ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍԻ ՇԱԲԹՈՒԱՅ ԴԷՊՔԵՐ…

Հայ Եկեղեցւոյ հայրերը կը հաստատեն, թէ ժողովուրդը թիւրիմացաբար Առաջաւորաց պահքը կը կոչէ Սուրբ Սարգիսի պահք:

Այս սխալմունքը յառաջացած է այն պատճառով, որ Առաջաւորաց պահքին յաջորդող շաբաթ օրը Հայ Եկեղեցին կը նշէ Ս. Սարգիսի տօնը: Սակայն, հոգեւորականներու մեկնաբանութեամբ, Առաջաւորաց պահքը այլ իմաստ ունի եւ ոչ մէկ կապ ունի Ս. Սարգիսի տօնին հետ։ Այս անմեղ թիւրիմացութեան հետեւած են նաեւ անցեալին եւ ժողովրդական աւանդոյթներ եղած են՝ կապուած Սուրբ Սարգիսի տօնին նախորդող պահքին հետ: Այնքան մեծ եղած է ժողովուրդի հաւատքը՝ Սուրբ Սարգիսի հանդէպ, որ անոր վերագրած են զանազան հրաշագործումներ, նոյնիսկ անոր անունով պահք սահմանած են:

Այս հետաքրքրական իրողութիւնը տեղ գտած է նաեւ Յակոբ Մնձուրիի մէկ պատմուածքին մէջ: Պատմուածքի հերոսը, որ երբեք չի հիւանդանար, յանկարծ կը հիւանդանայ Սուրբ Սարգիսի շաբաթը եւ հրաշքով ալ կ՚ապաքինուի: «Մեր Վերիգեղին Տէր Պօղոսը» խորագրով պատմուածքը տեղ գտած է Մնձուրիի «Արմտան» ժողովածոյի մէջ եւ ուշագրաւ ու զուարճալի բովանդակութիւն ունի:

ՄԵՐ ՎԵՐԻԳԵՂԻՆ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԸ

ՅԱԿՈԲ ՄՆՁՈՒՐԻ

Մեր Վերիգեղի Տէր Պօղոսը չէր հիւանդանար: Ո՛չ միայն մենք՝ երիտասարդներս, ծերերը, իր տարեկիցներն ալ օր մը հիւանդանալը չէինք յիշեր:

Մանաւանդ՝ մենք հիւանդութիւն մը ունէինք, ինչ գիտնամ, կա՞ր մէկը, որ գոնէ քանի մը տարին անգամ մը անկէ չբռնուէր: Ջերմը՝ մալարիան. մենք անոր՝ դողցնել կ՚ըսէինք: Արտքաղին ետվրտուքը, մեր բարձրաւանդակի արտերէն իջնալով կալ կամնելու սկսած եղանակին կը յայտնուէր: Ամէն տունէ՝ երկու երեք հոգի, անկողին կ՚իյնայինք: Մեր խելքովը պատճառը մեր ամառուան անզգուշութիւններուն, լեռը, ձորը ուր ըլլայ մեր պառկիլ, քնանալուն, ամէն տեսակ ջուր խմելուն, ապուռ-ճուպուռ ուտելուն կու տայինք: Մեզ կը հանուեցնէին, սխտոր մածունով ընկոյզի, ուռիի թարմ տերեւներու մէջ կը պառկեցնէին, կաթնուկ կ՚ըսէինք՝ լեղի էր, արտերը կը բուսնէին, անոր կաթը չորցնելով՝ կը խմցնէին, ամենէն ուժատու ուտելիքները կը բերէին մեզի, կը ստիպէին, կ՚աղաչէին, որ ուտէինք. «կե՛ր, - կ՚ըսէին, - ուտելով պիտի աղէկնաս, ուտելով մարդ ուժ կ՚առնէ, կ՚ըռընտնայ»: Բայց ջերմը չէր երթար մեր վրայէն, չէինք ըռընտնար: Զընկր զընկր կը դողայինք, ետեւէն ալ՝ կը կրակւորէինք: Տոշակնիս, վերմակնիս խխում կը դառնային, կը դեղնէինք, կը հայէինք: Միայն Տէր Պօղոսը չէր բռնուեր մեր հիւանդութենէն, օր մը անոր ջերմ բռնելը, դողցնելը չտեսանք:

Ամէն կալի՝ աչքի ցաւ մը ունէինք: Մեր աչքերը կը ճպռոտէին, կը ցաւէին: Կալերու փոշիներէն, մեր աչքերը, քիթերը ծեփող մրեղներէն կ՚ըլլայ, կ՚ըսէինք: Ղռլանղըճ Ուշաղիները կային, որոնք վարէն՝ հարաւէն կու գային, ձիաւոր էին, գիւղէ գիւղ, կալէ կալ շրջելով, աչքի ցաւերը կը դարմանէին: Արծաթ ղրուշնոց մը կու տայինք, մեզ կը կեցնէին իրենց ձիերուն առաջքը, աչքերնիս կը բանայինք, իրենց նստած տեղէն, ձիին վրայէն, դեղին հեղուկ մը կը կաթեցնէին, աչքերնիս դեփդեղին կ՚ըլլար: Դեղջուր կ՚ըսէինք, աղբիւր մը ունէինք ձորի մը մէջ, կ՚երթայինք անոր ջուրովը կը լուայինք: Ջերմ չբռնելուն, չդողցնելուն պէս, մեր Վերիգեղին մէջ մինակ Տէր Պօղոսը աչքի ցաւ չէր ըլլար, հակառակ որ՝ ամէն օր մեզի նման կալի փոշիներուն մէջ էր, ամէնուն կալը կալօրհնէքի կ՚երթար, ցորենի շեղջերը կ՚օրհնէր:

Գիւղին ծերերը, ամէն աշնան, ամէն ձմրան վերջաւորութեանը, եղանակի փոփոխութենէ՞ն էր, ո՞վ գիտէ, կը թուլնային: Մենք աշունթուլ, ձմեռթուլ կ՚ըսէինք ատոր: Պառկելիք հիւանդութիւն մը չէր, ոտքի վրայ կ՚անցընէին, բայց շաբաթներով աղէկ չէին զգար իրենք զիրենք: Տէր Պօղոսը ըսես, որ նոյնպէս ծեր էր, աւելի կը ձիգնար, կարծես: Ամէն օր Ավըզնի Ձորը կ՚երթար, որ գիւղին անմիջապէս քովն էր: Հոն հով չէր բաներ, ձմեռը անգամ՝ տաք կ՚ընէր: Երկու կողմի լեռները ջուրի ամբարանոց է կ՚ըսէիր, շատ չէ, ուր լեռը քիչ մը փորէիր, ջուր կը բխէր: Ջուրն ալ՝ լուբիայի, բակլայի, ոսպի համար մէկ հատիկ էր, շատ աղէկ կու գար, երկու եփ մը ելլէին, մալէզ կը դառնային: Թթուներուն համար ալ: Անկէ էր, որ մեր տախդեղի թթուն, բազկեթթուն, կաղամբի թթուն անուանի էին գաւառին մէջ: Մանաւանդ մեր լոլիկի, ստեպղինի, ազատքեղի, տախդեղի, այսինքն պղպեղի խառն թթուն, կեր ու կեր, կարմիր ալ ջուր մը ունէր, հացդ թաթխէ մէջը, դգալովդ խմէ, կերածդ կը մարսեցնէր շուտով: Առանց քացախի էին, միայն աղով: Տէր Պօղոսը հոդ՝ Ավըզնի Ձորը, աղբիւր կը շինէր կամ կը նորոգէր: Խելքը աղբիւրին էր: Մէկ մը շիներ էր, երկրորդ մըն ալ շինեց, ինքը, մինակը: Կռնակի կապոյտ ճիւպպէն կը հանէր, կապոյտ էնթարիին փէշերը գօտին կը կոխէր ու կ՚աշխատէր: Յետոյ երրորդ մըն ալ շինեց: Ու երբ Կերճանիսի քուրդերուն ապսպրած գուռը բերին, տեղաւորեցին, լեռնէն ջուրը գուռը վազեց, լեցուեցաւ, պզպզան եղաւ, դուրս հոսեցաւ ու ձորին առուին միացաւ, ամբողջ գաւառը իրեն տային՝ Տէր Պօղոսը այդքան չէր ուրախանար: Ձորին բոլոր ուռիները, բարտիներն ալ ինք տնկած էր, ամէն տարի ալ նորէն կը տնկէր: Երբ երթայիր, իր աղբիւրը չ՚ըլլար, ծառերուն տակը պիտի ըլլար: Մէկ տարեկանէն բռնէ՝ մինչեւ քսան, քսանհինգ տարեկան բարտիներ ունէր, որոնք սիւներու պէս ուղղաձիգ ելեր էին, ուր որ է՝ լերան գագաթի Կաքաւներու Քարերուն պիտի հասնէին:

Տէր Պօղոսին չհիւանդանալէն՝ չկարծէք, թէ իրեն շատ կը նայէր: Բնաւ չէր նայեր: Գիւղը ամէնքը Տրապիզոնի ծխախոտը կը ծխէին, լազերուն բերածը: Շատ բարակ կտրուած, բաց դեղին, աւելի դեղին, ոսկեգոյն դեղին: Ինք մինակը քուրդերուն բերած Բիրվենքի ծխախոտը կը ծխէր, որ թէօնպէքիի կը նմանէր, անոր պէս հաստ ու կարճ կտրուած ու սեւ: Խումը ըսես երկու անգամ ներս քաշէիր՝ գլուխդ կը դառնար:

-Տէրտէր, աս կը խմուի՞, ծօ՛, աղբար, ինտո՞ր կը խմես, կ՚ըսէին իր տարեկիցները իրեն:

-Տէր պապ, ինտո՞ր կը խմես դուն, կը հարցնէին երիտասարդները:

-Աղէկ է, թիւթիւնը աս է, դուք ի՞նչ կը հասկնաք թիւթիւնէն, ձեր խմածը խոտ է, խո՞տ պիտի խմեմ, կը պատասխանէր:

Մեր չորս-հինգ գիւղերուն մէջ ամենէն շատ գինի լեցնողը ինք էր, իր տունն էր: Հանդերուն մէջ ամենէն մեծ այգին իրենցն էր: Ամէն տարի տասնչորս կարաս գինի կը լեցնէր: Բայց իրենց կիսուն չափ, կէսէն ալ պակաս գինի լեցնողները մինչեւ Զատիկ գինի կ՚ունենային, Տէր Պօղոսը ըսես՝ բարեկենդանին վերջին գիշերը գինի չէր ունենար: Ամէն ճաշի առանց գինիի սեղանէն չէր ելլեր: Ամէն կերակուրի գինի կը խմուի՞: Մերինները, արդէն շատը կերակուր չէին, ապուր էին: Ըսենք, որ ժուրը սխտորով է, ծեծուած ընկոյզ, ձաւար, կարմիր տախդեղ, անոր հետը գինի կ՚երթայ: Խաշին հետ ալ կ՚երթայ, մենք փաչային խաշ կ՚ըսէինք: Չոր միսով, այսինքն գավուրմայով հաւկիթին հետ ալ կ՚երթայ, քալաճոշին հետ ալ կ՚երթայ, որ չորթանթան, սխտոր, սոխ, չոր միս, իւղ, տախդեղ, աննուխէ էր: Լուբիային, բակլային հետ ալ կ՚երթայ: Բայց ասոնք ամէն օրուան կերածնիս չէին: Ամէն օրուանը, առտու, ցերեկ, իրիկուն ապուր էին. հացը մէջը պիտի փշրէինք, ալ այնչափ, որ մէջը դգալ պիտի չկրնայինք կոխել ու պիտի ուտէինք: Թանէ թարխանայի, շիրայ թարխանայի, բասկըթանին ծնիկին բխբխին կամ սերմուկի ապուրներուն հետ կը խմուէ՞ր: Տէր Պօղոսը, սակայն, կը խմէր: Իսկ երբ դուրսէն հիւրեր ունենար, կամ իր անուան տօնախմբութեանը, կամ Կաղանդին, Ծնունդին, երբ մինչեւ իրիկուն իր սենեակը կը լեցուէր ու կը պարպուէր վարի գիւղացիներով, թեղուտցիներով, ձեռք պագնելու եկողներով, տանը կնիկներուն կամ իր քրորդիին՝ Պօղոսին, որ ինծի ալ մօրքրորդի էր, Մանուկ մօրքուրարին, Պայծառ մօրքուրին տղան էր, հոգինին կ՚ելլէր՝ վարի տունէն վեր գինի կրելով: Կու գային, դուրս կը կանչէին, կ՚ըսէին, թէ ա՜լ չմնաց, կէս կարաս մնաց. «բերէ՛ք» կը պոռար նորէն, մինչեւ որ գային, ականջին ըսէին, թէ հատաւ:

Օղի կը խմէր: Մեր օղիները թութի էին, թութ շատ ունէինք, խաղողէ չէինք հաներ: Առտու, ցերեկ, իրիկուն, ամէն ճաշի երկու, երեք գաւաթ, հիւր ունենար՝ ա՛լ աւելի կը խմէր: Ձմեռը թէյի պէս կ՚եռացնէր ու կը խմէր: Քովը նստելու եկողները, ծերերը, որոնք հետը միասին մեծցեր էին.

-Ծօ՛, աղբար, ինտո՞ր կը խմես՝ տաք-տաք, կ՚ըսէին:

Կը խնդար:

-Շատ աղուոր կ՚ըլլայ, կը պատասխանէր, գաւաթ մը լեցնեմ, խմեցէք:

Կը մերժէին:

-Չէ, չէ, պակաս ըլլայ ատոր աղուորութիւնը, կ՚ըսէին:

Հետն ալ աղի տախդեղ, կամ աղը դրած բողիկ կ՚ուտէր: Այդ բողիկը բողկը չէր. ջուրէն, այսինքն՝ Եփրատէն անդին, դէմի լեռները կը բուսնէին, քուրդերը կը բերէին: Ես ալ անոր հոտէն չէի ախորժեր: Մեր Քաջտանի Քարերը բուսնող վայրի սխտորին հոտը ունէր:

Գինիին պէս, օղին ալ ինչքան խմէր, չէր գինովնար, ինքզինքը չէր կորսնցներ, աւելի կը փայլէր, կը շէննար: Տղոցը՝ երիտասարդներուն հետ ալ աղէկ էր: Գիւղական գործեր ունէինք: Ըսենք թէ՝ Կզնակի աղբիւրը կամ Վերնաղբիւրիկը աւրուեր է, ոչխար ըռզակը ծարաւ կը մնային: Կապանը նորէն փլեր էր: Ուրկէ՞ պիտի երթային Անծղկայի այգիները, կամ լեռը՝ փայտ բերելու: Վարի հանդին գետին վրայ կամուրջ կապել կ՚ուզէր, ոչխարը ինչպէ՞ս դիմաց պիտի անցնէր՝ արածելու համար: Տղոցը հետ ինք ալ կ՚երթար բանելու: Փակեղը, ճիւպպէն կը հանէր, էնթարին մէջքը կը ժողվէր, մօրուքը կուրծքին փռած՝ կ՚աշխատէր, ինչքան ալ տղաքր՝ «Տէր պապ, դուն նստէ, մենք կ՚ընենք» ըսէին իրեն: Գիւղէն ձաւար, լուբիա տարած էին, օղի առած էին: Կ՚եփուէր, ճաշի կը նստէին, օղի կը խմուէր:

-Տէր պապ, հրամմէ, կ՚ըսէին, օղի կու տային Տէր Պօղոսին:

-Տէր պապ, կենացդ, կ՚ըսէին, իրենք ալ կը խմէին: Տէր Պօղոսը կ՚ոգեւորուէր:

-Տղա՛ք, կ՚ըսէր, հոս քանի տղայ էք, ամէնքդ ալ ես կարգեր, ես պսակեր եմ, անանկ չէ՞:

-Այո՛, Տէր պապ, կը պատասխանէին, գետափի աւազին վրայ բոլորակ նստած:

-Ես ձեզ ամէնքդ կարգեր եմ, այսչափ մարդ էք ու մէկ իս չէք կրնար կարգել, կ՚ըսէր:

Երէցկին չունէր: Մեռած էր, շատ կանուխէն, մենք ծնած չէինք դեռ:

-Տէր պապ, մենք քեզ կը կարգենք, կը պատասխանէին տղաքը մէկ բերան, զոռլու կնիկ մը գտնենք քեզի. Զառա, Զիմառա, Թամզառա, իլլէ Թամզառա, այս տեղերուն կնիկները աղուոր կ՚ըլլան, տղաք, Թամզառա երթանք, պոյով փոսով կնիկ մը բերենք, որ Տէր պապուն աչքը կնիկ մը տեսնէ:

Տէր Պօղոսը կը խնդար: Գիտէր, որ ըլլալիք բան մը չէր:

-Ես հայու կնիկ չեմ ուզեր, քրդի, ղզլպաշի ըլլայ, կ՚ըսէր:

-Տէր պապ, Գիւլիւմին հարսը, Հենին առնենք քեզի… Ալաճահաճեցի Ջնդոյին Գոհարը… Էրտէմշեցի Զառէն… ասոնցմէ ո՞րը կ՚ուզես, կամ ղզլպաշի կնիկ կ՚ուզե՞ս, Ուրանիկցի Զուլալը, Զնզնուտցի Մելեքը…

Ու տղաքը կը շարէին շրջակայ գիւղերու էրիկները մեռած կնիկներուն անունները, ու երբ Գինանայի Սէլիմին հարսին՝ Սիւլիւնին անունը կու տար տղոցմէ մէկը, ու միւսները, «ծօ՛, ան Տէր պապուն աղջիկէն ալ պզտիկ է, կը պոռային, թոռանը տեղն է, ի՞նչ ընէ Տէր պապը ան»։

-Կ՚առնեմ, կ՚առնեմ, որն ալ որ բերէք՝ կ՚առնեմ, կը պատասխանէր Տէր Պօղոս:

Ադ տարի, ձմեռը, սուրբ Սարգիսի պահքին շաբթուն մէջն էր, մէկ մըն ալ ըսին, թէ Տէր պապան մէկէն ի մէկ աւրուեր էր, շունչ չէր կրնար առնել, վիճակէն կը վախցուէր: Զարմացեր էին, որ ատ իրիկուն ժամ ալ եկած չէր: Գիշեր էր, ես ալ հանուեր էի, պիտի պառկէի: Ձեզի պատմած եմ, եթէ մտքերնիդ մնացած էր, եղբօրը՝ «Մինաս Քեռիին հինգ կնիկները» պատմութեանս մէջ, թէ՝ մամս իրենց տանէն, Տէրտիրանց աղջիկ ըլլալով, մամուս եղբայր, ինծի քեռի էր:

Հագուեցայ, վազեցի, գացի: Իր սենեակը չէր պառկեր, երդիքին վրայ մէկ հոգիի հոլիկ մը շիներ էր, հոն կը պառկէր: Երդիքը ելայ, որ հոլիկ ըսածիս դուռը բաց էր, անկողինը պարապ էր: Երդիքին ձիւնն ալ քերած չէին: Ո՞ւր գացեր էր: Պատին ետեւը դարձայ որ՝ վարտիք շապիկով մը, կուրծքը բացեր, նստեր էր ձիւնին վրայ: Կը հեւար, քրտինքներու մէջ էր: Պեխերը, մօրուքը իրար անցեր, չէր կրնար շնչել:

-Տէր քեռի, անկողինդ տանիմ քեզ, անկողինդ պառկէ, ձիւնին վրայ նստեր ես, պաղ հովին մէջ, գէշ կ՚ըլլաս, կը մեռնիս, ըսի:

-Ձգէ՛… գնա դուն, ձգէ, որ ես պաղշկիմ, ըսաւ:

Չթողուց, որ անկողինը տանիմ: Տղաքը՝ Գառնիկը, Տիգրանը, Կարապետը, Պօղոսը եկան: Ինչ ըրինք, չգնաց ներս: Կը հեւար: Չէր կրնար խօսիլ, մինակ՝

-Ձգեցէք, որ պաղշկիմ, կ՚ըսէր:

-Խելքին եկած է, խենթեցեր է, յոյսերնիս կտրեցինք, աս գիշեր աս տէրտէրը կը մեռնի, ըսինք իրարու ու տուներնիս գացինք:

Քունս տարեր էր, ուշ արթնցայ: Կինս, կուժը շալակը, ներս մտաւ, աղբիւրէն կու գար, Տէր քեռին հարցուցի, սպասելով, որ՝ «մեռեր է» պիտի ըսէր:

-Տէր քեռին աղեկցեր է, ժամ եկեր է առտուն, ժամը ըրեր է, ժամէն ելլողները ըսին, պատասխանեց: Ապշեցայ:

-Իրա՞ւ կ՚ըսես:

-Իրաւ կ՚ըսեմ, ըսաւ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունուար 25, 2024