ԿՈՐՍԵԱԼ ՀՈՂԵՐ

Օրերն ու շաբաթները կ՚ուզեմ արագ թերթել: Թերթերու արանքներու մէջ կը փնտռեմ իմ Արցախի ճակատագիրը:

Գէ՛թ աւետիս մը, գէթ ժպիտ մը... չկայ... ի չիք եղած է:

Ներկայի մէջ սիրտս կը պայթի, կը շտապեմ դէպի ապագայ:

Այս տարի աշունը Արցախի մէջ երկար է ու տխուր: Ոչ միայն ծառերու տերեւները թափեցան, այլեւ ամբողջ սերունդ մը տերեւաթափ եղաւ: Այո՛, այո, ճիշդ տերեւաթափի պէս թափեցան 2000, 2001 եւ 2002 թուականին ծնած քաջարի զինուորները: Իրենց կեանքի գարունը տակաւին չապրած այդ քաջ երիտասարդները բռնած են յաւերժի ուղին:

Հինգ հազար մարտիկի կեանքի թելը կտրեցաւ մարտի դաշտի մէջ, աւելի քան տասն հազարը վիրավորուեցաւ, իսկ քանի մը հարիւրն ալ անյայտ կորած է կամ գերեվարուած: Աւելի քան երեսուն հազար ողջ եւ առողջ մնացածներն ալ մեռած են՝ թաղուած չեն: Հիասթափուած ու դաւաճանուած ողջ մնացածները երանի կու տան յաւերժի ճամբորդներուն. «Երանի ձեզի տղերք, որ գացիք եւ այսօր չէք ապրիր սա խայտառակութիւնը, ազգադաւ պարտութիւնը»:

Այս անգամ հայերը իրենց սահմանները արիւնով գծեցին եւ տղոց արիւնը տակաւին չչորցած նուիրեցին: Ո՛չ տղաքը կան, ո՛չ ալ բարձունքները:

Աւելի քան հինգ հազար զոհ տրուեցաւ, որպէսզի վերջի ստորագրութեամբ, դաւադրաբար ուրիշներու վերահսկողութեան յանձնուի 121 քաղաք ու բնակավայր:

Յիսուներկու բնակավայր Քաշաթաղի շրջանէն՝

Կովսական, Միջնաւան, Որոտան, Ալաշկերտ, Աղաձոր, Աղանուս,

Աղաւնատուն, Այգեհովիտ, Այգեկ, Արախիշ, Արծուաշէն, Արտաշաւի, Գանձա, Գետամէջ,

Գետափ, Գողթանիկ, Դրախտաձոր, Երիցվանք, Իշխանաձոր, Լեռնահովիտ, Ծաղկաբերդ, Ծիծեռնավանք, Ծոբաձոր, Կերեն, Կումայրի, Հակ, Հակարի, Հայկազեան, Հոչանց, Ձորափ, Ղազարապատ, Մամարք, Մարտունաշէն, Միրիկ, Մշենի, Մոշաթաղ, Մուշ, Նորաշէնիկ, Շալուա, Սարատակ, Սոնասար, Ներքին Սուս, Վակունիս, Վաղազին, Վան, Վարդաբաց, Վուրգաւան, Տիգրանաւան, Ուռեկան, Փակահան, Քաշունիք, Քարեգահ:

Ութ բնակավայր Մարտակերտի շրջանէն՝

Նոր Սէյսուլան,  Հովտաշէն, Նոր Հայկաջուր, Նոր Կարմիրաւան, Նոր Այգեստան, Նոր Մարաղա, Թալիշ, Մատաղիս:

Տասնվեց բնակավայր Շահումեանի շրջանէն՝

Քարվաճառ, Ակնաբերդ, Նոր Բրաջուր, Նոր Գետաշէն, Դադիվանք, Եղէգնուտ, Զուար, Նոր Էրքեջ, Խարխապուտ, Ծար, Նոր Կարաչինար, Հաւսաթաղ, Նոր Մանաշիդ, Չարեքտար, Նոր Վերինշէն, Քնարաւան:

Քսանինն բնակավայր Հադրութի շրջանէն՝

Հադրութ, Ազոխ, Ակնաղբիւր, Այգեստան, Աղաջամուղ, Առաքել, Արեւշատ, Բանաձոր, Դրախտիկ, Թաղասեռ, Թաղոտ, Խանձաձոր, Ծակուռի, Ծամձոր, Կարմրակուճ, Հակակու, Հարթաշէն, Մարիամաձոր, Մեծ Թաղեր, Մոխրենես, Նորաշէն, Պլեթանց, Ջրակուս, Վարդաշատ, Տող, Տումի, Ուխտաձոր, Քիւրաթաղ, Մեխակաւան:

Շուշիի շրջան՝

Շուշի քաղաք, Քարին Տակ գիւղ:

Ութ բնակավայր Ասկերանի շրջանէն՝

Աւոտարանոց, Ակնաղբիւր, Ջրաղացներ, Մադաթաշէն, Սղնախ, Մոշխըմ-հատ, Ուստասար, Արմենակաւան:

Վեց բնակավայր Մարտունիի շրջանէն՝

Ջիւանի, Շեխեր, Զարդանաշէն, Սարգսաշէն, Թաղավարդ, Վազգէնաշէն:

Կորսնցուցինք նաեւ Տիգրանակերտ քաղաքը:

Պատմական հայկական քաղաքը կը գտնուի Մարտակերտի շրջանի հարաւ-արեւելքի մէջ, Խաչեն գետի աջ ափին: Այն կառուցուած է Քրիստոսէ առաջ առաջին դարուն հայոց արքայ Տիգրան Մեծի կողմէ: Բաց աստի կորսնցուցինք նաեւ Ակնան, Ջրականը, Վարանդան, Սանասարը...

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2020