ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ տեղի ունեցած հայ մամուլի գիտաժողովի նիւթերու կարգին յատկանշական էին մանաւանդ արեւմտահայ հրապարակախօսներուն եւ գրողներուն անդրադարձող ելոյթները, այն առումով, որ հայրենի երիտասարդ հետազօտողները սկսած են զբաղիլ արեւմտահայ գրական անդաստանի ուսումնասիրութեամբ: Հետաքրքրական ու թարմ է նոր սերունդի հետազօտողներուն հայեացքը դէպի արեւմտահայ գրականութիւն…

Այս գիտաժողովին անոնք յատկապէս քննած էին արեւմտահայ գրականութեան ծաղկումը մամուլի էջերուն մէջ կամ արեւմտահայ գրողներուն գրականէն զատ նաեւ հրապարակախօսական եւ այլ գրութիւնները:

Իսկ արեւմտահայ մամուլը երբեք գրողներու, հրապարակախօսներու պակաս չէ ունեցած. մանաւանդ անցեալ դարասկիզբին մամուլի շուրջ համախմբուած եղած են մեր մտաւորականութեան լաւագոյն անունները: Անոնք երբեմն իրենց գրական նախաքայլերուն մամուլով սկսած են, մամուլի միջոցով ճանաչելի դարձած եւ յետագային անոնցմէ շատեր թերթ խմբագրած են կամ եղած՝ խմբագրակազմի անդամ:

Արեւմտահայ մամուլը կայանալու մեծ հնարաւորութիւններ տուած է արեւմտահայ գրողներուն: Անոնցմէ ոմանց որոշ գիրքերը տպագրուած են մամուլի մէջ ցրուած իրենց գրութիւնները մէկտեղելով:

Արեւմտահայ գրողն ու անոր ստեղծածը արժեւորելու տեսանկիւնէն Հայ մամուլի գիտաժողովին ընթացքին հետաքրքրական ելոյթ մը ունեցաւ Երեւանի Պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժնի ակադեմիկոս Հրանդ Թամրազեանի անուան Հայ գրականութեան պատմութեան ամպիոնի հայցորդ Թամարա Անդրէասեան: Ան ուսումնասիրութիւն մը պատրաստած էր պոլսահայ նշանաւոր նորավիպագիր, հրապարակագիր Լեւոն Բաշալեանի մասին՝ յիշեցնելով, որ Լեւոն Բաշալեանի մուտքը գրական ասպարէզ զուգահեռած է 1880-ական թուականներուն արեւմտահայ մտաւոր կեանքէն ներս նոր գաղափարներու, կենսական ճշմարտութիւն արտայայտող իրապաշտական գրականութեան համար ընթացող պայքարին հետ:

Թամարա Անդրէասեան նկատի առած է, որ Լեւոն Բաշալեանի գրական հրապարակախօսական գործունէութեան նուիրուած կայ մի քանի ուսումնասիրութիւն, որոնք ցոյց կու տան մանաւանդ Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած երեք օրաթերթերու («Արեւելք», «Մասիս», «Հայրենիք») եւ Լոնտոն հրատարակուած «Նոր Կեանք»ի էջերուն մէջ Բաշալեանի հեղինակած գեղարուեստական գործերն ու հրապարակախօսական յօդուածները, բայց Անդրէասեան պարզած է, որ Լեւոն Բաշալեանի խմբագրութեամբ Փարիզի մէջ 1928-1932 թուականներուն լոյս տեսած «Լը Ֆուայէ» («Օճախ») ֆրանսերէն-հայերէն երկշաբաթաթերթին մէջ տեղ գտած նիւթերը դուրս մնացած են գրականագէտներու ուսումնասիրութեան շրջանակներէն:

Ահաւասիկ Թամարա Անդրէասեան մամուլի գիտաժողովին պատշաճող նիւթ ընտրած է «Լը Ֆուայէ» շաբաթաթերթին մէջ Բաշալեանի հեղինակած նիւթերը, որոնք հանգամանօրէն ուսումնասիրած է: Ըստ Թամարա Անդրէասեանի, նշուած շաբաթաթերթի էջերուն մէջ կը բացակային Բաշալեանի գրիչին պատկանող գեղարուեստական գործերը, սակայն ուսումնասիրողը պարզած է, որ գրողը ժամանակի քաղաքական ու հասարակական կեանքը լուսաբանող, հայ գրական կեանքէն ներս տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն ժամանակ առ ժամանակ անդրադարձող կարգ մը յօդուածներ հեղինակած է այնտեղ: Իսկ թէ ինչո՛ւ շաբաթաթերթին մէջ հրատարակուած Բաշալեանի նիւթերը գրականութենէն քիչ թէ շատ հեռու էին, Անդրէասեան այսպէս կը մեկնաբանէ.

«Գրեթէ չորս տասնամեակ անցած էր արեւմտահայ իրապաշտական շարժումէն, գրականութիւն մուտք գործած էին նոր գրական ուղղութիւններ, հոսանքներ, որոնք բաւական հեռու էին Բաշալեանի նախընտրած գրելաձեւէն: Գրողին ճանչցած անխառն իրապաշտութիւնը այլեւս չկար: Սակայն ան կը շարունակէր գրականութեան գեղագիտական դրոյթներուն մօտենալ արեւմտահայ ութսունականներու դիրքորոշումներէն»:

Շաբաթաթերթին մէջ, ըստ Անդրէասեանի դիտարկումներուն, Լեւոն Բաշալեան կ՚անդրադառնայ նաեւ հայկական գաղթօճախներուն եւ Թուրքիոյ մէջ հայոց լեզուի պահպանման հարցերուն՝ օտարութեան մէջ հայապահպանման ամենակարեւոր գործօնը վերագրելով մշակոյթին: Անդրէասեան այս առումով կը մատնանշէ մանաւանդ Բաշալեանի «Հայ մշակոյթը» յօդուածը, որուն մէջ գրողը կը նկատէ, թէ մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը մէկ անգամ ձեռք ձգելով, պէտք չէ կարծել, որ անոնք կը տրուին «մշտնջենական կերպով», ան քաղաքակրթութեան ու մշակոյթի պահպանման ամենակարեւոր գործօնը կը սեպէ կրթութիւնը եւ ատոր մէջ կ՚անջատէ լեզուին դերը։ «Արդ, մեր մշակոյթին ամենէն գլխաւոր արտայայտութիւնը մեր լեզուն է, եւ կոյր պէտք է ըլլալ չտեսնելու համար, թէ այն լեզուն՝ որով այսօր մեր լրագրութիւնը եւ գրականութիւնը կ՚արտայայտուին Թուրքիոյ եւ գաղութներուն մէջ, քիչ-քիչ հեռանալու վրայ է այն կատարելութենէն, որուն հասած էր մեր վերջին կէս դարու ջանքերուն շնորհիւ», Բաշալեանի յօդուածէն կը մէջբերէ Անդրէասեան:

Ինչպէս կը նկատէ Թամարա Անդրէասեան, «Լը Ֆուայէ»ի մէջ Լեւոն Բաշալեանի խօսքը չունէր «Մասիս»ի, «Հայրենիք»ի, «Նոր Կեանք»ի էջերէն ծանօթ ուժն ու ամրութիւնը։ «Փաստօրէն երկարամեայ գրական ամլութիւնը իր գործը կատարած է: Սակայն գրող-հրապարակախօսին գրական վերջին հանգրուանը կարելի չէ անարդիւնաւէտ նկատել, որովհետեւ ժամանակ առ ժամանակ ան արձագանգած է հայ գրականութեան մէջ նկատուող զարգացումներուն, իրեն յատուկ գրական խղճմտանքով փորձած է արժեւորել հրատարակուող նոր գեղարուեստական գործերն ու անոնց հեղինակները, ճշմարտապէս լուսաբանած է Ֆրանսայի գաղութահայութեան կեանքը` անդրադառնալով օտարութեան մէջ յայտնուած հայ մարդուն առջեւ ծառացող տարաբնոյթ խնդիրներուն», կ՚եզրակացնէ Թամարա Անդրէասեան:

ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ ԵՒ «ՄԱՍԻՍ»

Գիտաժողովի յատկանշական նիւթերէն մէկը նոյնպէս կը վերաբերէր արեւմտահայ իրականութեան, որ Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան Մանկավարժական համալսարանի հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան եւ անոր դասաւանդման մեթոտիկայի ամպիոնի հայցորդ Աննա Սարգսեանի ելոյթն էր: Ան պատմեց դարասկիզբի «Մասիս»ի էջերուն մէջ պոլսահայ գրագիտուհի Զապէլ Եսայեանի ներկայութեան մասին:

Աննա Սարգսեան կը մատնանշէ, որ իր ուսուցիչին՝ Արշակ Չօպանեանին լուսաւոր գաղափարները կրող Զապէլ Եսայեան երբ կ՚որոշէ Ֆրանսա երթալ (1895) եւ արդիական ուսում ստանալ, հոնկէ 1902 թուականին Պոլիս կը վերադառնայ նոր գաղափարներով եւ մեծ յոյսերով ու անմիջապէս կը խառնուի տեղւոյն գրական կեանքին՝ կը ստորագրէ զանազան պարբերականներու, այդ կարգին՝ «Մասիս» շաբաթաթերթին մէջ:

Ըստ Աննա Սարգսեանին, Զապէլ Եսայեանի՝ «Մասիս»ի էջերուն մէջ տպագրուած յօդուածները ոչ միայն կ՚ուղենշեն գրողին նախասիրութիւնները, այլ նաեւ ցոյց կու տան այն միջավայրը, որուն պիտի բախէր գրողը, որն ալ դառնալու էր իր յետագայ գրական արտադրանքին թեմաթիք գաղափարական հիմքը: Զատելով եւ ուսումնասիրելով Զապէլ Եսայեանի՝ «Մասիս»ին մէջ տպագրուած յօդուածները եւ գեղարուեստական գործերը ու բացայայտելով գրողին նախասիրութիւնները, Աննա Սարգսեան միաժամանակ լուսարձակի տակ առած է նոյն տարիներուն գրական շրջանակներէն ներս տիրող տրամադրութիւններն ու հայ մտաւորականներուն՝ ազգի հոգեւոր եւ ֆիզիքական զարգացման ուղղուած քայլերուն ընթացքը: Աննա Սարգսեան կը նկատէ, որ «Մասիս»ի էջերուն մէջ տպագրուած են Զապէլ Եսայեանի գեղարուեստական գործերը («Ախտաւոր հոգիներ», «Կեանքի պատկերներ» խորագրին ներքոյ «Ապուշը», «Խաբող նայուածքը (Փարիզեան կեանքէ)» նորավէպերը, «Զաւակս», «Նաւակը» արձակ բանաստեղծութիւնները Լեւոն Քիրիշճեանի թարգմանութեամբ, «Մոլորումը» պատմուածքը եւ այլն), յօդուածները («Մտաւոր աշխատութիւնը», «Տիկին Արուսեակ», «Բանդուններուն Բանդունը», «Մեր վարժուհիները», «Էջ մը Պալզաքի կեանքէն», «Օրագրող եւ գրագէտ», «Նորեկները», «Վէպերը գրականութեան մէջ», «Մտաւորականներու չքաւորութեան հարցը» եւ այլն) եւ «Բառերու երաժշտութիւն մը» թարգմանութիւնը:

Սարգսեան կը նկատէ, որ ամբողջականութեան մէջ այնտեղ գերիշխող է մտաւորականութեան վերաբերող հարցերը: Աննա Սարգսեան կ՚անդրադառնայ նաեւ 1903 թուականին Եսայեանի «Մասիս»ի էջերուն մէջ լոյս տեսած «Մտաւոր աշխատութիւնը» յօդուածին, որուն մէջ հեղինակը կը քննէ կարգ մը մտաւորականներու ստեղծագործական հմտութիւններուն բացայայտման բարդ ճանապարհը: Ըստ Աննա Սարգսեանին, այս յօդուածը յոյժ կարեւոր է Զապէլ Եսայեանի ստեղծագործական որոնումներու ճանապարհը ամբողջականացնելու դիտանկիւնէն:

Միեւնոյն ժամանակ Աննա Սարգսեան նկատած է, որ Զապէլ Եսայեանի հրապարակախօսական յօդուածներուն մէջ ուշադրութեան կեդրոնին յաճախ կը յայտնուէր արեւմտահայ մտաւորականութիւնը իր խնդիրներով եւ ձեռքբերումներով: Սարգսեան լոյսի տակ կ՚առնէ «Մասիս»ի 10-րդ թիւին մէջ տպագրուած «Տիկին Արուսեակ» յօդուածը։ «Պոլիս վերադարձած Եսայեանի վրայ խոր ազդեցութիւն ձգած էր հասարակութեան կողմէ անտեսուած հայ դերասանուհիին՝ Արուսեակ Փափազեանին կեանքին ընթացքը: Հեղինակը ցաւով կը ներկայացնէր «անիրաւուած արուեստագէտ»ին ամէն մարդու կողմէ անտեսուած ըլլալուն, անցորդներուն ու դրացիներուն անգութ ու վիրաւորական գթութեան արժանացած կեանքը, որ դժոխային է մտաւորականին համար», կը մեկնաբանէ Աննա Սարգսեան, աւելցնելով նաեւ Եսայեանին դիտարկումները յօդուածի աւարտին. «Երբ մեր հասարակական կեանքով ապրողներուն-արուեստագէտներուն, գրագէտներուն շարքը կ՚անցնի մտքէս, տխրութեամբ կը խորհիմ, թէ մեզմէ ո՞վ նաեւ առանց սարսուռի եւ անխռով կրնայ ճակատել այդ քստմնելի մղձաւանջը»:

Երիտասարդ հետազօտողը կանգ առած է Եսայեանի մէկ ուրիշ յօդուածին վրայ, տպուած «Մասիս»ի 1903 թուականի թիւ 32-ին մէջ, ուր, անոր դիտարկմամբ, Եսայեան կը մատնանշէ հասարակութեան յետադիմական ըմբռնումները ուսուցչուհիներուն գործունէութեան հանդէպ, նկատելով՝ որ գրողը ազգի մը մտաւոր զարգացման ճանապարհին ուսուցիչները կարեւոր օղակ մը կը համարէ: Աննա Սարգսեան կը յիշեցնէ, որ 1904 թուականին Զապէլ Եսայեան որոշ ժամանակ կը դադրեցնէ թղթակցութիւնը «Մասիս» շաբաթաթերթին, իսկ 1905 թուականին «Մասիս»ի 4-րդ թիւին «Գրական արձագանգ» բաժնին մէջ անդրադարձ կայ Զապէլ Եսայեանի՝ Ֆրանսայի մէջ ստեղծուած գրական, գեղարուեստական եւ իմաստասիրական «Ecrits pour L՚Art» նորաստեղծ ամսաթերթի խմբագրական մարմնին մէջ ընդգրկուելուն: Աննա Սարգսեան կը նկատէ, որ ատկէ ետք «Մասիս»ի յաջորդ թիւին մէջ կարելի է տեսնել Զապէլ Եսայեանի «Մարդը» նորավէպը:

«Գրողը որպէս հրապարակախօս «Մասիս»ի էջերուն մէջ կը բացայայտէր դարասկիզբին պոլսահայ միջավայրին մէջ մարդու մտաւոր զարգացումին խոչընդոտները, ցոյց կու տայ իր համակրանքը հասարակութեան մտաւոր կեանքը կազմակերպող, բայց եւ նոյն հասարակութենէն անտեսուած մարդուն նկատմամբ, իսկ գեղարուեստական ստեղծագործութիւններուն մէջ կը խուսափէր ազգային նիւթերէն: Թերեւս այս է պատճառներէն մէկը, որ սկզբնական շրջանին որոշ գրաքննադատներ չէին ընդունիր անոր ստեղծագործութիւնները: Բայց եթէ ուշադրութիւն դարձնենք գրողին գրական արտադրութեան, ապա կը տեսնենք, որ փետրուարին Իզմիրի «Արեւելեան Մամուլ»ին մէջ պիտի տպագրուէր արեւմտահայ միջավայրին մէջ արուեստագէտին եւ հասարակութեան բախումը ներկայացնող, մտաւորականի ազատ ստղծագործելուն խոչընդոտող արգելքները մատնացոյց ընող «Սկիւտարի վերջալոյսներ»ը. նոյն թերթի յուլիսի 6-ին, մեծ ընդհատումներով, կը տպագրուէր ազգի մտաւոր կեանքին որոշ ներկայացուցիչներուն շուար ուղին մատնանշող «Կեղծ հանճարներ»ը: Իսկ ինչո՞ւ «Արեւելեան Մամուլ»ին մէջ. այս առումով ուշադրութեան արժանի են Յովհաննէս Գազանճեանի «Ազատ մամուլն ու հայ լեզուն» յօդուածին հետեւեալ խօսքերը.

«...Իզմիրի գրաքննութիւնը այնքան խիստ չէր եւ կարգ մը գրուածներ, զորս անկարելի էր Պոլսոյ թերթերուն մէջ հրատարակել, կարելի էր Արեւելեան Մամուլին մէջ», յօդուածէն մէջբերելով այսպէս կը մեկնաբանէ Աննա Սարգսեան:

Երիտասարդ հետազօտողը նաեւ կ՚անդրադառնայ, որ պոլսահայ միջավայրին մէջ գրողին եւ միջավայրին միջեւ հակասութիւնները շատ էին, որուն հետեւանքով 1905 թուականին Զապէլ Եսայեան հեռանալու որոշում կայացուց. «Իրադարձութեան շատերը արձագանգեցին, նոյնիսկ բանավէճ մը սկսաւ Օննիկ Չիֆթէ-Սարաֆին եւ Արամ Անտոնեանին միջեւ: Վերոնշեալ բանավէճին մասին անդրադարձ կայ նաեւ «Մասիս»ին մէջ, ուր կը նշուի, թէ մտաւորական ամուսիններուն հեռանալուն պատճառը ոչ թէ գրական շրջանակներէն ներս յարգանքի պակասն էր, այլ մտաւորականութեան չքաւոր վիճակը. «Ո՞վ է մեր մէջ այն գրագէտը կամ գրագիտուհին, որ իր գրիչովը կ՚ապրի, եթէ ուսուցչութիւն չընէ, դասագիրք չհրատարակէ կամ որեւէ բացառիկ աշխատութեամբ հասոյթի աղբիւր մը չհայթայթէ ինքզինքին... Զապէլ Եսայեան ինքն ալ, մեր մտաւորական կեանքի սովորական պայմաններուն մէջ գտնուեցաւ. այսչա՛փ միայն. եւ որովհետեւ կին էր ու դեռ շատ երիտասարդ, հիներուն, blaseներուն անտարբերութիւնը չունեցաւ. շիկնեցաւ, նեղացաւ, յուսախաբ եղաւ»:

Եթէ նկատի առնենք Զապէլ Եսայեանի «Նորեկները» յօդուածը, ապա պարզ կը տեսնենք, որ գրողը ոչ առողջ քննադատութենէն է, որ հեռանալու ճանապարհը բռնած էր, սակայն պէտք չէ բացառենք նաեւ քննադատութեան մէջ յաճախ ծայրայեղութեան հասնող սուր խօսքերը՝ ուղղուած մէկը միւսին գրական արտադրանքին նկատմամբ: Չմոռնանք ընդգծել կարեւոր հանգամանք մը. Զապէլ Եսայեանի հեռանալուն հիմքերուն մէջ աւելի հիմնաւոր է Ապտիւլ Համիտի կառավարութեան ծայրայեղութեան հասած բռնաճնշումները, զաւեշտի հասնող գրաքննութիւնը, որուն մասին արեւմտահայ մամուլը խօսելու էր 1908 թուականին՝ Երիտթուրքերուն իշխանութեան գալէն ետք թուացեալ ազատութեան մէջ:

Այնուամենայնիւ, 1907 թուականին կրկին կը տեսնենք Զապէլ Եսայեանը իր հարազատ «Մասիս»ի էջերուն մէջ՝ «Վէպերը գրականութեան մէջ», «Մտաւորականներու չքաւորութեան հարցը», «Նոր մենարան մը» յօդուածներով, «Մոլորումը» եւ «Արցունքները» գեղարուստական արժէքաւոր արձակով», այսպէս կը մեկնաբանէ Աննա Սարգսեան:             

Իր ուսումնասիրութեան արդիւնքին ան եկած է այն եզրայանգման, որ առանց Զապէլ Եսայեանի՝ «Մասիս» շաբաթաթերթին մէջ տպագրուած գեղարուեստական եւ հրապարակախօսական գործերուն քննութեան, կարելի չէր իրականացնել անոր կարգ մը արժէքաւոր արձակ ստեղծագործութիւններուն հաւաստի ուսումնասիրութիւնը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2019