ՆՈ՞Ր ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ

Վարակիչ հիւանդութիւններու մէջ համաճարակը ամենավատ բեմագրութիւնն է: Երբ տեղաճարակը (endemic) կը տարածուի երկրի մը սահմաններէն դուրս, այդ ժամանակ հիւանդութիւնը պաշտօնապէս կը դառնայ համաճարակ (pandemic):

Վարակիչ հիւանդութիւնները գոյութիւն ունէին մարդկութեան որսորդ-հաւաքողներու ժամանակ, սակայն 10 հազար տարի առաջ գիւղատնտեսական կեանքի տարածումը ստեղծեց հասարակութիւններ, որոնք աւելի հնարաւոր դարձուցին համաճարակները: Այս շրջանին առաջին անգամ ի յայտ եկած են մալարիան, կրիփը, ջրծաղիկը եւ այլն: Որքան աւելի քաղաքակիրթ կը դառնային մարդիկ, կը կառուցէին քաղաքներ եւ առեւտրային ճամբաներ այլ քաղաքներու հետ կապուելու համար, այնքան աւելի հաւանական կը դառնային համաճարակները:

Մօտաւոր անցեալին՝ 2019 թուականի վերջաւորութեան քորոնաժահրի համաճարկը տարածուեցաւ Չինաստանի սահմաններէն դուրս՝ աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ: Մինչեւ 2020 թուականի դեկտեմբերին քորոնաժահրով վարակուած էր աւելի քան 75 միլիոն մարդ եւ համաճարակը պատճառ դարձած էր աւելի քան 1.6 միլիոն մարդու մահուան՝ ամբողջ աշխարհի մէջ:

Աւելի քան երկու տարիէ ի վեր քորոնաժահրի համաճարակով ցնցուած մարդկութիւնը դարձեալ մտահոգութեան ենթարկուած է Հիւսիսային կիսագունդէն հասած լուրերով։

Երկու կամ աւելի տարի սառած հողը կը կոչուի «փերմաֆրոսթ», նաեւ «յաւերժական սառոյց»։ Հիւսիսային կիսագունդի ցամաքի գրեթէ մէկ քառորդը ծածկուած է փերմաֆրոսթով. կարգ մը հատուածներ ունին 1.5 քիլօմեթր բարձրութիւն, իսկ ամենահին հատուածները սառոյցով ծածկուած են աւելի քան 600 հազար տարիէ ի վեր։ Այս սառած հողերը առաւել տարածուած են Հիւսիսային եւ Հարաւային բեւեռներու մօտ գտնուող շրջաններու մէջ:

Կլիմայի ջերմացման հետեւանքով յաւերժական սառոյցի կայունութիւնը կը թուլանայ Գանատայի, Ալասքայի, Սիպերիայի եւ մօտակայ այլ վայրերու մէջ։ Գիտնականներու ենթադրութեամբ՝ մինչեւ 2100 թուականը Հիւսիսային բեւեռի մերձակայ յաւերժական սառոյցի երկու երրորդը պիտի ոչնչանայ։ Իրականութեան մէջ փերմաֆրոսթը չի հալիր, ան կը հալեցնէ եւ կլոպալ ջերմացման հետեւանքով արագացած այս հալեցումը կրնայ յառաջ բերել կարգ մը փոխանցիկ հիւանդութիւններ, որոնք տասնեակ հազարաւոր տարիներ «մեկուսացած» կամ «քնացած» էին սառոյցին յատակը։

2016 թուականին 12 տարեկան տղայ մը մահացաւ եւ մօտաւորապէս 100 հոգի թունաւորուեցաւ Սիպերիայի այն հատուածին, ուր աւելի քան 70 տարիէ ի վեր որեւէ համաճարակի դէպք չէր արձանագրուած։ Գիտնականներ կը կարծեն, որ համաճարակը սկսած է փերմաֆրոսթի հալելուն հետեւանքով յայտնուած եղջերուի մը արտաթորանքի արձակած նիւթերու պատճառով։

Փերմաֆրոսթի մէկ կրամը կըր-նայ պարունակել հազարաւոր մանրէներու տեսակներ։ Գիտնականներ մտավախութիւն ունին, թէ փերմաֆրոսթի հալիլը ոչ միայն կը յայտնաբերէ հիւանդութիւններ, որոնք կը կարծենք, թէ յաղթահարուած են, այլեւ «կ՚արձակէ» ախտածիներ, որոնց համար ներկայիս չունինք բնական դիմադրունակութիւն, պատուաստանիւթ կամ որեւէ դեղամիջոց։

Որոշակիօրէն մտավախութիւնը կը թեթեւցնէ այն իրողութիւնը, թէ մարդիկ առայժմ շատ «շփում» չունին այս ի յայտ եկած սպառնալիքներու հետ։ Այսօր շուրջ հինգ միլիոն մարդ կ՚ապրի հիւսիսային յաւերժական սառոյցի շրջաններու ներքեւ։ Բայց եւ այնպէս, քանի որ կլոպալ ջերմացումը կը սաստկանայ, քանի որ նաւագնացութեան ուղիները աւելի կենսունակ կը դառնան եւ քանի որ բնական պաշարներու արտահանումը, զբօսաշրջութիւնը, առեւտուրը կը մեծնայ Անթարքթիքայի մէջ, մարդոց վերոյիշեալ ախտածիներու հանդիպելու եւ ամբողջ աշխարհին տարածելու վտանգը նոյնպէս սարսափելիօրէն կ՚աճի։

Հաւանական է, որ յառաջիկային մարդկութիւնը դէմ յանդիման մնայ տարբեր տեսակի համաճարակներու։ Չեմ կարծեր, որ մենք տեսնենք այդ շրջանները, բայց ամենայն հաւանականութեամբ մեր թոռները կ՚ըսեն. «Վատ օրեր անցուցած ենք, բայց աւելի վատ օրերու կը սպասուին»։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Յուլիս 25, 2022