«ՇՈՒՇԻ ՄԱՄ»

Եկեղեցիի բակի մէջ քանդուքարափ, խորտուբորտ էր գետինը...

-Պելոչկա, այդ քարը մի՛ կոխեր, այն քահանայի մը տապանաքարն է... Այստեղ թաղուած են եկեղեցականները...

Ես լուռ ու մունջ մտիկ կ՚ընէի՝ չհասկնալով շատ բաներ, սակայն երբեմն կը սարսափէի իմ ունկնդրած պատմութիւններու դաժանութենէն...

Ինչո՞ւ բակին մէջ, բանուկ տեղ մը մարդ թաղել... Այդպէս ալ մինչեւ հիմա չեմ գիտեր, թէ ովքերու տապանաքարերու մասին կը պատմէր իմ տատիկը...

Ինքնաշարժի ընթացքը զիս հասցուց Շուշիի վարչակազմի շէնքի հարեւանութեամբ գտնուող պուրակը...

Բերդաքաղաքի հարուստ պատմութեան շունչով թանձրացած թթուածին կայ այս պուրակին մէջ... Անոր լռութեան մէջ աւելի լաւ կը զգացուէր իմ մանկութեան Շուշիի փողոցներու աղմուկը... Քիչ մը այն կողմ իմ մանկութեան պատուհանն է...

Ինքնաշարժը հեռու ձգեցի ու ոտքով իջայ՝ սալայատակը քանդուած փողոցով...

Մեր տան պատուհանները փեղկեր ունէին... Արտաքին փեղկերը փայտէ էին՝ դռներու պէս, իսկ ներքինը՝ ապակիէ...

Նստայ յամառօրէն կանգուն մնացած իմ մանկութեան պատի ու պատուհանի դիմաց՝ փողոցի մէջ ինկած փոքրիկ քարին ու կը տեսնեմ իմ տատիկի գրադարանէն գողցած գիրքի հետ պատուհանի փեղկերու արանքին մէջ նստած Պելլան...

Իմ ու իմ տատիկի միակ վէճի պատճառը գիրքն էր...

Գրադարանէն բերած գիրքը կը ջանայի ծածուկ հասցնել իմ սենեակ, որպէսզի տատս չնկատէր...

-Պելոչկա, այդ ի՞նչ գիրք բերիր... տուր ես կարդամ, յետոյ դուն կը կարդաս...

-Վա՜յ, լաւ էլի Շուշի մամ (Շուշի բնակող մայր), գրադարանը գիրքը քանի մը օրով տուաւ: Պիտի չհասցնեմ կարդալ:

-Խօսք կու տամ, գիշերը պիտի կարդամ, վերջացնեմ... Ու գիշերը քանի անգամ կը բանայի աչքերս՝ լոյսը վառած, տեղաշորի մէջ նստած՝ գիրքը ձեռքին...

Եւ ամէն անգամ իմ խիղճը կը սղոցէր զիս… Ախր ես կրնայի խախտել գրադարանի տուած ժամկէտը...

-Շուշի մամ, հոգ չէ, քնացիր... գիրքը պիտի չտանիմ...

Փողոցի անցորդներու տարակուսած հայեացքները ստիպեցին ինծի վեր կանգնիլ փոքրիկ քարէն. սակայն, տունէն չէի կրնար հեռանալ...

Այսքան տարիներու ընթացքին, առաջին անգամ փորձեցի նայիլ գոց դրան արանքէն...

Գոնէ աչքի ծայրով տեսնել փայտէ սանդուխները, որոնք կը տանէին դէպի տուն, արդեօք, գոնէ պզտիկ մաս մը մնացա՞ծ է, թէ՞ ոչ...

Դրան վրայ ամրացուած թիթեղը այնքան ամուր էր, որ իմ բոլոր ջանքերը եղան ապարդիւն...

Իմ մանկութեան յուշերու պատառիկներու բակը չտեսայ...

Տունը ինծի չտուին՝ իմ երկրի իշխանութիւնները...

Իմ տատիկի տունը վերցնելու խնդրանքով բախեցի վարչակազմի դուռը..

Թուղթեր չկան... սակայն, չէ որ բոլոր շուշեցիները գիտեն, որ ռուսաց լեզուի ուսուցիչ Սիմոն Լալայեանինն է այդ տունը...

Թէ՝ տունը այլեւս ուրիշի սեփականութիւնն է...

Ախր, այդ կիսաւեր պատերը, որոնք ուրիշի համար լոկ շահաւէտ տարածք մըն է՝ իմ մանկութեան պատերն են...  որ իմ պատմութիւնը ինծի չտուաւ... որուն քովէն նայեցայ, լուսանկարեցի, նայեցայ, նայեցայ, լուսանկարեցի...

Իսկ այսօր... այսօր այլեւս նայիլն ու լուսանկարելն ալ դարձաւ անհնար...

Քանի ժամէ ի վեր՝ կորած էի բոլորէն... Պէտք էր վերադառնալ տուն...

Բոլոր յոյզերը խնամքով թաքցնել, հագնիլ անհոգ ժպիտը՝ մինչեւ յաջորդ փախուստը՝ բոլորէն ու ամէն բանէ...

Յետոյ...

Յետոյ, Շուշի մամ...

Կը յիշես, ինծի պատմեցիր, թէ ինչպէս հակառակորդը գիշերով յարձակեցաւ, սպաննեց բնակիչները, տուները վառեց, որպէսզի Շուշին խլեն հայերէն...

Շուշին խլեցին հայերէն, Շուշի մամ: Բայց հայը խլեց, չես հաւատար, Շուշի մամ, հրէշաւոր հայը՝ նոյն դաժանութեամբ սպաննած, քանդած ու մորթած է հայը, ու խլած Շուշին...

Այն Փակ շուկայի քովի մզկիթին մէջ նորէն նամազ կը հնչէ, Շուշի մամ...

Նորէն եկեղեցիի մէջ մոմ վառող չկայ...

Ու ես ա՛լ չեմ կրնար իմ յոյզերու փոթորիկը սանձած հասնիլ քեզի, նստիլ պատի տակ ու լուռ, անձայն երկար զրուցել... Շուշի, Շուշի մամ...

ՊԵԼԼԱ ԼԱԼԱՅԵԱՆ
Արեւելահայերէնէ վերածեց՝
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

•շար. 2 եւ վերջ

Երեւան 

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2021