ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ Ս. ԹԱԳԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

«ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԺԱՄ»

2019-ի Մեծ պահքի քառասնօրեայ շրջանի սեմին, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ կողմէ լոյս ընծայուեցաւ՝ «Արեւագալի ժամ» գիրքը։ Սոյն գիրքը Գ. հատորն է «Սուրբ Թագաւոր մատենաշար»ի եւ ձօնուած է Հայ Եկեղեցւոյ երաժշտութեան առաքեալ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին։

Սկսեալ 1991-էն Պոլսոյ մէջ տարբեր առիթներով, պատրաստուած են Արեւագալի գիրքեր, որոնց գլխաւոր նպատակն է աւելի հասանելի եւ հասկնալի դարձնել Հայ Եկեղեցւոյ իւրայատուկ արարողութիւններէն մին։ Այս գիրքը եւս կը միանայ նախկին հրատարակութիւններու փաղանգին, որուն գլխաւոր նպատակն է արարողութեան ներգրաւել ուխտապահ եւ բարեպաշտ հասարակութիւնը։

Գիրքը կը բաղկանայ 104 էջերէ եւ կը սկսի անդրանիկ հրատարակութեան մէջ Մեսրոպ Եպիսկոպոս (այժմ՝ Պատրիարք Հայոց Թուրքիոյ) գրի առած «Մեծ պահք եւ աԱրեւագալ» խորագրեալ գրութեամբ։ Սոյն նախաբանին կը յաջորդէ նաեւ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի «Ծագեա ի Հոգիս մեր զլոյս քո իմանալի» խորագրեալ բացատրական գրութիւնը։ Հայր սուրբը այստեղ կը յիշեցնէ, թէ 1991-ին տպուած գրքոյկը եկեղեցւոյ մէջ կարեւոր քայլ մը դարձաւ, քանի հաւատացեալներ առաւել եւս արարողութեան հետեւելու առիթը ունեցած էին։ Անցնող աւելի քան 35 տարիներու ընթացքին, նման բոլոր հրատարակութիւններու գլխաւոր սկզբունքը այս էր։ Հետեւաբար այս գիրքն ալ, նոյն գծով պատրաստուած ըլլալով կը  պարունակէր նաեւ երաժշտական բծախնդրութեամբ ցոյց տալ դարաւոր աւանդութենէ բղխած պոլսական աւանդական երգեցողութիւնը, յաւելեալ քմահաճ եղանակներէ ձերբազատելով, Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ նօթագրութեան ճամբով ըստ կարելւոյն փոխանցել յաջորդ սերունդին։

Գրքոյկին նորութիւնը այն է, որ արեւագալի արարողութեան աղօթքներուն եւ շարականներուն առընթեր, կը պարունակէ խազագրութիւններ եւ արարողութեան բոլոր երգերուն եւ շարականներուն նօթագրութիւնները։ Արեւագլալի գրաբար բնագրին առընթեր տեղադրուած են նաեւ բնագրի լատինատառ տարբերակը, որպէսզի հայերէն կարդալ չգիտցող հաւատացեալներ եւս միանան արարողութեան։ Գրքոյկին մէջ տեղ տրուած է նաեւ աղօթքներու աշխարհաբար եւ թրքերէն թարգմանութիւններուն։

Սոյն գիրքը հրատարակութեան պատրաստուած է քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայի եւ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի կողմէ։ Իսկ ձայնագրութեանց համակարգչային ընդօրինակումի աշխատութիւնը կատարուած է Հրանդ Ուրարակիր Դպիր Չիզմեճեանի կողմէ։

Սոյն հատորի մեկենասութիւնը ստանձ-նած է Տէրողորմեաճեան ընտանիքը, ի յիշատակ իրենց հանգուցեալ մեծ մօր՝ Հերմինէ Տէրողորմեաճեանի։ Իսկ կողքը պատրաստած են Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Մուրատ կիսասարկաւագ Կոստանեան։

«ՊՕՂՈՍ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԽԱՐԱՂՕՉԻ ԿԵԱՆՔՆ ՈՒ ԳՈՐԾԸ»

Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնի սեմին, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ կողմէ փետրուար 2019-ին լոյս ընծայուեցաւ՝ «Պօղոս Արքեպիսկոպոս Խարաղօչի կեանքն ու գործը» գիրքը։ Սոյն գիրքը Դ. հատորն է «Սուրբ Թագաւոր մատենաշար»ի եւ հրատարակութեան պատրաստուած է երանաշնորհ Մաղաքիա Պատրիարքի վախճանման 100-ամեակին ծիրէն ներս։

Գիրքը գրի առած է Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ յիշեալ աշխատութիւնը մասնաւորապէս ձօնած է՝ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ երբեմնի քարոզիչ եւ Սկիւտարի Ս. Խաչ դպրեվանքի հիմնադիր, արմաշական մեծանուն հոգեւորական երանաշնորհ Տ. Գարեգին Ս. Պատրիարք Խաչատուրեանի։

Գիրքը կը բաղկանայ 144 էջերէ, որուն պարունակութիւնը կ՚ընդգրկէ Պրուսայի, Նիկոմիդիոյ եւ մասնաւորապէս Արմաշու առաջնորդ Պօղոս Արքեպս. Խարաղօչի ընդարձակ կենսագրութիւնը։

Գիրքը սկիզբ կ՚առնէ Ս. Թագաւոր գկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի «Հաւատքի եւ ծառայութեան ճանապարհ՝ Պրուսայէն դէպի Արմաշ» խորագրեալ գրութեամբ, որուն մէջ մասնաւորապէս կը շեշտադրուի գիրքի պատրաստութեան նպատակը։ Հայր սուրբը ի միջի այլոց կ՚ըսէ. «Թէ ինչո՞ւ մասնաւորապէս կը յիշատակենք Պօղոս Արքեպիսկոպոսի անունը. որպէս կարկառուն հովիւ, կազմակերպած է թեմական կառոյցները եւ իր առաջնորդական մականին ներքեւ կարողացած է համախմբել հաւատացեալ ժողովուրդը։ Պերճախօս ու աստուածային ձիրքերով օժտուած հոգեւորական մը, վարքով, խօսքով ու գործով կորովի դէմքերէն մին դարձած է ժամանակակից անձանց միջեւ։ Մասնաւորապէս պրուսացիներ իր մասին ունին բազմաթիւ պատմուածքներ, որոնց մէջ միշտ կը յայտնուի օրինակելի, պատկառելի եւ խղճամիտ հոգեւոր սպասաւորի մը տիպարը»։

Իսկ, յետոյ գրքի հեղինակ՝ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան երախտագիտական ջերմ զգացումներով իր սրտի խօսքը կ՚ուղղէ «Երկու խօսք» խորագրեալ գրութեամբ ու կը յիշեցնէ, թէ Մեսրոպ Պատրիարք Հայրը մասնաւորապէս ամէն առիթով կը շեշտէր Արմաշու Չարխափան Ս. Աստուածածնի վանքին կարեւորութիւնը։ Տէր հայրը, ապա այս մեծանուն հոգեւորականը յիշատակելու գաղափարին սկզբնակէտը կը մատնանշէ՝ ըսելով. «Կարճատեւ եւ ապարդիւն շրջանէ մը յետոյ պատմութիւնը կ՚արձանագրէ բարձրաստիճան եւ արժանաւոր հոգեւորականի մը վաստակը, որ Արմաշու կրթարանը յիրաւի պիտի վերածէր օրինակելի կրթական հաստատութեան մը։ Այս հոգեւորականը եւ առաջնորդող դէմքը եկած էր Գամրաց աշխարհէն, որուն անթուլ աշխատանքներով Արմաշու վանքը հայ կրթական շարժման պատմութեան մէջ իր պատուոյ տեղը պիտի գրաւէր, հոգեւորականներ պատրաստելու ուղղութեամբ արձանագրած յաջողութիւններով։ Արմաշու վանքին այս երկրորդ կարեւոր հիմնադիրն է Պօղոս Արքեպիսկոպոս Խարաղօչ, որուն կեանքին պատմութիւնը նաեւ վաստակը արժանի է նշել, օրինակելի ըլլալու իր հանգամանքներով»։

Գիրքին մէջ բացի պատմական նկարներէ տեղ գտած է Պօղոս Արք. Խարաղօչի մանկութենէ դէպի հոգեւորականութեան երկարող ուղին, իր ձեռնադրութիւնը, Պրուսայի առաջնորդութեան օրերը, իրեն համար գրի առնուած ներփողականները, Ս. Երկրի սրբատեղեաց համար մղած պայքարը, Արմաշու եւ Նիկոմիդիոյ առաջնորդութիւնը, Չարխափան Ս. Աստուածածին տաճարի վերաշինութիւնը եւ իր վախճանումը։ 

Սոյն գիրքին մէջ յատկապէս երեք գլուխներ մասնաւոր ուշադրութեան արժանի են։ Առաջինը՝ Տէրվիշի մը կողմէ, ի պատիւ Պօղոս Արքեպիսկոպոսի գրի առնուած գովաբանական բանաստեղծութիւնը, հանդերձ իր հայերէն թարգմանութեամբ։ Երկրորդը՝ իր կողմէ վերակառուցուած Չարխափանու տաճարի բովանդակ յիշատարանը։ Երրորդը՝ իր տապանաքարին Գարեգին Արք. Խաչատուրեանի կողմէ փոխադրութիւնը Արմաշէն դէպի Ս. Խաչ դպրեվանք։  

Սոյն հատորի մեկենասութիւնը ստանձնած է Ճանէլ ընտանիքը, ի յիշատակ Հայ Եկեղեցւոյ բազմարդիւն սպասաւորին՝ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի վախճանման 100-ամեակին։ Իսկ կողքը պատրաստած են Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Մուրատ Կիսասարկաւագ Կոստանեան։

Փափաքողներ պիտի կարենան հատորէն ունենալ դիմելով Ս. Թագաւոր եկեղեցի։

Երկուշաբթի, Փետրուար 25, 2019