ԿՐԿԻՆ՝ ԱՐՑԱԽԸ…
Ատրպէյճանը անցնող օրերուն յայտարարեց Լաչին (Բերձոր)-Ստեփանակերտ ճանապարհին ստուգիչ անցագրային կէտ տեղադրելու մասին: Այդ մէկը կը նշանակէ՝ Արցախի վրայ Ատրպէյճանի կողմէ վերահսկողութեան եւս մէկ քայլ: Արցախը Հայաստանին կապող Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղին փակելու 132-րդ օրը՝ 23 ապրիլին Ատրպէյճանը գոցեց նաեւ Արցախ-Հայաստան սահմանագծին գտնուող Հակարի գետի կամուրջը, որ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուութեան տիրոյթի մէջ է՝ այսպէս կոչուած «Լաչինի միջանցք»ը:
Հակարի գետի կամուրջը կենսական նշանակութեամբ ուղի մըն է, որով կապ կը հաստատուէր Հայաստանի եւ Արցախի Լիսագոր, Մեծ Շէն, Հին Շէն եւ Եղծահող գիւղերուն միջեւ։ Այս չորս գիւղերը Շուշիի շրջանէն մնացած այն գիւղերն են, ուր տակաւին հայեր կը բնակին, սակայն անցնող դեկտեմբերի 12-էն ի վեր, շրջափակման պատճառով կտրուած էր այդ բնակավայրերուն կապը Ստեփանակերտի հետ եւ Արցախի մէջ գտնուող այդ չորս գիւղերու բնակիչներու հաղորդակցութիւնը միայն Գորիսի հետ էր: Փաստացի այժմ գոցուեցաւ Արցախը Հայաստանին կապող նաեւ ա՛յդ ճանապարհը։ Շրջափակում՝ շրջափակումի մէջ…
Հակարի գետին կամուրջը ատրպէյճանական կողմը գոցած է, նաեւ սահմանին հսկիչ կէտ տեղակայած է այն պատճառաբանութեամբ, թէ իբր ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ Հայաստանէն Արցախ ռազմամթերք կը փոխադրուի: Հայկական կողմը բազմիցս հերքած է այս ապատեղեկատուութիւնը, չկան ապացոյցներ, ատրպէյճանական կողմը նոյնպէս չունի իր յայտարարութիւնը հաստատող որեւէ փաստ: Հակառակ ատոր՝ Ատրպէյճանը գործնական քայլեր կը ձեռնարկէ՝ Հայաստանէն Արցախ եւ Արցախէն Հայաստան երթեւեկութիւնը ամբողջութեամբ առնելու իր հսկողութեան տակ՝ խստացուած ստուգումներով եւ իր կողմէ սահմանուած ռեժիմով…
Նոր իրավիճակ մը ստեղծուած է Արցախի մէջ: Մարդասիրական ճգնաժամը աւելի խորանալու միտում ունի… Արցախի հարցի լուծումը կը մտնէ շատ ծանր փուլ մը՝ անկանխատեսելի հետեւանքներով: Արցախի հայութիւնը կ՚ապրի պրկուած նեարդերով, սպասումներու եւ անորոշութեան մէջ: Օղակը կը սեղմուի…
ՄԵԾ ԵՒ ՓՈՔՐ ՍԻՒՆԻՔՆԵՐԸ
Լաչինի միջանցքի հին երթուղին փակելէ յետոյ Ատրպէյճանը նոր ճանապարհ շինելու աշխատանքներ սկսած էր եւ մարտի 29-ին գործարկեց այդ նոր երթուղիին մէկ հատուածը: Ճանապարհը գործարկելէն ետք Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցաւ Սիւնիքի եւ Արցախի սահմանագլխուն գտնուող «Մեծ եւ Փոքր Սիւնիքներ» յուշակոթողը, որ այլ անունով կը կոչուի «Մայր Հայրենիք»: Արցախ գացած ամէն մարդու ծանօթ է այդ յուշարձանը: Արցախի Հանրապետութեան մուտքը ազդարարող յուշակոթող մըն է, որուն քով կը կենային, դասաւորումներ կը կատարէին, կը լուսանկարուէին եւ մուտք կը գործէին Արցախ աշխարհ: Յուշարձանը կառուցուած է 2004 թուականին՝ Մեծ եւ Փոքր Սիւնիքներու (Արցախը պատմականօրէն կոչուած է Փոքր Սիւնիք) միասնութեան գաղափարով: Ճարտարապետը գորիսեցի ճարտարապետ Սեւադա Զաքարեանն է: Անոր նախագծած յուշարձանին քով 2007 թուականին կանգնեցուած եւ օծուած է նաեւ խաչքար մը։ Հայկական կողմը, զգալով նոր ճանապարհի կառուցման պատճառով յուշարձանի վտանգուած ճակատագիրը, ապրիլի 3-ին հասցուց քակել եւ տեղափոխել խաչքարը: Յուշարձանի տեղափոխութիւնը իրատեսական չէր, որովհետեւ ճարտարապետը նկատած էր, որ քանդումէն ետք հնարաւոր չ՚ըլլար կրկին գործածել նոյն քարերը եւ այդպէս «Մեծ եւ Փոքր Սիւնիքներ» յուշարձանը մնաց ատրպէյճանական հսկողութեան տակ: Անոր ապագայ ճակատագիրը կը մնայ անորոշ: Ի՞նչ պիտի ընէ Ատրպէյճան Մեծ ու Փոքր Սիւնիքներու գաղափարը մարմնաւորող հայկական յուշարձանին հետ: Ինչպէս շատ հայկական յուշարձաններ, այս մէկը նոյնպէս հաւանաբար վերածուի քարակոյտի…
ԱՄԷՆՇԱԲԹԵԱՅ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ
Արցախի մէջ ստեղծուած ծանր ճգնաժամի պայմաններու ներքոյ եւ ազգային զտումներուն ուղղուած ատրպէյճանական գործողութիւններուն զուգահեռ, արցախցին կը ջանայ ա՛լ աւելի կառչած մնալ իր հաւատքին եւ ապրիլ աղօթքով…
Ապրիլի 16-էն սկսեալ, ամէն կիրակի օր, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմը ուխտագնացութիւն կը կազմակերպէ դէպի Ամարասի, Գանձասարի եւ Յակոբավանքի վանական համալիրներ: Հանրաշարժները Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն ուխտաւորները անվճար կը փոխադրեն դէպի վանքեր եւ նոյն օրը կը վերադարձնեն: Կիրակի օրերը բազմաթիւ արցախցիներ կ՚ուղեւորուին հայոց պատմական այդ սրբավայրերը՝ անգամ մը եւս աղօթք յղելու առ Աստուած եւ Բարձրեալի տնօրինութեամբ սպասելու լաւ օրուան:
Ամարասն ու Գանձասարը միշտ ուխտավայրեր եղած են թէ՛ արցախցիի, թէ՛ իւրաքանչիւր հայու համար, որ ոտք դրած է Արցախի սուրբ հողին վրայ: Յակոբավանքն ալ իր վաղեմի պատմութեամբ այսօր այն քչաթիւ ուխտավայրերէն մէկն է, որ մնացած է Արցախի մէջ: Իր մեծութեամբ, կարեւորութեամբ ու հոգեւոր, պատմական դերակատարմամբ Յակոբավանքը կը համեմատուի Դադիվանքի, Գանձասարի, Ամարասի ու Գտչավանքի հետ: Բայց եթէ այս վանքերուն մէջ Արցախի կառավարութիւնը կամ կազմակերպութիւններ վերականգնման աշխատանքներ կատարած են, Յակոբավանքը ինչ-ինչ պատճառներով զերծ մնացած է նմանատիպ ծրագիրներէ:
ՅԱԿՈԲԱՎԱՆՔԻ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԸ
44-օրեայ պատերազմի աւարտէն յետոյ Արցախը կորսնցուցած է 122 եկեղեցի, 13 վանական համալիր։ Կորսնցուցածի ցաւը սրտին մէջ՝ արցախցին այսօր ուրիշ կապուածութեամբ մը փարած է այն սրբավայրերուն, որոնք իրեն մնացած են: Արցախցիները ոչ միայն այցեր կը կատարեն, այլեւ նորոգման, պահպանման ծրագիրներ կ՚իրականացնեն պատմական քչաթիւ վայրերուն մէջ: «Յակոբավանքի վերածնունդ» ծրագրի իրականացումը այդ քայլերէն մէկն է: Այն կարեւոր է թէ՛ կորսնցուցածի տեղ ունեցածը ամուր պահելու տեսակէտէ, թէ՛ այն առումով, որ շուրջ երեքդարեայ ընդմիջումէն յետոյ կը վերանորոգուի Յակոբավանքը։ Ծրագիրը կ՚իրականացնէ «Հայ ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամը»՝ Արցախի կառավարութեան եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմին հետ միասին:
Յակոբավանքի վանական համալիրը պատմականօրէն կը գտնուէր Մեծ Հայքի Արցախ նահանգի Մեծ Առանք գաւառին մէջ: Ներկայիս այն Արցախի Մարտակերտի շրջանի Քոլատակ գիւղէն մօտաւորապէս 2 քիլօմեթր դէպի հիւսիս անտառոտ լեռնաբազուկի մը վրայ է՝ Խաչեն գետի աջ ափին: Պատմական գրականութեան մէջ այս վանքը յայտնի է նաեւ Մեծառանից վանք անունով։ Վանքի հիմնադրման եւ առաջին շէնքերու կառուցման ժամանակը յայտնի չէ։ Արձանագրութիւններէն ամենահինը փորագրուած է խաչքարի պատուանդանի մը վրայ, որ յետոյ տեղադրուած է եկեղեցիի պատին մէջ՝ որպէս շինաքար եւ այդ արձանագրութիւնը կը վերաբերի 853 թուականին։ Այս վանքին մասին ուրիշ գրաւոր տեղեկութիւն մըն ալ կը գտնուի Երեւանի Մաշտոցեան Մատենադարանին մէջ. ձեռագիր մատեանի մը յիշատակարանի մը մէջ գրուած է այն մասին, որ Սուրբ Յակոբավանքի եկեղեցիի կառուցողները եղած են Խաչենի իշխանութեան ամենանշանաւոր տիրակալներէն մէկուն՝ Հասան-Ջալալի ծնողները՝ Վախթանգն ու Խորիշահը 13-րդ դարու սկզբին՝ 1212 թուականին: Սակայն կայ արձանագրութիւն մը եւս, որ ուսումնասիրողներուն ենթադրել կու տայ, որ Յակոբավանքը կառուցուած է հին հոգեւոր կեդրոն եղած վանական համալիրի մը աւերակներու վրայ: Պահպանուած արձանագրութեան մէջ կը նշուի «վերստին շինեցի», ինչ որ մտածել կու տայ, թէ խօսքը վերակառուցելու, վերանորոգելու մասին է:
Նորոգողները նախկին շինութիւններուն քարերը տեղադրած են ցաքուցրիւ, գերեզմանաքարերը՝ պատերուն մէջ, խաչքարերը՝ առաստաղին, արձանագրութիւն պարունակող, յղկուած քարերը՝ անկիւններու վրայ։ Շինութիւնները կարկտանի տպաւորութիւն կը ձգեն: Յակոբավանքը, բացի 1212 թուականի վերակառուցումէն, յետագային, մօտաւորապէս 17-18-րդ դարերուն նոյնպէս նորոգուած է: Պատմական գրականութենէն, ձեռագիր աղբիւրներէն ծանօթ է, որ Յակոբավանքը Հայոց արեւելից կողմանց հեղինակաւոր ուխտատեղիներէն էր նաեւ հին ժամանակներուն, այն եղած է եպիսկոպոսանիստ եւ որոշ ժամանակ նոյնիսկ՝ կաթողիկոսանիստ: Վանքը նաեւ եղած է Խաչենի ուսումնական ու գրչական կարեւոր կեդրոններէն մէկը։ Յակոբավանքը նաեւ աշխարհաբարի նոր քերականութեան մշակման վայրն է, որ կը կապուի Յովսէփ Արցախեցիի անուան հետ. ան վանքի մէջ դասաւանդած է մայրենի լեզու, աստուածաբանութիւն եւ տրամաբանութիւն:
Վանքը միայն եկեղեցիներէ ու գաւիթներէ չէ կազմուած. պարսպապատերու մէջ ներառուած վանական տարածքէն ներս գրատուներ եղած են, մագաղաթեայ ձեռագրեր պահող մատենադարան, պատի մէջ դրուած վառարաններով տաքցուող բնակարաններ, անդունդի վրայ կախուած պատշգամներով մենախուցեր։ Հոս եղած է սեղանատուն՝ խոհանոցով հանդերձ, ձիթհանք՝ քունջութի իւղ ստանալու համար։ Յակոբավանքի մէջ շինուած են բազմաթիւ մթերանոցներ, ախոռներ, պահակակէտեր, ջրաւազաններ եւ թոնիրներ։ Այսօր ալ կարելի է տեսնել այդ շինութիւնները՝ մէկ մասը կանգուն, միւս մասը՝ խաթարուած եւ աւերուած: Տնտեսական եւ բնակելի կառոյցները անշուշտ կը վկայեն Ս. Յակոբավանքի մեծաթիւ միաբանութեան մասին։ Վանականներուն կացարանները տեղաբաշխուած եղած են եկեղեցիներու արեւելեան ցածրադիր մասը։ Ըստ արձանագրութիւններու եւ ոճական առանձնայատկութիւններու՝ անոնք կառուցուած են 17-18-րդ դարերուն։ Յակոբավանքի հիւսիսը՝ թաւուտ անտառի մէջ կը գտնուի վանքի աղբիւրը։ «Թթու ջուր» հանքային աղբիւր մըն ալ վանքաբլուրի ստորոտին է: Ուխտաւորները նաեւ այդ աղբիւրներուն այցի կ՚երթան:
2022 թուականին որոշուած էր, որ Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի յիշատակի օրուան առթիւ առաջին անգամ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն այս վանք պիտի տարուէր Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի մասունքակիր աջը, նախատեսուած էր համազգային ուխտագնացութիւն: Սակայն Արցախը Հայաստանին կապող ճանապարհի շրջափակման պատճառով այդ ուխտագնացութիւնը տեղի չունեցաւ, մասունքակիր աջը Յակոբավանք չհասաւ…
Ըստ աւանդոյթի, Սուրբ Յակոբը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի հօրեղբօր տղան էր։ Մանուկ հասակին ան իր քրոջ հետ որոշ ժամանակ ապրած է արքունիքի մէջ։ Սակայն, օր մը, ձգելով ճոխ կեանքը, դարձած է ճգնաւոր։
Հաւատալով Նոյեան տապանի գոյութեան, ան որոշած է բարձրանալ լեռը եւ հատուած մը բերել տապանէն։ Սակայն չէ կրցած հասնիլ Արարատի գագաթին եւ ճանապարհին նիրհած է։
Երազին հրեշտակը այցելած է եւ տապանէն կտոր մը դրած անոր գլխուն տակ։ Սուրբ Յակոբի պառկած տեղը սառնորակ աղբիւր բխած է, որ բուժիչ եւ հրաշագործ յատկութիւններ ունէր, իսկ աղբիւրին մօտ յետոյ սուրբին անունով եկեղեցի կառուցուած է:
Ժամանակին հայոց աշխարհի մէջ Սուրբ Յակոբ Մծբնեցիին նուիրուած 19 վանք կար։ Այսօր գրեթէ բոլորը աւերուած է եւ միայն Արցախի Սուրբ Յակոբավանքը կանգուն է: Դարերով ուխտատեղի եղած այս սրբավայրը այսօր միայն արցախցիները մուտք ունին, իսկ «Յակոբավանքի վերածնունդ» ծրագրին հեռակայ կարգով միացած են ողջ աշխարհէն:
Վանքի վերականգնման ճարտարապետական նախագիծը արդէն պատրաստ է: Հեղինակը վերականգնող ճարտարապետ Սամուէլ Այվազեանն է։ Ան վանքեր վերականգնելու հարուստ փորձ ունի՝ մասնակցած է Դադիվանքի, Սաղմոսավանքի, Թադէի վանքի, Ծործորի վանքի, Հին Ջուղայի Հովիւի եկեղեցւոյ վերականգնողական աշխատանքներուն: Վանքը վերակառուցողները կը յայտարարեն, որ ճիշդ է՝ Յակոբավանքը հարիւրաւոր տարիներ շարունակ չէ նորոգուած, բայցեւ չէ խաթարուած անոր պատմական շունչը: Այդուհանդերձ, օրհասական դարձած է վանքի վերակառուցման հարցը: Յակոբավանքի ներկայ վիճակը հրատապ լուծումներ կը պահանջէ, քանի որ այն կրնայ փլուզուիլ ամէն վայրկեան՝ անհետանալով պատմութեան էջերէն: Նախատեսուած է տասը տարուան ընթացքին աւարտել վանքի պեղումները, մաքրումը, վերականգնումը եւ նորացումը, զայն դարձնելով զբօսաշրջային կարեւոր ուղղութիւն: Որոշուած է նախ վերականգնել հոգեւոր կառոյցները՝ հիւսիսային եւ արեւելեան եկեղեցիները, յետոյ՝ գաւիթն ու սիւնասրահը։ Վերականգնումէն ետք Յակոբավանքը ամբողջութեամբ կը վերագտնէ իր պատմական խորհրդաւորութիւնը։
Ահաւասիկ, ծանր ապրումներու այս օրերուն, Արցախը մէկ կողմէ կը դիմագրաւէ դժուարութիւնները, միւս կողմէ հանգանակութիւններ կը կատարէ՝ վտանգին շատ մօտ գտնուող իր պատմական վանքը նորոգելու: Յակոբավանքը, ինչպէս Ամարասը, Գանձասարը, Արցախի պատմամշակութային ողջ ժառանգութեան ապացոյցն են, անոնք կը վկայեն հայ մարդու՝ այդ հողին վրայ հազարամեակներու գոյութիւնն ու պատմութիւնը: Բացի Յակոբավանքէն, պատմամշակութային այլ տարածքներ ընդգրկուած են՝ Կաչաղակաբերդ, Կոշիկ անապատ։ Նորոգելով հաւատի տաճարները եւ ուխտի երթալով անոնց դուռը, արցախցին կը հաւատայ, որ Աստուծոյ ուժով կը բացուին գոցուած դռները…
Մենք բոլորս հեռաւոր կերպով կը միանանք արցախցիներու ամէնշաբթեայ ուխտագնացութիւններուն եւ կը հաւատանք այն մեծ ուժին, որ բխի Գանձասարէն, Ամարասէն ու Յակոբավանքէն…
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 10/07/2024
- 10/07/2024