«ԲԱՐԻՔ ԸՐԷ ԵՒ ԾՈՎԸ ԹԱՓԷ»

Ծովը անհուն, անծայրածիր եւ խորունկ է։ Երբ բարիք ընես եւ ծովը թափես, այդ անսահմանութեան ու խորութեան մէջ ըրած բարիքդ օր մը կը վերադառնա՞յ քեզի կամ արդեօք կը կորսուի՞։ Անշահախնդրութեամբ կատարուած բարիքը անպայման կը վերադառնայ, եթէ նոյնիսկ չվերադառնայ, Աստուած կը վարձատրէ քեզ։ Սակայն բարիքդ ծովը թափելը անիմաստ կը դառնայ, երբ այդ բոլորը շահադիտական մօտեցումով, կեղծպարիշտութեամբ եւ ակնկալիքով կը կատարես։

Կատարուած ամենափոքր բարիքն անգամ կը ծլարձակի։ Վստա՛հ եղիր։ Այդ ծիլերը բարի կամեցողութենէդ դրսեւորուած արարքներն են, որոնք աւազոտ կամ մացառուտ քառասիրտ «ժայռ»երու վրայ անգամ կրնան ցանուիլ, փթթիլ եւ նոյնիսկ բարութեան պտուղներ տալ։ Պտուղները՝ սէր, իրերօգնութիւն, մարդասիրութիւն, աղքատասիրութիւն եւ գթասրտութիւն կոչուած բալասաներն են, որոնք աշխարհի թշուառութիւնները, դժբախտութիւններն ու ցաւերը կը մեղմեն։ Եթէ չըլլար մարդուն ներսիդին բարիին նախանձաւոր ըլլալու ձգտումը՝ աշխարհը վշտի ու սուգի մշտական հովիտ մը կը դառնար։

Երբ պահ մը խորահայեաց ու խորազնին կերպով նայինք մարդկային մեր կեանքին, վստահաբար այնտեղ պիտի տեսնենք, թէ մարդկային բնութեան մէջ գետին մը ունի բարեգործութիւնը։ Անհատի հոգիին պահանջն ու մարմաջն է բարիք ընելը, ինչպէս ներքին բնազդական օրէնք է կեանքի սէրը։ Եթէ հարցնես բարիք գործողներուն, թէ ինչո՞ւ իրենց չճանչցած մարդոց բարիք կը գործեն, արտաքին պատճառաբանութիւն մը պիտի ըլլար պատասխանը։ Բուն պատասխանը, որ բարիք ընողին իսկ անծանօթ է, այն է՝ թէ մարդիկ այդ արարքով ներքին սփոփանք մը կը գտնեն։ Այնպէս ինչպէս նուագ կամ նկար սիրող մը իր հոգւոյն գոհացումն ու յագեցումը կը գտնէ գեղարուեստի վսեմ վայելքներուն մէջ, նոյնպէս ալ բարութեամբ գեղեցկացած հոգի մը՝ հաճոյք կը գտնէ իր բնութեան հետ հաշտ այդ սիրոյ մէջ։ 

Բաշխուած կեանքը, կեանքէդ «մասնիկ» մը ուրիշին յատկացնելը, կեանքդ բարեգործութիւններով գունաւորելը, «ես»ի փոխարէն «մենք» գաղափարաբանութեամբ գործելը, բարիին պաշտպան ըլլալը եւ բարութեամբ ապրիլը մեծ զոհողութիւն մը չեն պահանջեր քեզմէ։ Սակայն բարիք գործելէ առաջ, պէտք է գիտնաս թէ ի՞նչ է բարին եւ ապա բարիք գործես։ Կան մարդիկ, որոնք պաշտպան կ՚ըլլան բարիին եւ կ՚ուզեն բարին մտածել ու գործել։ Ոմանք ի ներքուստ փափկասիրտ, գթոտ եւ բարի կ՚ըլլան, բայց իրենց լեզուէն այնպէս կը կարծուի, թէ իսկապէս կարծրասիրտ, անողորմ, անգութ սրտի տէր մարդիկ են, սակայն իսկութեան մէջ ազնուասիրտ ու բարի են։ Կա՛ն նաեւ այնպիսիներ, որոնք կը զգան բարին, բարին կը խօսին եւ հեզահամբոյր ու պարկեշտ կ՚երեւին, բայց անօգուտ մարդիկ են եւ բարին գործել իսկ չեն գիտեր։ Նմանատիպ մարդիկ կը նմանին այն տերեւներուն, որոնք օրն ի բուն կը շարժին, բայց նոյն տեղը կը մնան։ Կը տատանին՝ բայց չեն տեղափոխուիր, կը շարժին, սակայն տեղաշարժ չեն ունենար։ Սիրելի՛ բարեկամ, բարին փափաքիլ՝ բարին գործել չի նշանակեր։ Փափաքիլը գործել չէ, որովհետեւ փափաքիլը կամենալ չի նշանակեր. մինչդեռ գործելը՝ կամենալ է։ Կը փափաքիս բարին, բայց միջոցները դժուար տեսնելով՝ չես ուզեր գործել։ Այնպիսին կը նմանի ամուլ ամպերուն, որոնք կու գան, կ՚երեւին երկնքի կապուտակ կամարին վրայ եւ ընդհուպ կ՚անհետանան՝ առանց անձրեւի քանի մը շիթեր կաթկթելու։ Մինչդեռ երբ կը կամիս բարին, երբ նախանձաւոր ես բարիին, միջոցները ո՛րքան ալ դժուար ըլլան՝ կրնաս իրագործել եւ կեանքի կոչել զայն։

Եսասէրներն անգամ «մեծ» բարիքներ կը գործեն, հրապարակներու վրայ, հեռուստացոյցներով իրենց «բարի» կամեցողութիւնը ցոյց կու տան՝ իրենց անուան կողքին «բարերար», «բարի», «աղքատասէր» անունը ձեռք ձգելու համար։ Նմանօրինակ մարդիկ եսամոլ-«բարերար»ներ են, որոնք իրենց մէջ դրուած ընդոծին բարութիւնն իսկ մէկդի թողած, նիւթապաշտ, աշխարհամոլ են դարձած եւ բուռն կերպով կառչած են նիւթական բարիքներու, զգայարանական գետնաքարշ հաճոյքներու եւ հոգեքանդ մոլութեան՝ գոռոզութեան։ Գոռոզամիտը միայն ինքզի՛նք կը ճանչնայ, միայն իր անձը կը սիրէ, իր եսն ու շահը, փառքն ու պատիւը կը փնտռէ։ Պատիւը, արժանապատուութիւնը «բարեգործութիւն» անուան տակ ձեռք չի՛ բերուիր։ Եթէ նոյնիսկ այդպիսի պատիր «պատիւ»ի արժանանաս, գիտցիր այդ «անպատուութիւն» է, որովհետեւ ուրիշը խաբելով, նմանակիցիդ հաշիւը ուտելով եւ «բարիք» գործելով, բարիքը բարիք չի՛ կրնար կոչուիլ։

Ո՛ր կողմն ալ որ դառնաս, պիտի տեսնես նիւթապաշտութեան եւ ընչասիրութեան երեւոյթներ. դրամ, դրամատուն, շահ, շահարկում, տոկոս, դրամանիշ, բաժնեթուղթ, վաճառք, գնում, գործառնութիւն….։ Բայց երբեք մտածա՞ծ ես, թէ աշխարհը ո՞ր ուղղութեամբ կ՚ընթանայ. դէպի վերե՞լք կամ դէպի անդո՞ւնդ։ Այս պատերազմները ինչ բանի՞ ազդանշաններն են։ Ինչո՞ւ գերպետութիւններ անհիմն պատճառաբանութեանց ու իրենց շահերուն համար անմեղ արիւն թափեն եւ ապա «մարդասիրական» օգնութիւններ կ՚ուղարկեն տուեալ երկրին։ Ինչո՞ւ ընկերը պիտի դաւաճանէ իր ընկերոջ՝ ձեռքի կեղտ համարուող դրամին պատճառով։ Ինչո՞ւ համար յիմարը տեղ պիտի հասնի իր պնակալէզութեան եւ կեղծաւորութեան շնորհիւ, մինչդեռ անկեղծ ու խելացի անհատը պիտի անարգուի ու դժբախտ կեանք մը պիտի ապրի, որովհետեւ ճշմարիտին կողմնակից եւ արդարամիտ է։ Ինչո՞ւ համար մարդիկ նիւթապաշտ ու դրամասէր դարձած են եւ մարդիկը իրենց ունեցած դրամական կարողութեամբ միայն կը դիտարկեն։ Ինչո՞ւ առանց շահախնդրութեան բարիք չեն գործեր եւ եթէ գործեն՝ կ՚ուզեն թմբուկներով ի լուր աշխարհի լսելի դարձնել…։

Քրիստոնէական բարոյականը հիմնուած է Քրիստոսի ուսուցողութեան, վարդապետութեան եւ Իր կեանքի օրինակներուն վրայ։ Քրիստոս Իր երկրաւոր տնօրինական կեանքը ապրեցաւ բարեգործութիւններով։ Այս մասին կենդանի վկայութիւններ չե՞ն միթէ Քրիստոսի կատարած բոլոր բժշկութիւնները եւ արտասանած կարեկից արտայայտութիւնները։ Բարեգործութիւնը քրիստոնէական սիրոյ գործնական արտայայտութիւնն իսկ է։ Այրի կնոջ լումայի, Բարի Սամարացիի առակներէն բխող ոգի՛ն է, որ պիտի փթթէր ու ծաղկէր առաքեալներու շրջանին իսկ ու դարերով ներշնչէր համակ մարդկութիւնը։ Պօղոս առաքեալ ինք եւս երախտագիտութեամբ կը յիշէ, թէ սովի ժամանակ Եկեղեցիներէն ոմանք հանգանակութիւններով օգնեցին ուրիշներու, եւ բարեգործութեան յորդորները կը կնքէ Քրիստոսի՝ աւետարանիչներու կողմէ չյիշուած մէկ խօսքովը, թէ «Աւելի երջանկաբեր է տալը, քան առնելը» (Գրծ 20.35)։

Ճշմարիտ քրիստոնեան պէտք է բարիք գործէ միայն բարիին համար, առանց որեւէ անձնական, եսապաշտական եւ շահադիտական մօտեցումներու։ Քրիստոնէական բարոյականն է, որ բարեգործութեան եւ գթութեան պատուէրը կու տայ առաջին առթիւ իր այս անզուգական պատգամով. «Ինչ որ կ՚ուզէք որ մարդիկ ընեն ձեզի, նոյնը դուք ըրէք անոնց» (Մտ 7.12)։ Քրիստոնեան բարիք պէտք է գործէ առա՛նց երախտագիտութիւն կամ շնորհակալութիւն ակնկալելու։ Արեգակը չի սպասեր, որ մարդիկ իր լոյսն ու ջերմութիւնը խնդրեն եւ իրեն շնորհակալութիւն յայտնեն, այլ ան շարունակ կը լուսաւորէ ու կը ջերմացնէ։ Նոյնպէս ալ մենք պէտք է անտեսուածներուն, թշուառներուն եւ չքաւորներուն օգնութեան ձեռք երկարենք՝ առանց սպասելու անոնց խնդրանքին կամ շնորհակալութեան։ Պօղոս առաքեալ Փիլիպպեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ կը յորդորդէ նորադարձ քրիստոնեաները՝ ըսելով. «Մի՛ ընէք որեւէ բան որ հակառակասիրութենէ կամ փառասիրութենէ մղուած ըլլայ, այլ՝ խոնարհ հոգիով՝ ձեր ընկերները աւելի լաւ համարեցէք քան դուք ձեզ։ Միայն դուք ձեզ մի՛ մտածէք, այլ նաեւ ձեր ընկերոջ մասին» (Փլպ 2.3)։ Իսկ Քրիստոս ողորմութեան եւ բարիք գործելու մասին կ՚ըսէ. «Երբ ողորմութիւն կ՚ուզես տալ, փող ու թմբուկով մի՛ ըներ՝ մարդոց ուշադրութիւնը գրաւելու համար, ինչպէս կեղծաւորները կ՚ընեն ժողովարաններու մէջ եւ հրապարակներու վրայ՝ մարդոցմէ փառաւորուելու ակնկալութեամբ։ Վստա՛հ եղէք, միայն ատիկա է իրենց վարձատրութիւնը։ Ընդհակառակը, երբ դուն ողորմութիւն կու տաս, ձախ ձեռքդ թող չգիտնա՛յ թէ ինչ կ՚ընէ աջ ձեռքդ» (Մտ 6.2-3)։

Փոքրիկ աղջիկը ձեռքին մէջ դրամները ամուր բռնած խաղալիքներուն կը նայէր։ Հագած հագուստներէն արդէն իսկ կ՚երեւէր, որ հարուստ ընտանիքի զաւակ էր։ Յանկարծ կանգ կ՚առնէ։ Գեղեցիկ դէմքով եւ մետաքսեայ, թաւշեայ հագուստով պուպրիկ մըն էր տեսածը։ Հօրը կը դառնայ, պուպրիկը ցոյց կու տայ եւ կը հարցնէ. «Ունեցած գումարս բաւարա՞ր է»։ Հայրը գլուխով «այո» կ՚ըսէ։ Փոքրիկը պուպրիկը կը գրկէ եւ դրամարկղ կ՚ուղղուի՝ գումարը վճարելու համար։

Ճիշդ նոյն վայրկեանին, իրեն պէս, հօրը հետ գնումի եկող փոքրիկ տղայ մը կը տեսնէ։ Տղան կարճ եւ հին տաբատ մը հագուած էր։ Ձեռքը քանի մը տոլար կար։ Կը սկսի խաղալիքները ուշադրութեամբ քննել։ Իր սիրած խաղալիքը կը տեսնէ եւ ուրախութենէն կը պոռայ. «Ահա՛, ա՛յս է ուզածս, պապա՛»։ Ափը կը բանայ եւ իր հօր հարց կու տայ. «Բաւարա՞ր է»։ Հայրը գինին նայելով՝ «ոչ» կ՚ըսէ։ Փոքրիկ աղջիկը ափին մէջի դրամին կը նայի եւ խաղալիքը տեղը կը դնէ։ Հօրը ձեռքը կը բռնէ եւ անկիւնը գտնուող մանկական գրքերու բաժին կ՚ուղղուի։

Հարուստ ընտանիքի փոքրիկ աղջիկը գրկած պուպրիկին կը նայի, ապա աղքատ տղուն ընտրած խաղալիքին։ Պուպրիկը տեղը կը դնէ եւ տղուն ընտրած տուփը կ՚առնէ։ «Բաւարար դրամ ունի՞ս հայրիկ», դարձեալ կը հարցնէ։ Հայրը «այո» կը պատասխանէ։ Աղջիկը եւ հայրը դրամարկղ կ՚ուղղուին, աղքատ տղուն ընտրած խաղալիքին գինը կը վճարեն եւ անկիւնի մը վրայ կը կանգնին։

Քիչ ետք փոքր տղան եւ հայրը դրամարկղ կը մօտենան՝ իրենց ընտրած ներկի տետրակի սակագինը վճարելու համար։ Գանձողը կ՚ըսէ. «Կը շնորհաւորեմ ձեզ։ Այսօրուան առաջին յաճախորդը ըլլալով՝ նուէր մը շահեցաք»։ Եւ տուփը տղուն կու տայ։ Աղքատ տղեկը տուփը տեսնելով՝ կ՚ըսէ. «Հայրիկ, այս իմ նախասիրած խաղալիքս էր, գիտե՞ս»։ Հայրն ու տղան ուրախութեամբ դուրս կ՚ելլեն եւ տան ճամբան կը բռնեն։

Այս բարեգործութիւնը կատարող հայրն ու աղջիկը տակաւին խանութի մէջն էին։ Հայրը ապշահար աղջիկին նայելով՝ հարց կու տայ. «Որքան առատաձեռն ես, աղջիկս։ Ի՞նչն էր պատճառը, որ այս որոշումը առիր»։ «Հայրի՛կ, երբ մօրս հետ ինծի այս դրամը տուիք, ըսիք, որ ինծի ամենաշատ ուրախութիւն պատճառող բանը առնեմ։ Չէ՞»։ «Անշուշտ այդպէս ըսինք, անուշիկս», կը պատասխանէ հայրը։ «Ես ալ ձեր խօսքը լսելով՝ ճիշդ ատիկա ըրի։ Հիմա գիտե՞ս, թէ որքա՜ն ուրախ եմ...»։

Սիրելի՛ ընթերցող, մահէդ ետք Աստուած քեզի պիտի չհարցնէ, թէ դրամատան հաշիւդ ո՞րքան էր, ոչ ալ անձնական նախասիրութիւններուդ մասին հարցում պիտի ուղղէ քեզի, այլ պիտի հարցնէ, թէ ինչպէ՞ս վարուեցար մարդոց հետ, մանաւանդ երբ անոնք կարիքի մէջ էին։ Աստուած պիտի չհարցնէ, թէ ի՞նչ էր մորթիդ գոյնը, սպիտակամորթ էիր կամ սեւամորթ, բայց պիտի հարցնէ, թէ ինչպիսի՞ նկարագիր ունէիր։ Աստուած պիտի չհարցնէ, թէ որքա՛ն բարեգործութիւն գործեցիր, այլ պիտի հարցնէ ի՞նչ ոգիով եւ սիրով կատարեցիր զանոնք. ակնկալի՞ք մը ունէիր, հռչակաւոր դառնալու մարմա՞ջ ունէիր, ցանկութիւնը ունէի՞ր, որ ամէնուրեք քու մասիդ խօսուէր…։ Եթէ այդ մտադրութեամբ է, որ կ՚ապրիս ու կը շարժիս, ապա կը նշանակէ մարդաբար ապրելու եւ գործելու գաղափարէն ամբողջապէս շեղուած ես։ Ակնկալիքով կատարուած ամենամեծ բարիքն անգամ ո՛չ մէկ արժէք ունի։ Աւազի հատիկը շատ աւելի արժէք ունի, քան այդ շահամոլութեամբ եւ կեղծաւորութեամբ կատարուած «բարիք»ը։

Անգլիական առածը կ՚ըսէ. «Բարեգործութիւնը քեզ չ՚աղքատացներ, գողութիւնը քեզ չի հարստացներ, իսկ հարստութիւնը քեզ իմաստուն չի դարձներ»։ Բարիք գործէ, որ հոգեպէս հարստանաս եւ ներքին գոհունակութիւն մը ապրիս։ Մշտապէս հասիր տապալած ընկերոջդ օգնութեան, ինչպէս պիտի հասնէիր մէկ հատիկ զաւակիդ, որ խեղդամահ ըլլալու վտանգին ենթակայ է։ Ձեռք կարկառէ թշուառին ու կեղեքեալին, ինչպէս եթէ տղմոտ հորի մը մէջ ինկած ըլլայիր, պիտի ուզէիր ուժեղ ձեռքեր։ Քու անձդ ընկերոջդ համար նուիրաբերէ, զոհուէ իրեն համար եւ ապա կատարած բարիքդ ծովը թափէ։ Օր պիտի գայ, դուն ալ դժուարութեան պիտի հանդիպիս։ Եւ հաւատայ, որ ծով թափած բարիքներուդ պատասխանը «մետասաներորդ» ժամուն եւ չսպասած մէկ պահուդ պիտի քաղես։ Տակաւին ուշ չէ, բարի՛ք գործէ։

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 24, 2018