ԱՆՁՆԱՅԻՆ ԱՃԻ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԱՍՊԱՐԷԶ

Կեանքը վարելու, զարգացնելու մասնագիտութիւնը (լայֆ քաուչինկը) Հայաստանի մէջ նոր զարգացող ոլորտ մըն է, որ վերջին տարիներուն մուտք գործեց մեր իրականութենէն ներս, եւ այսօր Հայաստանի մէջ կարելի է տեսնել այդ ասպարէզի կայացած ուսուցիչներ, որոնք ունին իրենց հազարաւոր աշակերտները:

Կեանքի մարզիչը կամ ուսուցիչը այն մարդն է, որ կ՚օգնէ բացայայտելու դիմացինին ներքին հնարաւորութիւնները, հասկնալու անձին վարքագիծը, յստակեցնելու նպատակները, ձեռք բերելու դրական մտածողութիւն եւ ապրելու լիարժէք կեանքով։

Այսօր աշխարհի մէջ մեծ կարեւորութիւն կը տրուի անձին ներքին աճման, որ մարդու ֆիզիքական աճը չէ, այլ անձնական որակներու կատարելագործման ուղղուած աշխատանք մըն է, որուն մէջ տեղի կ՚ունենայ ինքնաճանաչում, ինքնախթանում, անձի զարգացման ծրագրաւորում եւ ինքնաիրացում:

Անձի աճման, կենսավարման հարցերով զբաղող Հայաստանի լաւագոյն մարզիչներէն է Մուշեղ Աւետիսեանը, որուն դասերուն առիթ ունեցանք ներկայ գտնուելու եւ մեր ստացած փորձառութիւնը փոխանցելու:

Հետաքրքրական էր լսարանին առջեւ տեսնել փոքրամարմին, կենսունակութեամբ լեցուն, խանդավառ այս երիտասարդը, որ իր ունեցած փորձը կը փոխանցէր հարիւրաւոր մարդոց, որոնք կը մասնակցէին իր դասերուն: Ան իր հետեւորդները կը ներշնչէ յաջողութեան հասնելու ուղիներ, կը համոզէ՝ ինչպէ՛ս ըլլալ ներդաշնակ ինքզինքին եւ շրջապատին հետ եւ ամենակարեւորը՝ հասնիլ նպատակին, առանց վախնալու դժուարութիւններէն:

Մուշեղ Աւետիսեան սկսած է հետաքրքրուիլ յաջողութեան հասնելու եւ անձի աճման ոլորտներով ասկէ տասը տարի առաջ՝ 2008 թուականն, երբ իր կեանքին մէջ շատ հարցեր եւ դժուարութիւններ ունեցած է: Ան չէ ընկճուած անոնց անլուծելի բեռին տակ, այլ փորձած է ճիգ գործադրելով թօթափել զանոնք եւ հասնիլ յաջողութեան: Ան չէր գիտեր անյուսութենէն դուրս ելլելու որեւէ միջոց: Այդ միջոցները գտնելու համար կը սկսի ընթերցել յաջողութեան հասնելու եւ լիարժէք կեանք ապրելու մասին հարիւրաւոր գիրքեր։ Կը փոխուի նախ անոր մտածելակերպը, որ զայն կ՚ուղղորդէ դէպի յաղթանակներ: Կարճ ժամանակ անց, Մուշեղ կը նկատէ, որ նպատակներ կը դնէ եւ կը կարենայ իրականացնել զանոնք: Կը հիմնէ շինարարական կազմակերպութիւն մը՝ «Աւետիսեան Քոնսթրաքշըն», որ շուտով կը դառնայ այդ ասպարէզին լաւագոյն կազմակերպութիւններէն մէկը: Բացի այդ, կը հիմնէ քանի մը այլ գործարար նախագիծեր եւս, որոնք նոյնպէս յաջող ընթացք կ՚ունենան:

Գործարարութեան զուգահեռ Մուշեղ Աւետիսեան կը շարունակէ բացայայտել յաջողակ կեանքին «գաղտնիքները»: Ան կը ճամբորդէ եւ կը մասնակցի այս ոլորտներուն մէջ աշխարհի լաւագոյն մասնագէտներու վարպետութեան դասերուն եւ շուտով կը սկսի ուսումնասիրել աշխարհի թիւ մէկ կեանքի վարիչ նկատուող եւ գործարար Թոնի Ռոպինսին քայլերը, որ իր գործունէութեան ընթացքին օգնած է աւելի քան 50 միլիոն մարդու՝ ամբողջ աշխարհի տարածքին եւ այդ մարդոց մէջ են Տանըլտ Թրամփ, Պիլ Քլինթըն, Միխայիլ Կորպաչով, Սերենա Ուիլըմս, Հիւ Ճեքմըն, Փիթպուլ եւ այլք։

Մուշեղը 2017 թուականին կը սկսի մասնակցիլ Թոնի Ռոպինսի դասերուն: Մուշեղ կը ճամբորդէ բազմաթիւ երկիրներ՝ Անգլիա, Հոլանտա, Միացեալ Նահանգներ եւ այլն, ուր Ռոպինս դասեր կ՚ունենայ: Ան նաեւ առցանց դասեր կ՚առնէ մարզիչէն: Մուշեղ Աւետիսեան, ամբողջութեամբ տարուելով Թոնի Ռոպինսի գաղափարներէն եւ կեանքի հանդէպ անոր մօտեցումներէն, իր ուսուցիչը կը նկատէ զայն:

Այսօր, արեւմտեան կեանքի մէջ Ռոպինս կը նկատուի սպասուած դասախօս, գրող, հրապարակախօս: Ted միջազգային համաժողովներուն անոր ելոյթները լեցուն կ՚ըլլան ունկնդիրներով, որոնք երկրէ երկիր կը ճամբորդեն՝ լսելու համար անոր հերթական դասը: Այդ ելոյթները թարգմանուած են բազմաթիւ լեզուներու, այդ կարգին՝ հայերէնի:

Իր կուտակած հսկայական փորձն ու գիտելիքները Մուշեղ Աւետիսեան կը փափաքի փոխանցել կարելի եղածին չափ շատ մարդոց: Իրեն համար ան առաքելութիւն սահմանած է փոխել մարդոց մտածելակերպը, օգնել անոնց, յստակացնել եւ իրականացնել իրենց նպատակները, սկսիլ վայելել կեանքը, քանի որ անոր կարծիքով՝ այդ մէկը հայերուն մօտ կը պակսի: Շատ մարդիկ, հոգ դարձնելով իրենց առօրեան, կը մոռնան իրական կեանքի նպատակները եւ ամբողջ կեանք մը միայն հոգերու դէմ կը պայքարին եւ կեանքի աւարտին կը զգան, որ կեանքը անցած է տառապանքով եւ տխրութեամբ եւ իրենք չեն վայելած զայն:

2015 թուականէն սկսեալ Մուշեղ Աւետիսեան իրականացուցած է շուրջ երեք տասնեակ համաժողով, իսկ այժմ կը վարէ դասընթացքներ, որոնց մէկ փուլը կը տեւէ մօտաւորապէս 20 ժամ։ Մարզիչը աշխուժօրէն կը գործածէ նաեւ ընկերային հարթակներ՝ պլոքներ, տեսապլոքներ, ֆէյսպուք եւ կապի բոլոր միջոցներով կը կիսէ իր միտքերը, խորհուրդները եւ փորձը: Դատելով օրէ օր աւելցող անոր հետեւորդներուն թիւէն՝ մարդիկ կը վստահին Մուշեղին եւ կը փորձեն քալել այն ճանապարհով, զոր կը մատնանշէ ան:

Իսկ ի՞նչ կ՚աւանդեն կեանքի մարզիչները, ո՞րն է անոնց փիլիսոփայութիւնը եւ ի՞նչ սկզբունքներ որդեգրած են անոնք: Անոնց համոզմամբ, եթէ կեանքի մէջ որեւէ բան չի գոհացներ, ապա անվերջ տրտնջալու փոխարէն պէտք է բան մը փոխել: Մարդուն անհրաժեշտ է ատոր համար զարգանալ, դառնալ աւելի լաւը, քանի որ չի կրնար ան մնալ նոյն մակարդակի վրայ եւ լուծել առկայ խնդիրը: Մարդը պէտք է մտովի զարգանայ եւ հեռացնէ իր ճանապարհի խոչընդոտները, հաւատայ ինքզինքին, գալիք յաջողութեան եւ անընդհատ բարելաւէ սեփական հմտութիւններն ու գիտելիքները:

Կեանքի մարզիչները համոզուած են, որ փոփոխութիւնները կը սկսին մարդուն գլուխէն: Միայն գլուխին, այսինքն ուղեղին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններն են ի վիճակի՝ լիովին փոխել մարդուն կեանքը: Ո՛չ դրամը, ո՛չ նիւթական բարիքները, ապրուստը, ճոխ սեղանները մարդը երջանիկ կրնան դարձնել, եթէ մարդը ներքին բախումներ ունի ինքն իրեն հետ, լի է հակասութիւններով, կասկածներով եւ վախերով:

Մուշեղ Աւետիսեան իր դասերէն մէկուն ընթացքին կ՚առաջարկէ մտաբերել յաջողակ մարդիկը, որոնք իրենց կեանքին մէջ ունեցած են այնպիսի ձեռքբերումներ, որոնց հետեւանքով փոխած են ոչ միայն իրենց կեանքը, այլ նաեւ, որեւէ ձեւով, աշխարհը: Անոնք համոզուած են, որ միայն իրենց փոխուիլը բաւարար չէ, եթէ շուրջինները նոյն մակարդակի վրայ կը մնան: Անոնք կը ջանան ներդաշնակութիւն ստեղծել իրենց ու այլ մարդոց միջեւ: Յիշելով այդպիսի մարդիկը, ան կը պարզէ, որ անոնք ուսումի մէջ յառաջադէմ ըլլալով չէ, որ հասած են ատոր. աւելի՛ն, անոնց մեծ մասը չէ ունեցած բարձրագոյն կրթութիւն, ինչպէս՝ Սթիւ Ճոպզ, Մարք Ցուկերպերկ, Պիլ Կէյթս, այլ դէմքեր, իսկ ոմանք նոյնիսկ չեն աւարտած դպրոցը, օրինակ՝ Ռիչըրտ Պրենսըն, Հենրի Ֆորտ, մեր հայրենակից Քըրք Քըրքորեան եւ շատ ուրիշ յաջողակ մարդիկ, որոնց նիւթական կարողութիւնները միլիառաւոր տոլարներու կը հասնին:

Այս մարդիկը կը միաւորէ մէկ ընդհանուր բան: Այն է՝ իրենց նպատակին յստակ պատկերացումը եւ յատուկ կամքն ու անկոտրում ըլլալը, անընդհատ փորձելը եւ ներքին վախը յաղթահարելը, մէկ խօսքով՝ ոչ թէ գիտելիքը կամ հմտութիւնները, այլ՝ բնաւորութիւնն ու անոնց հոգեբանութիւնը:

Մուշեղ Աւետիսեան կը վստահեցնէ, որ մեր յաջողութեան հասնելու ճանապարհին, մեզի որպէս պաշար, ոչ թէ աւելի շատ գիտելիք եւ տեղեկութիւն անհրաժեշտ է, այլ՝ մեզի անհրաժեշտ է կայուն եւ ամուր հոգեվիճակ, որուն պարագային մարդ կը լեցուի ուժով եւ ուղղորդուած ու պատրաստ կ՚ըլլայ գործելու:

Շատերուն կը թուի, թէ խելացի մարդուն խելքն ու գիտելիքները արդէն բաւարար են յաջողութեան հասնելու. անոնք օր ու գիշեր կը կարդան, կ՚ուսումնասիրեն, կը կրթուին, համալսարան համալսարանի ետեւէն կը վերջացնեն, սակայն անոնք որեւէ յստակ քայլ չեն առներ դէպի իրենց հիմնական նպատակը, յետոյ կը դժգոհին, թէ ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ գիտելիքներով եւ հմտութիւններով աւելի տկար մարդիկ կը հասնին յաջողութեան, իսկ իրենք՝ ոչ:

Մուշեղ Աւետիսեանի պատասխանը այս հարցին յստակ է՝ այդ մարդիկը ձեռք կը ձգեն յաջողութեան հասնելու համար անհրաժեշտ պաշարներուն միայն 20 տոկոսը, իսկ մնացած 80 տոկոսին մասին նոյնիսկ պատկերացում չունին: Այդ է պատճառը, որ Մուշեղ Աւետիսեան իր մարզումները կազմելու ժամանակ կ՚առաջնորդուի այդ սկզբունքով՝ կը ներառնէ ոչ միայն բովանդակութիւն, այլ նաեւ մարդուն հոգեվիճակը փոխելու յստակ գործիքներ:

Ան այն կարծիքին է, որ կեանքի բարելաւումը աշխարհի մեծ փոփոխութիւններուն հետեւանքով տեղի չ՚ունենար, այլ փոքրիկ գործողութիւններու միջոցաւ: Մարդը պէտք է ջանայ իր կեանքին մէջ փոքրիկ եւ դրական փոփոխութիւններ կատարել. օրինակ՝ փոխել որեւէ բացասական սովորութիւն եւ զգալ անոր տուած նոր նոր ապրումները, որ կը մեծցնէ ինքնավստահութիւնը:

Կան մարդիկ, որոնք կը մտածեն, թէ ծխելը կամ ոչ առողջ սնունդը չի կրնար ազդել իրենց կեանքի որակին վրայ, իսկ «կեանքի որակ» ըսելով առաջին հերթին կը հասկնան նիւթական ապահովուածութիւն: Մուշեղ Աւետիսեան կը վստահեցնէ, որ մեր կեանքին որակը կապ ունի այն զգացումներուն հետ, ինչ որ մենք կ՚ունենանք: Այդ պատճառաւ, ան խորհուրդ կու տայ կեանքը բարելաւելու համար սկսիլ փոքր փոփոխութիւններէն, օրինակ՝ կանուխ քնանալ, կանուխ արթննալ, կամ սննդակարգը փոխել, ծխելը ձգել, մարզանքով զբաղիլ, ուրիշը չմեղադրել եւ պատասխանատուութիւն վերցնել: Շատեր չեն երթար նման փոփոխութիւններու, մտածելով, որ դժուար է այդ քայլերուն դիմել, սակայն Մուշեղ Աւետիսեան կ՚ըսէ՝ դժուար է, քանի որ այդ վնասակար սովորութիւնները ունեցող մարդիկը անոնց կը վերաբերին որպէս փոքրիկ թերութիւններ, չեն հաւատար, որ այդ փոփոխութենէն կրնայ սկսիլ նոր ճանապարհ մը դէպի կատարելագործում եւ վերջապէս բարդ է, քանի որ կը գերադասեն փոքրիկ հաճոյքները՝ մեծ հաճոյքներուն:

«Մեր գրեթէ բոլոր բացասական սովորութիւնները պայմանաւորուած են անով, որ մենք պահու մը կարճատեւ հաճոյքը կը գերադասենք յետագայ երկարատեւ ու առողջ հաճոյքին. պահու մը համեղ բայց ոչ առողջ սնունդին կարճատեւ հաճոյքը կը գերադասենք առողջ ըլլալու եւ առողջ զգալու մեծ հաճոյքին. ծխախոտէն այդ պահուն ստացած կարճատեւ հաճոյքը կը գերադասենք յետագային երկարատեւ առողջ ըլլալու. ուշ երեկոյեան հեռատեսիլին կամ ընկերային ցանցերուն առջեւ ժամանակ անցընելու կարճատեւ հաճոյքը կը գերադասեն յաջորդ օրը կանուխ արթննալու եւ ողջ օրը թարմ զգալու հաճոյքին», կ՚ըսէ Մուշեղ եւ խորհուրդ կու տայ կեանքի մէջ դրական տեղաշարժերու եւ երկարատեւ հաճելի զգացողութիւններու համար նախ դասակարգել ընելիքները ըստ վնասակարութեան, գտնել զանոնք փոխարինող դրական սովորութիւնը եւ ներմուծել առօրեայ, անոր վերաբերիլ այնպէս, ինչպէս կարելի է վերաբերիլ կեանքի ու մահու հետ կապուած որեւէ հարցի: Անոր կարծիքով, միայն այդ պարագային կարելի է ստանալ արդիւնք եւ կատարել յաջորդ քայլը՝ բարձրանալ դէպի նոր հնարաւորութիւններ ու որակաւոր կեանք:

Մուշեղ Աւետիսեան իր դասախօսութիւններուն ընթացքին մեծ տեղ կը յատկացնէ առողջ սնունդին, հաւատալով, որ մենք այն ենք, ինչ որ կ՚ուտենք: Ան ուսումնասիրած եւ յանգած է այն եզրակացութեան, որ շատ քիչեր կը պատկերացնեն եւ կը գիտակցին, որ սնունդը անմիջական կապ ունի մարդուն առողջութեան, ինքնազգացողութեան եւ այն կենսուժին հետ, որ մարդուն անհրաժեշտ է իր նպատակները իրագործելու համար: Ան կը զարմանայ, որ ամէն մարդ կը գիտակցի, թէ առողջութիւնը ամենէն կարեւորն ու ամենէն թանկագինն է մարդու կեանքին մէջ, սակայն գիտակցելով հանդերձ, առողջ ապրելակերպ չի վարեր իր ամէնօրեայ սովորութիւններուն մէջ:

Ինքը՝ Մուշեղ Աւետիսեան, քանի մը տարի է, բոլորովին առողջ սննդակարգ կը գործածէ: Ան համամիտ չէ այն միտքին, թէ առողջ սննդակարգ կը նշանակէ ոչ համեղ եւ իր ամիսներու փորձով կը հաստատէ, որ համեղ է նաեւ առողջ սնունդը։ Կենսակերպի մարզիչը խորհուրդ կու տայ շատ ջուր գործածել, նկատի ունենալով, որ մարդու օրկանիզմին 70 տոկոսը կազմուած է ջուրէ եւ մարդ, իր մարմինի ծաւալին համեմատ, օրական պէտք է 4-8 լիթր ջուր խմէ: Քանի որ մարդուն գործածած ջուրը միշտ մաքուր չէ, այդ պատճառաւ ան խորհուրդ կու տայ պահանջուող ջուրին մեծ մասը ընդունիլ ջրայագեցած սնունդի՝ պտուղներու եւ բանջարեղէնի տեսքով:

Ան կարելի եղածին չափ քիչցուցած է մսեղէնի (բացի ձկնեղէնէն), կաթնամթերքի, տապկոցներու, հացամթերքի, քաղցրեղէնի քանակը, որոշ պարագաներու՝ ամբողջութեամբ հրաժարած է: Այդ սննդատեսակները կ՚առաջարկէ փոխարինել բոյսերով, որոնք սպիտակուցներով աւելի հարուստ են, քան մսեղէնը, շաքարը կ՚առաջարկէ փոխարինել քաղցր պտուղներով եւ մեղրով:

Ուտելիքէն, առողջ սովորոյթներէն զատ, կեանքի մարզիչներու հիմնական նիւթը անձնային աճն է, որու վրայ անդադար կ՚աշխատին: Անոնք միշտ կը կրկնեն, որ անձնային աճը հաւասարազօր չէ ֆիզիքական հասունացման, զայն չի չափուիր տարիներով, եւ յառաջացած տարիքը երբեք ինքնաբերաբար, անձնային հասունութիւն չ՚ենթադրեր, տարիքային չափանիշները այստեղ չեն գործեր: Ինչպէս երիտասարդը կրնայ անձնային աճ ունենալ, այնպէս ալ՝ մեծ տարիքով մարդը կրնայ որեւէ տարիքի ներքին աճ արձանագրել՝ զարմացնելով ինչպէս ինքնիրեն, այնպէս ալ՝ շուրջինները: Եւ վերջապէս, կեանքի մարզիչները վստահ են, որ իրական յաջողութիւնը այն է, երբ կը գիտակցիս, թէ կեանքը ամենամեծ պարգեւն է, եւ որ զայն պէտք է արժանավայել ապրիլ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Յուլիս 26, 2018