ԱՌԱՆՁՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՍԿՑՈՒԱԾ ԸԼԼԱԼՈՒ ՄԱՍԻՆ

Ես միշտ կը կարծեմ, թէ մարդիկ յաճախ կը հասկցուին իրենց մահէն յետոյ՝ ոչ թէ ողջ ժամանակին…

Վերջերս մահացած ծանօթէ մը իմացած էի հետեւեալ նախադասութիւնը. «Երբ ես սիրտս կը բանամ մէկու մը, կը թուի, թէ անոնք չեն հասկնար իմ վիճակը: Ես կ՚ուզէի, որ զիս աւելի քիչ սիրեն, բայց աւելի ըմբռնումով մօտենան»:

Ժապաւէն մը կը դիտէք, կը վերջացնէք եւ ժապաւէնի կէսերուն պատահած դէպքի մը մասին կ՚ըսէք. «Ուրեմն ամէն ինչ ատոր համար էր» ու կը հասկնաք իրադարձութիւններու հիւսուածքը։

Կը թուի, թէ ոչ ոք կը մտածէ ոեւէ մէկու վարագոյրներու ետին թաքցուցածներու մասին, քանի դեռ ողջ է եւ ոչ ոք ջանք կը գործադրէ՝ հասկնալու նոյնիսկ ամենամտերիմը, որքան ալ սիրէ զայն: Արդարեւ, յաճախ կը յառաջանայ յոգնութիւն մեր զգացումներու եւ հոգեբանութեան նկատմամբ անհետաքրքրութենէ, լաւագոյն պարագային խաբուելով սիրոյ դատարկ խօսքերով, իսկ վատագոյն պարագային՝ երբեք սիրուած չզգալով:

Յամենայնդէպս, մարդիկ կը փափաքին մէկու մը պատմել նոյնիսկ ամենափոքր վէրքի մը մասին՝ մանաւանդ եթէ ան արիւնահոսի: Բայց չկարողանալ հանդիպիլ կարեկցական արտայայտութեան մը աւելի ցաւ կը պատճառէ՝ քան արիւնահոսող վէրքը:

Իրականութեան մէջ, մենք ալ այլ բան չենք ըներ։ Մեզ չի հետաքրքրեր, թէ մեր սիրելիները ի՛նչ վիճակի մէջ են, չենք հասկնար զանոնք, միայն այն ատեն կը սթափինք, երբ անոնք վատ վիճակի մէջ յայտնուին հիւանդանոցի մը կամ այլ վայրի մը անկիւնը. այն ժամանակ կը գիտակցինք, որ սխալած ենք, երբ մեր դիմացինը վշտահարած է ու կու լայ։ Եթէ մտածենք անոնց մասին ամենահիմնական մակարդակէն եւ երբ հարցնենք՝ «ինչպէ՞ս ես», ըստ էութեան, չենք զարմանար իր որպիսութեան: Շատ տխուր չէ՞, որ անհանդուրժող ենք իրարու նկատմամբ. միայն կը խօսինք, բայց երբեք չենք լսեր։ Բոլորը կը դժգոհին ամէն ինչէն, բայց ոչինչ կ՚ընեն ոեւէ մէկը ամոքելու համար:

Այնուամենայնիւ, երբեմն մարդիկ կ՚ուզեն իրենց կարդացած գիրքի նոյնիսկ ամենաչնչին մանրամասնութիւնը բաժնել մէկու մը հետ՝ զգալու համար, որ առանձին չեն եւ կրնան «նոյն լեզուով» խօսիլ աշխարհի վրայ ուրիշի մը հետ:

Պէտք է անդրադառնալ այն հանգամանքին, թէ չսիրուած կամ չհասկցուած ըլլալը ուղղակի կապ ունի առանձնութեան հետ։ Ահա թէ ի՛նչ կը նշանակէ առանձին մնալ բազմութեան մէջ… Եթէ ​ըլլայիք նախադասութիւն մը եւ չըլլար մէկը, որ կարդար ձեզ, եթէ ըլլայիք նկար մը եւ չկարողանային տեսնել ձեր գոյները… Ձեր ամենացաւոտ օրը կրնան մարդիկ չնկատել ձեր վիշտը: Կը թուի, թէ առանձնութիւնը ո՛չ թէ սիրուած չըլլալն է, այլ՝ չհասկցուած ըլլալը, չկարողանալ ըսել. «Ահա թէ ո՛վ եմ ես, լսէ ինծի»:

Մարդիկ, այնուամենայնիւ, կ՚ուզեն մէկու մը ժամերով բացատրել իրենք զիրենք։ Իրականութեան մէջ երբեմն մարդիկ կը փափաքին հասկցուիլ առանց նոյնիսկ խօսելու։ Անոնք կը ցանկանան հաստատել այնպիսի կապեր, թէ դիմացինը իր ըսածէն, զգացածէն աւելին հասկնայ, աւելին զգայ: Կը կարծեմ՝ մարդիկ միայն կ՚ուզեն ընդունուիլ։ Հասկցուած ըլլալու փափաքը իր հետ շատ բան կը բերէ։ Իւրաքանչիւր մարդ, որ բան մը չի կրնար բաժնել ուրիշին հետ, չի կրնար ընկալուիլ, կը կորսնցնէ պատկանելիութեան զգացումը եւ կը նետուի զանազան անկիւններ՝ երբեմն փոխաբերական, երբեմն՝ բառացի…

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2023