Է

Խաւարի ու լոյսի հանդիպման վայրն է սա։

Գմբէթի ութ վահանաձեւ պատուհաններէն չորսը ներս կը թողուն ուժեղ լոյսի կտորներ, որոնք կ՚իյնան լուսաւորելու քարակերտ կերտն այս։

Վարը, լոյսերուն տակ, խորանին դիմաց ու սրահին մէջտեղը պառկած է մէկը. անշարժ։

Մարդիկ մէկիկ-մէկիկ կը մտնեն ներս, աջակողմեան պտոյտ մը կ՚ընեն անոր շուրջ։ Կը հասնին ոտքերուն, կը կանգնին յարգանքի. ոմանք կը նային ուղիղ անոր, ուրիշներ կը փախցնեն հայեացնքները, գետին կը նային, յետոյ կը հեռանան, կ՚անցնին եկեղեցւոյ երկու թեւերուն շարուած նստարաններու ուղղութեամբ։

Քար լռութիւն է. երբեմն միայն զուսպ հեծկլտուք մը կը լսուի, ու կը լռէ շուտով։ Առաստաղէն երբեմն ծիծեռնակի ծւիւն մը կը հնչէ։ Նստարաններէն մէկը կը ճռռայ փոքր ինչ։ Քար լռութիւն դարձեալ։

Սգակիրները երկու կողմով կը հսկեն անոր, որուն վրայ շողերը համենալ կը փորձեն։

Յանկարծ, ծերունի մը կը մտնէ ներս։ Երկու ձեռքերուն մէջ գլխարկ մը բռնած, կամաց-կամաց կը մօտենայ։ Սպիտակ մազեր, կարմրած, կարծես այրող այտեր, փոքր կամ փոքրացած աչքեր ունի։ Կը հասնի ննջողին։ Ձեռքը կը տանի ճակտին անոր, կը շոյէ զայն սիրով, ու թախծոտ եւ մեղմ ժպիտ մը կ՚ուրուագծուի բարակ բերնին վրայ։ Ընկերն է։ Ապա կը դառնայ աջ, ու մեքենական հանգստութեամբ մը կ՚ուղղուի դէպի խորան, ուր նկարը կայ։ Այնտեղ, նկարին մէջ, բաց են աչքերը դեռ։ Այստեղ ծերունին կը յուզուի։ Կը կախէ գլուխը, կը հեռանայ դէպի նստարաններ։

Կը նստի անոնցմէ մէկուն, եւ աչքերը ուղիղ կը յառէ հին ընկերոջ, որ նոյնիսկ փոքր էր իրմէ։ Արեւու շողերը հիմա հեռացած են անկէ արդէն, ու կ՚իյնան ճիշդ իր ետին, հազիւ հպելով ուսերուն. ուր որ է, շուտով, իրմէ ալ քաշուին պիտի։

Եկմալեանը վրայ կը հասնի։

Հրաժեշտը ընթացք կ՚առնէ։

Յանկարծ կը բացուի դարպասը, եկեղեցիէն ներս կտորիկ մը լոյս նետելով։ Երիտասարդ երկսեռ զոյգ մը կը մտնէ։ Սգակիրներուն ուղղութեամբ ո՛չ կը նային, ոչ կը մօտենան։ Կը շարժին ուղիղ դէպի միւս անկիւնը սրահին։ Աստուածածնի նկարին տակ երեք հատ մոմ կը վառեն։ Կարճ կ՚աղօթեն, ու հանդարտ կ՚ուղղուին դէպի ելքի դուռ։ Տղան կը հրէ դուռը, ճամբայ կու տայ։ Կտոր մը լոյսը կ՚իյնայ աղջկան վրայ, ու այնժամ կ՚երեւի, որ յղի է ան։

Եկմալեանը կ՚աւարտի։

Ծիծեռնակ մը կը կանչէ վերէն, երեք անգամ։

ԵՐԱՄ

Երեւան

Ուրբաթ, Փետրուար 26, 2021