«ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ ՀՈԳԵՑՈՒՆՑ ԴՐՈՒԱԳՆԵՐՈՎ ԿԸ ՓՈՐՁԵՄ ԳՐԱՒԵԼ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՍ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ»

Ուսուցչուհի մըն է այս ըսողը, որ կը հպարտանայ իր բացառիկ կարողութիւններով ու, չես գիտեր՝ ինչո՛ւ, կարիքը կը զգայ զանոնք ի լուր աշխարհին յայտնելու: Կը խորհիմ, թէ միթէ հպարտառի՞թ երեւոյթ է սա, թէ՞ հակառակը, այսինքն՝ պարտուողականութեան տիղմին մէջ թաթախուած ըլլալու փայլուն ապացոյց. ո՞ր մէկը:

Ուզէ՛ք՝ առաջին դասարան ըսէք, ուզէ՛ք՝ տասներկրորդ, իմաստ չունի, վասնզի բոլորն ալ դեռ փոքր են եւ զուրկ են այդ բոլորը ընկալելու, ընդունելու եւ մարսելու հոգեբանական պատրաստականութենէն:

Մէկ կողմ դնենք «ընկալել-ընդունել-մարսել»ի հարցը: Ո՞ր խելքը գլուխը մարդը,- չեմ ըսեր՝ հայը,- կ՚ուզէ ապրիլ ցեղասպանուածի նուաստացուցիչ հոգեբանութեամբ: Վասնզի եթէ ուշադրութեամբ վերլուծեցիք ուսուցչուհիին «ձաբռտուքը», ապա ակներեւ է, որ իր նպատակը աշակերտները պատմական գիտելիքներով զինել չէ, այլ հոգեբանական լուրջ ազդեցութիւն գործել անոնց վրայ, այլ խօսքով՝ զանոնք յուզել, թէկուզ արցունք խլել անոնցմէ: Ան կը կարծէ, թէ այս ձեւով պիտի կարենայ անոնց մատղաշ հոգիներուն մէջ սէր արթնցնել մեր ոսկեղէնիկ հայերէնին, պատմութեան ու մշակոյթին հանդէպ. պարզապէս յիմարութիւն, ուրիշ ոչինչ: Ա՜հ, ան չի նկատեր, որ այսպիսով պարտուած, նուաստ ու բարդութաւոր սերունդի մը ծնունդ կու տայ ընդամէնը. չէ՞ք կարծեր:

Աւելորդ է նշել, որ հայ դասատուներուն ուսուցողական մեթոտն ու մօտեցումը եղած է այսպիսին դեռ ի սկզբանէ: Ինչո՞ւ,- որովհետեւ հայուն համար աւելի կարեւոր է քաղաքակիրթ երեւիլ, քան մարդասպան ու ծաւալապաշտ: Հազարաւոր զոհե՜ր ու վիրաւորնե՜ր կու տայ ան, ոչի՛նչ. հողեր կը նուիրէ, ոչի՛նչ. միայն թէ չխաթարուի անոր քաղաքակիրթ դիմագիծը: Պէտք է ըսել, թէ ան կը նմանի ճիշդ այն աշակերտին, որ լուրջ կռիւի կը բռնուի դասընկերոջը հետ, մի քանի հարուած կը ստանայ քիթին ու բերնին, սակայն որեւէ հակազդեցութիւն չ՚ունենար. այո, գիտեմ, պիտի հարցնէք՝ ինչո՞ւ,- որպէսզի երբ տնօրէնը իր օձիքէն բռնէ, ան կարենայ շախով-շուխով, այլեւ մեծ հանգստութեամբ ըսել՝ «ես բան մը չըրի»: Եթէ կ՚ուզէք, այս ծիրէն ներս մէկ ուրիշ՝ աւելի թարմ օրինակ ալ կը բերեմ. այսօր սահմանին հայ զինուորներ անիրաւաբար զոհ կ՚երթան ատրպէյճանական կրակոցներուն: Մերոնք, փոխանակ հակադարձելու, ամբողջովին ձեռնածալ նստած՝ կը դատապարտեն Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ համաձայնագիրի խախտումը: Եկէ՛ք, մէկ տարի ետ երթանք. Հոկտեմբեր 2020-ին Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին հայկական կողմը զբաղած էր ապացուցելով, թէ ո՛վ էր առաջին ռմբակոծողը, ըլլայ այդ մամուլի թէ ընկերային ցանցերու ճամբով:

Վերադառնանք ուսուցչուհիին: Բնական է, որ անոր գերհանճարեղ «մեթոտը» միշտ ու միշտ պիտի ձախողի: Ան պիտի չկարենայ իր «սրբազան» նպատակին հասնիլ, որ է՝ «գրաւել» իրենց աչքերն ու հոգիները դեռ նոր-նոր աշխարհին բացած պատանիներուն ուշադրութիւնը. «մեթոտ» մը, որ, կարելի է անվարան ըսել, ազգ մը բնաջնջելու անուղղակի ձեւերէն մէկն է:

Ըստ իս՝ հայ ուսուցիչին պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ նախ եւ առաջ իրազեկել աշակերտը, թէ ի՛նչ ճամբայ անցած ենք ազգովին՝ բոլո՛ր մանրամասնութիւններով հանդերձ. ո՛չ աւելի ու ո՛չ պակաս: Այնուհետեւ ան պարտի հանգամանօրէն խօսիլ ցեղասպանութեան հետեւանքներէն ի սպառ ձերբազատելու գործնական ուղիներուն մասին (չմոռնանք, որ դեռ ցեղասպանութեան հետեւանքները կը կրենք, Սփիւռքը՝ վկայ) ու ձեւով մը գործի մղել զայն կամ գէթ այդ փափաքը արթնցնել անոր մէջ:

Ինչպէս գիտէք, հայ նշանաւոր բանաստեղծ Գէորգ Էմինն էր, որ իրաւացիօրէն ըսած էր իր բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ, թէ ա՛լ զզուած է «Հայկական հարց» յանկերգէն եւ անոր փոխարէն ուրիշ մը՝ աւելի նոր մը՝ «Հայոց... պատասխան»ը կ՚ուզէ լսել.

Յոգնել եմ ես «Հայոց հարցից»,
«Հայոց... պատասխանն» եմ ուզում:

Էմինի ցանկութիւնը առայժմ դժուար թէ իրականութիւն դառնայ, որովհետեւ մեր իսկ ըրածը, ըսեմ, «Հայոց հարց»ին վրայ ուրիշ բազմաթիւ հարցեր բարդել է. ներկայ սերունդը, օրինակ, կը մերժէ ճանչնալ թուրքը. եւ, գիտէք, ազգ մը ճանչնալու ամենակարճ ուղին անոր պատմութեան ու մշակոյթին ծանօթանալն է: Ինչպէ՞ս պիտի կարենայ հայը ճանչնալ թուրքը, երբ հազիւ «թրքական-թրքութիւն» բառերը լսէ ան, սարսուռ մը կ՚անցնի անոր հոգիէն, եւ հոն տակնուվրայ կ՚ըլլայ խեղճը, չի գիտեր՝ ի՛նչ ընէ: Օրինակ՝ մենք ազգովին կը կարծենք, թէ «թրքական է» (մեզի համար հոմանիշ՝ «անորակ»ի ու «անարժէք»ի) պիտակաւորումը տալով երգի մը, ֆիլմի մը, ապրանքի մը եւ այլն՝ ատոր դիմաց հայկականին որակն ու արժէքը ինքնաբերաբա՛ր կը բարձրանան: Կը տեսնէ՞ք՝ որքա՛ն տկար ենք թուաբանութեան մէջ: Խորքին մէջ այդպէս չէ: Իսկական հայը պարտաւոր է նախ եւ առաջ գնահատելու իր տեսածը կամ լսածը, որմէ ետք պէտք է մտածէ այդ «թրքական»ին ճիշդ քիթին տակ հայկականը՝ աւելի լաւ (կրկնապատի՛կ, քառապատի՛կ, տասնապատի՛կ լաւը) ու որակեալ, ստեղծելու եւ զայն արար աշխարհին հրամցնել-սիրցնելու մասին: Եթէ այսպէս շարժէինք յառաջուց, այսօր ոչ թէ թրքական, այլ հայկական երգե՛րը, ֆիլմե՛րն ու արտադրանքնե՛րը առաջնային կը դառնային օտարներուն համար: Բայց, ափսո՜ս, այդպէս չէ: Յետոյ, թերեւս հարցնէք, թէ ի՞նչ հարկ կայ ծանօթանալու թրքական մշակոյթին. շատ պարզ է. թուրքին,- եւ ոչ միայն թուրքին,- սիրտը մուտք գործելու ամենաճիշդ նրբուղին այդ է: Եւ չմոռնանք՝ մէյ մը որ յաջողինք անոր սիրտը մտնել, այլեւս աւելի դիւրին կ՚ըլլայ «սրտխառնուք» յառաջացնելը:

Դժբախտաբար նման մտածողութիւն չունի արդի հայը, եւ մեղաւորը ուրիշ ո՞վ է, եթէ ոչ նոյնինքն հայ վարժարանը, աւելի ստոյգ՝ ուսուցիչը: Վասնզի ամէն ինչ դպրոցէն կը սկսի: Պէտք է նկատի առնենք, որ նախ ստիպուած ենք ընդունելու մեզի դէմ ծրագրուած-գործուած ոճիրը, այնուհետեւ միայն պատրաստ կ՚ըլլանք գործնապէս յառաջ անցնելու:

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յուլիս 26, 2021