Սեւակի Գիրքը Յանձնուեցաւ Գերմանախօս Ընթերցողի Դատին

«Ու ծա­կում հո­գիս» խո­րագ­րի ներ­քոյ գեր­մա­նա­խօս ըն­թեր­ցո­ղի դա­տին յանձ­նուած են անմահ Պա­րոյր Սե­ւա­կի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը:

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղորդ­մամբ, Երեւանի մէջ, Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու միու­թեան տան մէջ ի­րա­կա­նա­ցած է Սե­ւա­կի 24 եւ 4 բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը ամ­փո­փող հա­յե­րէն-գեր­մա­նե­րէն գրքին շնոր­հան­դէ­սը:

«Գեր­մա­նիոյ մէջ կը բնա­կիմ ար­դէն ե­րե­սուն տա­րիէ ի վեր։ Պա­րոյր Սե­ւա­կի բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րու այս փոք­րիկ գիր­քը ստեղ­ծուած է իմ եւ գրող Հայ­տէ Ռի­քի շնոր­հիւ: Ընտ­րած ենք 24+4 բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ. 24-ը կը խորհր­դան­շէ Ապ­րի­լի 24-ը, 4-ը՝ չոր­րորդ ա­մի­սը՝ Ապ­րի­լը: Պա­րոյր Սե­ւա­կի բա­նաս­տեղ­ծա­կան բո­լոր շեր­տե­րը գեր­մա­նա­ցի ըն­թեր­ցո­ղին ներ­կա­յաց­նե­լու նպա­տակ ու­նինք», նշած է բա­նաս­տեղծ, գրքի թարգ­մա­նիչ Ա­գա­պի Մկրտչեան:

Ըստ Մկրտչեա­նի, նա­խա­պէս Գեր­մա­նիոյ մէջ հրա­տա­րա­կուած են Սե­ւա­կի բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը նե­րա­ռող ժո­ղո­վա­ծո­ներ: «Այս ժո­ղո­վա­ծո­յի ա­ռա­ջին շնոր­հան­դէ­սը ի­րա­կա­նա­ցու­ցինք Ե­րե­ւա­նի մէջ, իսկ կը պատ­րաս­տուինք շնոր­հան­դէս մը եւս ը­նել Նո­յեմ­բե­րի 20-ին, Վիզ­պա­տե­նի մէջ: Գիր­քը տպագ­րուած է հա­զար օ­րի­նա­կով Պեր­լի­նի «Hans Schiler» հրա­տա­րակ­չու­թե­նէն», ընդգ­ծած է Ա­գա­պի Մկրտչեան՝ ա­ւելց­նե­լով, որ գեր­մա­նա­ցի ըն­թեր­ցո­ղը լաւ կ՚ըն­դու­նի Սե­ւա­կը:

Իր կար­գին, Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Ե­դուարդ Մի­լի­տո­նեան շեշ­տած է, որ բո­լոր հա­յե­րը պէտք է ի­րենց ներդ­րու­մը ու­նե­նան հայ մշա­կոյ­թի տա­րած­ման գոր­ծին: «Ա­գա­պի Մկրտչեան թարգ­մա­նու­թիւն­ներ կ՚ը­նէ, կը փոր­ձէ հրա­տա­րա­կել հայ գրող­նե­րու գոր­ծե­րը տար­բեր պար­բե­րա­կան­նե­րու մէջ: Այն­պէս պէտք է շար­ժինք, որ մեր մշա­կոյ­թը լաւ ճա­նա­չե­լի դառ­նայ: Պա­րոյր Սե­ւա­կի կեն­դա­նու­թեան օ­րօք ա­նոր գոր­ծե­րը շարք մը լե­զու­նե­րու թարգ­մա­նուե­ցան, օ­րի­նակ՝ ռու­սե­րէն, բայց ոչ այն­քան բարձր  մա­կար­դա­կով: Թարգ­մա­նե­լը քիչ է, պէտք է լաւ թարգ­մա­նել», շեշ­տած է ան:

Ե­դուարդ Մի­լի­տո­նեան իր ե­լոյ­թէն յե­տոյ Գրող­նե­րու միու­թեան վաս­տա­կի մե­տայ­լով պար­գե­ւատ­րած է Ա­գա­պի Մկրտչա­նը՝ գրա­կան ար­գա­սա­բեր գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2015