ՋՈՒԹԱԿԻ ՀԱՅԱԶԳԻ ԹԱԳՈՒՀԻՆ. 95-ԱՄԵԱԿ

Այսօր կը լրանայ միջազգային ճանաչման արժանացած առաջին հայ ջութակահարուհիին՝ անկրկնելի արուեստագիտուհի Անահիտ Ցիցիկեանի 95-ամեակը: Տաղանդաւոր երաժիշտ, կատարողական բարձր ունակութիւններով ջութակահարուհի Անահիտ Ցիցիկեան համերգներ ունեցած է աշխարհի շուրջ հարիւր քաղաքներու մէջ եւ ամէնուր հնչեցուցած է դասական երաժշտութիւն եւ արուեստի հանդիպումներ ունեցած այդ ժամանակուան նշանաւոր մարդոց հետ, որոնք Հայաստանը ճանչցած են նաեւ Անահիտ Ցիցիկեանի շնորհիւ:

Ծնած ըլալլով Սեն Փեթերսպուրկ քաղաքը, ան չէ մնացած ռուսական միջավայրին մէջ, որ նոյնպէս նպաստաւոր էր արուեստի զարգացման համար: Սակայն ջութակի իր առաջին ուսուցիչները Անահիտ Ցիցիկեան ունեցած է ծննդավայրին մէջ: Վեց տարեկանին ան արդէն ջութակ կը նուագէր, եւ իր ուսուցիչներն էին տաղանդաւոր երաժիշտներ Կրիկորի Քինզպուրքը, իսկ աւելի ուշ՝ փրոֆ. Լեւ Ցէյտլինը։

Երկրորդ աշխարհամարտը նոր սկսած՝ ընտանիքը կը փոխադրուի Խորհրդային Հայաստան, ուր Անահիտ Ցիցիկեանի առջեւ, հակառակ յետպատերազմեան տարիներու դժուարութիւններուն, կը բացուին արուեստի եւ փառքի դռները: Անոր կեանքն ու արուեստը ուսումնասիրողները նկատած են, որ թէեւ Անահիտը ստիպուած եղած է ձգել Սեն Փեթերսպուկը տասնհինգ տարեկանին, բայց նրբաճաշակ միջավայր եւ հարուստ պատմական անցեալ ունեցող այդ քաղաքը յաւէտ իր դրոշմը ձգած է ապագայ ջութակահարի կերպարին ձեւաւորման վրայ: Ան ողջ կեանքին ընթացքին պահած է գեղեցիկի եւ արուեստի հանդէպ նուրբ ճաշակն ու հոգատարութիւնը:

1946-1950 թուականներուն Անահիտ Ցիցիկեան ուսանած է Երեւանի Պետական երաժշտանոցին մէջ, արժանացած է յատուկ կրթաթոշակի:

1954 թուականին աւարտած է Մոսկուայի Պետական երաժշտանոցի բարձրագոյն ուսումը։ Ան ուսման բոլոր տարիներուն ունեցած է  համերգներ: Իր համերգային գործունէութեան Ցիցիկեան սկսած է դպրոցական տարիներէն, տակաւին պզտիկ տարիքին նուագած է սիմֆոնիք նուագախումբին հետ։

Շուրջ քառասուն տարի եղած է Հայաստանի Պետական երաժշտանոցի դասախօս։ Ան դասախօսական եւ համերգային գործունէութեան զուգահեռ զբաղած է լրագրութեամբ. աւելի քան երեքհարիւր յօդուածներու, ձայնասփիւռային եւ հեռատեսիլային հաղորդումներու հեղինակ է:

Անզուգական ջութակահարուհին նաեւ գիտնական եղած է. առաջին անգամ ըլլալով վերականգնած եւ ներկայացուցած է հայկական կատարողական արուեստի համակարգուած պատմութիւնը։ Իսկ իր կեանքի վերջին քսան տարին նուիրած է հայկական երաժշտութեան հնագոյն պատմութեան հիմնարար հետազօտութիւններուն, ըստ էութեան հիմնելով հայկական երաժշտագիտութեան նոր ուղղութիւն մը՝ երաժշտական հնագիտութիւն։ Երաժշտանոցին մէջ ալ դասախօս եղած ժամանակ ջութակահարուին երաժշտանոցի կրթական ծրագրին մէջ ներդրած է երեք նոր դասանիւթ՝ «Աղեղնային արուեստի պատմութիւն»ը, «Հայկական կատարողական արուեստի պատմութիւն»ը եւ «Մանկավարժական փորձագործութիւն»ը:

Անահիտ Ցիցիկեան իբրեւ մենակատար ջութակահարուհի իր աշխատանքին սկսած է Հայաստանի Պետական ֆիլհարմոնիայի մէջ՝ 1961 թուականն եւ թէ՛ մենահամերգներով, թէ՛ հայկական պատուիրակութիւններուն հետ մեկնած է հիւրախաղերու: Ցիցիկեանի նուագացանկին մէջ զատ տեղ կը զբաղեցնէին ժամանակակից հայ երգահաններու ստեղծագործութիւնները: Յաճախ այդ ստեղծագործութիւններուն համահեղինակն էր, խմբագիրն ու առաջին կատարողը։

Խորհրդային Միութեան մէջ նշանաւոր «Մելոտիա» («Մեղեդի») համամիութենական ձայնագրման ընկերութիւնը թողարկած է Անահիտ Ցիցիկեանի կատարումներու չորս սկաւառակ, որ կը ներկայացուէր իբրեւ խորհրդային արուեստի նմոյշ եւ կը տարածուէր նոյնիսկ արտասահմանի մէջ:

Արուեստագիտուհին Հայաստանը ներկայացուցած է նաեւ միջազգային երաժշտագիտական գիտաժողովներուն եւ քանի որ կը տիրապետէր հինգ լեզուներու, դասախօսութիւններ եւ զեկուցումներ կը կարդար անգլերէնով, ֆրանսերէնով, գերմաներէնով եւ զանազան լեզուներով հրատարակուող մամուլի մէջ կ՚ունենար հրապարակումներ:

Լեզուներ ուսումնասիրած է Երեւանի մէջ, երբ Սեն Փեթերսպուրկէն Երեւան փոխադրուելով, անոր մայրը՝ յետագային Երեւանի նշանաւոր ակնաբոյժներէն Հերցելիա Ցիցիկեան, դստեր համար տնային բարձրակարգ կրթութիւն ապահոված էր:

Ջութակահարուհի, արուեստաբան եւ մանկավարժ Անահիտ Ցիցիկեան մահացած է 1999 թուականին, Երեւան: Մահէն ետք քանի մը անգամ նշուած են իր յոբելեանները (80, 85, 90), տպագրուած են անտիպ գործեր, գիրքեր, եւ այդ ժառանգութիւնը վեր հանելու ժամանակ ի յայտ եկած է, որ Անահիտ Ցիցիկեան ունեցած է աւելի քան հազար համերգ, իրականացուցած է վաթսուն ձայնագրութիւն, որոնք տեղ գտած են կարեւոր պահոցներու մէջ, անդամակցած է կարգ մը տեղական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու:

ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԻՒՆ

Այսօր Երեւանի մէջ մեծանուն ջութակահարուհիին անունով կը կոչուի դպրոց մը, որ կը ղեկավարէ անոր աւագ դուստրը՝ Նունէ Շամախեան: Ցիցիկեան ունեցած է երկու դուստր:

Մօր ձգած թուղթերը, իրերը մօր մահէն ետք ի մի բերելով, աւագ դուստրը կանգնած է հսկայ ժառանգութեան մը առջեւ: Բազմաթիւ են նամակները, երաժշտական նոթաները, լուսանկարները, արտասահմանեան ուղեւորութիւններէն հետը բերուած տարաբնոյթ նիւթերը: Միաժամանակ Անահիտ Ցիցիկեանի շնորհիւ բազմաթիւ հայ անուանի մարդոց եւ երաժիշտիներու արխիւներ բերուած են Հայաստան եւ յանձնուած թանգարաններուն:

Դուստրը հիմնած է նաեւ «Անահիտ» մշակութային հիմնադրամը, որ տպագրած է Անահիտ Ցիցիկեանի կենսամատենագիտական նիւթերու ժողովածոն, Նունէ Շամախեան միաժամանակ կազմած, խմբագրած եւ հրատարակած է «Հայկական աղեղնային արուեստը» գիրքին երկու տարբերակները՝ ռուսերէն եւ հայերէն: Հայերէնը լոյս տեսած է «Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի նիւթական աջակցութեամբ:

«Անահիտ» հիմնադրամը նաեւ թուայնացուցած եւ հրատարակած է քանի մը խտասալիկներ: Ատոնցմէ մէկը՝ «Հայկական աղեղնային արուեստ. Կատարողներու ծաղկաքաղ»ը կը ներառէ Անահիտ Ցիցիկեանի եւ 20-րդ դարու երկրորդ կէսի ջութակահարներու ու թաւջութակահարներու հայկական դպրոցի վարպետներու կատարումները:

Գիրքին մէջ հետաքրքրական դրուագներ կան Անահիտ Ցիցիկեանի եւ հայոց մեծերու հանդիպումներէն: Մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Բարսեղ Կանաչեանի եւ Անահիտ Ցիցիկեանի մասին դրուագը:

ԱՆԱՀԻՏ ՑԻՑԻԿԵԱՆԸ ԵՒ ԲԱՐՍԵՂ ԿԱՆԱՉԵԱՆԸ

Բարսեղ Կանաչեանի անունը այսօր քաջ ծանօթ է Հայաստանի մէջ: Անոր ստեղծագործութիւնները կը սիրեն եւ կը կատարեն բազմաթիւ երաժիշտներ, մենակատարներ եւ երգչախումբեր, իսկ կանաչեանական «Օրօրը» ծանօթ է նոյնիսկ երաժշտութենէ շատ հեռու մարդոց: Սակայն քիչեր գիտեն, որ Բարսեղ Կանաչեանի անունը Հայաստանը ճանչցաւ ջութակահարուհի Անահիտ Ցիցիկեանին շնորհիւ:

Անոնց առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած է Պաղտատ, 1963 թուականին: Այդ ժամանակ Կանաչեան արդէն տարեց մարդ մըն էր, լքուած եւ մոռացութեան մատնուած, պանդխտութեան մէջ: Շատոնց ետին մնացած էին ճանաչումն ու փառքը:

Երբ Ցիցիկեան վերադարձաւ Հայաստան, մէկը միւսին յաջորդեցին աւելի քան երկու տասնեակ յօդուածներ եւ ձայնասփիւռի հաղորդումներ տեղական եւ Մոսկուայի մամուլին մէջ:

Սակայն, պէտք է ըսել, որ Կանաչեանի մասին գրելը, այդ ժամանակ, այնքան ալ դիւրին չէր, քանի որ Կանաչեան անդամ էր Դաշնակցական կուսակցութեան: Քանի-քանի անգամ Անահիտ Ցիցիկեանը կանչած են Հայաստանի Համայնավարական կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէ, քննադատած եւ այպանած են «դաշնակցական արուեստը» քարոզելուն համար: Վտանգելով իր գործն ու անունը, Ցիցիկեան կը փորձէր ապացուցել, որ քաղաքական հայեացքները չեն նսեմացներ Կանաչեան-արուեստագէտին արժանիքները, անոր աւանդը հայկական երաժշտութեան ասպարէզէն ներս:

Ստորեւ ներկայացուած յօդուածը կազմուած է Անահիտ Ցիցիկեանի Պաղտատ կատարած ուղեւորութեան մասին պատմող նիւթերուն հիման վրայ.

ԱՆԱՀԻՏ ՑԻՑԻԿԵԱՆ. ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀՈԳԻԻՆ ԼՈՅՍԸ

Խաւարի մէջ ապրելու դատապարտուած, ան մարդոց նուիրեց իր երաժշտութեան եւ հոգիին լոյսը:

Այսօրուան պէս կը յիշեմ այն պայծառ, արեւոտ օրը, երբ մտնելով Պաղտատի երաժշտական խանութներէն մէկը, պատահաբար լսեցի Կանաչեանի անունը: Անմիջապէս դառնալով խօսողին կողմը, հետաքրքրուեցայ՝ արդեօք Բարսեղ Կանաչեանի մասին չէ՞ խօսքը եւ եթէ այո, ապա ո՞ւր է ան եւ ինչպէ՞ս դասաւորուած է անոր ճակատագիրը: Բանն այն է, որ քանի մը տարի առաջ հայ ջութակահարներու մասին արխիւային նիւթեր ուսումնասիրած պահուս, ուշադրութիւնս գրաւած էր Կանաչեան մականունը: Ժլատ տողերը կ՚ըսէին, թէ ջութակահարը եղած է Կոմիտասի աշակերտը:

Անոր մասին ճիշդ այդպէս ալ յիշատակեցի «Մոռցուած անուններ» յօդուածին մէջ: Կրնայի՞ արդեօք այն ժամանակ ենթադրել, թէ ճակատագիրը զիս կը տանի Պաղտատ, ուր ինծի կը վիճակուի հանդիպիլ անոր:

Հանդիպման արդիւնքները գերազանցեցին իմ բոլոր սպասումներս եւ իմ առջեւս իր ողջ վեհութեամբ յառնեցաւ մեծ երաժիշտին, երգահանին, խմբավարին, Կոմիտասի արժանաւոր աշակերտին կերպարը:

Երբ դուռը բացին, ընդառաջ եկաւ եւ ձեռքը պարզեց բարձրահասակ, խանդավառ դէմքով եւ գեղեցիկ հայկական աչքերով տարեց մարդ մը: Որքա՜ն թախիծ տեսայ այդ աչքերուն մէջ, որքա՜ն չարտայայտուած ապրումներ: Առաջին պահուն չզգացի եւ միայն աւելի ուշ գիտցայ, որ արդէն քսան տարի է, որ այդ աչքերը ոչինչ կը տեսնեն…

Իմ յիշողութենէն երբեք չեն ջնջուիր այդ հանդիպումները՝ 1965-ի մութ, փոքր, հեղձուցիչ պաղտատեան երեկոները, անկիւնի տունը՝ Սադուն փողոցին վրայ, ուր ան կը զբաղեցնէր երկու փոքրիկ սենեակ, ամենանուիրական երաժշտութեան եւ Կոմիտասի մասին պատմող իր ցած ձայնով:

Զրոյցի ժամանակ Կանաչեան ինձմէ խնդրեց որեւէ բան նուագել իրեն համար: Ժպիտով քաջալերելով ու ցոյց տալով, թէ չի նկատեր իմ շփոթմունքս, ան յարմարաւէտ տեղաւորուեցաւ բազկաթոռին մէջ ու պատրաստուեցաւ լսելու: Այն միտքը, որ առջեւս Կոմիտասի աշակերտն է՝ մեծ վարպետը, նշանաւոր գործիչը, երգահանը, սկիզբը զիս յուզեց, բայց յետոյ սկսայ նուագել աւելի ու աւելի ոգեւորուելով:

Առանձնայատուկ տպաւորուեցաւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւններու կատարումով, կոմիտասեան նուագադարձութեան վերաբերող խօսակցութեամբ: Անոր կարծիքը մանաւանդ կարեւոր էր, քանզի Կանաչեանը ինքն ալ անցեալին ջութակահար ըլլալով, նրբօրէն կը զգար ջութակին բնոյթը, անոր արտայայտչական, մեղեդային հնարաւորութիւնները, երգերու եւ տրամադրութիւններու նրբերանգները, անոնց աստիճանաւորումը, զգացմունքներու ճնշման ուժը վերարտադրելու անոր ընդունակութիւնները:

Տարիներ անց կրկին եղայ Պաղտատ, բայց Բարսեղ Կանաչեանը այլեւս չկար: Տունը տխուր էր ու լքուած, բայց հոն խնամքով կը պահպանուէր երաժիշտին յիշատակը:

Բարսեղ Կանաչեանի երաժշտութիւնը լի է կեանքով, լոյսով, հմայքով, որ յաղթահարելով բոլոր սահմաններն ու տարածութիւնները, ճանապարհ գտաւ դէպի մարդոց սիրտերը եւ ընդմիշտ կը հնչէ ու պիտի հնչէ Հայաստանի մէջ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 26, 2021