ՅԻՇԵԼՈՎ ԶԱՊՈՆ

-Մա՜մ, մամ, Զապոն ու հօրաքոյր Արզիկը կու գան,- հեռուէն նշմարելով թեւանցուկ, համր քայլերով դէպի մեր տուն յառաջացող վերջիններուս շուքը, լիուրախ կը շտապէի մայրիկիս յայտնելու ես: Առհասարակ հիւրեր շատ կը սիրէի, սակայն անոնց նկատմամբ տարբեր ջերմութիւն մը կը զգայի:

Զապոն գրեթէ մայրիկիս հասակակիցն էր ու զարմուհին: Բարակիրան, կենսուրախ, ժպիտը դէմքին... ահաւասիկ այսպէս կը յիշեմ զայն, որ հակառակ իր հասուն տարիքին, միշտ մեզի հետ կը խաղար, կատակներ կ՚ընէր: Չնայած իւր դիւրահաղորդ բնաւորութեան, ան շատ խոցելի էր: Փոքր մանրուքէ մը անգամ կրնար անմիջապէս սրդողիլ ու երկար ժամանակ հետդ չխօսիլ:

Անունը Իզապելլա էր, սակայն կրճատ բոլորը անոր կ՚ըսէին Զապօ: Մերոնք կը պատմէին, թէ քանի որ Զապոյի հայրը մեծ ակնածանքով կը վերաբերէր իմ մեծ մօր, իր կրտսեր դուստը կոչեց տատիկիս պատուին:

Զապոն իւրայատուկ էր, ան մեզի չէր նմաներ: Միշտ կը կրէր զանազան գլխարկներ, որու տակէն դուրս կը թափէին քանի մը բարակ ու կարճլիկ գանգուրներ: Յուզմունքի ատեն աչքերը երկվարկեանի մը մէջ տասն անգամ կը թարթէր: Բառերը պարզ չէին հնչեր անոր մշտապէս թաց բերանէն, սակայն ժպիտը միշտ անպակաս էր դէմքէն:

Դաշնակահարի պէս երկար ու բարակ, նուրբ մատներով  յաճախ կը շտկէր գլխարկի տակէն դուրս ելած անհնազանդ մազերը: Անոր իւրաքանչիւր գլխարկ յարմարեցուած էր իր դերձակուհի մայրիկի կողմէ կարուած գեղեցիկ հագուստներուն: Միշտ կը հագուէր կոկիկ ու մաքուր: Իւրաքանչիւր զգեստ գեղեցիկ կը նստէր անոր յախճապակեայ կազմուածքին:

Արզիկը մեծ հօրս համեստ ու բարի քոյրն էր: Հետեւելով մայրիկիս օրինակին, մենք անոր կը ձայնէինք «Արզիկ հաքու»: Մերոնց պատմածներու համաձայն՝ Արզիկ հօրաքոյրը յղիութեան ընթացքին իր ամուսնի կողմէ յաճախ կը ծեծուէր, որու արդիւնքին, 1960-ական թուականներու սկզիբներուն լոյս աշխարհ բերաւ հաշմանդամութիւն ունեցող երեխայ մը: Սա երեխայի ծնունդէն վերջ մօր աշխարհը սկսաւ դառնալ անոր շուրջ: Զապոն դարձաւ իր մայրիկի պոչիկը, իսկ երբ կեանքի մայրամուտին կքեցան մօր ծունկերը, վերջինիս համար վերածուեցաւ գաւազանի. թեւանցուկ կը պտտէին:

Անոնք անբաժան զոյգի մը կը նմանէին, ամէն բան միասին կ՚ընէին: Զապոն վարկեան մը անգամ չէր ձգեր մայրը, ամէնուր անոր կը հետեւէր:

Արտաքնապէս ու մտաւոր ունակութիւններով տարբերուող աղջիկը տան միակ երեխան չէր: Ան ունէր քոյր ու եղբայր, որոնց կեանքի մակոյկը միշտ անհանգիստ էր իր նաւարկութեան մէջ: Ժամանակին ընտանիքը ունէր բարեկեցիկ կեանք: Հայրը կը վաստակէր լաւ: Որդիի նկատմամբ անթաքոյց սէրը կուրացուցած էր վերջինս: Ան կը կատարէր իր զաւկի ամէն մէկ քմահաճոյքը: Բաւական էր որդին ինչ-որ բան կամենար եւ ան անմիջապէս ի կատար կ՚ածէր այդ խնդրանքը:

Այդ թուականներուն նորաձեւ էր ոսկէ ատամնաշար ունենալը: Որդիի բնական բոլոր երեսուներկու ատամները փոխարինած էր ոսկեփայլ ատամնաշարով:

Հօր վաղաժամ մահէն վերջ ընտանիքը սկսաւ կործանիլ: Ցոփ ու շուայտ կեանքի սովոր երիտասարդը իր կուռքի՝ հօր վախճանէն վերջ ինքզինքը կորսնցուց: Ան իւր միակ սփոփանքը մինչեւ օրս  գտած է օղիի շիշի մէջ: Սկզբնական շրջանին ոգելից խմիչքը վերջինիս կը ծառայէր միջոց մը՝ վէրքերը փարատելու, այնուհետեւ վերածուեցաւ կապուածութեան: Անգործ հարբեցեալի գեղեցիկ ոսկեփայլ ակռաները ժամանակէ շուտ մէկիկ-մէկիկ թափելու սկսան: Յիսունը չբոլորած ան այլեւս անատամ էր: Այսօր իր կեանքի մայրամուտի գորշ ու մռայլ, կիսակուշտ փորով օրերը կը դիմաւորէ ու կը ճամբէ մինակութեան մէջ, հայրենի գիւղին մէջ հօր կողմէ մնացած անշուք խրճիթին մէջ:

Ի՞նչ պատահեցաւ Զապոյին...

Տան միակ աշխատուժը կեանքէ հեռացաւ: Մայրը ծնունդէն ի վեր ստանձնած էր հաշմանդամ դստեր խնամքը: Մեծ դուստրը ամուսնացած էր ու հազիւ կը հոգար իւր ընչազուրկ բազմանդամ ընտանիքի կարիքները: Որդին, որ ինքնուրոյնութենէ ու պատասխանատուութենէ հեռու էր քիլօմեթրներով, փոխանակ ընտանիքին օգնութեան ձեռք մեկնելու, բեռ դարձած էր առանց այդ ալ հոգաշատ մօր ուսերուն:

Եթէ չըլլար հարբեցեալ որդին, մօր կենսաթոշակն ու Զապոյի հաշմանդամութեան թոշակը ամբողջովին կը բաւականացնէր զանոնք երկար ու հանգիստ ապրելու համար: Սակայն եկուր ու տես՝ թոշակը ստանալուն պէս կը յայտնուէր հարբեցեալը ու ամէն գնով մօր ձեռքէն կը խլէր գումարը: Ընդդիմանալու պարագային Զապոն ու մայրը ծեծի կ՚ենթարկուէին։

Օր մը որդին որոշեց դարձի գալ, բաժնուիլ օղիի շիշէն: Մօրը առաջարկեց վաճառել Ստեփանակերտի սրտին մէջ գտնուող իրենց բնակարանը ու մայրաքաղաքի արուարձաններէն առանձնատուն մը գնել, մնացեալ գումարով ալ քանի մը գլուխ անասուն: Այսպէս հնարաւորութիւն կ՚ունենայ զբաղելու անասնապահութեամբ ու հողագործութեամբ: Մայրը համաձայնեցաւ, գործելով ճակատագրական ու մեծ սխալ մը: Վաճառեց հաշմանդամ դստեր բնակարանը: Մեծ հողատարածքով տնակ մը գնեցին: Քանի մը օր որդին պահեց խոստումը փորձելով ինքնակամ հեռու մնալ օղիի շիշէն: Սակայն մինչեւ ե՛րբ... ան այլեւս հարբեցող մըն էր եւ դժուար, թէ առանց բժշկական միջամտութեան ու հզօր կամքի ուժի կարողանար յաղթահարել իր հիւանդութիւնը: Կարճ ժամանակ անց նորէն սկսաւ խմելու, իսկ անյետաձգելի գործերն ու պարտքերը կը կուտակուէին...

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

•շարունակելի

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2020