկարչութեան յայտնի ժանրերէն. անոնք հեռուէն լուսանկարներ կը թուին եւ միայն շատ մօտէն դիտելով կը հասկնաս, որ իւղաներկ են, վրձինով մանրակրկիտ կատարուած, ինչպէս կ՚ըսեն՝ ոսկերչական գործի մանրամասնութեամբ: Լուսանկարի պէս իրական այս գործերը լուսանկարի պէս դիւրին չեն ստեղծուիր, մանաւանդ այս դարու լուսանկարները, որ կրնաս կատարել հեռաձայնի միջոցով, ամէն վայրկեան: Եւ առհասարակ, լուսանկարչական սարքին միջոցով անհնար է այդպիսի պատկերներ ստանալ, քանի որ այդպիսի պատկերներ չկան իրականութեան մէջ: Ձիթողցեանի գործերը մոգական աշխարհ կ՚առաջնորդեն դիտողը:

Իր ամէն մէկ գործին վրայ Ձիթողցեան կ՚աշխատի օրեր շարունակ, ամիս մը նոյնիսկ եւ մէկ տարուան ընթացքին ամենաշատը միայն տասն գործ կը ստեղծէ:

Թեքնիկ յեղափոխութիւն կատարած է նկարիչը՝ արուեստի մէջ: Նկարները ձեռք կը բերեն նշանաւոր թանգարաններն ու հաւաքորդները, բայց մինչեւ հաւաքածոներ երթալը նախ կը ցուցադրուին:

Տարիներ առաջ Տիգրան Ձիթողցեան Երեւանի մէջ ցուցադրեց իր «Հայելիներ» շարքը եւ վաճառեց այդ շարքի բոլոր նկարները, բացի մէկէն:

Այդ վերջին, չվաճառած նկարը խորհրդանշական պատմութիւն մը ունի. աչքերը ձեռքերով ծածկած, գեղեցկութիւնը պահպանած ծեր կին մըն է, որ Տիգրան Ձիթողցեանը նուիրեց Հայաստանին: Հայաստանը անոր համար ծեր, գեղեցիկ կին մըն է՝ ծանրացած անցեալով, ցաւալի յիշողութիւններով եւ կորուստներով: Ահա թէ ինչո՛ւ նկարին մէջ կինը կը փակէ աչքերը, չ՚ուզեր տեսնել իր դէմքը: Բայց այս է իրականութիւնը եւ իրականութենէն ոչ մէկ տեղ կրնաս փախչիլ:

Իր այդ խորհրդանշական նկարէն հինգ տարի ետք Տիգրան Ձիթողցեան ահա վերադարձած է այդ իրականութեան գիրկը: Նոր սկիզբ նկարիչին համար, նոր սկիզբ նաեւ՝ Հայաստանի համար, որ նաեւ արուեստով ոտքի կանգնելու կարիք ունի:

ՍԿԻԶԲՆ ՈՒ ԸՆԹԱՑՔԸ

Տիգրան Ձիթողցեան ծնած է Երեւան, 1976 թուականին: Նկարել սկսած է հինգ տարեկանին։ Տասը տարեկանին, արուեստաբան Հենրիկ Իգիթեանի առաջարկով, բացած է առաջին անհատական ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուցած է շուրջ 102 իւղաներկ նկարներ, որոնք ցուցադրուած են նաեւ Սպանիոյ, Ռուսաստանի, Ճաբոնի, Միացեալ Նահանգներու մէջ։

1993-1999 թուականներուն ուսանած է Երեւանի Պետական գեղարուեստի ակադեմիոյ մէջ, այնուհետեւ կրթութիւնը շարունակած է Զուիցերիոյ «Ecole Cantonale d՚Art du Valais»ի երդիքին տակ։ 2002 թուականին ստացած է լիսանսի աստիճան, իսկ 2005 թուականին՝ Հանրային բնագաւառի արուեստի մագիստրոսի աստիճան (MAPS)։ 2009 թուականին հաստատուած է Նիւ Եորք: «Երբ Նիւ Եորքի մէջ տասը տարի կը բնակիս եւ առաջ կ՚երթաս, այլեւս աշխարհի մէջ ոչ մէկ բանէ կը վախնաս», կը խոստովանի Ձիթողցեան:

Նիւ Եորքի մէջ ան անվերջ կը ստեղծագործէ, քիչ կը քնանայ, որովհետեւ քաղաքը իր կշռոյթով կը ստիպէ վազել, աշխատիլ, ոչ թէ քնանալ: «Այնպիսի տպաւորութիւն է, որ երբ քիչ մը երկար քնանամ, ապա ետ կը մնամ աշխարհի վազքէն», կ՚ըսէ Տիգրան Ձիթողցեան: Նիւ Եորքի մէջ ութ ժամ քնանալը արդէն իսկ շատ-շատ է ստեղծագործողի համար: Հայաստանի մէջ ժամանակը աւելի դանդաղ է, կը հանգստացնէ, բայց երկար ժամանակ պէտք է, որ մտնէ ստեղծագործական հանդերձին մէջ:

Անոր գլխաւոր մուսան կինն է՝ բնորդուհի Նատիա Քազաքովան, ունին որդի մը՝ Ալէնը։ Կինը իր գործերուն գլխաւոր հերոսն է, զայն նկարելով սկսած է այս մեծադիր նկարներու արուեստը: Այսօր ուրիշ դէմքեր տեղ կը գտնեն նկարներուն մէջ, բայց հակուած չէ անծանօթ մարդ նկարելու, պէտք է ճանչնայ մարդը, որ կարողանայ անոր հոգին եւ մարմինը միաժամանակ ի ցոյց դնել:

Բոլոր նկարներուն մէջ գեղեցիկը, առեղծուածայինն է, որ կը փնտռէ: Հաւատացած է, որ արուեստը, մարդը եւ հասարակութիւնը կատարելագործելու, յառաջ տանելու առաքելութիւն ունի, մանաւանդ այս ժամանակներուն, երբ կարծես յետընթաց կ՚ապրի մարդկութիւնը: Առհասարակ, նաեւ մարդասիրութիւնն է արուեստի գլխաւոր առաքելութիւններէն մէկը, իսկ մարդկութիւնը այսօր վատ լուրերու, ճնշումներու, հոգեբանական եւ ֆիզիքական անվերջ գրոհներու այս դարաշրջանին, ունի մարդասիրութեան կարիքը: Տիգրան Ձիթողցեանի արուեստանոցի պատուհանէն մենք տեսանք դուրս յորդող այդ սէրը:

Արուեստանոցը այցելուներուն առջեւ իր դռները կը բանայ օգոստոսի 28-ին: Նիւ Եորքի փառքով ողողուած նկարիչը ինքզինք պիտի փորձէ այլ լոյսի ներքոյ վերագնտել Ձորաղբիւրի հովուերգական միջավայրին մէջ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Օգոստոս 24, 2021