ԻՆՉՈ՞Ւ ՎՇՏԱՑՈՒՑԻՐ ԶԻՍ…

Այսօր դարձեալ մեծ հաճոյքով մտած էի մօրս դարակը եւ թուղթերը կը խառնէի։ Անսպառ  հետաքրքրական նիւթեր կան հօրս եւ մօրս դարակներուն մէջ, նամակներ, յօդուածներ, դասախօսութիւններ։ Ամբողջ անցեալ մը, հարուստ կեանք մըն է այդ դարակներուն մէջ… Այս անգամ մեծ հօրս մահուան առիթով՝ Մուրատ Մանուկեանին գրած սրտի խօսքն է, որ պիտի ներկայացնեմ։

Մուրատ Մանուկեան բանաստեղծին մասին դեռ նոր անդրադարձած էի եւ յիշած, որ մեծ հօրս բախտակից՝ որբանոցի ընկերն էր։

Մեծ հօրս Արշակ Սարգիսեանին անակնկալ եւ դժբախտ մահը մեծ յուզում յառաջացուցած է բանաստեղծ ընկերոջ հոգիին մէջ։

Կը կարդամ, եւ…

Ինչպիսի՜ սէր որբանոցի երկու ընկերներուն միջեւ։ Որքա՜ն անկեղծութիւն… Որքա՜ն յուշեր թաքնուած են այդ քանի մը տողերուն մէջ, յուշեր Իրաքի անապատի աւազներուն վրայ։ Ու երբ կ՚ըսէ «Ինչո՞ւ վշտացուցիր զիս»… Անապատի աւազներուն չափ վիշտ կայ այդ հարցումին մէջ… Մանկութիւն, որ ուրիշ պիտի ըլլար, սակայն եղաւ դաժան եւ անարդար, բայց այնու ամենայնիւ ուրախ թէ տխուր՝ մանկութիւն էր, որ ձգեց անմոռանալի յուշեր… Մանկութիւն էր աւազներու վրայ…

Եւ անցեալն իրենց համար այդ յուշերն էին միայն, անկէ անդին իրենց մանուկի յիշողութեանը մէջ մնացեր էին մոխրացած տուներ… Քանդուած բոյներ… Խենթեցած մայրեր ու աղջիկներ… Խաբուած ու տուն չդարձած հայրեր ու եղբայրներ…

Եւ անոնց, որոնց բաժին ինկաւ անապատը՝ անոնք բախտաւորներն էին…

Տուն ու տեղէ, հայր ու մայրէ, քոյր ու եղբայրէ զրկուած, բաժնուած, կորսնցուցած, Իրաքի անապատի աւազներուն վրայ նոր եղբայրութիւն եւ ընկերութիւն գտած էին իմաստ տալով իրենց որբացած մանկութեանը։ Վանի գետերէն, սար ու ձորէն, այգիներէն ու պտղաստաններէն ետք անապատի աւազները մնացեր էին՝ իրենց մանկութեան հեքիաթը անոնց վրայ հիւսելու համար։ Այդչափ կորուստներէ ետք ինչպէս կը դիմանային անոնք, անոնց սրտերը քարացե՞ր էին արդեօք… Ի՞նչ էր մահը իրենց համար… Չէ՞ որ իրենք մահէն աւելի դաժանը տեսած էին… Իրենք ոչ միայն մահը, այլեւ մեռնելու բոլոր ձեւերը տեսած էին… Մանկութիւն վայելելու փոխարէն՝ Գողգոթան ապրեր էին… Իրենք մահէն անցեր էին եւ արհամարհեր…

Եւ հիմա տարիներ ետք երբ բոլորը տուն-տեղ եղած, բոյն կազմած իրենց նման որբուհիներու հետ, պաշտօններու ու արհեստներու տէր դարձած էին, երբ այլեւս անօթի եւ ոտաբոպիկ չէին, երբ կը կարծէին ոչ մէկ դժբախտութիւն կրնար յուզել իրենց սիրտերը… Բայց ահա իրենց խումբէն առաջինը՝ մեծ հայրս, դժբախտ մահով մը կը դաւաճանէ Իրաքի աւազներուն վրայ եղբայրացած իր ընկերներուն…

Ծանր էր… Շատ ծանր…

Մոխրացած անցեալէն յարութիւն առած էին Իրաքի անապատի աւազներուն վրայ…

Եւ այդ անցեալէն մնացեր էին միայն այդ բախտակից ընկերները… Մանկութեան ընկերները, որոնք Վանն էին եւ Վանի գիւղերը, Վանն էին եւ Վանի գետերը, Վանն էին եւ Վանի այգիները, Վանն էին եւ իրարմով յարութիւն առած իրենց ընտանիքները, Վանն էին եւ իրենց ամբողջ ունեցածը… Եւ հիմա… Վիշտը նոյն ուժգնութեամբ այցելած էր տակնուվրայ ընելով բանաստեղծին հոգին…

Մուրատ Մանուկեանը Անգլիա մեկնած էր բաւական լուրջ անհանգստութեան մը դարման գտնելու պատճառով, անոր համար գրութեանը մէջ կ՚ըսէ «Չէ՞ որ բաժանումի վերջին պահուն, մենք համաձայնած էինք վերադարձիս ես քեզի գայի եւ Իրաքի անապատին մէջ մեր պահած յիշատակներու մասին խօսէի քեզ երկա՜ր, երկար»։ Յստակ է անորոշութիւնը հիւանդութեան պատճառով, բայց եւ յոյսը, որ պիտի վերադառնայ եւ պիտի խօսին Իրաքի անապատի աւազներուն վրայ անցուցած իրենց տխրանուշ մանկութենէն…

Մուրատ Մնուկեանը վերադարձաւ… Բայց…

«ԻՆՉՈ՞Ւ ՎՇՏԱՑՈՒՑԻՐ ԶԻՍ

Արշակ Սարգիսեանին անթառամ յիշատակին

Ինչո՞ւ վշտացուցիր զիս, իմ մանկութեան, իմ պատանեկութեան բարեկամ. ինչո՞ւ վշտացուցիր զիս այսպէս։ Դուն երբեք, երբեք չէիր վշտացուցած զիս։ Ինչո՞ւ ուրեմն վշտացուցիր զիս հիմա։ Ի՞նչ ընեմ ես։ Ինչո՞ւ այսքան անգութօրէն խաբեցիր զիս, իմ հին, քաղցրիկ բարեկամ։ Չէ՞ որ բաժանումի վերջին պահուն, մենք համաձայնած էինք վերադարձիս ես քեզի գայի եւ Իրաքի անապատին մէջ մեր պահած յիշատակներու մասին խօսէի քեզ երկա՜ր, երկար։

Գիշերուան խաղաղութեան մէջ ես պիտի պատմէի քեզի մեր մանկութեան գեղեցկացած, քաղցրացած յիշատակներէն ու հին գինիէն մենք պահ մը գինովցած պիտի մոռնայինք ներկայի անիմաստ ժխորը։ Տիգրիսի ալիքները դեռ պահած էին մեր մանկութեան յուշերը իրենց ծոցին մէջ։ Ես անոնց մասին պիտի պատմէի քեզի։ Ինչո՞ւ չպահեցիր խօսքդ եւ դուռդ գոց պահեցիր իմ դիմաց, երբ ես սիրով ու խանդաղատանքով քեզի կու գայի։ Ինչո՞ւ խաբեցիր զիս այսպէս։ Ա՜խ, քեզմէ խաբուած ըլլալուս համար վիշտս աչքերէս վար կը թափի։ Ինչո՞ւ խաբեցիր զիս այսպէս։

Մեր մանկութեան ընկերները քու մասիդ հարցուցին ու ես խոստացայ անոնց ողջոյնները յանձնել քեզի, առանց կասկածելու որ դուն խաբած էիր զիս արդէն եւ սիրտդ գոցած իմ ու անոնց դիմաց։ Ըսէ՛, ինչ պատասխան տամ հիմա մանկութեանդ ընկերներուն։

Վերադարձիս ես եկայ ու կեցայ դուռիդ դիմաց, երկա՜ր, երկար սպասեցի։ Բայց գոցած էիր զայն ու մեկնած անդարձ։ Ինչո՞ւ չպահեցիր խօսքդ ու խաբեցիր զիս այսպէս, ու ես վշտացած մեկնեցայ դուռէն, ու վիշտս աչքերէս կը կաթկըթի տակաւին։

Մուրատ Մանուկեան»

Անցեալէն մնացեր էին միայն Իրաքի աւազներուն վրայ անօթի ու բոպիկ բախտակից ընկերները, եւ անոնցմէ մէկը անժամանակ դաւաճանած էր…։

Դարակը գոցեցի ու «Վիշտը աչքերէս կը կաթկթէր»…

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

20 ապրիլ, 2024, Երուսաղէմ

Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024