ՌՈՒՍ ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ԳԻՏՆԱԿԱՆ ԹԱԹԻԱՆԱ ՉԵՐՆԻՔՈՎՍԿԱՅԱՅԻ ՄԻՏՔԵՐԷՆ

Ռուս նշանաւոր գիտնական Թաթիանա Չերնիքովսկայան եթէ խորհրդային տարիներուն կարդար իր այսօրուան դասախօսութիւնները, թերեւս զայն կամ խենթ կը նկատէին, կամ ալ բանտ կը նետէին՝ խորհրդային հասարակարգէն ներս չընդունուած նիւթերը բարձրաձայնելուն համար, իսկ անոր այսօրուան նիւթերը կը վերաբերին ուղեղին, գիտակցութեան, անգիտակից վիճակին, հոգեկանին, արհեստական բանականութեան, մտածողութեան եւ այլն:

Չերնիքովսկայայի նախաձեռնութեամբ, 2000 թուականին Սեն Փեթերսպուրկի Պետական համալսարանի բանասիրական բաժնի ընդհանուր լեզուաբանութեան բաժնին մէջ առաջին անգամ բացուած է «Հոգելեզուաբանութիւն» մասնագիտութիւնը։ Ան կենսաբանական գիտութիւններու տոքթոր, փրոֆեսէօր է, եւ խորհրդային տարիներուն մասնագիտացած է փորձարարական հնչիւնաբանութեան ասպարէզին եւ ռուսախօս բանախօսներու մտաւոր խօսքի փորձարարական եւ դարմանական հետազօտութիւններու ծիրերէն ներս։

Այսօր Չերնիքովսկայան Ռուսաստանի դաշնութեան պատուաւոր գիտնական է. համալսարանները եւ զանազան հարթակներ կարգ չեն զիջիր հրաւիրելու Թաթիանա Չերնիքովսկայան եւ լսելու անոր դասախօսութիւնները: Ան սպասուած դէմք է նաեւ հեռատեսիլներէն:

Կը ներկայացնենք ռուս գիտնականին խօսքերէն, որոնք կ՚առընչուին ուղեղին եւ մանուկներու կրթութեան:

ՈՒՂԵՂԸ

Ուղեղը զարմանահրաշ հզօր բան մըն է, որ սխալմամբ մենք կը կոչենք «մեր ուղեղը»: Ատիկա ըսելու համար ոչ մէկ հիմք ունինք, իսկ թէ ի՛նչը, որո՞ւ կը պատկանի, ուրիշ հարց է:

Ուղեղը որոշում կը կայացնէ 30 երկվայրկեանէն՝ աւելի շուտ, քան մարդը կը գիտակցի այդ մէկը: 30 երկվայրկեանը հսկայական ժամանակահատուած է ուղեղին գործունէութեան համար: Ուրեմն, որոշում կը կայացնէ մա՞րդը, թէ՞ ուղեղը:

Որպէսզի չպայթիս, պէտք է խօսիս: Ատոր համար ալ գոյութիւն ունին խոստովանահայրերը, ընկերուհիներն ու հոգեբանները: Փուշը, եթէ ժամանակին չհանես, արեան վարակի կը յանգեցնէ: Մարդիկ, որոնք կը լռեն եւ ամէն բան ներսը կը պահեն, կը գտնուին ոչ միայն լուրջ հոգեբանական, այլ նաեւ ֆիզիքական վտանգի տակ: Մարդը ամբողջութիւն է՝ մարմին եւ հոգի:

Մենք կը ծնինք մեր գլխուն մէջ հզօր համակարգիչով, բայց հոն պէտք է ծրագիրներ բեռնել: Որոշները արդէն կան, որոշներն ալ պէտք է մենք ներմուծենք:

Անդադար լարուածութիւնը այն բանէն, որ դուք որեւէ բան չէք հասցուցած, որեւէ բան չէ յաջողած եւ վախը նորէն սխալելու եւ սպասելու, որ բան մը պիտի չյաջողի, ատիկա ամենավատ բանն է, որ կ՚ընէք դուք ձեզի: Պէտք չէ սխալներէն վախնալ, որպէսզի աւելի թեթեւ սորվիք, պէտք է գիտակցիք, որ սորվիլը մշտական ընթացք է:

Շատ ստեղծագործող մարդիկ կ՚ըսեն, թէ պայծառութիւնը, ստեղծագործական ջիղը անսպասելիօրէն կու գան՝ առօրեայ գործողութիւններուն ընթացքին, որոնք ոչ մէկ կերպ կապուած են լուծուող խնդրին հետ։ Ես հեռատեսիլ կը դիտեմ, գիրք կը կարդամ եւ յանկարծ մօտս կը ձեւաւորուի այդ երկար ժամանակ չյայտնուող կապը։

Գիտութիւնը կը վկայէ, թէ բացայայտումը կարելի չէ նախագծել, բացի թեքնիք նուաճումներէն, որոնք, ի դէպ, կ՚ըլլան նաեւ համակարգիչով. գաղափարները գլխուն մէջ կը ծնին, երբ մարդը բացարձակապէս ատոր պատրաստ չէ:

Ընդհանուր առմամբ ստեղծագործելու համար անհրաժեշտ է վերացնել ճանաչողական վերահսկողութիւնն ու չվախնալ սխալներէն։ Սխալները հիանալի բան են եւ յետոյ, ո՞վ կրնայ ի վերջոյ ըսել, թէ ի՞նչ է սխալը։

Չմտածել ամէն մարդու նման, մտածողութեան անկախութիւնը շատ կարեւոր որակ է։ Կայ շատ ծանօթ արտայայտութիւն մը՝ «Think different»։

Ստեղծագործող մարդիկ իրենք կը սորվին, մէկը չի սորվեցներ, եւ ատիկա անոնք կը սկսին ընել շատ վաղ տարիքէն: Իրենց անսովոր գաղափարներուն, բացայայտումներուն մէջ երբեք չեն նկատեր որեւէ արտասովոր բան: Ատիկա անոնց համար ամենասովորականն ու ակնյայտն է։ Անոնք յաճախ չեն հասկնար, թէ ո՛րն է իրենց վաստակը, եթէ ամէն բան այդքան ակնյայտ է։

Այդպիսի մարդոց քով, որպէս կանոն, անյաջողութիւնները կը սկսին դպրոցէն, քանի որ անոնց մեծ մասը խելացի է իր ուսուցիչներէն աւելի։ Անոնք, անշուշտ, չեն գիտեր այն ամէնը, ինչ որ գիտեն ուսուցիչները, բայց անոնք կրնան անոնցմէ խելացի ըլլալ։ Այդ պատճառով ալ բարդ իրավիճակներու մէջ կ՚իյնան՝ յայտնուելով հասարակութեան ճնշման տակ։

Ահաւասիկ այսպիսի դէպք մը, երբ դպրոցին մէջ ընդհանուր ծոյլ յառաջադիմութիւն ցուցաբերող եօթ տարեկան երեխան, տունը նստած, յայտնագործած է շոգեշարժիչը։ Ոչ թէ պարզապէս յայտնագործած է, այլ հաւաքած է զայն։

Այնպէս որ, ստեղծագործող մարդիկը իրենց ողջ կեանքի ընթացքին ծանր մրցակցային պայքարի մէջ են։

Ուղեղը ճկուն է ոչ միայն մանկութեան տարիներուն, ինչպէս առաջ կը կարծէին: Ապացուցուած է, որ ան նոր ջղաբջիջային կապեր կը ձեւաւորէ մինչեւ իր կեանքի վերջը։ Որեւէ աշխատանք, ձանձրալի ամէնօրեայ աշխատանքէն զատ, ուղեղին համար օգտակար է։ Գլխաւորը այն է, որ գործ ունենաս անընդհատ փոխուող բարդ տեղեկատուութեան հետ։

Դուն չես կրնար խաղալ երկրաշարժներու եւ ծովախորշերու փոթորիկներուն հետ: Դուն չես կրնար խաղալ ուղեղին հետ. ատիկա խաղալիք չէ, ատիկա վտանգաւոր է։ Այդ պատճառով ալ մարդիկ պէտք է պատկերացնեն, որ եթէ իրենք կարդան թեթեւ ժամանցային ամսագիր մը, ողջ օրը ծամեն մաստակ, ուսումնասիրեն «բայց չէ՞ որ ես արժանի եմ ատոր» կարգի մազերու փրփուր օճառներն ու կարդան ատոնց պիտակներուն գրուածը, հետազօտեն հագուստի վրայի հետքերը հանող հեղուկներուն բաղադրութիւնը, ապա թող յետոյ չդժգոհին:

Այդպիսի միլիոնաւոր մարդոց ուղեղը ուրիշ կ՚ըլլայ, քանի որ ուղեղը կը կառուցուի երկու հիմնական բաներու վրայ՝ ժառանգականութեան, որուն դէմ ոչինչ կրնար ընել եւ այն բանին, որ ջղաբջիջային ցանցին վրայ կը գրուի: Ջղաբջիջային ցանցը կը կառուցուի կեանքի ընթացքին եւ ճիշդ այս պահուն ալ, քանի որ կը զրուցենք։ Անիկա կը կառուցուի իւրաքանչիւր վայրկեան, ատոր համար ալ կարելի չէ վատ թեքստեր կարդալ, վատ երաժշտութիւն լսել, կարելի չէ վատ սնունդ օգտագործել։

Ասիկա միեւնոյն բանն է, քանի որ այդ բոլորը կը մնան ձեր մէջ ու ոչինչ դուրս կու գայ: Ուղեղը կը յիշէ ամէն ինչ, որով դուք անցած էք, որուն նայած էք, որ հոտոտացած ու լսած էք:

Մարդոց քով սխալ կարգաւորումներ կան. անոնք կը կարծեն, թէ խոհարար ըլլալը աւելի վատ է, քան՝ խմբավար: Ատիկա այդպէս չէ, քանի որ հանճարեղ խոհարարը «գրպանը կը դնէ» բոլոր խմբավարները: Ատիկա կը հաստատեն բոլոր ուտել սիրողները: Այդ երկուքը իրարու հետ համեմատելը նոյնն է, երբ համեմատես թթուաշն ու քառակուսին: Հարցը ճիշդ ու պատշաճ չէ ձեւակերպուած: Ամէն մարդ իր լաւագոյն տեղն է:

ԵՐԵԽԱՆԵՐԸ

Երեխաներուն շատ շուտ մի՛ սկսիք սորվեցնել: Անոնց համար ամենակարեւորը ճիշդ ժամանակին սորվիլ սկսիլն է:

Ժամանակակից երեխաներուն գլխաւոր խնդիրը փառասէր ծնողք ունենալն է:

Եթէ դուք երեխային մանր շարժական կարողութիւնները չէք զարգացներ, ապա յետոյ մի դժգոհիք, որ անոր ուղեղը չ՚աշխատիր:

Երաժշտութիւն լսեցէք եւ երեխաներուն ալ սորվեցուցէք լսել: Երբ երաժշտութիւնը վաղ հասակէն մասնակցի մարդուն զարգմացման, ատիկա զօրաւոր ազդեցութիւն կ՚ունենայ նեարդային համակարգի որակին վրայ:

Երբ երեխան վարժուի երաժշտութեան, ան կը վարժուի մանրուքներուն ուշադրութիւն դարձնելու, կը կարողանայ զանազանել ձայները եւ ձայներուն միջեւ եղած դադարները: Եւ ճիշդ այդ ժամանակ կը ձեւաւորուի նեարդային ցանցը:

Աղջիկներուն եւ տղոց տարբեր ձեւերով սորվեցուցէք: Տղոց հետ պէտք է կարճ եւ ստոյգ խօսիլ: Առաւելագոյն արդիւնքի համար անոնք պէտք է աշխոյժ գործողութիւններու մէջ ըլլան եւ երբեք պէտք չէ հանգիստ նստին: Անոնց նաեւ պէտք է անդադար գովել իւրաքանչիւր մանր բանի համար: Հետաքրքրական փաստ մը եւս. ի յայտ եկած է, որ տղաքը պէտք է զբաղեցնել պաղ տարածքներու մէջ, այլապէս անոնք գործին կէսին կրնան քնանալ:

Իսկ աղջիկները կը սիրեն աշխատիլ խմբովին: Անոնք մէկը միւսին աչքերուն մէջ կը նային եւ կը սիրեն օգնել ուսուցիչին: Ասիկա շատ կարեւոր է. աղջիկները պէտք չէ պաշտպանել իյնալէն կամ աղտոտելէն, անոնք պէտք է անձամբ զգան «կառավարուող վտանգը»:

Գիտնականներուն կանխատեսումները ընթերցանութեան ապագային մասին լաւատեսական չեն։ Կը սպասուի լուրջ խզում մտաւոր վերնախաւի հնարաւորութիւններուն ու երկրագունդի ազգաբնակչութեան հիմնական զանգուածին միջեւ։

Ինչո՞ւ անհրաժեշտ է կարդալը։

Զարգանալու համար պէտք է բարդ գրականութիւն կարդալ։ Կարեւոր է գծային ընթերցանութիւնը՝ սկիզբէն մինչեւ վերջ։

Բայց եթէ երեխաները միայն ծաղրաշարային պատկերներով զբաղին, անոնց մօտ չ՚արտադրուիր ոչ միայն բարդ գրականութիւն կարդալու բանաձեւը, որ կը ձեւաւորէ գիտակցութիւնը, այլեւ չ՚արթննար բարդ մտածողութեան հաշուարկը։ Անոնք միայն կը մտածեն, թէ ո՞ր կոճակը պիտի կոխեն, որ պատուիրեն համպուրկէր:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մայիս 25, 2021