Ո՞ՒՐ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ - Բ.

Ամէն անգամ հայոց պատմութեան դասաժամերէ վերջ փոքրիկ Հայկի գլուխին մէջ կը կուտակուին բազում հարցականներ: Եւ ինչպէս միշտ, ան կը փորձէ իր հարցումներու պատասխանը ստանալ իր շատ սիրելի ու բանիմաց հայրիկէն.

-Հայրիկ, իսկ ո՞ւր կը գտնուի մեր երկիրը՝ Հայաստանը:

-Հայերու երկիր Հայաստանը կը գտնուի դրախտի տարածքին մէջ: Ահաւասիկ դրախտը Ինք՝ Աստուած տեղադրած է Հայոց աշխարհի մէջ, որու բուն կեդրոնը կը գտնուի Տիգրիս, Եփրատ, Կուր ու Արաքս գետերու ակունքներու միջեւ:

Լոյսը կը ծագի բուն ճշմարիտ արեւելքէն: Իսկ ո՞րն է այդ եւ ո՞ւր կրնանք զայն փնտռել: Եթէ պատկերացնենք, որ դրախտը գտնուած է պատմական Հայաստանի տարածքին մէջ, ապա պարզ կը դառնայ, որ բուն արեւելքը հայոց սահմաններու արեւելեան եզրն է: Իսկ այժմու՝ եթէ յիշենք հնագոյն աւանդապատումները, ապա կը պարզուի, որ արեգակը կը ծագի Վանայ ծովու՝ ճիշդ հայոց սահմաններու արեւելեան եզրէն:

-Ինչ հետաքրքրական է հայրիկ: Մեր դասագիրքերու մէջ այդ մասին մանրամասն տեղեկութիւն չկայ: Հիմա կը հասկնամ, թէ ինչու կ՚ըսեն Հայաստան՝ երկիր դրախտավայր: Սա խօսքերը պահած եմ իմ մտքի մէջ որպէս գեղեցիկ արտայայտութիւն: Չէի գիտեր, որ անոնց մէջ կայ ճշմարտութիւն:

Հայրիկ, ուրեմն մենք Բարձրեալի կողմէ օրհնեալ ազգ մըն ենք: իսկ մեր երկիրը մեզի պարգեւած է Ինք՝ Տէր Աստուած:

-Այո՛ որդիս, այդպէս է, որ կայ: Դուն հայոց պատմութեան յաջորդիւ դասաժամերու մէջ պիտի տեսնես, որ մեր երկիրը դարերու ընթացքին՝ անցնելով բազում հողմերու միջով, մեր օրերուն հասած է ի շնորհիւ Տիրոջ:

-Իսկ ինչո՞ւ մենք չկրցանք պահել մեր երկիրը: Ինչո՞ւ այսօր պատմական Հայաստանէն շատ փոքրիկ, չնչին մաս մը մնացած է մեզի: Եւ այն ալ պատրաստ ենք զիջելու: Ինչո՞ւ, հայրիկ... դէմքի մտահոգ արտայայտութեամբ, բաւական յուզուած հարցուց Հայկ:

-Որդիս, շատ դժուար ու ցաւոտ հարցում մը տուիր: Կը դժուարանամ լիարժէք պատասխան տալ: Քանզի սա հարցումի ճշմարիտ պատասխանը, ըստ իս, տակաւին ամբողջութեամբ չէ, որ մեզի յայտնի է: Այսինքն՝ տակաւին ժամանակ պէտք է յստակ պատասխանի մը համար: Որովհետեւ պատասխանը պէտք է փնտռել թէ՛ անցեալի ու ներկայի, թէ՛ ապագայի մէջ:

Սակայն մէկ բան ակնյայտ է՝ ըլլալով քրիստոնեայ, ան ալ աշխարհի մէջ առաջին ազգը, որ 301 թուականին, որպէս պետական կրօն ընդունած է քրիստոնէութիւնը, մենք բաւական հեռացած ենք մեր հաւատքէն: Որդիս, Տիրոջը, Յիսուս Քրիստոսին պէտք է հաւատալ ո՛չ միայն լեզուով, այլեւ՝ հոգիով, մտքով ու սրտով: Բաց աստի, միայն բառացի հաւատալը շատ քիչ է, պէտք է պահել Տիրոջ պատուիրաններն ու խօսքը: Այստեղ մենք շատ կը թերանանք: Բաց աստի, մեր երկիրը դարերու հոլովոյթին երթալէն պզտիկցաւ դաւաճան հայերու երեսէն: Ամէն անգամ դաւաճան մը կը յայտնուէր եւ իր զիջողական քաղաքականութեամբ կը յանձնէր որեւէ տարածք:

-Ինչպէս որ Նիկոլ Փաշինեա՞նը... Ինչպէս որ յանձնեցին Արցախը այսօ՞ր...

-Թերեւս այո,- սրտի դառն կսկիծով պատասխանեց հայրը ու շարունակեց,- սակայն, տակաւին ամէն բան կորած չէ:

Ծանր խօսակցութենէն վերջ երկար ժամանակ լռութիւն տիրեց: Զրուցակիցներէն իւրաքանչիւրը ընկղմեցաւ իւր մտքերու մէջ: Թէ՛ հօր, թէ՛ որդիի դէմքին նշմարուեցաւ անյատակ տխրութիւն մը: Որոշ ժամանակ անց փոքրիկ Հայկը խախտեց զայն.

-Իսկ ո՞րն է հայու կոչումը:

-Եթէ մենք հայ ենք, ուրեմն, ըսկ Հայկ նահապետի էութեան, հաւատարիմ մնալով անոր վսեմ առաքելութեան, մենք ալ անոր պէս գործեր պիտի կատարենք: Մենք ալ անոր պէս հաւատարիմ պիտի մնանք Տիրոջ, մշտապէս պիտի մերժենք չարանենգ ծրագրերը ու քաջաբար մարտնչինք ընդդէմ չարի, դառնանք չարայաղթ: Ըլլանք Աստուծոյ մարտիկներ՝ նոյնիսկ փոքրաթիւ բանակով:

-Իսկ այդ հնարաւո՞ր է:

-Հարկաւ հնարաւոր է: Սրբազան այս պատմութեան մէջ կարելի է նկատել հետաքրքրական զուգադիպութիւն մը. մէկ կողմէն Հայկը ու թիւով երեք հարիւր հոգին, միւս կողմէն 301 թուականը, երբ հայերը աշխարհի մէջ առաջինը հռչակեցին քրիստոնէութիւնը որպէս ազգային ու պետական կրօն:

Ի հեճուկս երկու հզօր հակաքրիստոնէական տիրապետութիւններու, հայոց հսկայ Տրդատ թագաւորը, ըլլալով քաղաքական հմուտ գործիչ ու զօրավար, քրիստոնէութիւնը հռչակեց պետական կրօն, քանզի յոյսը դրաւ ճշմարիտ Աստուծոյ հզօրութեան վրայ եւ չընկրկեցաւ այս երկու տէրութիւններու երկրային զօրութիւններէն: Այսպիսով՝ հազարամեակներ անց, Տրդատ թագաւոր կրկնեց Հայկ նահապետի առաքելութիւնը:

Յիշենք նաեւ, որ տակաւին 33 թուականին քրիստոնէութիւնը ընդունեց հայոց Աբգար թագաւորը: Զայն տարածեց հայոց աշխարհի մէջ եւ, ինչպէս կը վկայեն պատմիչները, Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի նահատակութեան համար եղաւ վրէժխնդիր:

Չմոռնանք նաեւ, որ վասն Յիսուսի առաջին պատերազմը մղեց հայ ազգը 451 թուականին՝ Աւարայրի ճակատամարտի մէջ, կրկին շարունակելով Հայկ նահապետի առաքելութիւնը:

Աստուած մեր ազգը արժանցուցած է բազում շնորհներու, ուստի եւ դրած է պարտաւորութիւններ մեր վրայ: Այո՛, մենք ազգովին անցած ենք ու կ՚անցնինք մեծագոյն փորձութիւններով եւ միշտ ի մտի պիտի ունենանք, որ չարը գիտէ այս ամէնը: Մշտապէս պիտի փորձէ վրէժխնդիր ըլլալ մեզմէ՝ չներելով առաջին Նեռին կործանողի՝ Հայկի չարայաղթութիւնը, Աբգար եւ Տրդատ թագաւորներուն, Վարդանանց քաջերուն: Իսկ մենք, յուսալով առ Աստուած, անվախօրէն պիտի շարունակենք հետեւիլ չարակործան մեր Հայկ նահապետին: Ահաւասիկ մեր ազգի առաքելութիւնը, որդիս:

Միշտ յիշէ, ով որ կը դաւաճանէ իր էութիւնը, բնութիւնը ու հաւատարիմ չէ իր առաքելութեան, կը տկարանայ ու կը կործանի: Հեռու չերթանք, յիշենք Արցախի հերոսական շարժումը: Ընդամէնը հարիւրյիսուն հազար հայորդիներ արդար ու ճշմարիտ պահանջով քաջաբար ոտքի ելան ընդդէմ աստուածամերժ Խորհրդային Բաբելոնի՝ ԽՍՀՄ-ի: Դէմ ելան եօթ միլիոննոց Ատրպէյճանին, երեքհարիւր միլիոննոց Սովետական Միութեան, դէմ ելան քանի մը միլիառնոց աշխարհին ու անոր ընթացքին:

Փաստօրէն, մեր Հայկ նահապետի այսօրուայ ժառանգորդները սակաւաթիւ ջոկատներով, Հայկի պէս հաստատակամ պահելով հաւատքն ու անվախ ոգին, կրկին յաղթեցին՝ այս անգամ նորօրեայ Բէլին:

Ասիկա ալ դարձաւ պատճառ, որ փլուզուի աստուածամերժ Խորհրդային Բաբելոնը: Հետաքրքրականը այն է, որ այս բոլորի հետեւանքով աստիճանաբար սկսաւ փոխուիլ համաշխարհային դրուածքը՝ քրիստոնէութիւնը խորհրդային ճամբարի երկիրներու մէջ ձեռք բերաւ ազատութիւն:

Շարունակելի...

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2021