ՀԻՆ ԵՒ ՆՈՐ ՈՒԽՏԵՐ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին Սուրբ Ծնունդին նախորդող աւագ տoներուն մէջ ունի յատկանշական տօն մը, որով կը խորհրդանշուի Հին եւ Նոր Ուխտերու միաձուլումը քրիստոնէութեան մէջ: Սուրբ Դաւիթ մարգարէի եւ Յակոբոս Տեառնեղբայր առաքեալի յիշատակի տօնն է այդ մէկը: Աստուածաշնչեան այս կերպարները Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ յատուկ յարգանք կը վայելեն:

Սուրբ Դաւիթ մարգարէն Պոազի եւ Հռութի ծոռն է: Ան Աստուածաշունչ մատեանի Սաղմոսաց Գիրքին հեղինակն է, նաեւ շնորհալի, քաջ, իմաստուն, ճարտասան, գեղեցիկ տեսքով մարդ: Անոր կը վերագրուին կարգ մը սաղմոսներ: Դաւիթի անունը որպէս Սաղմոսերգու՝ մարգարտեայ տառերով մտած է համաշխարհային գրականութեան գանձամատեանին մէջ: Անոր սաղմոսները երեք հազար տարի երգուած են Յուդայի անապատներուն եւ Բեթղեհէմի հովիտներուն մէջ, այսօր աշխարհի բոլոր լեզուներով թարգմանուած են եւ կ՚երգուին, անոնց մէջ մենք կը զգանք ուրախութիւն, սէր, մխիթարութիւն եւ Աստուծոյ գոյութեան արդարութիւն: Այդ սաղմոսները նաեւ դաստիարակչական արժէք ունին եւ մտած են քրիստոնէական պաշտամունքին մէջ:

Դաւիթի կեանքին մասին հիմնական սկզբնաղբիւրներն են Հին Կտակարանի կանոնի Բ. եւ Գ. Թագաւորաց, ինչպէս նաեւ Ա. Մնացորդաց գիրքերը։

Նոր Կտակարանին համաձայն, Յիսուս Քրիստոս կը սերի Դաւիթի տոհմէն եւ մեր եկեղեցին անոր յիշատակութեան օրը կը նշէ իբրեւ Երուսաղէմը հիմնադրած եւ հսկայ Գողիաթին յաղթած Սուրբ Դաւիթ մարգարէի յիշատակութեան օր:

Դաւիթ հովիւ էր: Փղշտացիներուն յարձակման ընթացքին յաղթեց հսկայ Գողիաթին: Իսրայէլի թագաւոր Սաւուղի մահէն ետք Իսրայէլի թագաւորը եղաւ եւ այդ ժամանակ ալ հիմնադրեց Երուսաղէմ քաղաքը: Հին Կտակարանի ամենամեծ եւ ազդու դէմքերէն է: Ըստ աւանդութեան, ան թագաւորած է քառասուն տարի եւ վախճանած 71 տարեկանին:

Սուրբ Յակոբոս Տեառնեղբայրը աւետարանական սուրբերը եւ «Գործք Առաքելոց»ի սուրբերը իրարու կապող օղակն է: Ան եղած է Նախնական Եկեղեցւոյ տիրական դէմքերէն եւ Երուսաղէմի առաջին եպիսկոպոսը: Պօղոս Առաքեալի հաստատմամբ, Պետրոսի եւ Յովհաննէսի հետ առաջին քրիստոնէական եկեղեցւոյ «սիւներէն» մէկը կը նկատուէր: Յակոբոս Տեառնեղբայրը յիշուած է նաեւ Յովսէփիոս Հրեայ պատմիչին կողմէ, իբրեւ «արդար» մարդ: Յայսմաւուրքին մէջ (Վարք սրբոց) կը կարդանք, որ Աստուած օրհնած եւ սրբացուցած էր զայն տակաւին իր մօր որովայնէն: Ան կը կոչուի «Տեառնեղբայր», քանզի ըստ աւանդութեան, կը նկատուի մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի ազգականը, բայց ոչ՝ Մարիամի որդին: Իր նահատակութիւնը մանրամասն կերպով կը պատմուի հին վկայաբանութիւններուն մէջ, ուր կը ներկայացուի, որ Յակոբոսը, քրիստոնեայ ըլլալով հանդերձ, մեծ յարգանք կը վայելէր նաեւ հրեաներուն քով՝ իր պատուիրանապահութեան եւ օրինապահութեան համար: Անոր անունով մեզի կը հասնի Ընդհանրական թուղթ մը:

Վարքագրական աղբիւրներուն համաձայն՝ ոմանք անոր կը պատուիրեն բարձրանալ աշտարակին վրայ եւ Յիսուսի դէմ չարախօսել: Սակայն ան կը խօսի Յիսուս Մեսիայի մասին, որ նստած է Աստուծոյ աջ կողմը եւ աշխարհը արդարութեամբ դատելու պիտի գայ։

Շատեր հաւատքի կու գան, բայց չարակամները սուրբը աշտարակէն վար կը նետեն: Ըստ աւանդութեան՝ թաղուած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Ս. Յակոբեանց Մայր տաճարը, ուր թաղուած է նաեւ Յակոբոս Զեբեդեան առաքեալին գլուխը եւ այդ պատճառով ալ տաճարը կը կոչուի Սրբոց Յակոբեանց:

Տարբերակելու համար Յակոբոս Զեբեդեանը Աստուածաշունչի եւ մանաւանդ առաքելական շարքի կարգ մը Յակոբոսներէն, շատ յաճախ զայն կ՚անունանեն «Մեծ Յակոբոս», իսկ հայ հեղինակներուն մէջ՝ «Գլխադիր Յակոբոս»։ Վերջինս կապուած է այն աւանդութեան հետ, թէ Յակոբոսին գլուխը սուրով կտրելէ ետք, ան կ՚իյնայ Յակոբոս Տեառնեղբօր ձեռքը, որ պատուական գլուխը կը թաղէ իր պարտէզին մէջ։

Եկեղեցին Յակոբոս Տեառնեղբօր յիշատակը կը կատարէ իբրեւ «Աւագ տօներ»ու առաջինը Դաւիթ մարգարէին հետ, որովհետեւ եթէ Դաւիթը Քրիստոսի «նախահայրն» է մարմինով, ապա Յակոբոսը՝ անոր «եղբայրը» եւ ազգականը:

ՏՕՆԵՐՈՒ ՍԿԻԶԲԸ

Ըստ եկեղեցւոյ հայրերուն, տօներու ու հոգեւոր ուրախութիւններու սկիզբը բոլոր հաւատացեալներուն համար Ծննդեան եւ Աստուածյայտնութեան տօնն է, որ կարգեց Յակոբոս առաքեալը: Ան ամէն ինչին քաջատեղեակ ըլլալով, կազմեց ընթերցուածներու գիրքը, սահմանեց տէրունական տօները եւ ըսաւ, որ 6 յունուարը Քրիստոսի ծննդեան օրն է, որ Յովսէփ ըսած էր Յակոբոս Տեառնեղբօր: Եւ երեսուն տարի անց դարձեալ 6 յունուարին եղաւ Տիրոջ մկրտութիւնը, ինչպէս կը վկայէ Երուսաղէմի Կիւրեղ Եպիսկոպոսը: Ան Յակոբոս Տեառնեղբօր ընթերցուածներուն գիրքը համալրեց նաեւ ուրիշ տօներով ու կարգերով եւ հաստատեց 6 յունուարը որպէս մեր Տիրոջ ու Աստուծոյ՝ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան ու մկրտութեան տօն, իսկ 25 դեկտեմբերը, որ այլք որպէս Տիրոջ ծննդեան տօն կը նշեն, գրեց որպէս Դաւիթ մարգարէի ու Յակոբոս Տեառնեղբօր յիշատակի օր:

Կղեմես Ալեքսանդրացին կը գրէ, որ առաքեալները սահմանած են Տիրոջ Ծննդեան տօնը 6 յունուարին: Երուսաղէմի Յովհաննէս Հայրապետը կը գրէ, որ Ծննդեան տօնէն առաջ ժողովուրդին համար ութօրեայ պահք սահմանուած է, իսկ կրօնաւորներուն համար՝ քառասնօրեայ:

Առաջ Ընդհանրական Եկեղեցին Ծննդեան եւ Մկրտութեան տօները միասին կը տօնէր՝ 6 յունուարին, յետոյ տօները բաժ-նըւեցան, որովհետեւ Արտեմոնը նոր ընթերցուած կարգելով, հակառակ Սուրբ Յակոբոս Տեառնեղբօր ընթերցուածներու գիրքին, 25 դեկտեմբերը գրեց որպէս Տիրոջ ծննդեան տօն, իսկ 6 յունուարը՝ մկրտութեան: Արտեմոնը Տիրոջ խաչուելէն երեսունչորս տարի անց աշակերտած էր Յովհաննէսին, սակայն եօթ ամիս ալ հաստատուն չէր մնացած ուղիղ հաւատին մէջ, ինչպէս Յովհաննէսը կ՚ըսէր. «Մեր մէջէն ելան անոնք, բայց մեզմէ չէին»: Արտեմոնը առաքեալին մահէն ետք կը յայտարարէ, թէ առաքեալները ծննդեան օրը, նախանձէ դրդուած, չյայտնեցին իրենց, սակայն իրեն յայտնուած է: Եւ հակառակելով գրեց նոր ընթերցուած մը կարգելով երկու տօն՝ 25 դեկտեմբերը՝ որպէս ծննդեան եւ 6 յունուարը՝ մկրտութեան: Ապա Քաղկեդոնի ժողովին ընթացքին (451) որոշուեցաւ Ծննդեան տօնը 25 դեկտեմբերին նշել:

Յետագային Պօղոս Սամոսատացին կը նորոգէ Արտեմոնին գիրը, որմէ ետք որոշ երկիրներու մէջ կը սկսին Ծննդեան տօնը կատարել 25 դեկտեմբերին, պատճառաբանելով, որ ըստ եբրայեցիներու օրացոյցին՝ 10 թշրինին եւ ըստ հռոմէական օրացոյցին՝ 27 սեպտեմբերին՝ Քաւութեան օրը, եղաւ Զաքարիոյ պապանձումը եւ կ՚ըսեն, թէ նոյն օրը Զաքարիան մերձեցաւ իր կնոջ եւ կինն այդ օրը յղացաւ: Այդ օրուընէ մինչեւ 25 մարտը կը հաշուեն վեց ամիս՝ 180 օր, եւ կ՚ըսեն, որ այդ օրը եղաւ Գաբրիէլի աւետիսը Կոյսին: Ապա 25 մարտէն, ըստ անդրանիկներու յղացման տասնամսեայ օրերու թիւին, կը համրեն 276 օր՝ ինն ամիս եւ հինգ օր՝ որպէս Սուրբ Աստուածածինի յղութեան օրեր, եւ 25 դեկտեմբերին կը դնեն Տիրոջ ծնունդը:

Հնագոյն աւանդութեան եւ աւետարանական հաշուարկներուն հաւատարիմ մնացած է միայն Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին` 6 յունուարին միասնաբար նշելով Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօները: Ռուսական, սերպական, Երուսաղէմի եւ վրացական ուղղափառ եկեղեցիները Սուրբ Ծնունդը կը նշեն 7 յունուարին:

Եկեղեցւոյ գոյութեան առաջին տարիներուն այնքան կարեւորութիւն չունէին ծննդեան տարեդարձները, այդ կարգին՝ Քրիստոսի ծննդեան օրը: Սովորաբար Յիսուսի մկրտութեան աւելի մեծ տեղ կը յատկացուէր, քան ծննդեան: Ժամանակի ընթացքին բազմաթիւ հեթանոսական աւանդոյթներ կ՚առընչուէին Սուրբ Ծննդեան տօնին:

…ՆԱԵՒ՝ ԾԱՌԸ

Բազմաթիւ քրիստոնէական օճախներու մէջ այսօր կը վառին Սուրբ Ծննդեան ծառին լոյսերը: Դժուար է ըսել նաեւ, թէ ե՞րբ սկսած է գործածուիլ Սուրբ Ծննդեան եղեւինը: Կ՚ենթադրուի, որ ան ծագած է միջնադարեան Գերմանիայէն՝ 15-16-րդ դարերուն: Ըստ որոշ աղբիւրներու՝ 8-րդ դարու անգլիացի միսիոնար Պոնիֆէյս կ՚որոշէ մշտադալար եղեւին կանգնեցնել, որ կը խորհրդանշէր Քրիստոսի յաւիտենական ըլլալը: 16-րդ դարու վերջաւրութեան անոնք մեծ տարածում կը գտնեն ողջ Գերմանիոյ մէջ:

Ոմանք ալ կ՚ըսեն, թէ աստուածաբան, վանական եւ եկեղեցւոյ բարեփոխիչ Մարթին Լիւթեր եղած է առաջինը, որ Սուրբ Ծննդեան եղեւին կտրած է:

19-րդ դարու կէսէն տօնածառ դնելու աւանդոյթը կը տարածուի բազմաթիւ երկիրներու մէջ: Տօնածառին կրօնական ծագում ունենալը կը վկայէ տօնածառին գագաթին տեղադրուող հրեշտակը կամ աստղը, որոնք կը խորհրդանշեն Գաբրիէլ հրեշտակապետն ու Բեթղեհէմեան աստղը:

Կաթոլիկ աշխարհին մէջ Սուրբ Ծնունդը ամենահանդիսաւոր տօնն է: Միլիոնաւոր քրիստոնեաներ այս գիշեր կը սպասեն Ծննդեան լոյսին՝ յոյսով, հաւատքով եւ լի սրտերով:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի կաթոլիկ համայնքը նոյնպէս այսօր երեկոյեան կը տօնէ Սուրբ Ծնունդը. Ճրագալոյցի պատարագէն ետք, կաթոլիկ ընտանիքներէն ներս կը սկսի թագաւորել օրուան խորհուրդը: Հայաստանի մէջ վերջին շրջանին սովորոյթ մը ձեւաւորուած է. Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հետեւորդ երիտասարդներ սովորութիւն դարձուցած են ծննդեան տօները նշել նաեւ կաթոլիկ քրիստոնեաներուն հետ: Հայ Եկեղեցւոյ հայրերը չեն ընդունիր հարկաւ այս երեւոյթը, զայն որակելով ձեւակերպութիւն, քանի որ երիտասարդները, առանց հասկնալու տօնին իմաստը, պարզապէս կ՚ուզեն նմանիլ արեւմուտքին: Մինչդեռ, ինչպէս գիտակ մարդիկ կը հաստատեն, ասիկա ոչ թէ եւրոպական սովորութիւն է, այլ՝ եկեղեցական դաւանութիւն:

Եկեղեցւոյ որոշ հայրեր կ՚ըսեն, որ Սուրբ ծնունդը Ամանորէն առաջ տօնելով, Կաթոլիկ Եկեղեցին աւելի շատ կը շահի, քանի որ հաւատացեալները ծննդեան տօնէն առաջ 5-օրեայ պահքի մէջ են, ապա Ամանորին տօնական սեղաններէն արդէն կարող են օգտուիլ, իսկ Յիսուսի ծնունդը տօնելով՝ 6 յունուարին քրիստոնեաները դժուարութեամբ պահք կը պահեն՝ հրաժարելով տօնական սեղանէն:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2020