ՄԵՐՕՐԵԱՅ ՄԱՄՈՒԼ

Մերօրեայ մամուլ…

Այսօրուան մեր ընկերութիւնը այնպիսի ժամանակաշրջան մը կ՚ապրի, երբ կարծէք ամէն ինչ իրար անցած, ամէն բան գլուխն ի վար շրջուած է: Արժէքներու անկում, սովորութիւններու եւ աւանդութիւններու անտեսում ու թերագնահատում, այլասերուածութեան քարոզ, մարդու ազատութեան պատրուակով մարդը ստրուկ դարձնելու ամէն տեսակի փորձ, մէկ խօսքով ահաւոր լաբիւրինթոսի մը մէջ կ՚ապրինք, որ օր օրի մարդը իր մարդկութենէն կը դատարկէ նմանցնելով ու վերածելով զինք անբան անասունի, որ չի՛ գիտեր ինչո՞ւ համար կ՚ապրի, այլ՝ կ՚ապրի պարզապէս ապրելու համար, կամ որովհետեւ պէտք է ապրի…

Այս ընդհանուր վիճակին շարժառիթները եթէ փորձենք գտնել, բնականաբար բազմաթիւ պատճառներ կ՚ունենանք զանազան ոլորտներու հետ կապուած: Հոգեւոր տեսանկիւնէ այս վիճակին գլխաւոր եւ միակ պատճառը Աստուծմէ (Եկեղեցիէն) հեռու կեանք մը ունենալն է, այսինքն՝ առանց Աստուծոյ, առանց Անոր պատուիրաններուն ու թելադրութիւններուն կեանքը ապրիլ փորձելուն, աւելի ճիշդ՝ համարձակելուն մէջ է:

Անդին, աշխարհիկ հասկացողութեամբ այս վիճակին պատճառներէն կրնան ըլլալ արժէքներու անկումը, աւանդութիւններու անտեսումը, սովորութիւնները որպէս կարծրատիպ ընկալելն ու մերժելը, ընտանեկան բարքերու, ընտանեկան յարգանքի պակասն ու անտարբերութիւնը ընտանիք հասկացողութեան մասին, եսասիրութեան ահաւոր չափերով արժէք ու տեղ տալը, այսպէս կոչուած «մարդու ազատութիւն»ը ամէն բանէ վեր համարելը, իսկ այդ ազատութիւնը ո՛չ թէ բնական ու տրամաբանական հիմքերու վրայ կառուցելով, այլ՝ զուտ եսասիրական միտումով ու շահախնդրական նպատակներով:

Այս բոլորին նպաստող ամենէն զօրաւոր եւ գործող զէնքը մերօրեայ մամուլը դարձած է: Մերօրեայ կ՚ըսեմ, որովհետեւ անցեալին մամուլին նպատակն ու առաքելութիւնը ամբողջութեամբ այլ եղած է, ինչ է այսօր:

Հարց տանք: Ի՞նչ է մամուլը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը 2019 տարին հռչակած էր «Հայ մամուլի տարի», եւ այդ առիթով իր տուած կոնդակին մէջ այսպէս բնութագրած էր մամուլը.

«Մամուլը իր ընդհանուր իմաստով կը նշանակէ՝ տպագրութիւն, հրատարակութիւն, տպագրական մեքենայ, տեղեկատուութիւն, տեղեկատուական ցանց կամ կառոյց։ Մամուլ բառով, յատկապէս վերջին քանի մը դարերուն, առաւելաբար կը բնորոշուէր տեղեկատուական որեւէ օրկան՝ օրաթերթ, շաբաթաթերթ, ամսաթերթ կամ պարբերաթերթ։ Իսկ վերջին տասնամեակներուն, մամուլը աւելի լայն հասկացողութեամբ կը ներառէ ինչ որ առընչուած է տեղեկատուութեան. այսինքն՝ տպագրուած մամուլի կողքին, նաե՛ւ ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ եւ համացանց։ Մեր խօսքը հոս առաւելաբար կը վերաբերի տպագիր մամուլին։

Տեղեկատուական բնագաւառը հսկայ աշխարհ մըն է, ուր մասնաւորաբար ելեկտրոնային մամուլի մարզէն ներս, ամէն օր տեղի կ՚ունենան հսկայաքայլ ու աննախընթաց զարգացումներ։ Տեղեկատուական արհեստագիտութիւնը, հակառակ շարք մը վարչակարգերու կողմէ հաստատուած սահմանափակումներուն ու բանեցուող հակակշռին, դարձած է աշխարհի ամենէն հզօր ուժերէն մէկը, նոյնիսկ՝ յեղափոխութիւններ յառաջացնող, ատելութիւն հրահրող, իշխանութիւններ տապալող, կառոյցներ քանդող, դէպքեր այլափոխող, անձեր վարկաբեկող կամ՝ հակառակը։ Փաստերը պերճախօս են։ Նշանները ցոյց կու տան, որ ներկայ ընթացքը կրնայ աւելի ուժեղ թափով շարունակուիլ՝ տեղեկատուական մարզը դարձնելով աւելի՛ տիրական ընկերութեան կեանքէն ներս»:

Պարզ, յստակ եւ գրեթէ ամբողջական պատկերացում մը մամուլի ինչութեան մասին, միաժամանակ յստակ ախտորոշումներ մամուլին հնարաւոր գործելիք աւերներուն մասին:

Արամ Ա. Կաթողիկոսի բառերով՝ այսօր մամուլը «դարձած է աշխարհի ամենէն հզօր ուժերէն մէկը, նոյնիսկ՝ յեղափոխութիւններ յառաջացնող, ատելութիւն հրահրող, իշխանութիւններ տապալող, կառոյցներ քանդող, դէպքեր այլափոխող, անձեր վարկաբեկող կամ՝ հակառակը» գործիք մը, յատկապէս այսօրուան Հայաստանի իրականութեան մէջ: Արդարեւ, եթէ այսօր պահ մը Հայաստանի մամուլը աչքէ անցընենք, դէմ յանդիման կը կանգնինք ահաւոր իրավիճակի մը:

Այսօր, Հայաստանի մէջ մամուլը վերածուած է թշնամութիւններ հրահրող, աւերներ գործող, տուներ քանդող, մարդոց վարկին հետ խաղացող, ատելութիւն ու անմիաբանութիւն տարածող գործիքի մը: Հայ մամուլը, որու «առաքելութեան անբաժան մասը կը կազմէ գաղութի, ազգին ու հայրենիքին ամբողջականութեան պահպանումը ու միութեան ամրապնդումը։ Երբեմն սակայն, մամուլը, տպագիր թէ համացանցային, կը գործէ իր կոչումին հակադիր ուղղութեամբ, տեղ տալով՝ անհանդուրժողութիւն սերմանող, լարուածութիւն յառաջացնող, հին վէրքեր գրգռող ու բեւեռացումներ ստեղծող նիւթերու ու մօտեցումներու։ Հայ մամուլը պարտաւոր է հեռու մնալ նման վատառողջ մթնոլորտի ստեղծումէ։ Այսօր խիստ անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի, որ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան ձեւաչափով հայ մամուլը դառնայ լուրջ, իրատես ու համապարփակ քննարկումներու հարթակ՝ արծարծելով համահայկական օրակարգեր եւ ճշդելով անոնց լուսաբանման եւ վերլուծման հիմնական ուղղութիւնները» (Արամ Ա. Կաթողիկոս):

Արժան եւ իրաւ: Վերոնշեալ խօսքերուն լաւագոյն վկաները կրնան ըլլալ անցնող շուրջ 100-150 տարիներու ընթացքին լոյս տեսած մամուլը. ինչպէս օրինակ՝ «Ազդակ», «Ալիք», «Արարատ», «Արծիւ Վասպուրականի», «Բազմավէպ», «Դրօշակ», «Զանգ», ԺԱՄԱՆԱԿ (ուր այսօր ընթերցողը կը կարդայ այս տողերը), «Լուսաբեր», «Ծաղիկ», «Հայրենիք», «Հասկ», «Հորիզոն», «Մշակ», «Մուրճ», «Մեղու» «Յառաջ», «Յուսաբեր», «Ջահակիր», «Ռազմիկ», «Ուսումնասէր», «Փարոս» եւ շարքը կարելի է երկարել ու երկարել:

Այսօր, սակայն, հայ մամուլը ո՛չ միայն չի հետեւիր վերը նշուած եւ բազմաթիւ այլ մամուլներու որդեգրած ուղիին ու առաքելութեան, այլեւ աւերներ կը գործէ, ժրաջանօրէն կ՚աշխատի հայ հասարակութեան միտքը բթացնել տեղի ու անտեղի լրատուութեամբ, տեղի ու անտեղի, բնական եւ անբնական, լտկի ու բարոյականութենէ զուրկ վերնագիրներով ու նիւթերով: Բնականաբար, այսօր եւս կան յարգանքի արժանի մամուլներ, որոնք հաւատարիմ իրենց նպատակին, հակառակ այսօրուան դժուար պայմաններուն, կը շարունակեն իրենց անցեալէն ստացած ջահը վառ պահել ու փոխանցել գալիք սերունդներուն աւելի կատարելագործուած ու մաքրագործուած:

Որպէսզի ընթերցողը չմտածէ կամ չկարծէ, որ մեր կատարած պնդումները չափազանցութիւններ են, թէ՝ Հայաստանի ներկայի մամուլը հասարակութիւնը բթացնելով զբաղուած է աւելի, քան մարդոց նորութիւն, օգտակար ու պիտանի բան ներկայացնելով, այստեղ կը ներկայացնեմ կարգ մը վերնագիրներ եւ ընթերցողը ինք թող դատէ: Փակագիծերու մէջ ալ կու տամ լուրերուն ուղեկցող նկարներուն պարունակութիւնը:

- Ծիծաղից թուլացել եմ, պիտի տեսնէք սա. ուշքներդ կը գնայ, հենց տեսնէք, թէ ինչպէս է այս փոքրիկը «հարցեր լուծում» հեռախօսով. (երեք-չորս տարեկան երեխայ մը՝ բջիջայինը ականջին):

- Համացանցի բումը, 1 րոպէում այս լուրը իրար խառնեց բոլորին, Նիկոլ Փաշինեանը անսպասելի պաշտօնից ազատեց բոլորիդ սիրելի պաշտօնեային…, նա… (Փաշինեանի նկարը):

- Լուսադէմին սոսկալի լուր ստացանք… Շատ դաժան դէպք է պատահել… Զոհ, վիրաւորներ… Միայն տեսնէք ինչ է եղել եւ ով է մահացողը (ոստիկանական ինքնաշարժ մը, մի քանի ոստիկաններ ու քաղաքացիրներ):

- Սննդի անվտանգութեան տեսուչները յայտնաբերել են անհաւանական արտադրամաս. արիւնը ձեր երակներում կը սառչի, երբ տեսնէք սա… (Աշխատող մը, կովի մը գլուխը եւ միս…):

- Արիւններդ երակներումդ կը սառչի. երէկ ամուսնուս լաւագոյն ընկերը մեզ հիւր եկաւ… Ամէն ինչ կատարուեց ամուսնուս աչքի առաջ. (լոգանքի սրբիչով փաթթուած կին մը):

- Պանքերը վարկեր կը տրամադրեն 2 տոկոսով եւ կը զրոյացուեն հին վարկերի տոկոսները. (մէկ կողմը Փաշինեան, միւսկ կողմը հայկական դրամներ):

- Տղաների մուտքը ԽՍՏԻՒ ԱՐԳԵԼՒՈՒՄ Է. 20 հետաքրքիր փաստ կնոջ սեռական օրգանի (հեշտոց) մասին, որոնք պէտք է իմանայ իգական սեռի իւրաքանչիւր ներկայացուցիչ. (կնոջ հեշտոց):

- Գեղարքունիքի մարզում կատարուածը ցնցել է բոլորին, մի քանի ժամ շարունակ սարսափելի ու կատաստրոֆիկ իրավիճակ. դի, վիրաւոր. միայն իմանաք, թէ ինչ է եղել (քաղաքացիներ):

- Արդէն հասցրե՞լ էիք յոգնել շոգերից. քիչ առաջ Գագիկ Սուրէնեանը սարսափելի լուր յայտնեց. այսօր երեկոյեանից սկսած աննախադէպ է լինելու Հայաստանի ողջ պատմութեան մէջ (Գագիկ Սուրէնեանը մէկ կողմը, միւս կողմը՝ ինքնաշարժներու շարք մը ձիւնին մէջ):

- Քիչ առաջ. բոլորը շոկի մէջ են. Երեւան-Մոսկուա համար 908 չուերթի ուղեւորների օդանաւի մէջ կատարուածը ցնցել է հայ ազգին. ուղղակի կ՚ապշէք, երբ իմանաք, թէ ինչ է եղել (օդանաւ մը մէկ կողմը, միւս կողմը ուղեւորներ):

- Երկրագունդի վրայ աննորմալ մեծ կենդանի է յայտնուել. իսկ երբ տեսնէք, թէ ինչ էր նա թաքցնում իր փորի տակ՝ ուղղակի չէք հաւատայ ձեր աչքին (օձի նմանութեամբ կենդանի մը եւ բամզաթիւ մարդիկ):

- Շատ ՇՏԱՊ. սարսափելի լուր ստացանք. ՋՐՀԵՂԵՂ Ռուսաստանում. կորել են ՀՀ քաղաքացիներ. յայտնում են նրանց անունները, այս պահին… (ջուրի մէջ մնացած հանրակառք մը):

- ՇՈԿ համացանցում. ՄԱՀԻՑ ՀԻՆԳ ՐՈՊԷ ԱՌԱՋ… միայն իմանաք, թէ ինչ է ասել զինուորը հեռախօսով խօսելուց… Յուզմունքս չեմ կարողանում զսպել. (մէկ կողմը երկու երիտասարդ դագաղի մը կափարիչը շալկած, միւս կողմը զոհուած զինուորի մը դին՝ դագաղին մէջ):

- Ոչ մի բժիշկ ձեզ այդ մասին չի ասի. սա ուղղակի հրաշք է… Կանխէք սրտի հիւանդութիւնները, հրաժեշտ տուէք խցանուած զարկերակներին եւ արեան բարձր ճնշմանը (մէկ կողմ սիրտ, միւս կողմը կիտրոն եւ կիտրոնի հիւթ):

- Ողջ հայ ազգը սրան էր սպասում. հրաշալի լուր հայութեան համար. (մէկ կողմը Փաշինեան, միւս կողմը՝ Ալիեւ):

- Եթէ այս գրառումը միլիոնից աւել մարդ տարածի, ապա պարզապէս կաթուածահար կ՚անենք ամբողջ աշխարհին. (զինուոր մը եւ քարտէս մը):

- Աւելի մոգական յատկութիւնները, որոնց մասին քչերը գիտեն. (աւել մը):

- 16 մարդ, ովքեր մանկութեան տարիներին պատահաբար խմել են երիտասարդացման ջուրը, եւ այն օգնել է նրանց խաբել ժամանակին. (երկու երիտասարդներ):

- Հայրս միշտ ասում էր՝ սիրելիդ հայ պէտք է լինի. Պայտէնի աղջիկը անկեղծացաւ. տեսէք, թէ ինչ է ասել նա. աչքերիս չեմ հաւատում… (մէկ կողմը Պայտէնի աղջիկը, միւս կողմը Փաշինեանը):

- Ջա՜ն. այ քեզ երկաթէ մանդատ. Նիկոլը անցաւ գործի. համացանցը պայթում է այս լուրից. Քոչարեանը կը կորցնի ամէն ինչ, եթէ… (մէկ կողմը Քոչարեանը, կէսը՝ տոլարներ, միւս կողմը Փաշինեանը):

- Խորը կսկիծով ենք յայտնում այս դաժան լուրը. քիչ առաջ հայ ժողովուրդը կորցրեց հերթական մեծանուն ու յայտնի մարդուն… Յանկարծամահ է եղել բոլորիս կողմից սիրուած ու ճանչցուած… Հանգչիր խաղաղութեամբ. (դագաղին մէջ մարդ մը՝ շրջապատուած ծաղիկներով ու բազմաթիւ մարդոցմով):

- Օրէնքով գողերը վերջապէս ընտրեցին իրենց առաջնորդին. դուք կը զրկուէք խօսելու ունակութիւնից իմանալով, թէ որ յայտնի հայն է այսուհետ գլխաւորելու քրէական աշխարհը. իսկ մենք կարծել ենք, որ նա պարզապէս դերասան է. (երեք մարդիկ):

- ՇԱՏ ՇՏԱՊ. քիչ առաջ տեղեկացանք, որ սարսափելի դէպք է եղել, հարեւանները շոկի մէջ են, ինչ է կատարուել. մի ամբողջ ընտանիք հիւանդանոցում են. նրանք կերել են այն, ինչը որ ուտում ենք ամէն օր. (երկու բժիշկ, հիւանդապահուհի մը եւ հիւանդ մը):

- Օդանաւակայանում այս յղի կնոջ ինքնազգացողութիւնը վատացաւ, բժիշկները շոկի մէջ էին, երբ տեսան, թէ երեխայի փոխարէն ինչ էր նրա որովայնում. (յղի կին մը օդակայանը, եւ երկու օդանաւ):

Առաջին տպաւորութիւնը եւ հարցումը որ ընթերցողը կրնայ ունենալ՝ «այս վերնագիրները գրողները մեր նման մարդի՞կ են, թէ՞ այլմոլորակայիններ»: Բնականաբար մեր նման «մարդ»իկ են, բայց վերնատունը վարձու տուած կամ արձակուրդի ուղարկած: Զոհուած զինուորէն սկսած, մինչեւ մարդոց դժբախտութիւն, բժշկութեան ոլորտ, կլիմայ, բարոյականութիւն ու անբարոյականութիւն, առօրեայ պարագաներ, ուտել կամ չուտել, եւ հազար ու մէկ նման ցնդաբանութիւններ: Ցաւալին այն է սակայն, թէ այս լուրերուն բազմաթիւ «մարդ»իկ կը հետեւին, կը կիսուին, կ՚արձագանգեն, կը քննարկեն: Այս բոլորին լոյսին տակ, հետեւեալը.

- Ժողովուրդ, կը հասկնանք հիմա, թէ Հայաստանեան մեր այսօրը ինչո՞ւ համար այսքան դժբախտ, տժգոյն եւ խաւարած է: Կը հասկնանք, թէ ինչո՞ւ մեր դարերով երազած Հայաստանը այսօրուան ծանր վիճակին մէջ է: Կը հասկնանք, թէ ինչպէ՞ս աւելի քան չորս հազար զոհ ու տարածքներ տալէ ետք, նոյն դաւաճան եւ անհայրենիք մարդիկը իշխանութեան հասան: Կը հասկնանք, թէ ինչպէ՞ս այսօր մեր երկրի սահմաններէն ներս թշնամին ի՛նչ կ՚ուզէ եւ ի՛նչպէս կ՚ուզէ կը վարուի, ոտնահարելով մեր ինքնիշխանութիւնն ու ազատ պետութիւն ըլլալու հանգամանքը…, ու այս բոլորով հանդերձ դարձեալ արդարացումներ, թէ այդ բոլոր դէպքերը սովետական ժամանակներու սահմաններուն մէջ կը կատարուին…

Կը տեսնէ՞ք, թէ այսօրուան մամուլը ի՜նչ աւերներ կը գործէ: Կը նկատէք, թէ այսօրուան մամուլը ի՞նչ ձեւով մարդոց միտքը բթացուցած եւ մարդիկը վերածած է անբան անասուններու, որոնք կը ղեկավարուին այլ անբաններու կողմէ: Կը տեսնէք, թէ ինչպէ՞ս ընտանեկան սրբութիւն, ազգային արժէք ու աւանդութիւն, հաւատք ու սրբութիւն կ՚ոտնահարուին, յանուն այսպէս կոչուած «մարդու ազատութեան»… Պարզապէս ողբալի է:               

Մօտիկ անցեալին մեր ժողովուրդի մեծութիւններէն մէկը՝ Խրիմեան Հայրիկ, այսպէս կը գրէր. «Ո՛վ ժամանակ, դու գիտես որ հարուածող գաւազանին տակ ստրկական երկիւղով փակուած ժողովուրդին բերանն ու լեզուն՝ որ իւր կեանք պահելու համար սովորած էր միայն լռութիւն պահել եւ ապտակողին դէմ անմռունչ կերպով միւս երեսը դարձնել, եթէ մերթ ընդ մերթ ազատ մամուլ իւր ազատութեան ձիգ եւ ձայն հանէր, այն եւս կը ճնշուէր խիստ օրինաց ներքեւ. ուստի մեր աշխարհ զրկանաց եւ անիրաւութեան բազմատեսակ վէրքեր միշտ ծածուկ մնաց, վերջապէս նեխեցաւ ու փտեցաւ, ամէն ոք դարմա՜ն, դարմա՜ն կ՚աղաղակեն։ Արդեօք խորհելոյ, գրելոյ եւ խօսելոյ ժամանակ հասա՞ւ։

Հասա՛ւ, հասա՛ւ այն ազատաբեր Ժամանակ. քեզ աւետիս կու տամ, ժո՛ղովուրդ, լռած լեզուդ եւ փակուած բերանդ բա՛ց այսուհետեւ, խօսիր եւ գրէ՛ որչափ սահմանադիր Օրէնք քեզ ազատութիւն կու տայ. խօսի՛ր երբ կը զրկուիս. խօսի՛ր դատաւորաց առաջ երբ ապիրատ ձեռք զքեզ կ՚ապտակեն. խօսի՛ր եւ իրաւունք խնդրէ. «Եթէ չար ինչ խօսեցայ, վկայեա՛ վասն չարին. իսկ եթէ բարի` ընդէ՞ր հարկանես զիս»։ Գիտցիր որ ազատ Օրէնք զքեզ չի փրկեր, եթէ դու դարձեալ ստրկութեամբ վարուիս քո ոսոխ դատախազիդ առաջ» (Խրիմեան Հայրիկ)։

Խրիմեան Հայրիկ ի տես այսօրուան մամուլի լկտիութեան եւ անբարոյականութեան, նման աւետիս մը պիտի տա՞ր իր ժողովուրդին արդեօք…

Ընթերցողը թող ի՛նք պատասխանէ…

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

20 սեպտեմբեր 2021, Վաղարշապատ 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2021