ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՉԱՓԱՆԻՇ

Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիի մէջ հաստատման 300-ամեայ յոբելեանին ձօնուած Երեւանի վերջին օրերու ձեռնարկները ստեղծեցին լայն արձագանգ։ Յոբելենական յայտագրին մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, որ Վատիկանի կողմէ ընդհանուր կառավարիչ նշանակուած է Մխիթարեան միաբանութեան համար։ Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցան երկու կարեւոր գիտաժողովներ, որոնք ձօնուած էին այս յոբելեանին։ Այդ գիտաժողովներէն մին տեղի ունեցաւ Մատենադարանի մէջ, իսկ միւսը՝ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի մէջ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Մատենադարանի գիտաժողովէն վերջ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը կնքուեցաւ «Հայփոստ» ընկերութեան կողմէ այս յոբելեանին առթիւ թողարկուած դրոշմաթուղթը։ Երկու գիտաժողովներն ալ տեղի ունեցան Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ։ Բացի Մխիթարեան միաբանութենէն, կազմակերպչական աշխատանքներուն մասնակցեցան Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հայագիտական եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքը, Երեւանի Պետական համալսարանը, Մատենադարանը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան Գիտութեան պետական կոմիտէն։ Երկու գիտաժողովներու սկիզբին ալ ելոյթ ունեցաւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան։ «Մխիթարեանները կրթութիւնը դիտեցին՝ որպէս բոլոր կենսական բարիքներու աղբիւր», ըսաւ Հրանոյշ Յակոբեան։ Մատենադարանի գիտաժողովին ընթացքին հիւրընկալ կառոյցի տնօրէնը՝ Վահան Տէր-Ղեւոնդեան նշեց, որ իրենք մասնաւոր սիրով կը մասնակցին Մխիթարեան միաբանութեան 300-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն։ «Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութիւն-300» խորագիրը կրեց Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի մէջ կազմակերպուած միջազգային գիտաժողովը։ Բացման փուլին ակադեմիայի նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան ողջունեց յոբելեանը եւ գերապայծառ Զէքիեանին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ ակադեմիայի հետ մշակած աշխոյժ համագործակցութեան համար։ Երկու գիտաժողովներուն ընթացքին ալ արտայայտուեցաւ գերապայծառ Զէքիեան, որ Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ պարգեւատրուեցաւ Սփիւռքի նախարարութեան ոսկէ յուշամետայլով։ Ակադեմիայի գիտաժողովին ընթացքին արտայայտուեցաւ նաեւ Երեւանի Պետական համալսարանի վերատեսուչ Արամ Սիմոնեան, որ ըսաւ. «Մխիթարեան միաբանութիւնը իւրաքանչիւր քաղաքակիրթ ազգի եւ երկրի համար կրնայ չափանիշ հանդիսանալ։ Այս հաստատութիւնը ստեղծուեցաւ հայրենիքէն հեռու, դժուար կացութեան մէջ գտնուող ժողովուրդի մը խումբ մը նուիրեալ զաւակներուն կողմէ։ Անոնք ունէին միայն անսահման հաւատ իրենց ժողովուրդի տաղանդի եւ անոր պայծառ ապագային նկատմամբ։ Եւ չկայ ոլորտ մը, ուր մխիթարեանները իրենց ծանրակշիռ խօսքը ըսած չըլլան։ 300 տարուան ընթացքին կուտակուած է հսկայական գանձարան, որ տակաւին կը կարօտի ուշադիր ուսումնասիրութեան։ Ես մեծ յոյս ունիմ, որ մօտաւոր ապագային պիտի տպագրուի Ղեւոնդ Ալիշանի «Արցախ աշխարհ» աշխատութիւնը, որ ունի քաղաքական մեծ նշանակութիւն։ Վստահ եմ, թէ այս միջազգային գիտաժողովը նոր էջ մը պիտի բանայ Մխիթարեան ժառանգութեան ուսումնասիրման ուղղութեամբ»։

*

Ս. Ղազար կղզիին մէջ հաստատումէն 300 տարի յետոյ տակաւին բացառիկ ու անգին է Մխիթարեան միաբանութեան դերն ու արժէքը: Հայ ժողովուրդի մտաւոր արժէքներու հոլովոյթին մէջ նախադէպը չունեցող այս հաստատութեան նպատակը հայկական պետութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ գիտական, կրթական, հրատարակչական, հոգեւոր, մշակութային գործունէութիւն ունենալն էր, եւ ահասաւիկ, այսօր՝ հայոց պետականութեան գոյութեան պայմաններուն ներքեւ կը նշուի Ս. Ղազար կղզիին վրայ առ այսօր գործող լոյսի եւ մտքի այդ կեդրոնի հիմնադրման 300-ամեակը:

Նախ՝ ցուցահանդէսով մը, ապա երկօրեայ գիտաժողովով Հայաստանի մէջ սկիզբ առին 300-ամեակի ձեռնարկները: Ցուցահանդէսը Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ կը գործէ տակաւին, ուր ներկայացուած են Վենետիկի Ս. Ղազար կըղ-զիին մէջ 17-18-րդ դարերուն տպագրուած գիրքեր:

Գիտաժողովը աւարտին հասաւ 25 Հոկտեմբերին՝ խիտ եւ յագեցեալ ծրագիրով ընթանալով Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ զանազան մասնաշէնքերուն մէջ: Գիտաժողովի երկու օրերուն բոլոր ելոյթ ունեցողները ընդգծեցին այն անփոխարինելի ու հսկայ դերը, որ Մխիթարեան միաբանութիւնը եւ Մխիթարեան հայրերն ու գործիչները ունեցած են հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ եւ այսօր միաբանութիւնը՝ հիմնումէն երեք դար ետք, կը շարունակէ իր գործունէութիւնը:

Այս ձեռնարկները Հայաստանի մէջ կազմակերպուեցան Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հայագիտական եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի, Երեւանի Պետական համալսարանի, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու Մատենադարանի, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան նախաձեռնութեամբ: Այս առթիւ Հայաստան ժամանած էր Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան եւ պատուիրակութիւն մը՝ Մխիթարեան միաբանութենէն:

Գիտաժողովի բացման օրը Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ Մխիթար Սեբաստացիի կողմէ երեք դար առաջ ստեղծուած միաբանութիւնը յաջողած է դառնալ անցնող դարերուն աշխարհի նշանաւոր հոգեւոր, ուսումնակրթական, գրական եւ գիտամշակութային կեդրոններէն մին՝ կրելով եւրոպական արժէքներ, միաժամանակ հայ մշակոյթը հաղորդակից դարձուցած է Արեւմուտքին եւ արեւմտեան մշակոյթը՝ հայ հասարակութեան: «Ամէն անգամ, երբ ոտք կը դնեմ այդ փոքրիկ հողակտորին վրայ, անբացատրելի զգացում մը կը պարուրէ զիս», նշեց Հրանոյշ Յակոբեան, աւելցնելով նաեւ, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը, իր ստեղծման առաջին իսկ օրէն, բազում ծրագիրներ իրականացուցած է Մխիթարեան միաբանութեան հետ, իսկ վերջերս, Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի օժանդակութեամբ սկսած են միաբանութեան ժառանգութեան թուայնացման աշխատանքները: Ան կարեւորեց նաեւ այն հանգամանքը, որ բազմաթիւ օտարազգի մտաւորականներ, հանճարներ հաստատուած են Մխիթարեան միաբանութեան մէջ, գրած են լուրջ աշխատութիւններ, արտայայտած են իրենց հիացմունքը հայ մշակոյթին հանդէպ:

Գիտաժողովի մասնակիցներուն ողջոյնի խօսքեր յղեցին Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան, ակադեմիկոս Եուրի Սուվարեան, Երեւանի Պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան: Վերջինս նշեց, որ Մխիթարեան միաբանութիւնը կարող է չափանիշ հանդիսանալ իւրաքանչիւր քաղաքակիրթ ազգի եւ երկրի համար։ «Այս հաստատութիւնը ստեղծուած է Հայրենիքէն հեռու, դժուար կացութեան մէջ գտնուող ժողովուրդի խումբ մը նուիրեալ զաւակներու կողմէ, որոնք ունէին միայն անսահման հաւատք՝ իրենց ժողովուրդի տաղանդին եւ անոր պայծառ ապագային հանդէպ: Եւ չկայ ասպարէզ մը, ուր մխիթարեաններ իրենց ծանրակշիռ խօսքը ըսած չըլլան: 300 տարուան ընթացքին կուտակուած է հսկայական գանձարան մը, որ տակաւին կարօտ է ուշադիր ուսումնասիրութեան: Ես մեծ յոյս ունիմ, որ մօտ ապագային կը տպագրուի Ղեոնդ Ալիշանի «Արցախ աշխարհ» աշխատութիւնը, որ մեծ քաղաքական նշանակութիւն ունի: Վստահ եմ, որ այս միջազգային գիտաժողովը նոր էջ կը բանայ Մխիթարեան ժառանգութեան ուսումնասիրման գործին մէջ», կարեւորեց Արամ Սիմոնեան:

Ուշագրաւ էր գիտաժողովի առաջին օրուան առաջին ելոյթը, որ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանինն էր. «Մխիթար՝ խորհուրդ եւ մարտահրաւէր. Հայ հոգեւորութեան եւ մշակոյթի ռահվիրայ մը, համաքրիստոնէական, համամարդկային տարածքով» խորագրով: Տ. Լեւոն Զէքիեան, մխիթարեաններուն մասին խօսելով, մէջբերեց Արշակ Չօպանեանի խօսքը. գրողը ըսած էր, թէ ամենակազմակերպուած իրականութիւնը, որ հայ ժողովուրդը երբեւէ տուած էր, Մխիթարեան միաբանութիւնն էր: Զէքիեան մատնանշեց, որ Չօպանեան, անշուշտ, երբ տուած էր այս բնորոշումը, Հայաստանի մէջ գիտական կառոյցներ տակաւին չէին ստեղծուած: Բանախօսը լաւագոյնս բնութագրեց հայ ամենէն նշանաւոր կաթողիկէ գործիչը՝ մեծ հայագէտը, որ կենդանութեան ժամանակ յորջորջուած է իբրեւ երկրորդ Մեսրոպ եւ այլ բարձրագոչ անուններով: Զէքիեան նկատել տուաւ, որ Մխիթար Սեբաստացի, իրաւ ժառանգն էր հսկայ աւանդութեան մը, որ Մեսոպ Մաշտոցէն կու գար: Ան պատմեց աբբահօր կեանքին եւ մանաւանդ անյագ ընթերցասիրութեան մասին, որ Մխիթար Սեբաստացին տարած է մինչեւ Սուրբ Էջմիածին, Սեւանայ վանք, ամէնուր, ուր կարելի էր ձեռագիր գտնել, կարդալ եւ ուսումնասիրել: Եւ, ինչպէս նշեց Զէքիեան, Մխիթարի բազմակողմանի զարգացած ըլլալը մանկութենէն կու գար, եւ հետագային, հայկական աւանդի կողքին մխրճուած է նաեւ արեւմտեան, մանաւանդ՝ իտալական հասարակագիտութեան մէջ: Իր սկսած Հայկազեան բառարանը, ըստ Զէքիեանի բնորոշումներուն, կը նկատուի համաշխարհային չափանիշով գանձարան: Գերապայծառը յոյսեր յայտնեց, որ գիտաժողովը ա՛լ աւելի լոյսին տակ կը դնէ Մխիթար Սեբաստացին, որուն կատարած գործը անգնահատելի է ո՛չ միայն հայկական, այլեւ՝ համաքրիստոնէական առումով:

Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան բանախօսեց «Ղուկաս Ինճիճեանի աւանդը Հայաստանի պատմաաշխարհագրական հարցերու ուսումնասիրութեան բնագաւառին մէջ» նիւթով՝ ներկայացնելով Մխիթարեան միաբանութեան հսկաներէն եւ սիւներէն մին նկատուող Ղուկաս Ինճիճեանի՝ մեծ աշխարհագրագէտի եւ հայագէտի մասին, ցաւով նշելով, որ ան մեր օրերուն, չես գիտեր ինչու, մոռացութեան տրուած է, մինչդեռ, հայ իրականութեան մէջ պատմաաշխարհագրական հետազօտութիւնները սկսած են նոյնինքն Ղուկաս Ինճիճեանէն: Աշոտ Մելքոնեան ներկաներուն տեղեկացուց, որ իր պատկառանքը Մխիթարեան միաբանութեան անդամ Ղուկաս Ինճիճեանի հանդէպ կու գայ ուսանո ղական տարիներէն, եւ շեշտեց, որ նման գիտաժողովներն են, որոնք առիթ կ՚ընծայեն մոռացութեան տրուած մեր մեծերը յիշելու: Աշոտ Մելքոնեան համաձայն է Տ. Լեւոն Զէքիեանի այն միտքին, որ գիտաժողովի նիւթերը անհրաժեշտ է հրատարակել նաեւ օտար լեզուներով, որպէսզի հասու դառնան օտարներուն եւ միջազգային հանրութիւնն ալ գիտնայ, որ հայ ժողովուրդը, այս պարագային՝ Մխիթարեան միաբանութիւնը, իր ծանրակշիռ տեղն ու դերն ունի համաշխարհային քաղաքակրթութեան մէջ:

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան գիտաժողովին զեկուցում կարդաց «Մխիթարեանները Միքայէլ Նալպանտեանի գնահատմամբ» խորագրով, գրականագէտ Վարդան Դեւրիկեան խօսեցաւ «Հայ միջնադարեան գրականութեան պատմութեան պարբերացման մխիթարեաններու սկզբունքները» թեմային շուրջ, իսկ «Բազմավէպ» հայագիտական հանդէսի խմբագիր Հ. Սերովբէ Վրդ. Չամուրլեան ներկաներուն պատմեց այն մասին, որ ինչպէս Մխիթար Աբբահայր մուտք գործեց Ս. Ղազար կղզի:

Գիտաժողովը բաժնուած էր առանձին նիւթերու, ինչպէս՝ «Արուեստը եւ մշակոյթը մխիթարեաններու գործունէութեան մէջ», «Մխիթարեաններու գործունէութիւնը պատմագիտութեան ասպարէզէն ներս», «Մխիթարեաններու աւանդը բանասիրութեան ոլորտին մէջ» եւ այլն: Ելոյթներ ունեցան Յասմիկ Ստեփանեան, որ խօսեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան հայատառ թրքերէն հրատարակութիւններուն մասին, Սեդա Օհանեան՝ «Հայր Միքայէլ Չամչեանը եւ իր գործունէութիւնը Պասրայի մէջ 1769-1774 թուականներուն» նիւթով, Յասմիկ Իրիցեան՝ «Գաբրիէլ Այվազեանը Մխիթարեան միաբանութեան անդամ» խորագրով, անդրադարձ եղաւ Կոմիտաս Վարդապետի եւ Մխիթարեան միաբանութեան կապին (Լուսինէ Զ. Սահակեան), Քրիստափոր Կարա-Մուրզայի եւ Մխիթարեան միաբանութեան առընչութեան (Լիլիթ Արտեմեան) եւ բազում այլ նիւթերու, որոնք կ՚առընչուին մխիթարեաններու 300-ամեայ հարուստ ժառանգութեան եւ հայոց ու համաշխարհային պատմութեան մէջ ձգած անոնց հետքին: Չեխիոյ Չարլզ համալսարանէն Հայկ Իւթիւճեան խօսեցաւ «Վենետկի Մխիթարեան Ս. Հարց երաժշտական վաստակը» նիւթով, իսկ գիտաժողովի աւատին եղան քննարկումներ եւ նիւթերու ամփոփումներ:

ԿԱՐԾԻՔՆԵՐ

Մխիթարեան միաբանութեան 300-ամեակի հայաստանեան գիտաժողովի աւարտին ԺԱՄԱՆԱԿ-ին նիւթի առթիւ իրենց կարծքիներն ու տպաւորութիւնները հաղորդեցին Երեւանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան եւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հնագոյն ձեռագիրներու Մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Վահան Տէր-Ղեւոնդեան:

ԱՇՈՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

Ըսեմ, թէ մխիթարեաններու նախկին տեղն ու դերը մենք չունինք, ճիշդ կ՚ըլլայ միայն այն իմաստով, որ Ալիշանի, Ինճիճեանի, Չամչեանի պէս գործիչներ այսօր դժուար է գտնել: Բայց ժամանակները փոխուած են, այսօր կայ Գիտութիւններու ակադեմիա, Երեւանի Պետական համալսարան, հայրենիք, վերջապէս, հայրենակեդրոն գիտութիւն, բնականաբար այդ գործառոյթը կամաց-կամաց անցաւ Հայաստանին, եւ ակնկալել, թէ միաբանութիւնը նորէն նոյն հսկաները պիտի տայ, դժուար կ՚ըլլայ: Բայց մխիթարեաններուն ձգած ժառանգութիւնը հզօր է, եւ ցաւ ի սիրտ մենք չենք կարող յաւուր պատշաճի աշխարհին մատուցանել զայն, այդ մէկը հարց է: Ես կը կարծեմ, որ մեր ու գալիք սերունդներու հիմնական հարցը պէտք է ըլլայ, թէ ինչ որ ստեղծած են մխիթարեանները համաշխարհային քաղաքակրթութեան մէջ, օտար լեզուներով պէտք է հասու դարձնենք ամբողջ աշխարհին:

ՎԱՀԱՆ ՏԷՐ-ՂԵՒՈՆԴԵԱՆ

Անշուշտ, չենք կրնար այսօր մխիթարեաններուն դերը համեմատել 18-19-րդ դարերուն անոնց ունեցած դերին հետ եւ ատոր պատճառը, անշուշտ, նաեւ այն է, որ մենք ունինք պետութիւն, պետականութիւն, եւ 20-րդ դարու առաջին տասնամեակներուն արդէն հիմնուած են գիտական, կրթական կեդրոններ, որոնք վերջապէս այդ բացը լրացուցած են եւ Հայաստանի հողին վրայ են: Բայց, շատ առումներով Մխիթարեան միաբանութիւնը իր աւանդոյթները պահելու տեսանկիւնէն շատ կարեւոր դեր ունի, որովհետեւ այսօր թէ՛ Սփիւռքի համար, թէ՛ Հայաստանի համար ոչ միայն անցեալի Մխիթարեան միաբանները օրինակ կը ծառայեն, այլ նաեւ՝ այսօրուան, եւ այդ առումով Մխիթարեան միաբանութիւնը իր դերը կը շարունակէ կատարել: Չմոռնանք, որ միաբանութիւնը այսօր նաեւ հանդէս կու գայ որպէս ձեռագրատուն, որպէս թանգարան, պատկերասրահ, որպէս այդ հսկայական տպագիր եւ ձեռագիր ժառանգութեան պահպանման կեդրոն: Եւ այդպիսով ան ոչինչով կը զիջի անցեալին, նոյնիսկ աւելին ունի այսօր, քան ունեցած է անցեալին: Այլ հարց է, որ եթէ ժամանակին Ալիշանը կամ Չամչեանը բացառիկ դէմքեր էին համայն հայութեան համար, այսօր թերեւս չկան նման գործիչներ:

Այսօր ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլ ամբողջ աշխարհի տարածքին ընդհանրապէս կայ հասարակագիտութեան նահանջ: Այդ մէկը կու գայ թեքնիկ գիտութիւններու չափէն դուրս զարգացումէն, անշուշտ, թեքնիկ զարգացումը դրական երեւոյթ է, բայց երբեմն ան մարդոց կեանքէն, ժամանակէն կը կլանէ աւելին, քան պէտք է: Տեղեկատուական անսահման հոսքերը, որոնց մէջ մարդիկ երբեմն չեն կողմնորոշուիր, լաւը վատէն, առաջնայինը երկրորդականէն չեն տարբերեր, կը բերեն որոշակի ծանծաղութեան, ոչ խոր վիճակի: Այդ առումով, մենք հարկաւ շատ կարիք ունինք կրկին եւ կրկին ետ դառնալու եւ նայելու դէպի մեր այս կարեւոր գիտական կեդրոններու անցեալը եւ նաեւ՝ ներկան, ուսումնասիրելու, դասեր քաղելու, հետեւելու անոնց օրինակին, ոչ թէ անպայման նոյնը կրկնելու համար, այլ ուղղակի կեանքի եւ գործի այդ բանաձեւը իւրացնելու առումով: Մխիթարեաններն ալ ատոր լաւագոյն օրինակն են՝ ըլլալ յառաջադէմ, ըլլալ լայնախոհ եւ միեւնոյն ժամանակ ըլլալ ազգասէր եւ հայրենասէր: Այսինքն, այս հասկացութիւնները իրարու չեն հակասեր: Աշխարհի մէջ կան ժողովուրդներ, որոնք գտած են ատոր բանաձեւը: Իմ կարծիքով, օրինակ՝ Ճաբոնը ատոր լաւագոյն օրինակն է. երկիր մը, որ թեքնիկ իմաստով լաւ զարգացած է, բայց միեւնոյն ժամանակ իր ազգային հենքը, աւանդոյթները մեծապէս յարգող, պահպանող երկիր է: Ահաւասիկ, այսպիսի միացութեան օրինակ մը մեզի կարծես թէ տուած են Մխիթարեան հայրերը, բայց մենք կարծես այդ դասը լիովին չենք իւրացուցած: Մխիթարեանները այսօր ալ հսկայական դեր ունին, այնպէս որ կարելի չէ ըսել, թէ մարած է անոնց դերը:

Այսօր անոնց կատարած գործը հանրայնացնելու կարիք կայ: Միաբանութիւնն ալ այդ մէկը կը գիտակցի, եւ այս մէկը առաջին կարգին միաբանութիւնը պիտի կատարէ: Այդ հանրայնացում ըսուածը այսօր կը վերաբերի մեր բոլոր կեդրոններուն, Մաշտոցեան Մատենադարանը, այլ կեդրոններ նոյնպէս իրենց ժառանգութիւնը հանրայնացնելու կարիք ունին: Շատ կարեւոր է փոխադարձ համագործակցութիւնը՝ Վիեննայի, Վենետիկի մխիթարեաններուն հետ, կապերու սերտացումը Երուսաղէմի պատրիարքութեան, մեր բոլոր այն կեդրոններուն հետ, ուր հսկայական ժառանգութիւն կայ, ինչպէս օրինակ՝ Լիբանան, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ, Նոր Ջուղա… Այս բոլոր կեդրոններուն հետ որքան սերտ ըլլան յարաբերութիւնները, որքան աւելի փոխանակութիւններ ըլլան թուային տեսքով կամ գիտական ծրագիրներու առումով, այնքան հայագիտութիւնը կը զարգանայ: Ի վերջոյ հայագիտութիւնը հայ ժողովուրդի, իբրեւ ազգի գոյատեւման առաջին պայմանն է: Ի հարկէ, բոլոր գիտութիւնները պէտք է զարգացնել, բայց եթէ այսօր մենք կենսաբանութեան կամ տարրաբանութեան որեւէ մէկ ճիւղին մէջ թերացում մը ունենանք, ուրիշ ազգ մը կրնայ այդ թերացումը լրացնել, ի վերջոյ, համաշխարհային գիտութիւններ են, եւ ըսենք, մէկը միւսը լրացնելով յառաջ կ՚երթանք, կը զարգանանք: Բայց հայագիտութիւնը մեզի փոխարէն ուրիշ ոչ մէկ ազգ կրնայ զարգացնել, ատոր համար մենք մեր բոլոր գիտական կեդրոններուն՝ դարերու ընթացքին ստեղծած աւանդոյթները խորապէս պիտի իւրացնենք եւ ստեղծագործաբար զարգացնենք: Եւ ատոնց մէջ անշուշտ կը փայլի Մխիթարեան միաբանութիւնը իր ըրած գործի մեծութեամբ, իր յառաջադիմութեան բնոյթով, մակարդակով, եւրոպական ամենէն բարձր մակարդակով կատարուած գործերով, որոնք մենք այսօր տակաւին չենք իւրացուցած, մեր էութեան մաս չենք դարձուցած:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2017