ԿԵԱՆՔԻ ԻՄԱՍՏԻՆ ՎՐԱՅ

«Մարդը նետուած է աշխարհ», կ՚ըսէ Հայտեկեր եւ բոլորս գիտենք, թէ ծնիլը մեր ընտրութիւնը չէ։ Բայց յաջորդ փուլին, կարելի է ըսել, որ աշխարհի վրայ մեր ազդեցութիւնը բաւական մեծ է։ Կեա՛նք. գործընթաց՝ ծնունդէն մինչեւ մահ։ Այս գործընթացը մեծ չափով մենք կ՚ուղղորդենք։ Անշուշտ, կան արտաքին գործօններ, բայց մենք ենք մեր կեանքի մասին վերջնական որոշողը։ Հետեւաբար, պէտք է սորվինք պատասխանատուութիւն ստանձնել կեանքի համար, քանի կեանքը մեր ընտրութիւններու հանրագումարն է։

Դուք կրնաք նախ սկսիլ կեանքի իմաստը սահմանելով։ Ի՞նչ է կեանքը ըստ ձեզի. ձեր ընտրութիւնները՞, ունեցածները՞, վաստակը՞, տունը՞, ինքնաշարժը՞, պնակին ճաշը՞, բաժակի խմիչքը՞… Մեր ափսոսանքները՞, մեր սխալները՞, մեր սիրելիները՞… Ո՞րն է աւելի գերակշիռը։

Երբ նայինք Շոփենհաուըրի «Կեանքի իմաստը» հատորին, կը տեսնենք իր կեանքի սահմանումը՝ ինչպէս կեանքի իմաստը, երկրի վրայ մարդուն նպատակը, բայց այս բոլորը ընթերցողին կը փոխանցուի բաւական յոռետեսական ձեւով։ «Երբ կամքը կեանքի կ՚արթննայ անգիտակից գիշերէն ու կը յայտնուի որպէս անհատ անվերջ ու անսահման աշխարհի վրայ, անթիւ անհատներու մէջ, որոնց բոլորը կը պայքարին, կը տառապին, անընդհատ կը սխալին եւ կ՚երազեն լռութեան մասին», կ՚ըսէ Շոփենհաուըր։ Ըստ իրեն, բաւարարուած իւրաքանչիւր ցանկութիւն կը ծնի նորը։ Այս պատճառով մարդիկ միշտ կը տառապին, որովհետեւ անոնք հակուած են բանի մը, կը փափաքին եւ այդ մէկը իրականացնելէ յետոյ կը յառաջանայ նոր փափաք։

«Ենթադրենք, թէ մարդկային ցեղը տարուած է երազական կղզի մը, ուր իր ուզածը անմիջապէս կը գտնէ, ամէն ինչ ինքնաբերաբար զարգացած եւ հասունցած է, կաթն ու մեղրը կը բխի գետնէն, ամէն տեսակ ուտելիք ճիւղերուն վրայ է… Այդ մարդիկ ի՞նչ պիտի ընեն այն ժամանակ։ Անոնք կա՛մ ձանձրոյթէ կը մեռնէին, կա՛մ կռուելով զիրար կը մեռցնէին՝ այսպէսով բնութեան իրենց տուած ցաւ ու տառապանքէն աւելին  կ՚ունենային։ Ուստի, մէկ այլ պատկեր, այլ կեանք մը մարդկային ցեղի համար յարմար չէ», կ՚ըսէ Շոփենհաուըր։

Մեր բոլոր ցանկութիւններու գլխաւոր յատկանիշը ապրելու կամքն է։ Սա գոյատեւելու կամք է, հետեւաբար՝ մահուան դէմ կամք։ Աւելի տարրական առումով՝ բազմապատկուելու կամք է։ Գոյութեան նպատակն է կանգնիլ մահուան դէմ, անմահ դառնալու ցանկութեան եւ մահուան վախի դէմ։ Մահուան վախը բնածին է, ապրիլ ուզելը կը նշանակէ տառապիլ։ Շոփենհաուըրի կարծիքով՝ մենք կը տուժենք, կը տառապինք եւ այս ցաւը վերջ չունի. ցաւ, որ կը շարունակէ ցմահ։ Որովհետեւ ցաւը կու գայ մեր անյագութենէն, անվերջ փափաքներէն։ Այս պարագային ո՞րն է կեանքի նպատակը։ Ի՞նչ պէտք է ընէ մարդը այս ամբողջ ցաւի մէջ։ Շոփենհաուըրի խօսքով՝ որպէսզի կեանքը իմաստաւորուի, մարդ պէտք է գիտակցի իր անհատական ներուժին։

Շոփենհաուըրի կեանքի մասին մտածումները համառօտ նշելէ յետոյ վերադառնանք մենք մեզի եւ կրկնենք սա հարցումը. «Ո՞րն է կեանքին իմաստը»։ Վստահ եմ, որ այս հարցումը յստակ պատասխան մը չունի։ Որովհետեւ իւրաքանչիւրս կեանքը կը դիտարկենք մեր սեփական տեսանկիւնէն եւ անհատներու տարբերութիւնը անհաշուելի է։ Իրլանտացի գրող Թերի Իկըլթըն մեզ կը մղէ այլ կերպով արծարծել նիւթը՝ իր «Կեանքին իմաստը» գիրքով։ Ինչպէս ան կը մատնանշէ, ոմանց համար սէրը կեանքի իմաստն է, ոմանց համար գիտելիքը, ոմանց համար՝ ոչինչ։ Այս բոլոր նրբերանգները, իրականութեան մէջ, կը կազմեն կեանքը։ Որովհետեւ կեանքը երբեմն ինքզինք կը դրսեւորէ ժապաւէնի մը, գիրքի տողերուն, սիրահարի ժպիտին, երբեմն ալ առանց պատճառաբանութեան հոսող արցունքներու մէջ։ Որովհետեւ կեանքը ինծի համար այստեղ գրուածներէն ոչ մէկն է։

Կեանքը ինչ զգացածդ է։ 

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2022