ՄԵՆՔ՝ ՄԵՐՈՆՑՄՈՎ…

 

Օտարութիւն այսքան ծանօթ,

Այսքան հեռու եւ այսքան մօտ։

Այսքան ուրիշ, բայց հարազատ միշտ,

Քեզի հետ կը մոռնամ կարօտ ու վիշտ…

Ահաւասիկ օտարութեան պարգեւած հակասական զգացումները։

Օտարութեան քաղցրութիւնը կը շեշտուի մասնաւորապէս այն ժամանակ, երբ ակամայ ականջիդ կը հասնին անծանօթի մը շուրթերէն հնչած հայերէն բառեր։ Հոգիդ ինքնըստինքեան կը խայտայ հրճուանքէն, սիրտդ ուրախութեամբ կը լցուի։

Մինչ այդ պահը, քեզի անծանօթ մը երկվայրկեաններու ընթացքին հարազատ բարեկամ կը դառնայ։ Հիացական ժպիտ մը կը պարգեւես հարազատ դարձած անծանօթին։

Վերջերս ես նոյնպէս, նման յուզումնալից ապրումներ ունեցայ։ Ճիշդ է, թէպէտ ռուսերէնը իմ մայրենի լեզուն չէ, սակայն իմ հոգւոյն շատ հարազատ է։ Կրնամ ըսել, թէ իմ երկրորդ մայրենին է ու ամէն անգամ, երբ ռուսերէն բառ մը կ՚իմանամ հոգիս կը շոյուի։

Եւ այսպէս՝ անցեալները պատիւն ունեցայ ծանօթանալու, մտքեր փոխանակելու եւ պարզապէս հաճելի զրոյցի բռնուելու ռուսաստանաբնակ հայազգի երիտասարդ զոյգի մը հետ։ Խոստմնալից ապագայ ունեցող Նարինէ Յարութիւնեանին, որ կը բնակի Սեն Փեթերսպուրկ եւ մոսկուաբնակ՝ Սերկէյ Աւագեանին։

Նարինէ Յարութիւնեան ծնած է Սեն Փեթերսպուրկ՝ 1994 թուականի յունիսի 1-ին։ Արմենուհի եւ Հենրիխ Յարութիւնեան ամոլի երկու զաւակներէն մին է Նարինէն, ունի իրմէ մեծ եղբայր մը՝ Համայեակը։ Նարինէի հայրը՝ Պրն. Հենրիխը ԽՍՀՄ-ի տարիներուն, Ռուսաստանի մէջ զինուորական պարտականութիւնները կատարելէ եւ համալսարանական կրթութիւնը ստանալէ վերջ այլեւս չէ վերադարձած հայրենիք։ Նախընտրած է հաստատուիլ Սեն Փեթերսպուրկ։ Ներկայիս ընտանիքը կը զբաղի գործարարութեամբ։ Հօրենական կողմէ Նարինէի արմատները կը հասնին Ապարանի շրջանի Արագած գիւղ, իսկ մօրենական կողմէ՝ Մասիս շրջանի Հովտաշատ գիւղ։

Նարինէն նախնական եւ միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է ռուսական վարժարանի մը մէջ։ Մասնագիտութեամբ տնտեսագէտ է, ուսումնասիրած է նաեւ գործարարութիւն։ Այժմ երիտասարդուհին որպէս հաշուակալ կ՚աշխատի ընտանեկան առեւտրական հաստատութեան մէջ։

Ահաւասիկ այսքանը Նարինէի մասին, այժմ քանի մը նախադասութեամբ, սեղմ ծանօթանանք մեր սիրասուն Նարինէի խօսեցեալի կենսագրականին։

Եւ այսպէս՝ Սերկէյ Աւագեան ծնած է Երեւան՝ 1991 թուականի հոկտեմբերի 27-ին։ Մարինա Լուքաշովա եւ Ալեքսանտր Աւագեան ամոլի միակ զաւակն է։ Իմ այսօրուայ հիւրի ազգութեամբ ռուս մայրիկը ծնած ու մեծցած է Երեւանի մէջ։ Ինչպէս նաեւ նախակրթարանէն՝ առաջին դասարանէն սկսեալ եղած է իր ապագայ ամուսնոյն դասընկերուհին։ Վերջինս՝ ի տարբերութիւն երեք տարեկան հասակին Ռուսաստան տեղափոխուած զաւկին՝ գերազանց կը տիրապետէ հայերէնին։ Սերկէյի հայրը՝ մասնագիտութեամբ ճարտարագէտ Ալեքսանտր Աւագեան ներկայիս կը զբաղի գործարարութեամբ, իսկ մայրը՝ Մարինա Լուքաշովան գերմաներէնի ուսուցչուհի եւ թարգմանչուհի է։ Հօրենական կողմէ Սերկէյի  խոր արմատները կը հասնին Խոյ, որ այժմ կը գտնուի Իրանի մէջ, այնուհետեւ՝ Սիսիան, մեծ մօր կողմէ ալ արմատները կը ձգուին մինչեւ Տրապիզոն եւ Օրտու։ Մօրենական կողմէ արմատները կը հասնին Հիւսիսային Կովկասի Կուպանի շրջան։

Սերկէյը նոյնպէս նախնական ու միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Մոսկուայի ռուսական վարժարաններէն մէկուն մէջ։ Մոսկուայի Պետական համալսարանի իրաւագիտութեան բաժնի շրջանաւարտ է։ Համալսարանական տարիներէն սկսեալ աշխատակցած է կարգ մը միջազգային իրաւագիտական գրասենեակներու։ Ներկայիս ալ որպէս իրաւաբան կը պաշտօնավարէ միջազգային իրաւագիտական գրասենեակի մը մէջ։

Մեր սիրահար զոյգէն իւրաքանչիւրը իր հերթին ունեցած էր երջանիկ, անհոգ ու վառ գոյներով շաղախուած մանկութիւն ու պատանեկութիւն, որու համար անոնք անսահման երախտապարտ են իրենց ծնողքին։ Չէ՞ որ երջանիկ մանկութիւնը՝ լուսաւոր ապագայի, յաջողակ ըլլալու գլխաւոր երաշխիքն էր։ Թէեւ Նարինէն ու Սերկէյը հայրենիքէն հեռու մեծցած են, սակայն անոնց ծնողները չեն մոռցած իրենց սրբազան պարտքին մասին՝ հայկական հոգիով ու շունչով դաստիարակել իրենց զաւակները, ամէն տարի, նոյնիսկ տարին քանի մը անգամ այցելել Հայաստան։

Որպէս մանկութեան վառ յուշ, Սերկէյը մինչեւ այսօր տպաւորուած եւ երախտապարտ է ծնողքին, որոնք վաղ տարիքէ սկսեալ իրենց միակ զաւկին ծանօթացուցած են իրենց գերդաստաններու հեռու եւ մօտ բոլոր անդամներուն հետ։

Փայլուն ապագայ կերտած երիտասարդները շատ կը սիրեն միասին ճամբորդել, բացայայտել նոր երկիրներ ու քաղաքակրթութիւններ։ Ճամբորդութեան հերթական մտայղացման գաղափարը զանոնք հասցուց հայութեան երբեմնի մշակութային խառնարան՝ Պոլիս։

Սիրահար զոյգի Իսթանպուլ տասնօրեայ այցելութիւնը բաղկացած էր երկու փուլերէ՝ հայկական ու տեղական։  Անոնք Պոլսոյ մէջ ժամանակագրական՝ պատմական պտոյտ մը կատարեցին. սկսեալ հին ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը։ Երկրորդ փուլին ծանօթացան Պոլսոյ հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, այցելեցին մեր ազգի ու մշակոյթի յենասիւնը հանդիսացող հաստատութիւններ՝ դպրոց, մամուլ եւ եկեղեցի, պտոյտ մը կատարեցին հայահոծ թաղամասերուն մէջ։ Անոնց յուզումնախառն զգացումներն ու ապրումները պարզապէս աննկարագրելի էին։

Քահանայի օրհնութեամբ նշանուած Նարինէն ու Սերկէյը քաղաքս լքեցին դրական լիցքերով եւ բարձր տրամադրութեամբ, կրկին Պոլիս վերադառնալու յոյսով ու ցանկութեամբ։ Սակայն ճակատագրի հեգնանքով, Նարինէն չկրցաւ լիաթոք վայելել իր նոր բացայայտումներն ու լուսաշող ապրումները։ Սեն Փեթերսպուրկ վերադառնալուն պէս, ան առաւ հայաստանաբնակ իր պաշտելի մեծ մօր մահուան բօթը եւ առաջին իսկ օդանաւով շտապեց վերջին հրաժեշտը տալու սիրելի տատիկին։ Մենք ալ այս տխուր առթիւ, մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք սիրելի Նարինէին ու իր սգակիր ընտանիքին։ Աստուած հոգին լուսաւորէ, լոյսերու մէջ հանգչի։

Մինչ Պոլիսէն հրաժեշտ առնելը, օտարութեան մէջ բնակող, հայու անունը բարձր պահող մեր ժողովուրդին արժանի զաւակները իրենց տպաւորութիւններն ու զգացումները կիսեցին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին հետ։

*

-Սա՝ դէպի Պոլիս ձեր առաջին ճամբորդութի՞ւնն է։

-Նարինէն առաջին անգամ կ՚այցելէ, իսկ ես երկրորդ։ Անցեալ տարի ճիշդ նոյն ժամանակաշրջանին կարճատեւ այց մը կատարած էի դէպի Պոլիս։ Եւ այդ կարճատեւ ճամբորդութիւնը, զիս կրկին Իսթանպուլ վերադառնալու անյագ ցանկութեամբ վարակեց։ Ահաւասիկ ես այստեղ եմ՝ խօսեցեալիս հետ։

Երկրորդ անգամ այցելելով կրկին հաւաստիացայ, որ Պոլիսը քաղաք մըն է, ուրկէ պատմութիւն կը բուրէ։ Մեր այս ճամբորդութեան գլխաւոր նպատակն էր ծանօթանալ եւ ուսումնասիրել Պոլսոյ հայկական համայնքը։ Կը հիանամ այս համայնքով եւ կը կարծեմ, որ աշխարհի չորս ծագերը տարածուած մեր համայնքներն ու գաղթօճախները՝ ի դէմս Ռուսաստանի, այս համայնքէն սորվելու եւ ընդօրինակելու շատ բան ունին։

-Նարինէ, կրնա՞ք նկարագրել ձեր տպաւորութիւնները Իսթանպուլի վերաբերեալ։

-Սա հսկայական ու սքանչելի քաղաք մըն է ճարտարապետական գլուխ գործոցներով։ Իսթանպուլը երկու հակասական երեսակներ ունի։ Մէկ կողմէ, տպաւորութիւնը այնպիսին է, կարծես դուն կը գտնուիս եւրոպական քաղաքի մը մէջ, միւս կողմէ՝ Պոլիսը այնքան արեւելեան է, ասիական։ Ես պարզապէս հիացած եմ։

Առաւել տպաւորուած ու ազդուած եմ տեղւոյն հայկական համայնքով։ Մինչ մեր ժամանելը, մեզի կը թուէր, թէ մէկ օրուան մէջ պիտի պտըտինք հայկական հետքերով։ Սակայն սխալեր ենք։ Այստեղ այնքան շատ է հայկականը, որ օր մը, նոյնիսկ շաբաթ մը չի բաւեր։ Իւրաքանչիւր հայ պէտք է այցելէ Պոլիս, տեսնէ եւ զգայ այս բոլորը։

-Ո՞րն է Պոլսոյ մէջ ձեր սիրելի վայրը։

-Նարինէ. նախ՝ ես ու Սերկէյը կը փափաքինք մեր երախտագիտութիւնը յայտնել Պրն. Յարութիւնին, որու օգնութեամբ մենք յաջողեցանք խորապէս թափանցել պոլսահայ համայնքին սիրտը։ Պրն. Յարութիւնի հետ շատ վայրեր պտըտեցանք, սակայն ես շատ տպաւորուեցայ եւ ազդուեցայ Ղալաթիոյ աշտարակով ու Շիշլիի հայկական գերեզմանատունով։ Կրնամ ըսել, թէ Պոլսոյ մէջ իմ ամենէն սիրելի վայրը դարձած է հայկական գերեզմանատունը։ Ըստ իս, գերեզմանատան նայելով, կրնանք կարծիք կազմել տեղւոյն հայութեան մասին։ Շատ կարեւոր է, թէ ինչպէս մարդիկ հոգ կը տանին իրենց նախնիներուն։

-Սերկէյ. ես շատ սիրեցի Այա Սոֆիան եւ բոլոր հայկական դպրոցները, որոնք մենք մեր սիրելի ուղեկցորդ՝ Պրն. Յարութիւնի հետ այցելեցինք։ Անգամ մը եւս շնորհակալ ենք անոր, իր ցուցաբերած բարի ու հոգատար վերաբերմունքին համար։

-Սերկէյ, դուք որպէս ռուսահայ համայնքի ներկայացուցիչ, կրնա՞ք համեմատել այս երկու համայնքները։ Ո՞րն է անոնց միջեւ եղած տարբերութիւններն ու նմանութիւնները։

-Ամէն համայնք իր յատուկ պատմութիւնը ունի։ Մեր երկու համայնքներու միջեւ բաւական նմանութիւններ ու տարբերութիւններ կան։ Ըստ իս, ի նկատի ունենալով պոլսահայ համայնքի անցած պատմական ուղին, մեր բոլոր համայնքներուն համար, ան կրնայ շարժիչ ուժ հանդիսանալ։ Մենք պարզապէս հիացած ենք, թէ ինչպէս պոլսահայերը ամուր կառչած են իրենց արմատներուն, ամէն կերպով կը փորձեն պահպանել եւ գալիք սերունդներուն փոխանցել այն, ինչ որ հայկական է։ Այստեղ կրթութեան ոլորտը բաւական շեշտուած է, կան բազում հայկական դպրոցներ, ինչ որ ցաւօք սրտի կը բացակայի մեր մեծաթիւ ռուսահայ համայնքին մէջ։

-Թրքահայ համայնքի ո՞ր առանձնայատկութիւնը կը փափաքէիք, որ ռուսահայ համայնքը ընդօրինակէր կամ հակառակը։

-Կ՚ուզէի, որ մեր ռուսահայ համայնքը ընդօրինակէր թրքահայ համայնքի ցուցաբերած շեշտադրումը հայեցի սերունդներ կրթելու եւ դաստիարակելու մէջ։ Այսինքն՝ ընդօրինակէր տեղւոյն կրթական համակարգը։ Պոլսահայ համայնքն ալ ռուսականէն ընդօրինակէր եռանդ ու համարձակութիւն։ Թէպէտ տեղւոյն համայնքը բաւական եռանդուն է, սակայն թող որ այդ եռանդը կրկնապատկուի։

-Աշխարհով մէկ՝ դուք գաղութէ գաղութ ճամբորդած էք։ Ձեզի ծանօթ ո՞ր մէկ համայնքէն տպաւորուած էք առաւելաբար։

-Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ հայկական համայնքներէն աւելի շատ ազդուած եմ։ Քանզի այս երկու համայնքներուն մէջ ես տեսայ, թէ ինչպէս դժուար պայմաններու ներքեւ, անոնք իրենց մշակոյթն ու լեզուն փայփայելով սերունդէ սերունդ կը փոխանցեն։

-Սերկէյ, քիչ մը կը պատմէ՞ք ձեր ծանօթութեան մասին։

-Թէեւ մենք կը բնակինք Ռուսաստանի երկու տարբեր քաղաքներուն, նոյնիսկ կրնանք ըսել՝ երկու մայրաքաղաքներուն մէջ (հին ու նոր), իրարմէ բաւականաչափ հեռաւորութեան վրայ, մենք զիրար ընդհանուր ծանօթներու միջոցաւ ճանչցանք։ Մեր ճակատագրական հանդիպումը տեղի ունեցաւ երեք տարի առաջ՝ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ։

-Նարինէ, ըստ ձեզի, ո՞րն է կայուն յարաբերութիւններու գլխաւոր յենասիւնը։

-Վստահութիւնը եւ փոխզիջումներու երթալը, քանզի ամէն մարդ տարբեր է։ Միշտ պէտք է ձգտիլ  ընդհանուր յայտարարի մը։ Եւ ամենէն կարեւորը՝ սէրն է։

Ըստ Սերկէյի, մարդկային վեհագոյն զգացումէն ետք, կայուն յարաբերութիւններու գլխաւոր յենասիւնը կը հանդիսանայ ընդհանուր արժէքներու փոխադարձ գնահատումը։ Իսկ իմ հարցին՝ թէ ի՞նչ է սէրը, մեր սիրահարները՝ զիրար լրացնելով հետեւեալ կերպով պատասխանեցին. «Սէրը այն է, ինչ որ կը զգաս սիրելիիդ նայած ատեն։ Սէր կը նշանակէ ունենալ ցանկութիւն եւ պատրաստակամութիւն, տալու ընտրեալիդ այն ամէնը, ինչ որ դուն ունիս։ Բաց աստի սէրը անհնարին է բառերով նկարագրել, զայն պէտք է զգալ»։

-Սերկէյ, ինչպէ՞ս Նարինէին ամուսնութեան առաջարկ ներկայացուցիք։

-Նշանախօսութենէն որոշ ժամանակ առաջ, Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին վրայ ես Նարինէին ամուսնութեան առաջարկ ըրի։ Այդ օրը մեզի համար հէքեաթի վերածուեցաւ։ Կղզիի հայկական կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրը հանդիսաւոր կերպով օրհնեց մեր ապագայ միասնութիւնը։

-Կը պատմէ՞ք ձեր առանձնայատուկ նշանախօսութեան մասին։

-Մեր նշանախօսութիւնը տեղի ունեցաւ սոյն թուականի մայիսի 2-ին, տէր հօր օրհնութեամբ Սեն Փեթերսպուրկի հայկական եկեղեցւոյ մէջ։ Նշեմ նաեւ, որ այս եկեղեցին համայն Ռուսաստանի տարածքին գտնուող ամենէն հին հայկական եկեղեցիներէն մին է։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերը մեզի տեղեկացուցին, որ ժամանակակից հայերը գրեթէ մոռացութեան մատնած են եկեղեցւոյ մէջ նշանախօսութիւն կազմակերպելու  իրենց վաղեմի գեղեցիկ աւանդոյթը։ Այս միջոցաւ երկու սիրող սրտեր Աստուծոյ առջեւ յառաջիկային ամուսնանալու երդում կ՚ընեն։ Նաեւ իրենց ամուսնութեան ո՛չ մէկը եւ ոչինչ կրնայ արգելք ըլլալ։ Քահանան աղօթք կարդաց, որմէ ետք, մենք փոխանակեցինք նախապէս օրհնուած մատանիները։ Մեր աջ ձեռքի մատնեմատին անցուցինք մատանիները, որոնք ամուսնութեան օրը պիտի փոխադրուին ձախ ձեռքի համապատասխան մատին։ Արդարեւ, մենք երջանիկ էինք, մեր ապագայ ընտանիքին մէջ վերականգնելու հին հայկական այս հոգեւոր, գեղեցիկ ու իմաստալից աւանդոյթը։

Արարողութեան ներկայ էին մեր ընտանիքներուն ամենէն մտերիմ ազգականներն ու բարեկամները։ Այնուհետեւ, մենք բոլորով ճաշարան գացինք եւ ընտանեկան ջերմ ու անմիջական սեղանի շուրջ, հայկական երաժշտութեան ելեւէջներու ներքոյ շարունակեցինք մեր ուրախութիւնը։

-Նարինէ, ձեր ամուսնութեան թուականը յայտնի՞ է։

-Կը նախատեսենք յառաջիկայ տարուան գարնան ամուսնանալ։ Կը փափաքինք, որ մեր հարսանիքը տեղի ունենայ Հայաստանի մէջ։

-Նարինէ, դուք ձեր սիրեցեալին բնաւորութեան ո՞ր գիծը շատ կը սիրէք։

-Սերկէյի անմիջականութիւնը, դիւրահաղորդ բնաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր անսահման խելացիութիւնը զիս շատ կը հմայէ։ Ես պարզապէս սիրահարուած եմ անոր ուշիմութեան։ Սերկէյը անդադար նոր բան մը կը սորվի, անոր հետ զանազան հարցերու շուրջ կրնաս խօսիլ։ Իրմէ շատ սորվելիք բան ունիմ։ Ի տարբերութիւն Սերկէյի, ես շատ ինքնամփոփ ու սակաւախօս եմ, անծանօթներու հետ դժուարութեամբ կը հաղորդակցիմ։ Այս հարցին մէջ Սերկէյը զիս լրացնելու կու գայ։

-Սերկէյ, դուք ի՞նչ կ՚ըսէք Նարինէի մասին, անոր բնաւորութեան ո՞ր գիծը շատ կը հաւնիք։

-Թէպէտ Նարինէն իմ հակապատկերն է, սակայն յաճախ ան կու գայ լրացնելու զիս։ Անոր քովը ես հոգեկան հանգստութիւն ու խաղաղութիւն կը գտնեմ։ Մենք միշտ զիրար կը լրացնենք։

-Ինչպիսի՞ն կը պատկերացնէք ձեր կեանքը՝ քսան տարի վերջ։

-Նարինէ. Մեծ ընտանիք մը, որ միասին սիրով կը բացայայտէ աշխարհը, շատ կը ճամբորդէ։

-Սերկէյ. Մեծ ու երջանիկ ընտանիք մը կը պատկերացնեմ, ուրիշ ոչինչ։

-Եթէ ժամանակի ճամբորդ ըլլայիք, ո՞ր դարաշրջանը կ՚ուզէիք այցելել։

-Նարինէ. Թերեւս կ՚այցելէի Ճեն Օսթինի ժամանակաշրջանի Անգլիան։ Սա իմ պատանեկութեան մեծագոյն ցանկութիւնն էր։

-Սերկէյ. Ես կը ցանկայի յայտնուիլ Յիսուս Քրիստոսի ժամանակաշրջանին մէջ, որպէսզի տեսնէի, թէ մեր ներկայ կեանքը որքանով կը տարբերի այդ շրջանէն։

-Ո՞ր յայտնի անհատին հետ կ՚ուզէիք սրճել։

-Նարինէ. Շատեր կան, սակայն այս պահուն կը ցանկամ նշել՝ Կոմիտասը։ Կարծեմ մեծն Կոմիտասը շատ հետաքրքրական պատմելիքներ կ՚ունենար։

-Սերկէյ. Չարլզ Տարուինի հետ։

-Նշեցիք, որ բազմիցս այցելած էք Հայաստան։ Ինչպիսի՞ տպաւորութիւններ եւ զգացումներ կ՚ունենաք հայրենի հողին վրայ։

-Նարինէ. Հայաստանը այն վայրն է, ուր ես կը ցանկայի ապրիլ։ Այնտեղ բոլորը քեզի կը նմանին՝ ամէն մարդ հայ է քեզի պէս, հայերէն կը խօսի։ Երբ կ՚ըսեմ Հայաստան, սիրտս ուրախութեամբ կը լեցուի։ Բաց աստի, ես առերեսուելով Հայաստանի, մասնաւորապէս մեր գիւղերուն մէջ տիրող տխրահռչակ վիճակին՝ աղքատութիւն, կեանքի անբարենպաստ պայմաններ եւ այլն, խոր ցաւ կը զգամ։

-Սերկէյ. Ամէն անգամ երբ օդանաւը վայրէջք կը կատարէ հայկական հողին վրայ, անբացատրելի հոգեհարազատութիւն կը զգամ։ Թէպէտ Ռուսաստան մեծցած եմ, սակայն կը զգամ, որ Հայաստանը իմ տունն է։ Բախուելով երկրի մէջ տիրող ընկերային ու տնտեսական բարդ իրավիճակին, կը հասկնաս, որ այն քու տունդ է։ Եւ դուն պարտաւոր ես ձեռք մեկնելու, հոգ տանելու անոր մասին։

-Ո՞վ է հայը։

-Նարինէ. Մարդ, որ կրցած է պատմութեան թոհուբոհի մէջէն անցնելով, պահպանել իր լեզուն, մշակոյթը եւ հաւատքը։

-Սերկէյ. Ըստ իս, հայը այն մարդն է, որ գիտէ, թէ ինչու իր ծնողը ինքնիրեն հայ համարած է։

-Ո՞ր երկրի մէջ կ՚ուզէիք ապրիլ։

-Նարինէ. Ես կը ցանկայի ապրիլ Հայաստան։

-Սերկէյ. Ես կը փափաքէի իմ կեանքը դասաւորել այնպէս, որպէսզի հնարաւորութիւն ունենայի երջանիկ ապրիլ մայր Հայաստանի մէջ։

-Սիրելի Սերկէյ, կա՞ն այնպիսի տողեր, որոնք յաճախ կը դառնան ձեր մտքին մէջ։

-Եղիր անոնց հետ, որոնք ճշմարտութիւն կը փնտռեն, եւ զգուշացիր անկէ, որ գտեր է զայն…

-Կա՞յ այնպիսի իրադարձութիւն մը, որ փոխեց ձեր կեանքը։

-Նարինէ. Առաջինը, երբ գիտակից տարիքին գացի Հայաստան, երկրորդը՝ իմ ծանօթութիւնը Սերկէյին հետ։

-Սերկէյ. Ճամբորդութիւն դէպի Երուսաղէմ եւ Նարինէի հետ մեր առաջին հանդիպումը։

-Եթէ գիտնայիք, թէ ձեր կեանքը պիտի վերջանայ 90 վայրկեան վերջ, ի՞նչ կ՚ընէիք։

-Նարինէ. Բոլոր սիրելիներս կը մէկտեղէի եւ հրաժեշտ կ՚առնէի անոնցմէ։

-Սերկէյ. Ներողութիւն կը խնդրէի բոլոր անոնցմէ, որոնց երբեւէ վշտացուցած եմ։

-Հուսկ, ի՞նչ կը մաղթէք պոլսահայ համայնքին։

-Նախ եւ առաջ՝ որպէս պոլսահայ համայնքի սիրելի ներկայացուցիչ կ՚ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել Պրն. Յարութիւնին, որ մեր կեցութեան օրերուն ուղեկցեցաւ մեզի։ Մեր առջեւ բացաւ հայկական համայնքին դռները։ Շնորհակալ եմ այս համայնքին, անհունապէս շնորհակալ ենք ձեզի՝ այս հարցազրոյցին համար, որու միջոցաւ կրցանք յայտնել մեր զգացումները։ Մաղթանքս է, որ մենք՝ աշխարհասփիւռ հայերս իրարու զօրավիգ ըլլանք, զիրար աւելի լաւ ճանչնանք եւ սիրենք։ Իրարու նկատմամբ աւելի ներողամիտ, փոխըմբռնող ըլլանք…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունիս 26, 2019