ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԳՐԻՉԻ ԽԱՂԵՐԸ

Տարին Կոմիտասեան է. մեծ երաժիշտին, արուեստագէտին ծննդեան 150-ամեակին առթիւ Երեւանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ «Կոմիտասի գրիչի խաղերը» խորագրով բացառիկ ցուցահանդէս մը բացուած է:

Այս ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ Կոմիտասը իբրեւ գծանկարիչ, որուն գծած պատկերները, շարժերը բացայայտումներ կ՚ընեն Կոմիտասի բնաւորութեան մասին: Հակառակ կեանքի յարուցած դժուարութիւններուն, Կոմիտաս շատ լաւատես եւ կատակասէր մարդ եղած է եւ սխալ է այն կարծրատիպը, թէ երաժիշտը մռայլ էր եւ չափազանց զուսպ: Իր բնաւորութեան աշխուժութիւնը եւ խառնուածքի պայծառութիւնը արտայայտութիւն գտած են գծապատկերներուն մէջ: Այդ գծապատկերները Երեւանի մէջ բացուած ցուցահանդէսին հիմնական նմոյշներն են, հոն ցուցադրուած են նաեւ Կոմիտասի ձեռագիր նամակները, ծածկագրերը:

Գրիչի խաղերով Կոմիտաս Վարդապետ զուարճալի ու կատակային կերպարներ եւ իրավիճակներ ստեղծած է: Ան գծած է զանազան ազգերու մարդոց դիմագիծեր, թիւերով ծածկագրեր կազմած է, յաճախ ամբողջական ըսելիքը միայն գիծերով փորձած է արտայայտել, եւ այդ բոլորը գրեթէ պահպանուած եւ հասած են մեզի: Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ կոմիտասեան այդ ձեռագրերով վզկապեր՝ շալեր կը վաճառ-ւին, նախատեսուած է նաեւ թողարկել ուրիշ յուշանուէրներ, որոնց վրայ Կոմիտասի գրիչին խաղերը պիտի ըլլան:

Ծանօթ է Կոմիտասի եւ երգչուհի, դաշնակահարուհի Մարգարիտ Պապայեանի հոգեկան մտերմիկ կապը: Մարգարիտ Պապայեանին Կոմիտասի ղրկած բազմաթիւ նամակներուն մէջ կ՚առանձնանայ մէկը՝ 1906 թուականին գրուած: Այս նամակին մէջ Կոմիտաս Վարդապետի էջին երկայնքով գծանկար մը գծած է եւ որպէսզի ըսելիքը աւելի հասկնալի ըլլայ, Մարգարիտ Պապայեանին նուիրած է իր գրած «Պզտիկ մոծակ» բանաստեղծութիւնը, եւ ընդհանրապէս, բանաստեղծութենէն զատ, նամակը ան «գրած է» գիծերով:

Նամակին մէջ գրած է. «Ներսս կը կարդաք ներսի թուղթերուն մէջ, դուրսս՝ դուրսի»:

Ուրիշ մարդոց յղուած նամակներու աւարտին եւս Կոմիտաս երբեմն, սովորաբար, բան մը գծած է. Կոմիտասին կեանքը ուսումնասիրողները այսօր այս մէկը կը բնորոշեն իբրեւ գրիչի խաղեր:

Մեծ երաժիշտին գրիչը չէ սահմանափակուած միայն երաժշտութեամբ: Ծանօթ է, որ Կոմիտաս տասնեակ բանաստեղծութիւններու հեղինակ է: Իր կենդանութեան ժամանակ անոնք չեն տպագրուած եւ միայն Կոմիտասի 100-ամեակին առթիւ էր, որ Հայաստանի մէջ, գրականագէտ Լեւոն Միրիճանեանի խմբագրութեամբ, լոյս տեսաւ Կոմիտասի բանաստեղծութիւններու ժողովածոն: Հակառակ անոր որ Կոմիտաս հրաշալի բանաստեղծութիւններ գրած է, սակայն ինքզինք չէ նկատած կոչումով բանաստեղծ: Անոր իւրաքանչիւր բանաստեղծութիւնը ունի պատմութիւն մը: Մէկը ան գրած է կարօտի զգացումէն այրելով, միւսը՝ սիրոյ, ուրիշի մը մէջ փառաբանած է բնութիւնը, ծառը, ծաղիկը, առուակը, գարունը, ձմեռը, լեռները…

Զինք շրջապատող ամէն ինչ բանաստեղծութեան նիւթ դարձած է:

Կոմիտասի բանաստեղծութիւններու այս ժողովածոյին մէջ զետեղուած է նաեւ «Մեր հայ գաւառն է խաւար» բանաստեղծութիւնը: Այս ստեղծագործութիւնը գիրքը կազմողը՝ Լեւոն Միրիճանեանը, զետեղած է «Գիւղերգ» խորագրին տակ: Սակայն այդ ժողովածոյի լոյս ընծայումէն յիսուն տարի ետք՝ այսօր կրնանք ըսել, որ այդ բանաստեղծութիւնը գիւղերգ չէ, եւ ունի բոլորովին տարբեր նախապատմութիւն:

Այս բանաստեղծութեամբ Կոմիտաս իր մասնակցութիւնը ունեցած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) քայլերգին համար անցեալ դարասկիզբին յայտարարուած մրցոյթին: Թէեւ այդ մէկը իսկական իմաստով մրցոյթ չէր, այլ կոչ էր, սակայն փաստ է, որ իրարու հետ կը մրցէին զանազան երկիրներէ ղրկուած բանաստեղծութիւններ, որոնցմէ մին պիտի ընտրուէր իբրեւ ՀԲԸՄ-ի քայլերգ: Երբ ՀԲԸՄ-ը կոչ ըրաւ հայ մտաւորականութեան՝ քայլերգ մը յարմարցնել միութեան ոգիին, միութիւնը միայն վեց տարուան պատմութիւն ունէր, սակայն արդէն հաստատուն քայլեր կատարած էր եւ հաւանաբար մեծ հեղինակութիւն ալ արդէն վայելած էր, քանի որ այնքան շատ արձագանգներ եղան քայլերգին առումով, որ կ՚ապացուցէր, թէ միութիւնը ճանչցուած է հայաշխարհին մէջ: Պոլիսէն, Գահիրէէն, Մերձաւոր Արեւելքի զանազան հայկական աւաններէն, Եւրոպայէն հոգեւորականներ եւ աշխարհիկ գործիչներ փութացած էին բանաստեղծութիւններ ղրկել եւ ամէն մարդ յոյս ունէր որ իր տարբերակը պիտի ընտրուի իբրեւ քայլերգ: Քայլերգ ունենալու նպատակով մտաւորականութեան ղրկուած բանաստեղծութիւնները յաջորդաբար կը տպագրուէին ՀԲԸՄ-ի՝ Գահիրէի մէջ հրատարակուող «Միութիւն» ամսաթերթին մէջ: Առաջին թիւին մէջ անմիջապէս տպագրուած է Հալէպի ՀԲԸՄ-ի տեղւոյն մասնաժողովի ատենադպիր Գաբրիէլ Խանճեանի բանաստեղծութիւնը: Խմբագրութիւնը, տպագրելով զայն, գրած է, որ այդ բանաստեղծութիւնը յարմար չէ նկատուած իբրեւ քայլերգ եւ կը սպասէ ուրիշ գործերու: Նաեւ յիշեցուցած է, որ ընտրուելիք քայլերգը պիտի նուագագրէ Կոմիտասը, ինչպէս որ խոստացած է: Յաջորդաբար բանաստեղծութիւններ ղրկած են Ատանայի Առաջնորդարանի բարձր պաշտօնեայ, հնչակեան գործիչ եւ ՀԲԸՄ-ի պատուոյ անդամ Ներսէս Եպիսկոպոս Դանիէլեան,

Մեծն Բրիտանիայէն Խոսրով անունով անձ մը, որ Կայսրութեան «God Save the King» քայլերգի երաժշտական մեղեդիին համապատասխանող «Միութեան քայլերգը» խորագրով բանաստեղծութիւն մը գրած է: Ծանօթ մտաւորականներ նոյնպէս, ինչպէս՝ Սուրէն Պարթեւեանը, Յովհաննէս Սէթեանը եւ ուրիշներ բանաստեղծութիւններ ղրկած են: Ստացուած բոլոր քերթուածները կը ղրկուէին Պոլիս գտնուող հայ երգահան եւ երաժշտագէտ Կոմիտաս Վարդապետին, որպէսզի ան վերջապէս նոթագրէ անոնցմէ լաւագոյնը: Եւ անակնկալ մը տեղի կ՚ունենայ. Կոմիտաս, փոխանակ ընտրելու անոնցմէ մին եւ երաժշտական գործ մը դարձնելու, կը ղրկէ իր կողմէ գրուած եւ արդէն նոթագրուած երգ մը, իբրեւ ՀԲԸՄ-ի քայլերգ: Վահան Մալէզեան, սակայն, կը մերժէ Կոմիտասի ստեղծագործութիւնը, եւ իբրեւ քայլերգ կ՚ընտրուի Մալէզեանի հեղինակածը:

Այս կոչ-մրցոյթին Կոմիտասի մասնակցութեան մասին, նաեւ այն մասին, թէ ինչպէս ծնունդ առաւ ՀԲԸՄ-ի քայլերգը, աւելի ուշ՝ 1964 թուականին ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթին մէջ յօդուած մը գրած է եգիպտահայ գործիչ Հմայեակ Գրանեանը՝ «Բարեգործականի քայլերգին ծնունդը» խորագրով:

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերուն մէջ կը ներկայացնենք Գրանեանի 1964 թուականի յօդուածը, ուր հետաքրքրական մանրամասնութիւններ կան Կոմիտասի մասնակցութեան մասին եւ թէ ինչ կ՚անցնէր, կը դառնար քայլերգի ընտրութեան հարցին շուրջ:

ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆԻ ՔԱՅԼԵՐԳԻՆ ԾՆՈՒՆԴԸ

Բարեգործականի ամսօրեայ պաշտօնաթերթ՝ «Միութիւն»ի առաջին թիւը Գահիրէի մէջ լոյս տեսաւ 1912 թուականի յունուարին, «Միութիւնը զօրութիւն է» նշանաբանով: Վեց ամիս յետոյ, այս իմաստասիրական նշանաբանին ընկեր տրուեցաւ եղբայրասիրական նշանաբան մը. «Եղբայր եմք մենք», թելադրութեամբը զգայուն բանաստեղծ Ռուբէն Որբերեանի:

Երանայիշատակ Պօղոս Նուպար, իբր նախագահ՝ գեղեցիկ ֆրանսերէնով մը գրեց առաջին խմբագրականը, զոր Մալէզեան, ճարտար վերծանող, ի հայ բարբառ վերածեց:

Միջանկեալ ըսեմ, որ Պօղոս Փաշային խմբագրականը տեղի տուաւ հայ մամուլի բողոքին: «Մալէշ» անունով հայ զաւեշտաթերթին խմբագիրը, Ռաուլ Փօնշոն գրեց.

-Փաշա՛, հայ խեղճ խմբագիրներու հացի՞ն ալ աչք տնկեցիր: Մաշալա՜հ…

Պօղոս Փաշայի իրապէ՛ս փաշայական խմբագրականէն զատ, «Միութիւ»նի առաջին թիւը կը զարդարէին գրական երեք աղուոր էջեր Սուրէն Պարթեւեանէ, -անստորագիր-, բանաստեղծ-վարժապետ Յովհաննէս Սէթեանէ, ու Գաբրիէլ Խանճեանէ, որ Հալէպէն մեզ կը թրթռացնէր «Միութեան երգը», որուն ներքեւ Ծ.Խ. մը, իմմա՝ Մալէզեան, կը գրէր.- «Փափաքելի է, որ ուրիշ բանաստեղծներ եւս փորձեն «Միութեան երգը», որպէսզի կարելի ըլլայ ընտրել Միութեան պաշտօնական երգը»:

Յաջորդ թիւին, Մալէզեան ինք կ՚ըլլար իր կոչին առաջին արձագանգ տուողը «Փա՜ռք Միութեան» իր ոտանաւորովը: Երրորդ թիւին մէջ Ներսէս Եպիսկ. Դանիէլեան «Միութեան աւետիսը» կ՚երգէր: Չորրորդին մէջ Ակիւլինէ «Միութեան ուխտը» կ՚ուխտէր: Հինգերորդ թիւով, անծանօթ ձայն մը, Հալէպէն, Յովհաննէս Ճիյէրճեան, Ակիւլինէի ուխտած ուխտը կ՚ուխտէր: Վեցերորդ թիւին մէջ Խոսրով, Անգլիայէն, «Միութեան քայլերգը» God Save the King-ի մեղմութեամբ կը նուագածէր:

Վերջապէս, Միութեան քայլերգին արարչագործութեան եօթներորդ ամիսը, «Յուդայի առիւծ»ի երկրէն հայրենակարօտ բանաստեղծ Ռուբէն Որբերեան, բաշերը ցցած՝ կը մռնչէր:

«…ՄԻՈՒԹԻՒՆի մէջ լոյս տեսան արդէն քանի մը նոր երգեր, մին միւսէն աւելի յուզիչ, սակայն, անոնցմէ ոչ մէկը, ներեցէք ինծի ըսելու, կրնար ունենալ այն ազնուական շեշտն ու հմայքը, Պէշիկթաշլեանի «Եղբայր եմք մենք»ին, որով խանդավառուեցաւ յիսուն տարիներէ ի վեր բովանդակ Հայութիւնը»:

Որբերեան, իր նամակին մէջ, արտագրելէ յետոյ Պէշիկթաշլեանի «Ի բիւր ձայնիցը», կ՚եզրափակէր.

«Այս բառերը, արդէն սիրուած ամենէն, պէտք ունինք կրկնելու, «սեղմելով շարքերը» ամենէն աւելի այսօր, երբ Հայութիւնը կ՚անցնի չգուշակուած անդունդներու եզրերէն…»:

Վերեւ յիշատակուած վեց բանաստեղծութիւնները, նամակով մը, ղրկուեցան անմոռանալի Կոմիտաս Վարդապետին, խնդրելով, որ ըստ իր խոստման, անոնցմէ յարմարագոյնը նուագագրէ իբրեւ Միութեան պաշտօնական քայլերգ:

Կոմիտաս, որ իր ստեղծագործութիւններուն համար կը նախընտրէր ազգային-գեղջկական տարազը, քանի մը շաբաթ յետոյ նոյնութեամբ ետ կը վերադարձնէր իրեն ղրկուած ոտանաւորներու հաւաքածոն, անոր կցելով իր կողմէն գրի առնուած եւ դաշնաւորուած հետեւեալ երգը, իբրեւ Միութեան պաշտօնական քայլերգ:

 

Մեր հայ եր­կիրն է խա­ւար,
Տգի­տու­թեան է ա­ւար.
Ու­սում տա­րէք
Որ լոյս վա­ռէք,
Որ յոյս վա­ռէք,
Ու տգէ­տը վը­տա­րէք։

Պան­ծա՛ դու, Հա՜յ Միու­թիւն,
Գիւ­ղին տուիր Հա՛յ դպրոց,
Մըտ­քի, սըր­տի, կուռ հը­նոց.
Պան­ծա՛ դու, Հա՜յ Միու­թիւն,
Պան­ծան հա­յեր բա­րե­գործ.

Հա­յեր, Հա­յո՛ւն՝ դպրո՜ց,
Հա­յո՛ւ դպրոց։

Մեր հայ եր­կիրն է ա­նա­պատ,
Ու հայն ին­կեր պա­տէ պատ.
Գու­թա՛ն տա­րէք
Որ հող վա­րէք,
Ու խոր վա­րէք,
Հո­ղին կուրծ­քը պա­տա­ռէք։

Պան­ծա՛ դու, Հա՜յ Միու­թիւն, 
Գիւ­ղին տուիր հուր գու­թան,
Որ գիւ­ղա­ցիք արտ փու­թան,
Պան­ծա՛ դու, Հա՜յ Միու­թիւն,
Հայ պան­տուխտ­ներ տուն կու
գան: 

Հա­յեր, Հա­յուն՝ գու­թան, 
Հա­յո՛ւ գու­թան։

Այս անգամ կարգը Մալէզեանինն էր նիեթ ըսելու:

Արդար ըլլալու համար ըսենք, թէ Կոմիտասի գրած եւ ձայնագրած երգը հարկ եղած տուեալները չունէր, որպէսզի կարելի ըլլար զայն իբրեւ Միութեան վերջնական քայլերգ որդեգրել:

Մեր դժբախտ ոտանաւորներու հաւաքածոն այս անգամ նորէն ղրկեցինք Պոլիս, ծանօթ երաժշտագէտ Յարութիւն Սինանեանի, իրեն ձգելով յարմարագոյնին ընտրութիւնը եւ դաշնաւորումը:

Քանի մը շաբաթէն, Սինանեան Գահիրէ կը ղրկէր Միութեան քայլերգին եղանակը, զոր վայելչապէս յարմարցուած էր Մալէզեանի «Փա՜ռք Միութեան» խորագրով ոտանաւորին, որ առաջին անգամ երգուեցաւ Բարեգործականի ութերորդ տարեդարձին, որ բացառիկ շքեղութեամբ տօնուեցաւ 10 մայիս 1914 թուականին, Հելիոպոլիսի Հիփոտրոմին մէջ, նախագահութեամբ Պօղոս Նուպար Փաշայի եւ գահերէցութեամբ Թորգոմ Եպիսկոպոս Գուշակեանի:

Եթէ այս հին յուշքը հաճելի թուի ԽՕՍՆԱԿ-ի խօսուն եւ խոհուն ընթերցողներուն, կը խոստանամ յաջորդիւ նկարագրելու կատարուած հանդէսին պատկառելի շքեղութիւնը:

Մինչ այդ, ես մուտք կը գործեմ նորէն իմ Հ.Ե.Ը.էս ներս ու կը վերագրաւեմ ձեռքէս խլուած հին աթոռը:

Հմայակ Գրանեան

«Միութիւն», հոկտեմբեր, 1964:

ՀԲԸՄ-ի քայլերգը 
Խօսք՝        Վ. Մալէզեանի, 
Երաժշտութիւն՝    Յ. Սինանեանի, 
Դաշնաւորում՝    Յակոբ Սամուէլ Մանուկեանի

 

ՓԱ՜ՌՔ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
Աւետի՜ս, Հայեր, ա՜լ սուգը մէկդի,
Նոր արեւ ծագեց մեր ազգին վերեւ.
Հայութիւնն ամբողջ կու տայ ձեռք-ձեռքի՝
Հայկական Միութեան դըրօշին ներքեւ:

Հայեր, միանա՜նք մէկ սիրտ մէկ հոգի՝
Ազգաշինութեան վըսեմ գործին շուրջ.
Մոռնալով վէրքեր եւ ոխն երէկի,
Ժամ է, որ ըլլանք վաղուան աչալուրջ:

Հարուստ ու աղքատ, անուս թէ գիտուն,
Երթանք կանգնելու օճախը կործան,
Երթանք հիմնելու դըպրոց, գործատուն,
Երթանք մըշակին տալ ցանք ու լըծկան:

Եթէ ճիշդ է որ միութիւնն է միայն
Վերջին զօրութիւնն ազգիս քարուքանդ,
Մէկ սիրտ մէկ հոգի փութանք Միութեան
Սուրբ գործին բերել մեր ուխտն ու եռանդ:

Եւ դուն ա՜լ մի լար, թըշուառ Հայրենիք,
Քանզի հըրաշքով Հայը միացաւ.
Քանզի վաղն ամէնքս՝ գոհ եւ երջանիկ՝
Միութեան փառքը պիտ՚ երգենք կարգաւ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2019