ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ՇԱՐԺՆ Ի ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ՀԵՏԱԶՕՏԱԿԱՆ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ (Ա.)

Ամիսներ առաջ վար դրած էի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գրիչս, ըսելով, որ Թուրքիոյ հայութեան մասին այն հիմնական տեղեկութիւններն ու վերլուծական մտորումները, որոնք մօտս ամբարուած էին տարիներու հետազօտութեանս ընթացքին, սպառած են. հրապարակախօսական ոճով ըսուելիք մտածումներուն մեծ մասը փոխանցած էի, ու խոստացած վերադառնալ, երբ հետազօտահէն նոր տուեալներ ունենամ կիսելու՝ այս նիւթերով հետաքրքրուող ընթերցողին հետ։ Խոստումս յարգելով կու գամ գրելու կարճ շարք մը, հաւանաբար երեք թիւով սահմանափակուելիք։

Նիւթս դարձեա՛լ կը վերաբերի Թուրքիոյ հայերուն, բայց մէկ ա՛յլ երեւոյթի անոնց մօտ ու զանոնք ընդգրկող։ Եթէ նախապէս յօդուածներս վերաբերած էին Թուրքիոյ հայոց Թուրքիոյ Հանրապետութեան սահմաններէ նե՛րս կեանքին, այնտեղ ընկերամշակութային ու քաղաքական յատկութիւններուն, ապա այս շարքը կը նայի անոնց մօտ անդրսահմանային երեւոյթի մը։ Խօսքը, ի մասնաւորի, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութեան ձեռքբերման եւ Հայաստանի մէջ բնակութիւն հաստատելու գործընթացներուն մասին է։

Յաջորդող երկու գրութիւններէս ամէն մէկը պիտի յատկացնեմ այս գործընթացներէն իւրաքանչիւրին։ Մինչ այդ, այստեղ, սկսիմ խօսիլ այս նոր աշխատանքիս շրջարկին (context) մասին, հիմնականին մէջ անդրադառնալով երկու երեսակներու. ա) այս ուսումնասիրութեան շարժառիթը, բ) այս յօդուածներուս հիմք հանդիսացող հետազօտութիւնը։

Նիւթն այս, որ կրնանք լայն ձեւով անուանել «Թուրքիոյ հայոց շարժն ի Հայաստան», շարժ բառին տալով թէ՛ ֆիզիքական-իրական, թէ՛ աւելի վերացական-իմացական իմաստ, ակադեմական գրականութեան մէջ չուսումնասիրուած հատոր մըն է կարծես։ Այս յանգամանքն ունի իր իրական ու հասկնալի պատճառը. այն է, խնդրոյ առարկայ երեւոյթի նոր ըլլալը։ Յատկապէս ինչ կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութեան դիմումներուն, ապա անոնք իսկապէս վերջին մի քանի տարուայ երեւոյթ են Թուրքիացի հայերու մօտ, առաւելաբար զարգացած՝ 2016 թուականէն սկսեալ։ (Թէ ինչո՞ւ այսքան նոր՝ կը գրեմ յաջորդիւ)։ Հայաստան ֆիզիքապէս տեղափոխման եւ մշտական կեցութեան հաստատման դէպքերը աւելի հին են թէեւ, երբեմն մօտ երեսուն տարեկան, այնուամենայնիւ դարձեալ կարծես անուշադրութեան մատնուած, թերեւս քանակի սակաւութեան պատճառով։ Այս առումով, Թուրքիոյ ժամանակակից հայ բնակչութեան մասին մեր տարրատեսակ գիտելիքները առնուազն ոչ ամբողջական են առանց այս ուղղութեան, այսինքն անոնց դէպի Հայաստան շարժի, լուսաբանման եւ քննարկման։ Այս իրողութենէն մեկնելով է, որ այս նոր ուսումնասիրական աշխատանքը կեանք առաւ։

Վերջապէս, եկող երկու յօդուածներուս մէջ պարզուելիք տուեալներն ու տեղեկութիւնները մեծ մասամբ հիմնուած են դաշտային հետազօտութեան վրայ, կատարուած թէ՛ Պոլսոյ, թէ՛ Երեւանի մէջ, նախորդ տարուայ ընթացքին։ Նշեմ այժմէն, որ տուեալներու եւ վերլուծութեան համահեղինակ է մարդաբան Սալիմ Այքութ Էօզթիւրքը, իսկ մեր հետազօտութիւնը իրականացած է Եւրոպական Միութեան աջակցութեամբ, վերջինիս «Աջակցութիւն Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացին» ծրագրի պարունակէն ներս։

Առայժմ այսքանը. մի քանի օր ետք այս թերթի էջերով կը գրեմ Թուրքիոյ քաղաքացի հայերու կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութեան դիմումներու երեւոյթին մասին։

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունիս 25, 2021