ԿԱՄԱՒՈՐ ԱՐԱՅԻԿԻ ՕՐԱԳԻՐԷՆ. ՅՈՒՇԵՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄԷՆ -2-

Այդ չարաբաստիկ կիրակին, լոյսը բացուելուն պէս իմ քաղաքը՝ ծննդավայրս յայտնուեցաւ հռթիռակոծութեան տակ: Մինչդեռ ընդամէնը ժամեր առաջ, շաբաթ օրը ուրախ ու զուարթ նշած էինք մեր սիրելի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի օրը: Կիարկի օրուան հետ կապուած կային բազմաթիւ նպատակներ, որոնք մնացին անկատար...

Տարիներ շարունակ մտադրած էինք այցելել Դիզափայտ լերան գագաթին՝ 2478 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող, չորրորդ դարուն հիմնուած Կատարոյ վանք: Կատարավանքը Արցախի Հանրապետութեան տարածքի մէջ ամենաբարձրադիր յուշարձանն է: Կ՚ըսեն, թէ այդ վանքը սրբավայր մըն է, ուր ի կատար կ՚ածուին մարդուս ամենանուրիական փափաքները: Ես ու կինս՝ Ամալիկը սեպտեմբերի 25-ին վաղ առաւօտեան մեր ընկերներու հետ միասին ուղորուեցանք դէպի Հադրութ. Տիրոջը մեր տարիներու մեծագոյն բաղձանքը աղերսելու նպատակաւ: Մինչեւ անողոք պատերազմի սկիզբը կ՚երազէինք երեխայ մը ունենալու մասին: Իսկ այսօր, մեր երազները փոխուեցան, մենք փոխուեցանք: Պատերազմը բոլորս փոխեց:

Աւա՜ղ, պատերազմի աւարտէն աւելի քան ամիս մը անց՝ դեկտեմբերի 15-ին Դիզափայտը՝ Կատարոյ վանքը, Խծաբերդ ու Հին Թաղեր գիւղերու հետ միասին յանձնուեցաւ յաղթող կողմին, որ ի սկզբանէ մնացած էր հայկական կողմին: Ատրպէյճանցի զինուորականները փաստաթուղթով մը ներկայացան ռուս խաղաղապահներուն եւ յայտնեցին, որ այս երկու գիւղերը նոյնպէս վաճառուած են:

-Կ՚ուզեմ ծառայել Մարտակերտի շրջանի մէջ՝ եղբօրս մօտ,- որպէս կամաւոր ներկայանալով զինուորական կեդրոն, ըսի ես: Իսկ թէ ինչու Մարտակերտ, քանզի այնտեղ որպէս սպայ կը ծառայէր իմ ամենամտերիմ ընկերը՝ Գէորգը, որու հետ կարծես հարազատ եղբայրներ ըլլանք: Ըսին՝ գնայ, մենք ձեր հասցէով ծանուցում մը կը ղրկենք: Քանի մը ժամ անց իմ ծանուցումը եկաւ, ուղղութիւնը Մատաղիս: Մարտակերտի փոխարէն Մատաղիս զօրակոչելու պատճառն այն էր, որ երկու եղբայներ նոյն տեղը չեն զօրակոչեր:

Սեպտեմբերի 27-ին աւելի քան երեսուն հոգինոց մեր խումբը մեկնեցաւ Մատաղիս: Լուսաբացին հասանք: Անդադար կը հռթիռակոծէին ու կը հրետանակոծէին: Թաքստոցի մէջ պահուըտեցանք: Արկերը կու գային ու ճիշդ մեր գլխավերեւը կը պայթէին: Այդ ահարկու ձայներէն իմ քիթէն ու ականջներէն արիւն կու գար: Ուժեղ գլխացաւ մը սկսաւ: Փորձեցի ցաւազրկիչ մը գտնել, սակայն չկրցայ: Երբ որոտընդոստ պայթիւններու ձայները համեմատաբար նուազեցան, մենք դուրս եկանք մեր թաքստոցներէն եւ շարժուեցանք ուրիշ ուղղութեամբ: Դաժան ու անողոք պատերազմ էր, ոմանք չէին դիմանար, կը դիմէին փախուստի: Մեր գլուխը չկար հրամանատար մը, սպայ մը. մատնուած էինք բախտի քմահաճոյքին: Մեզմէ ոչ մէկը ծանօթ էր շրջապատին: Չէինք գիտեր ուրկէ՞ կը սկսէր մեր սահմանը եւ ո՞ւր կը վերջանար:

Արցախեան հողի վրայ կ՚ընթանար հինգերորդ սերունդի պատերազմ: Այստեղ ոչ թէ կը կրակէին զէնքերը, այլեւ կը հրթիռակոծէին անօդաչու թռչող սարքերը, ռազմական օդանաւերը: Երբ գլուխդ խրամատէն հանէիր, կը բռնէիր յաւերժի ուղին: Անկազմակերպուածութեան պատճառաւ մեր բանակը տուաւ բազում զոհեր: Մարտադաշտը կը նմանէր մսաղացի մը, ուր կ՚երթայիր անտեղի զոհուելու, կտոր-կտոր ըլլալու համար: Քանի՜ քանիներ այդպէս բաժնուեցան հարիւրաւոր մասերու... Քանի՜ քանիներ մնացին անգերեզման... Վիրաւորուիլը փրկութիւն էր:

Երեք օր մնացինք Մատաղիս: Այնուհետեւ մեր կեանքն ու ճակատագրերը վստահելով Աստուծոյ, ճանապարհ ինկանք: Այնտեղ մնալը այլեւս անհնար էր: Շուրջդ կը թափէր կրակէ անձրեւ ու կարկուտ: Եթէ մնայինք, նոյն տեղն իսկ պիտի կոտորուէինք: Խարխուլ ճանապարհներով, ոտքով 30 քիլօմեթր կտրել անցնելով, վեց հոգիով կրցանք հասնիլ Մարտակերտ: Թէ ինչպէ՞ս դասաւորուեցաւ մեր միւս մարտական ընկերներու ճակատագիրը՝ լուր չունինք: Ճանապարհի զանազան հատուածներուն հետզհետէ մեր շարքերը կը նօսրանային: Ոմանք չդիմանալով կը դիմէին փախուստի, ոմանք կը շարժուէին անյայտ ուղղութեամբ: Մեզի հետ ոչ մէկ բարձրաստիճան զինուորական կար, մենք էինք մեր գլուխի տէրը: Ոտքերս մի քանի օր մնալով զինուորական ճտքակօշիկներու մէջ՝ արիւնոտած էին, հազիւ կը քալէի: Երբ հասանք Մարտակերտի զօրամաս, այստեղ քիչ մը հանգչեցանք ու քնացանք:

Երբ արթնցայ, դէմս տեսայ իմ ընկերոջ ընկերը՝ Լեւիկը, որ որպէս սպայ կը ծառայէ Արցախի բանակին մէջ: Տեսնելով, որ վերջինս իր ուսերուն բաւական ծանրութիւն բարձած է, բացի իր պարտականութիւնները կատարելէ, կը կրէ նաեւ արկեր, ես յանձն առի այդ գերպատասխանատու պարտականութիւնը: Լեւիկէն խնդրելով նռնակ մը եւ ինքնաձիգ մը, սկսայ զանազան դիրքեր արկեր փոխադրել:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2020