ՄԱՔՈՒՐ ՄՈԼՈՐԱԿ, ԱՌԱՆՑ ԱԽՏԵՐՈՒ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ քորոնաժահրէն մահացածներու յիշատակին յայտարարուած հնգօրեայ սուգը, անգամ մը եւս հաստատեց մեր միտքերը այն մասին, որ կը բնակինք աղէտի դարուն մէջ:

ԱՄՆ-ի նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտըն, մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեց կէս միլիոնէն աւելի ամերիկացիներուն յիշատակը, որ մահացած են ժահրէն կամ անոր յարուցած բարդութիւններէն, ապա յետագայ հինգ օրերը սուգի օրեր յայտարարեց Միացեալ Նահանգներուն մէջ, ուր պետական դրօշները իջեցուած կը մնան եւ երկիրը սգոյ օրակարգի մէջ կը մտնէ:

Հակառակ որ Չինաստանէն սկիզբ առած, Իտալիոյ մէջ մոլեգնած եւ ողջ Եւրոպան եւ զանազան երկիրներ տակնուվրայ ըրած քորոնաժահրը համեմատաբար ուշ հասաւ ԱՄՆ, բայց այդ երկիրը տակաւին կը մնայ վարակուածներու եւ մահացածներու թիւով առաջատարը: Աւելի՛ն, քորոնաժահրէն մահացածներուն թիւը ԱՄՆ-ի մէջ աւելի է, քան՝ Բ. համաշխարհային, Քորէի եւ Վիեթնամի պատերազմներուն ընթացքին երկրի կորուստներուն թիւը:

Բ. Աշխարհամարտի ժամանակ 291 հազար ամերիկացի զոհուած է: Վիեթնամի պատերազմին զոհ գացած են 47.434 ամերիկացի զինուորական ծառայողներ, իսկ Քորէի պատերազմին զոհուած է 33.739 ամերիկացի զինուոր:

Վարակը կը շարունակուի տարածուիլ: Աշխարհի մէջ այսօր երկու կարեւոր իրադարձութիւն զուգահեռաբար կ՚ընթանան. մէկ կողմէն կը տարածուի քովիտ-19-ը, միւս կողմէն լայն թափով կը սլանայ անոր դէմ պատուաստը: Պատուաստին մասին տեղեկութիւնները կը շրջին, մարդոց վախ, մտավախութիւն, անհանգստութիւն, նաեւ՝ ապահովութիւն, հանգիստ եւ հազար ու մէկ զգացողութիւններ հաղորդելով: Մարդոց մէկ մասը կասկածներ ունի, թէ ինչպէ՞ս պատուաստանիւթը պիտի ամրապնդէ իր մարմինը: Շատեր յոյս կը դնեն սեփական ուժերուն վրայ եւ կը փորձեն բնական եւ ուրիշ միջոցներով ամրապնդել իրենց առողջութիւնը, որպէսզի վարակի պարագային կարենան դիմագրաւել: Կան մարդիկ, որոնք կը կարծեն, թէ քորոնաժահրով կրնան վարակուիլ պատուաստուելու ընթացքին: Այս կարծիքը, ի դէպ, տարածուած է բոլոր երկիրներու մէջ:

Գիտնականները կը փորձեն ամէնուր բացատրել, որ պատուաստանիւթը կը ստացուի մեռած կամ լիովին թուլցած ժահրէն, այդ հարցը մտահոգիչ չէ, կարիք չկայ վախնալու եւ մտահոգուելու: Անոնք կը բացատրեն, որ այս պատուաստանիւթին արտադրութեան արուեստագիտութիւնը նորութիւն չէ, նոյն եղանակով արտադրուած են նաեւ ուրիշ հիւանդութիւններու դէմ պատուաստանիւթերը: Մասնագէտներ կը փարատեն այն կասկածները, թէ պատուաստանիւթէն ետք կը փոխուի մարդուն ժառանգականութեան քոտը եւ անոր մէջ կը տեղադրուի սարք մը եւ մարդը կը վերածուի կիսամարդի: Նոյնիսկ երեւակայական շարժանկար մը նկարահանուած է այն մասին, թէ ինչպէս ժամանակակից ժահրերուն դէմ պատուաստումներէն ետք մարդը կը կորսնցնէ էութիւնը եւ կուրօրէն կ՚ենթարկուի ուրիշ մարդոց: Բայց շարժանկարը գիտական որեւէ հիմք չունի, ընդամէնը զուարճանքի եւ երեւակայութեան արդիւնք է:

Մարդիկը յուզող բոլոր հարցերուն պատասխանը կայ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան համացանցային կայքէջին վրայ, ուր անընդհատ կը թարմացուին հարցում-պատասխանները, որոնք անթիւ են, բազմազան, յաճախ՝ տարօրինակութեան հասնող, բայց երբեմն հարցումները կը դրդեն գիտնականները նոր պրպտումներու, աշխատանքի նոր ձեւերու: Գլխաւոր հարցերէն մէկը, որ երբեք փոփոխութեան չ՚ենթարկուիր, այն է՝ քորոնաժահրով ո՞վքեր կը վարակուին: Պատասխանը անփոփոխ է. «Բոլորը կրնան վարակուիլ»: Քորոնաժահրը կը հարուածէ մեծերն ու պզտիկները, տարեցներն ու երիտասարդները, սեւամորթներն ու դեղնամորթները, հարուստներն ու աղքատները, բայց առաւել լաւ կը զգայ տկար ու յոգնած մարմիններու մէջ, ուր իր դէմ պայքարող հակամարմինները տկար են ու քիչ:

Հարցում մը եւս կը վերաբերի ուտելիքի եւ ժահրի առընչութեան.

«Արդեօք ուտելիք մը կա՞յ, որ կրնայ կասեցնել վժահրին տարածումը»:

Եւ ոմանց համար այդ սննդամթերքները կը շարունակեն մնալ սխտորը, կոճապղպեղը եւ կիտրոնը: Պատասխանը նոյնն է «Այդ մասին փաստեր չկան»: Հակառակ այդ հերքումին, որ որոշ երկիրներու մէջ ժամանակ առ ժամանակ կը բարձրանան այս երեքին գիները: Սխտորը, կոճապղպեղը եւ կիտրոնը, այո, կենսանիւթերով հարուստ են, բայց այնքան ուժ չունին, որ ոչնչացնեն այնպիսի պզտիկ, բայց զօրաւոր մանրէ մը, որ թագի տեսքով բազմած է աշխարհի գլխուն:

Հարցումներ կան նաեւ եղանակին եւ ժահրին առընչութեան վերաբերող.

Եթէ մինչ այս ամառը կը յայտարարուէր, թէ տաք եղանակին ժահրը կ՚ոչնչանայ, ապա այս ամառըունէ ետք, երբ շատ մը երկիրներ իրենց երկրորդ եւ բուռն ալիքները ապրեցան, հերքուեցաւ նաեւ այդ մօտեցումը. «Քորոնան եղանակ չի ճանչնար», կը պատասխանէ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան կայքէջը, բայց հաստատելով, որ բոլոր ժահրերու պէս քորոնան նոյնպէս լաւ կը զգայ ցած ջերմաստիճանի պայմաններուն:

«Կրնա՞յ մարդը վարակուիլ ընտանի կենդանիէ». միշտ կրկնուող հարցում մը կազմակերպութեան կայքէջին վրայ: Մասնագէտները կը յայտնեն՝ հակառակ որ կենդանիներու մօտ նոյնպէս յայտնաբերուած է քորոնան, բայց Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը փաստեր չունի, որ վարակը ընտանի կենդանիէն կ՚անցնի տանտիրոջ կամ հակառակը:

Բոլոր հարցումները կը վկայեն մէկ բանի մասին՝ տակաւին խիստ անհրաժեշտութիւն կայ զանգուածային կրթական միջոցառումներու, մանաւանդ՝ կասկածամիտ, կրթական ցած մակարդակ եւ խոցելի մտաւոր կարողութիւն ունեցողներուն համար: Բայց միւս կողմէ ալ մեղադրելի չեն այս հարցումներ ուղղողները, քանի որ ժահրը նոր է եւ շատ բաներ տակաւին ուսումնասիրուած չեն, աւելին՝ կը մնան հանելուկային:

Գիտնականները օրերս քորոնաժահրի հետ կապուած ուշագրաւ յայտարարութիւն մը եւս կատարած են. մարդկութիւնը համաճարակի հետեւանքով կորսնցուցած է աւելի քան 20 միլիոն տարուայ կեանք: Տեղեկութիւններ վերցնելով 81 երկրներէ, մասնագէտները ժահրէն մահացած հիւանդներուն տարիքային տարբերութիւնը համեմատած են աւելի շատ տուժած նահանգներու մէջ կեանքի միջին տեւողութեան հետ: Անոնք գործածած են «Կորսուած կեանքի տարիներ» (YLL) կոչուող ստուգման եղանակը, որ կը հաշուարկէ տարիներուն միջինը, որ մարդիկ կրնային ապրիլ, եթէ կանուխ չմահանային: Ընդհանուր առմամբ, 81 երկրի մէջ քորոնան խլած է 20.507.518 տարուայ կեանք, իւրաքանչիւր մահուան դիմաց՝ 16 տարի:

Եւրոպայի գերտէրութիւններէն մին՝ Անգլիան սկսած է մտածել համավարակին առընչուող սահմանափակումները վերացնելու մասին: Երկրին վարչապետը՝ Պորիս Ճանսըն յայտարարած է, որ այդ մէկը կրնայ ըլլալ մինչեւ յունիսի 21-ը, կախուած իրավիճակէն: Զուիցերիան եւ Գերմանիան նոյնպէս ծրագրած են զգուշաւոր քայլեր ձեռնարկել՝ համատարած տնակալումը կամաց-կամաց վերացնելու ուղղութեամբ:

Վարակին առումով աշխարհի ուշադրութիւնը վերջին շրջանին սեւեռուեցաւ նոր հիմնամանրէին վրայ, որ կը կոչուի անգլիական: Այդ փոփոխուած ձեւը հասաւ ամենահեռաւոր անկիւններ եւ փաստուած է, որ շատ արագ կը տարածուի եւ այնքան անողոք է, որ նոյնիսկ փորձանակով չ՚երեւիր: Այս փոփոխուած տարբերակը ի յայտ եկաւ անցեալ տարուայ նոյեմբերին եւ տակաւին կենսունակ է: Ժահրին այս նոր ու վարակիչ հիմնամանրէն վերջին մէկ շաբթուայ ընթացքին յայտնաբերուած է ութ երկիրներու մէջ եւս: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը նաեւ հաղորդած է, որ նոր տեսակներու տարածման աշխարհագրութիւնը ընդլայնած է:

ՀԱՅԱԱՏԱՆԻ ՄԷՋ

Քորոնաժհրի փոփոխուած տարբերակը Հայաստան չէ հասած, ինչպէս նաեւ ուրիշ երկիրներու պէս Հայաստան համավարակի երրորդ ալիք չէ թեւակոխած:

Շուտով մէկ տարի կ՚ըլլայ, որ Հայաստանի մէջ արձանագրուեցաւ առաջին քորանաժահրով վարակակիրը: 2020 թուականի մարտի 1-ի վաղ առաւօտեան, Իրանէն ժամանած քաղաքացիին մօտ, յայտնաբերուած էր քովիտ-19-ը: Ան վարակը տարած էր առանց ախտանիշներու եւ սահմանուած ժամկէտին մէջ դուրս եկած մեկուսացումէն: Դէպքի յայտնաբերումէն ետք վարակակիրը եւ անոր հետ շփում ունեցող մարդիկ մեկուսացուցած են, բոլոր ուսումնական հաստատութիւններուն աշխատանքները դադրած են մինչեւ մարտի 9-ը: Այդպէս, մէկ տարի առաջ այս օրերուն Հայաստանը նոյնպէս դարձաւ նոր աշխարհի մէկ մասնիկը եւ յայտնուեցաւ քորոնայի քարտէսին վրայ:

Այսօր, ըստ Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու Վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի տուեալներուն, փետրուարի 23-ի դրութեամբ երկրին մէջ վարակեալներուն թիւը կը կազմէ 170.672, որոնցմէ 162.329-ը՝ առողջացած եւ 3.171-ը մահացած, այսօր փաստացի բուժում կը ստանայ 4.366 մարդ: Կան նաեւ մահուան այնպիսի դէպքեր, երբ այցելուին մօտ հաստատուած է քորոնաժահր, սակայն մահը վրայ հասած է ուրիշ հիւանդութեան պատճառով. այդպիսի մահերուն թիւը Հայաստանի մէջ 803 է: Մինչեւ հիմա Հայաստանի մէջ քորոնայի փորձաքննութեան ենթարկուած է 710.201 մարդ:

Ինչպէս աշխարհի, Հայաստանի մէջ եւս այս վարակէն աւելի շատ են բուժուածները, քան՝ մահացածներն ու փաստացի բուժուողները: Հայաստանի մէջ գրեթէ բոլոր մահացած մարդիկը ունեցած են ուղեկցող հիւանդութիւններ կամ այլ առողջական խնդիրներ:

ԱՄԵՆԱՄԵԾ ՀԱՐՑԸ

Հակառակ քորոնաժահրի օրակարգին, ամերիկացի մեծ ձեռնարկատէր, համակարգչային ծրագրաւորող եւ բարերար Պիլ Կէյց յայտնած է, որ մարդկութեան դէմ այսօր ծառացած ամենաբարդ հարցը, կլիմայական չէզոքութեան հասնիլն է մինչեւ 2050 թուականը: Այդ մասին ան ըսած է փետրուարի 16-ին՝ Աւստրալիոյ ազգային հանրային հեռարձակող ընկերութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին. «Ատիկա ամենաբարդ խնդիրն է, որ երբեւէ ծառացած է մարդկութեան առջեւ, որովհետեւ ֆիզիքապէս աշխարհի տնտեսութիւնը՝ թրծաշաղախը, պողպատը, փոխադրամիջոցները, գիւղատնտեսութիւնը պէտք է փոխուին», ըսած է Կէյց:

Ան ճշդած է, որ միայն նորարարութիւններու կիրառումը, անոնց տարածումը կարելիութիւն կու տան այդ խնդիրը լուծելու մինչեւ 2050 թուականը:

2018 թուականի նոյեմբերի 28-ին Եւրոպական յանձնաժողովը ներկայացուցած է մինչեւ 2050 թուականը բարեկեցիկ, ժամանակակից, մրցունակ եւ կլիմայաչէզոք տնտեսութեան վերաբերեալ իր ռազմավարական երկարաժամկէտ տեսլականը՝ յայտնի որպէս «Բոլորին համար մաքուր մոլորակ»:

Երակարաժամկէտ ռազմավարութիւնը կ՚արտայայտէ, թէ ինչպէս Եւրոպան կարող է առաջնորդել դէպի կլիմայական չէզոքութիւն՝ ներդրումներ կատարելով իրատեսական փորձագիտական լուծումներու մէջ, ուժեղացնելով քաղաքացիները եւ փոխհամաձայնեցնելով գործողութիւնները այնպիսի ուղղութիւններով, ինչպիսիք են՝ արդիւնաբերական քաղաքականութիւնը, դրամական միջոցները, հետազօտութիւնները եւ ապահովելով ընկերային արդարութիւն՝ անցման գործընթացի ընթացքին:

Այժմ աշխարհի հռչակաւոր դէմքերը ներդրումները ուղղած են այս քաղաքականութեան իրագործման: Անոնք հաւատացած են, որ մաքուր մոլորակին վրայ կարելի կ՚ըլլայ պայքարիլ թէ՛ քորոնաժահրի եւ թէ մարդկութեան անյայտ ուրիշ ժահրերու եւ աղէտներու դէմ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2021